ԹԱԴԷՈՍ ԵՍԱՅԵԱՆԻ «ՍԻՐՏԸ»...

«Կ՚ուզեմ տաքուկ-տաքուկ պահել սիրտը իմ»։

Թադէոս Եսայեանը չեմ ճանչցած անձնապէս։ Հանդիպած եմ իրեն առցանց՝ Շաքէ Մանկասարեանի ղեկավարած «Ռատիօ Այգ» կայանին եւ անոր դիմատետրի միջոցաւ։

Վերջերս ստացայ իր նոր հրատարակած քերթուածներու հատորը՝ «Պարզ ու տաքուկ բառերով», թիւով վեցերորդը իր հրատարակած գիրքերուն։ Գիրքը հրատարակուած է Երեւան, 2021-ին: Գիրքին մէջ տեղ գտած է նաեւ Շաքէ Մանկասարեանի խօսքը եւ Եզնիկ Բալայեանի ողջոյնի գիրը։

Այս քերթուած-բանաստեղծութիւններու հատորը կարդալէ ետք է, որ կրցայ ճանչնալ Թադէոս Եսայեանը, որուն անձնապէս առիթը չէի ունեցած հանդիպելու։ Ճանչցայ զի՛նք, որովհետեւ տեսայ ու հասկցայ իր «սիրտը»։ Այն սիրտը, որ Թադէոս Եսայեան յաճախ ներբողած է իր քերթուածներուն մէջէն որպէս «հայու սիրտ»։ Եւ որ երեւի միշտ ալ ուզած է «տաքուկ-տաքուկ պահել» զայն՝ որպէսզի ընթերցողները, զինք ճանչցող թէ այլ, տեսնեն եւ գիտնան, թէ «ի՞նչ կայ հոն»։

Ես տեսայ ու ճանչցայ Թադէոս Եսայեանը, երբ կարդացի այս գիրքը։ Բայց մանաւանդ, երբ իր քերթուածներուն մէջէն կրցայ ըմբոշխնել իր սիրտը, որ անդադար կը տրոփէ։

Թադէոս Եսայեանի սրտին մէջ ամբարուած է «մանկութեան օրեր», որպէսզի «միշտ մանուկ դառնայ»։ Մանուկը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ անմեղը, որ կը նայի կեանքին բարի եւ կը տեսնէ գեղեցիկն ու լաւը։ «Եկէ՛ք լաւին՝ լաւ ըսենք»։ Ու տակաւին «եկէ՛ք ճիշդին՝ ճիշդ ըսենք»։ Եւ այս լաւին ու ճիշդին մէջէն Թադէոս Եսայեան կը քալէ «արդարութեան» հետ, որպէսզի «նոր կեանք» տայ բոլորին։

Թադէոս Եսայեանի սրտին մէջ տեղ գտած է բնութիւնը իր ամբողջութեանը մէջէն։ Եթէ սիրած է «ծաղիկները»՝ բայց զայն վերածած է իր «ծաղիկներու օրուանը»։ Բնութեան մէջէն ան չի մոռնար եղանակը, ուր «գարունը» կը վայելէ եւ իր «սիրտը կը բանայ»։ Եւ այս նկարագրած բնութեան մէջէն Թադէոս Եսայեան կը տեսնէ իր կեանքի մէկ այլ գեղեցկութիւնը։ Այն գեղեցկութիւնը, որ իր սրտին մէջ կուտակած է «գանձ» մը, որ «ամենաթանկն է»։ Եւ այս «գանձը» ան կ՚որակէ... «մայրը»։

Թադէոս Եսայեան կ՚երգէ սէրը։ Իր սիրտը կը տրոփէ իր կեանքի մէջ հանդիպած թէ այլ «աղջիկներու»։ Ան կը ցանկայ, որ «սիրածներէն մին, սրտին մէջ ընէր իջեւան»։ Բայց Թադէոս Եսայեան գիտէ, թէ «հայուհին» տարբեր է։ «Հազարի մէջ փնտռուած տարբեր ծաղիկ մըն է» հայուհին եւ զայն կը կոչէ «հրաշք աղջիկ»։

Եւ կ՚արժէ աւելիով պեղել Թադէոսի սիրտը։ Ան կը խնդրէ Աստուծմէ, որ մարդոց սրտերուն մէջէն «հալեցնէ սառը», որպէսզի «չմեղանչեն Իր դէմ»։ Ու տակաւին ան իր սրտին մէջէն կը դիտէ «մերօրեայ աշխարհը»։ Այն աշխարհը, որ Թադէոս Եսայեան կը փափաքէր, որ հոն ժայթքէր իր սրտին պատկերը՝ «սէրը»՝ եւ դժբախտաբար մարդկութիւնը չկրցաւ գտնել զայն։

Թադէոս Եսայեանի սիրտը հայուն համար է եւ հայկական է։ Ան կը խօսի իր թոռնիկին հետ ու կ՚ընէ իր մաղթանքը. «Երբ մեծնաս մարդ ըլլաս, Այբ, Բեն, Գիմդ չմոռնաս»։ Թադէոս Եսայեան իր հայու սրտին մէջէն կը տեսնէ «հայ սիրտը ժայռերուն մէջ ծովափի»։ Եւ «վիթխարի» է այս հայու սիրտը, ուր ոչ մէկը կրնայ խորտակել անոր՝ իմմա հայուն «կեանքը» եւ անոր «կամքը»։

Թադէոս Եսայեանի սիրտը կ՚ապրի «Տէր Զօրը»։ Ան մինչեւ այսօր կը զգայ անոր «տաքութիւնը»։ «Տաք են, դեռ տաք ոսկորներ հոն փռուած»։ Թադէոս գիտէ հողին արժէքը, «սուրբ է հողը մեզի համար»։ Այս իմաստով կը տեսնենք, թէ ինչքան Արցախի վերջին պատերազմը իր սրտին մէջ ճնշած է...։ Ան աղօթք կը բարձրացնէ Աստուծոյ, որպէսզի «հայրենի կակաչները դափնեպսակ ըլլային Արցախի զոհուածներուն»։ Արցախի պատերազմէն ետք ան չի պահեր իր տխրութիւնը։ «Սիրտս ծով է ցաւերու»։ Այդ ցաւերուն մէջէն կ՚ուզէ դարձեալ «տեսնել իմ Շուշին արեգակը ճակատին»։

Թադէոս Եսայեան Արցախի պատերազմի պատճառած տխրութիւնը եւ ցաւը գիտէ վերածել յոյսի...։

«Բայց լսեցէք դուք երդումը ողջերուն
Պիտ՚ անպայման ետ տուն բերեն արեւին,
Եռագոյնով պիտ՚ բարձրանան սարերուն
Ու խոստացուած ծաղիկներով գան մայրերուն...»։

Թադէոս Եսայեան գիտէ ու յստակ կը տեսնէ, թէ կեանքը վաղանցիկ է։ Եւ թէ մարդուն օրերը կ՚անցնին շատ արագ։ Ան գիտէ, թէ «սեւ մազի օրերուն» շուտով պիտի հասնի «ճերմակ մազերու օրեր»ը։ Այս սեւ մազերէն մինչեւ ճերմակ մազերու առանցքին՝ մէկ բան մը կայ, որ կը մնայ սրտին մէջ։ Թադէոս Եսայեանի համար այդ «սիրոյ յուշն» է։

Թադէոս Եսայեանի սրտին մէջի այս «սիրոյ յուշը» այսօր տակաւին կը մնայ ամուր։ Այս «սիրոյ յուշը» իր կեանքի մղիչ շարժակն է։ Ան կը յիշէ ու կ՚ապրի այս սիրոյ յուշերը եւ առանց յուսահատելու «դեռ կը քալէ»։ Ան կը քալէ «հպարտ, որպէս տէր»։ Բայց ան քալած ժամանակ նոյնքան նաեւ կը գործէ։ Կը գործէ, որպէսզի այն «ինչ որ կանաչ առաւ կեանքէն՝ ոսկիացած ետ տայ»։ Եւ անպայմանօրէն, Թադէոս իր սիրտը ու անոր մէջի սիրոյ յուշերը կը միացնէ «մարդկութեան սրտին հետ՝ եւ որ չգժտուի ոչ մէկի հետ եւ քէն չերթայ աշխարհէն»։

Թադէոս Եսայեանի լեզուն պարզ է, յստակ, գեղեցիկ հայերէն եւ հաղորդական։ Վերջապէս՝ ան կը խօսի իր սրտէն եւ այս իմաստով իր բանաստեղծութիւններուն մէջէն կրցած է հասնիլ ընթերցողին սրտին։ Եւ այն որ սրտէն կու գայ... կ՚ապրի... կը շարունակուի։

Թադէոս Եսայեանի սիրտը։ Այն սիրտը, որուն մէջէն ճանչցայ Թադէոս Եսայեանը։ Թադէոս Եսայեանը, որ գիտէ սիրել։ Սիրել Աստուած, բնութիւնը, ընտանիքը, հայը, հայրենիքը, մարդկութիւնը ու տակաւին…

Եւ այս սիրտն է, որ մարդը կ՚ընէ մարդկային։ Մարդկայինը, որ գիտէ ապրիլ Աստուծոյ, Անոր ստեղծագործութեան, հայուն եւ մարդկութեան համար։

Թադէոս Եսայեանի սիրտը։ Այն սիրտը, որ Թադէոսը ըրած է մարդկային։ Ան այսօր այս մարդկային սրտով է, որ տակաին կը քալէ եւ պիտի մաղթենք, որ ան տակաւին շատ երկար «քալէ»։ Թէկուզ «ճերմակ մազերով»…։

Ես ճանչցայ Թադէոս Եսայեանը քանի ճանչցայ անոր «սիրտը»։

Եւ «Պարզ ու տաքուկ բառերով» իր գիրքը՝ դուրս հանեց Թադէոս Եսայեանի այս «սիրտը»։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Քուէյթ, 2022

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2022