ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԹՈՅՆԸ (Ի՞նչ ըսել է վարակուիլ. վարակման պատճառներն ու եղանակները․ վարակումէն պաշտպանուելու միջոցները)

Է.

ՄԱՆՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԿԱՄ ՊԱՔԹԵՐԻԱՆԵՐՈՒՆ ԿԵԱՆՔԸ

-Ինչպէ՞ս թէ կեանք. մի՞թէ այդքան փոքրիկ էակներն ալ կեանք ունին, դուք կը հարցնէք:

-Այո՛, ատոնք ալ կեանք ունին, այսինքն՝ ատոնք ալ սնունդ կ՚առնեն, կ՚ապրին, կ՚աճին ու կը բազմանան:

Մի՛ զարմանաք:

Բնութիւնը անտեսանելի էակներու մէջ եւս կեանք դրած է: Պաքթերիաները անկենդան բաներ չեն, ինչպէս հողին հատիկը կամ կտոր մը չոփը:

Ընդհակառակը, ով որ մանրացոյցին միջոցով դիտած է այդ էակները, ան տեսած կ՚ըլլայ, թէ ի՞նչ աշխուժութեամբ եւ արագութեամբ կը շարժին անոնք ու կը բազմանան:

Իւրաքանչիւր էակ, -բոյս թէ կենդանի- կը կերակրուի, որպէսզի ապրի ու բազմանայ: Ցուպիկներն ալ պէտք ունին կերակրուելու:

-Ինչպէ՞ս թէ կերակրուիլ, ընթերցողը զարմացած կը հարցնէ, մի՞թէ այդ էակներն ալ, զորս մենք ընդհանրապէս չենք ալ տեսներ, կրնան ուտել եւ մարսել: Եւ ինչպէ՞ս կրնան բան մը ուտել եւ մարսել, քանի որ ո՛չ բերան ունին, ո՛չ ալ ստամոքս:

-Իսկ ինչպէ՞ս կը կերակրուին բոյսերը, չէ՞ որ անոնք եւս ո՛չ բերան ունին, ո՛չ ալ ստամոքս:

Պաքթերիաներն ալ բոյսիկներ են, անոնք ալ բոյսերուն նման ուղղակի զանազան նիւթեր կը ծծեն:

-Ուրկէ՞ կը վերցնեն անոնք իրենց կերակուրը:

-Օդէն, ջուրէն, հողէն. անոնք կենդանիներու, բոյսերու եւ մարդոց մարմիններուն վրայ կ՚ապրին, անոնք մեր ուտելիքներուն մէջ կը բազմանան: Ամէն տեղ, ամէն նիւթէ անոնք իրենց համար սնունդ կը ճարեն, ու ամէն ինչ կը քանդեն եւ կ՚աւերեն:

-Իրենք ի՞նչ են, որ իրենց քանդած-աւերածը ի՛նչ ըլլայ, դուք կ՚ըսէք:

Ասոր ես կը պատասխանեմ, որ եթէ մէկուն կերածը չնչին բան է, բիւրաւոր միլիոններն ու միլիառները կրնան շատ բան խժռել-ոչնչացնել:

Հիմա մենք կ՚ուզենք ընթերցողին հասկցնել, թէ անոնք ինչպէս կ՚աճին ու կը բազմանան:

Ը.

ՄԻՔՐՈՊՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՊՏՂԱՒՈՐՈՒԻՆ ԵՒ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԲԱԶՄԱՆԱՆ

Երկու ձեւով:

Մէկը, -երբ կը տեսնես այդ փայտիկը կը կիսուի,- երկու կը դառնայ, յետոյ այս երկուքէն իւրաքանչիւրը կը մեծնայ, կը հասուննայ եւ դարձեալ երկու կը դառնայ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը դարձեալ կը կիսուի եւ այսպէս անվերջ: Իւրաքանչիւր 20 վայրկեանի կամ կէս ժամի ընթացքին, մէկ փայտիկը երկու կը դառնայ:

Եթէ այսպէս մէկ-երկու ժամ շարունակուի, գիտէ՞ք ինչ սարսափելի թիւ կը դառնայ: Ահա՛ հաշուեմ, տեսէք:

Եթէ ենթադրենք, որ փայտիկները 20 վայրկեանի ընթացքին կը կիսուին, կը տեսնենք, որ դարձեալ քանի մը ժամուան ընթացքին սարսափելի թիւ կը կազմուի: Քսան վայրկեան ետք մէկը երկու կը դառնայ, քառասուն վայրկեան ետք՝ 4, մէկ ժամ եւ քսան վայրկեան ետք՝ 16, երեք ժամէն՝ 512, չորս ժամէն՝ 4056.5 ժամէն՝ 32.000, իսկ 10 ժամ ետք անոնց թիւը 1000 միլիոնի կը հասնի:

Բժիշկի մը ըսելով, մարդ մը, որուն մէջ պաքթերիա մտած է, կը պառկի քնանալու ու առաւօտեան կ՚արթննայ 1000 միլիոն պաքթերիայի մէջ: Այս թիւը դժուար է երեւակայել: Հասկացողութիւն մը տալու համար, կ՚ըսենք, որ եթէ այդքան պաքթերիան իրար ետեւէ շարենք, թել մը կը ստանանք, որ 100 վերստ երկարութիւն կ՚ունենայ, իսկ 24 ժամ ետք այդ թելը այնքան երկար կ՚ըլլայ, որ կարելի կ՚ըլլայ զայն 10-15 անգամ փաթաթել երկրին շուրջը: Ան 10000 փութ ծանրութիւն կ՚ունենայ:

Պաքթերիաները մեծ մասամբ այս ձեւով (կիսուելով) կը բազմանան:

Բայց ուրիշ ձեւ մըն ալ կայ:

Պաքթերիաներու տեսակներ կան, որոնց ծայրերուն վրայ գնդիկներ կան: Ասոնք ցուպիկներու հունտեր են, որոնք նաեւ սաղմ կը կոչուին:

Մէկ պաքթերիայի մը մէջ կրնայ երկու եւ աւելի հունտ գոյանալ: Մանրիկ կայ որ եօթ հատ կրնայ տալ եւ ուրիշ մանրիկներու շարանները աւելի մեծ քանակութեամբ հունտեր կու տան, որոնք դուրս գալով զիրենք պարունակող պարկերուն մէջէն՝ ազատ կերպով կը լողան:

Այդ հունտերը զարմանալիօրէն դիմացկուն են. ո՛չ ուտելիք կը պահանջեն անոնք, ո՛չ ալ խմելիք: Ցուրտն ու չորութիւնը չեն սպաններ զանոնք: Անոնք անկենդան են, ինչպէս ցորենին հատիկը, ինկած կը մնան տուներու պատերուն, յատակին եւ ամէն տեսակի իրերուն վրայ. մէկ խօսքով ամէն տեղ: Անոնք նոյնպէս հողին եւ քամիին հետ կը խառնուին եւ տեղէ մը ուրիշ տեղ կը տեղափոխուին:

Միայն հունտերը տաք եւ խոնաւ տեղ մը իյնան, ուր անոնց համար սնունդ կայ, անոնք կը կենդանանան եւ պաքթերիա կը դառնան, ինչպէս ցորենին հատիկը կը ծլի եւ հասկ կը դառնայ:

Հունտերէն ելած մանրիկները կամաց-կամաց կը ծլին, կ՚երկարին ու կը բաժնուին: Հունտէ մը կրնայ ծլիլ հինգ պաքթերիա, որոնք դեռ մէկ պարկի մէջ են, բայց շուտով իրարմէ կը բաժնուին:

Ըսածներէս բոլորն ալ կը հասկնան, որ մէկ հիւանդութեան պաքթերիայի սաղմը կրնայ երկար մնալ տեղ մը եւ օր մը կենդանանալ եւ դարձեալ այդ հիւանդութիւնը տարածել:

Օրինակ, այսպիսի բաներ կրնան պատահիլ.

Տան մը մէջ տիֆ ինկած էր, երկու հոգի հիւանդացած էին ու առողջացած: Առողջանալէն ետք տունը լաւ մը մաքրած են, ու վերջացուցած: Որոշ ժամանակ կ՚անցնի. օր մը քանի մը հագուստներ դուրս կը հանէք պահարանէն, կը հագուիք, ու հիւանդութիւնը կը նորոգուի: Երբեմն տան յատակին տախտակները վերցուցած ատեն՝ առաջուն ցաւերը լոյսին կու գան: Ատիկա կը նշանակէ, որ քնացած սաղմերը կենդանացած են եւ հիւանդութիւն բերած:

Թ.

ՊԱՔԹԵՐԻԱՆԵՐՈՒՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ՀՐԱՇՔՆԵՐԸ

Պաքթերիաները, ինչպէս ըսած ենք, ամէն տեղ բոյն կը դնեն եւ կը զարգանան, անշուշտ, եթէ միայն առատ սնունդ գտնեն. հողին, ջուրին, օդին, փտած բոյսերուն եւ սատկած կենդանիներուն մէջ, նոյնպէս եւ մեր բոլոր ուտելիքներուն եւ խմելիքներուն մէջ. միսին, կաթին, պանիրին, գինիին, հացին, եւ այլն:

Այս այնչափ մանր բուսիկները կը սնուին, կ՚աճին ու զանազան հրաշքներ կը գործեն:

Մի քանի հատին մասին պատմենք, որպէսզի կարդացողը հասկնայ, թէ ի՜նչեր կ՚ընեն անոնք, երբ մէկ տեղի մէջ կ՚աճին:

Բոլորը գիտեն, որ եթէ գինին որոշ ժամանակ մը բաց շիշի մը մէջ ձգենք, ան կը թթուի, կը քացխի:

Ի՞նչ պատահեցաւ:

Անցեալին, երբ տակաւին մանրիկները գտնուած չէին, ատոր պատճառը չէին հասկնար, սակայն հիմա մենք գիտենք, որ ատոր պատճառը առանձին պաքթերիաներ են, որոնք օդէն գինիին մէջ կ՚իյնան, արագութեամբ կ՚աճին ու գինին քացախ կը դարձնեն: Եթէ գինիի շիշին բերանը խցանով ամուր փակես եւ զմուռով կպցնես (այնպէս որ օդ չմտնէ), գինին չի՛ քացխիր: Այս մանրիկին անունը քացախաթթուի պաքթերիա դրած են: Գիտենք նոյնպէս, որ կաթն ալ երկար մնալով կը թթուի, ատոր պատճառը նոյնպէս տեսակ մը պաքթերիաներ են, որոնք կարելի է կաթնաթթուի մանրիկ անուանել:

Իւղը, պանիրը կը դառնանան ու կը փճանան նոյնպէս այն պատճառով, քանի որ անոնց մէջ զանազան տեսակի պաքթերիաներ կը զարգանան:

Տեսակ մը մանրիկներ ալ կան, որոնք փտումի պաքթերիա կը կոչուին, որովհետեւ կը փտեցնեն մեռած կենդանիներուն ու բոյսերուն մարմինները:

Գիւղացիները լաւ գիտեն, որ տնային կենդանիներուն (ձիի, էշի, կովի, ոչխարի) աղբը կը տաքնայ ու գոլորշի (բուղ) դուրս կու տայ, երբ որ որոշ ժամանակ տեղ մը հաւաքուած մնայ, թէեւ նոյնիսկ ձմեռը՝ ձիւնին տակ: Առհասարակ, եթէ երեսի սառած կամ չորցած շերտը մէկ կողմ նետես, տակէն գոլորշի դուրս կու գայ: Աղբը տաքցած է ու կը փտի. եթէ երկար ժամանակ մնայ՝ հող կը դառնայ: Ատոր պատճառը նոյնպէս փտումի պաքթերիաներն են:

Ի՛նչքան բոյսեր կը փտին եւ ի՛նչքան կենդանիներ կը սատկին իւրաքանչիւր վայրկեան: Գարնան, երկրին երեսը կը ծածկուի բոյսերով, որոնք աշնան կը չորնան, կը փտին ու կ՚ոչնչանան: Ի՛նչքան մարդիկ կը թաղուին եւ հող կը դառնան, ի՛նչքան կենդանիներ, մեծ թէ փոքր, փիղէն սկսած մինչեւ ամենէն փոքր մրջիւնն ու միջատը, կը սատկին, կը փտին եւ նոյնպէս հողին կը խառնուին…

Այս հրաշքն ալ պաքթերիաները կը կատարեն: Փտումի պատճառն ալ անոնք են: Անոնք օդին մէջ միշտ գոյութիւն ունին, այնտեղէն կը մտնեն սատկած կենդանիին կամ բոյսին մէջ, այնտեղ կ՚աճին ու կը փտեցնեն զանոնք: Առանց այդ էակներուն չէին փտիր ո՛չ ծառին տերեւը եւ ո՛չ ալ կենդանիներուն մարմինները: Հետեւաբար, փտումի մանրիկներուն միջոցով է, որ Աւետարանին խօսքը կը կատարուի, թէ՝ հող էիր եւ հողին պիտի դառնաս:

Ուրեմն, երբ որ մենք հոտած միս, պանիր կամ ձուկ կ՚ուտենք, կամ թթուած կաթ, կամ նամշած իւղ կը գործածենք, պիտի իմանանք, որ ատոնց մէջ մեծ քանակութեամբ պաքթերիաներ կան:

Ուրիշ հրաշք մըն ալ պատմեմ.

Ո՞վ չէ տեսած երբեւէ, որ նոր թխած հացին վրայ որոշ ժամանակ ետք կարմիր կէտեր կ՚երեւին, կարծես վրան արիւն կաթեցուած ըլլայ: Այդ կէտերը միքրոպներու քաղաքներ են: Բացի նոր թխած հացէն, այդ կարմիր ներկ տուող պաքթերիաները քաղաքներ կը կազմեն նոյնպէս գետնախնձորի, բրինձի եւ ուրիշ հացապտուղներու վրայ: Երբ այդպիսի պուտեր կ՚երեւէին նշխարի կամ միւռոնի վրայ, ատիկա Աստուծոյ բարկութեան նշան կը համարուէր: Կան նաեւ այնպիսի պաքթերիաներ, որոնք ջուրին, ծառի արմատներուն, ինչպէս նաեւ ձուկի եւ այլ կենդանիներու միսին դեղին, կանաչ, մանուշակագոյն եւ կապոյտ գոյներ կու տան:

Վէրք մը երբ աղտոտ կը պահեն, անոր վրայի թարախը կանաչ եւ դեղին գոյնով կը ներկուի:

Այս բոլոր մանրիկները ներկարար մանրիկներ կը կոչուին, որովհետեւ իրենցմէ ներկ դուրս կու տան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

շար. 4

Վաղարշապատ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022