ՀԻՒՍԻՍԻ ՀՐԱՇԱԼԻՔՆԵՐԸ
Հայաստանի հիւսիսը կայ չքնաղ վայր մը, որու վրայ կ՚ուղղուի հազարաւոր մարդոց ուշադրութիւնը տարուան ընթացքին մէկ անգամ՝ Մայիս ամսուան վերջաւորութենէն մինչեւ Յունիսի վերջը։ Այս շրջանը Ստեփանաւանի մէջ գտնուող նշանաւոր Ծառայգին է (Դենդրոփարքը), կամ իր ծանօթ այլ անունով մը՝ Սոճուտը:
Սոճին (շոճի) կոնաբերներու ընտանիքէն ռետնային ծառ մըն է։ Տարուան այս եղանակին՝ սոճիներու բեղմնափոշոտման ժամանակ սոճիի նշանաւոր այդ անտառին մէջ կ՚արտաբերուին մանրէասպան նիւթեր, որոնք չափազանց կազդուրիչ են դիւրազգացութեամբ (allergy) տառապողներու ու շնչառական ճամբաներու հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց համար: Մանկահասակ երախաներու համար մանաւանդ օգտակար են սոճիներէ արտաբերուած նիւթերը, որոնք շնչառական ուղիներով կ՚անցնին թոքեր եւ կը մանրէազերծեն թոքերը: Բժիշկները այս օրերուն հարիւրաւոր բժշկական ուղեգրեր կը գրեն՝ շնչառական խնդիրներ ունեցող իրենց հիւանդները ղրկելով Սոճուտի շրջակայքը գտնուող հանգստեան տուներ, որովհետեւ տարուան մէջ միայն մէկ անգամ է, որ սոճիները կ՚արտաբերեն առատ քանակութեամբ բուժիչ նիւթերը: Անյագ շնչելով սոճիներու ծաղկափոշին՝ հիւանդները, նոյնիսկ առողջ մարդիկ, երկար ժամանակ զերծ կը մնան խնդիրներէ: Սոճուտ կու գան նաեւ Վրաստանէն եւ այլ մօտիկ երկիրներէ, քանի որ խիտ սոճիներու հայկական անտառի համբաւը հասած է նաեւ այլ երկիրներ:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԻՄՆՈՒԱԾ Է ՍՈՃՈՒՏԸ
Լոռիի մարզի Գիւլագարակ գիւղին մէջ, Ստեփանաւան քաղաքէն 12 քմ. հեռաւորութեան վրայ, Երեւանէն 85 քմ. հիւսիս կը գտնուի նշանաւոր Սոճուտը: Այս իւրատեսակ բուսաբանական այգին 1931 թուականին հիմնադրած է նշանաւոր ճարտարագէտ-անտառագէտ Էտմոն Լէոնովիչ։ Ան ազգութեամբ լեհ է, ծնած է 1902 թուականին՝ լեհ կոմս Ստեցեւիչ-Լէոնովիչի ընտանիքին մէջ։ Իր մանկութիւնն ու երիտասարդ տարիները անցած են Վրաստանի մէջ, ուր աւարտած է Թիֆլիզի Գիւղատնտեսական համալսարանը։ Համալսարանաւարտ ըլլալէ ետք ան աշխատանքի համար ուղարկուած է Հայաստան։ 1932 թուականին Էտմոն Լէոնովիչ հաստատուած է Ստեփանաւան, ուր աշխատած է ծառերու եւ ծաղիկներու՝ արդէն գոյութիւն ունեցող այգիին մէջ։ Աշխատանքի ընթացքին լեհ մասնագէտը կատարած է գիտական եւ հետազօտական աշխատանքներ: Սիրելով իր մասնագիտութիւնը՝ սկսած է տնկել բոյսեր ու ծառեր անտառին մէջ, ուր ստեղծած է տնկիներու իր անձնական հաւաքածոն: Այնուհետեւ լեհ անտառագէտը Գիւլագարակի եւ Ստեփանաւանի միջեւ հիմնած է Սոճուտ անտառը:
Այդ մէկը եղած է առաջին բուսաբանական այգին՝ Հարաւային Կովկասի մէջ, որ ստեղծուած է բնական անտառի հիմքի վրայ: Այգին հիմնելէն ետք Լէոնովիչ աշխատած է որպէս իր իսկ հիմնած բուսաբանական այգիի տնօրէն մինչեւ 1984 թուականը: 1986 թուականին ան մահացած ։ Այս թուականէն ետք այդ պաշտօնը ստանձնած է անոր որդին։ Այգին այսօր կը կոչուի Էտմոն Լէոնովիչի անունով: 1998 թուականին տարածքը ճանչցուած է որպէս յատուկ պահպանման գօտի եւ կը հսկուի պետութեան կողմէ: Էտմոն Լէոնովիչ թաղուած է այգիի տարածքին:
Սոճուտի շուրջ 35 հեքթար կազմող տարածքէն 17.5 հեքթարը բնական անտառ է, իսկ 15 հեքթարը՝ զարդանախշերով ծառեր: Այս այգին ունի եղեւնիներու տասնինն տեսակներ, որոնցմէ մէկ մասը տասնամեակներու պատմութիւն ունի: Այգիի մէջ կայ եղեւինի իւրայատուկ տեսակ նկատուող գալիֆորնիական Sequoia-ի հինգ օրինակ, որոնք շուրջ յիսուն տարեկան են։ Սակայն այդ sequoiaներու համար յիսուն տարին կը նկատուի մանկական տարիք, քանի որ անոնք կ՚ապրին մինչեւ հինգ հազար տարի: Այգիի բացառիկութիւնը կը կայանայ իր բոյսերու, ծառերու եւ հազուագիւտ տեսակներու բերումով: Այսօր այգին ունի շուրջ հինգ հարիւր ծառատեսակ՝ բերուած թէ՛ Երեւանի, թէ՛ աշխարհի զանազան բուսաբանական այգիներէն: Գոյութեան ընթացքին այգիի մէջ աւելի քան երկու հազար հինգ հարիւր բուսատեսակներ փորձարկուած են՝ հետամուտ ըլլալով գտնել նոր տեսակներ, որոնք կրնան բուսնիլ այստեղ։ Ներկայիս միայն հինգ հարիւր բուսատեսակ յարմարուած է այդ ծայրայեղ բնական պայմաններ ունեցող վայրին մէջ։
Վայրը կը նկատուի նաեւ խիստ կլիմայ ունեցող շրջան մը, քանի որ կը գտնուի ծովու մակարդակէն 1450 մեթր բարձրութեան վրայ եւ ունի ցուրտ օդ: Յաճախակի կ՚անձրեւէ, իսկ Դեկտեմբեր-Մարտ ամիսներու միջեւ այս վայրին մէջ հաստ շերտով ձիւն նստած կ՚ըլլայ։ Այգիին մէջ գտնուող բոյսերու հաւաքածոն գիտական մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ՝ հնարաւորութիւն տալով ուսումնասիրել նոր կլիմայական պայմաններու մէջ աճող բոյսերու զարգացման փոփոխութիւնները։
Եւ բնականաբար այգիի բացառիկութիւնը նաեւ անոր բուժական յատկութեան մէջ է:
ԿԱՆԱՉ ԴԵՂԱՐԱՆ
Հայաստանի Սոճուտ անտառը կը նկատուի կանաչ դեղարան, քանի որ ոչ միայն սոճիներու ծաղկափոշոտման ժամանակ, այլեւ բոլոր եղանակներուն նոյնպէս սոճին ունի օգտակար յատկութիւններ, որոնցմէ կ՚օգտուին դեղաբոյսերու եւ բնական միջոցներու կողմնակիցներն ու ջատագովները: Սոճին բնամիջուկային ծառատեսակ մըն է: Բնափայտը, ներծծուելով խէժով, որ կպչուն հիւթ մըն է, կը դառնայ շատ ամուր եւ դիմացկուն սնկային հիւանդութիւններու նկատմամբ, որու շնորհիւ որպէս բարձրորակ շինափայտ լայն կիրառութիւն ունի տնտեսութեան տարբեր ասպարէզներու մէջ:
Բուժական նպատակով կը գործածուին նաեւ սոճիի չբացուած գարնանային բողբոջները, ասեղնատերեւները, խէժը: Անոնց մէջ առատ են եթերաիւղերը, օսլան, դաբաղիչ նիւթերը, այլ մածան իւղերը: Սոճիի դեղամիջոցները ունին միզամուղ, ցաւազերծող եւ հակաբորբոքիչ յատկութիւններ: Սոճիի բողբոջներու թուրմը կը գործածուի շնչառական ճամբաներու բորբոքումի, թոքատապի, ստամոքսի խոցի, երիկամային հիւանդութիւններու պարագային: Սոճենիի ասեղնատերեւներու թուրմը կազդուրիչ լոգանքներու համար փնտըռ-ւած միջոց մըն է: Այդ թուրմը կը գործածուի նաեւ այրուածքներու բուժման կամ մորթային ուրիշ բորբոքումներու համար քսուքներ պատրաստելու ժամանակ: Սոճիի բնամիջոցները սկսած են գործածել նաեւ ուռուցքներու պարագային: Բուժիչ յատկութիւններ ունին նաեւ Սոճուտի մէջ գտնուող միւս կոնազգի ծառերը: Կանաչ դեղարան կը նկատուին առհասարակ բոլոր անտառները, բայց անոնք միշտ պատշաճ խնամքի առարկայ չեն դառնար։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆՏԱՌՆԵՐԸ՝ ՎՏԱՆԳԻ ՏԱԿ
Հակառակ անոր, որ Հայաստանի որոշ անտառներ կը գտնուին պետութեան հսկողութեան ներքոյ եւ արգելոցներ կը նկատուին, սակայն անտառները օրէ օր կը կրճատուին՝ աւելցնելով անապատացող տարածքներու թիւը: Հայաստանի մէջ ստեղծուած են բնապահպաններու մեծաթիւ խումբեր, որոնք հասարակական հիմունքներով կը պայքարին երկրի անտառներու ոչնչացման դէմ եւ որպէս կանոն, քիչ արդիւնքներու կը հասնին, քանի որ անտառի տէրերը այլեւս գիւղացիները կամ պարզ մարդիկ չեն. անտառներու վրայ իրենց հզօր թաթերը դրած են գործարարներն ու սակաւատէրերը: Անտառը ոչնչացնողները ու զայն հարստանալու նպատակով շահագործողները հիմնականին մէջ այն մարդիկն են, որոնք ի պաշտօնէ կոչուած են պահպանելու անտառը, իբրեւ բնութեան հարստութիւն: Հայաստանի մէջ անտառը կը դիտուի իբրեւ փայտանիւթի հարուստ աղբիւր: Հայաստան նոյնիսկ սկսած է վերամշակուած փայտանիւթ արտածել: Խնամքի եւ իբր թէ բուժիչ հատումներու անուան տակ կը հատուին բազմաթիւ ծառեր, որոնք կը դառնան կենցաղի եւ շինարարութեան մէջ գործածուող փայտանիւթ եւ կ՚արտածուին երկրէն: Անտառը՝ բնութեան զարդը, այսօր դարձած է արագ հարստանալու լաւագոյն միջոցը: Հայաստանի բնափայտը կ՚արտահանուի Ֆրանսա, Իտալիա, Գերմանիա, Իրան, Թուրքիա: Այս երկիրներու մէջ շատ աւելի հրաշալի անտառներ կան, քան՝ Հայաստանի մէջ, բայց, ինչպէս հասկնալի է, այդ երկիրները աչքի լոյսի պէս կը պահեն իրենց անտառները, իբրեւ երկրի զարգացման, բնութեան պահպանման գրաւականներ, զբօսաշրջութեան ազդակներ եւ այլ աղբիւրներ:
Հայաստանի մէջ կան դէպքեր, երբ հարուստները իրենց ամարանոցները, առանձնատուները եւ իրենց պատկանող սեփական պանդոկները կը կառուցեն ճիշդ անտառին մէջ՝ որոշ հատուած հատելով եւ անոր փոխարէն շէնքներ կառուցելով: Արդիւնքին կը վերանայ բուսական եւ կենդանական աշխարհը եւ կը խախտուի անտառի հաւասարակշռութիւնը: Այս մէկը խնդիր մըն է, որ թէ՛ խորհրդային տարիներէն, թէ՛ այսօր գոյութիւն ունի Հայաստանի մէջ։ Հայ մարդը տակաւին չէ գիտակցած իր ունեցած բնական հարստութեան արժէքը եւ անխնայ ոչնչացում կ՚իրականացնէ զինք կերակրող եւ պահպանող անտառին հանդէպ: Թեղուտի չքնաղ անտառի մասնակի հատումը վերջին աղմկոտ դէպքն էր, որ կ՚առընչուէր անտառի ոչնչացման: Թեղուտի հսկայական անտառը մաս առ մաս հատուած է հանքավայրի շահագործման համար: Ճիշդ է՝ այդ քայլը կատարողները կը փորձեն զայն արդարացնել իբրեւ տնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան զարգացման ազդակ, բայց երբեք ընդունելի չէ բնութեան պղծման ու ոչնչացման հաշւոյն զարգացնել տնտեսութիւնն ու հանքարդիւնաբերութիւնը:
Երբ անտառը կը նօսրանայ, կը զրկուի իր բնական խիտ դասաւորութենէն, արագ վնաս կը կրէ քամիներէ, պտտահողմերէ եւ այլ բնական աղէտներէ, որոնք նօսր տարածքներու վրայ աւելի շատ աւերածութիւններ կը գործեն, քան՝ խիտ ու ծառերով պաշտպանուած վայրերու վրայ: Բացի այն, որ անտառը թթուածին արտադրող ամենամեծ աղբիւրն է, ան նաեւ հողապաշտպան, ջրակարգաւորիչ, կլիմայակարգաւորիչ նշանակութիւն ունի: Որեւէ երկրի տարածքի վրայ գտնուող անտառ նախեւռաջ այդ երկրի բնական անվտանգութեան պաշտպանն է:
ԱՆՏԱՌԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ՝ ԼՈՌԵԲԵՐԴ ԵՒ ՀՆԵՎԱՆՔ
Իսկ մինչ այդ տեղւոյն զբօսաշրջային ընկերութիւնները այս շրջանին երթեւեկներ կ՚առաջարկեն դէպի Ստեփանաւանի Գիւլագարակ տարածքի Սոճուտ անտառը: Գիւլգարակը օդափոխութեան վայր կը նկատուի։ Հոն կան հանգստեան տուներ, մանկական առողջարաններ եւ զբօսաշրջութեան համար նպաստաւոր պայմաններ: Ստեփանաւանի մէջ կան հանգստեան տուներ եւ պանդոկներ, որոնք մասնաւորապէս կառուցուած են այգիի այցելուներու եւ առողջարանային քաղաք եկողներուն համար։ Անոնք նախապէս սերտած ըլլալով Սոճուտի բարիքները՝ կը վայելեն առողջարանային զբօսաշրջութիւնը: Տարուան այս եղանակին՝ բեղմնափոշի արձակելու շրջանին դժուար է տեղ գտնել այդ առողջարաններուն մէջ:
Դէպի Ստեփանաւան տեղական զբօսաշրջային երթուղին սովորաբար կը ներառէ նաեւ Լոռեբերդը եւ Հնեվանքը, որոնք կը գտնուին Սոճուտի ճամբուն եւ դէպի Ստեփանաւան երթուղիի մէջ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն: Լոռիի բերդը միջնադարեան անառիկ ամրոց մըն է՝ Ստեփանաւանէն 4.5 քմ. հեռաւորութեան վրայ։ Ան կը գտնուի Ձորագէտ եւ Ուռուտ կիրճերու հատման վրայ։ Բերդը հիմնադրած է Դաւիթ Անհողին՝ հաւանաբար՝ 1005-1020 թուականներուն: Գտնուելով հիւսիսային առեւտրական ճանապարհի վրայ՝ Լոռին եղած է առեւտրա-արհեստագործական խոշոր կեդրոն՝ միջնադարեան Հայաստանի մէջ։ Ան առեւտրական ճանապարհներով կապուած էր Անիի, Դուինի, Դմանիսի, Տփղիսի եւ ուրիշ քաղաքներու հետ: 11-րդ-13-րդ դարերուն ունեցած է շուրջ տասը հազար բնակիչ։ Քաղաքի առաջին պարիսպի մէջ պարփակուած տարածութիւնը միջնաբերդի դեր կատարած է։
1105 թուականին Լոռին կարճ ժամանակով գրաւած են սելճուկները, 1118 թուականին՝ վրացական զօրքերը։ Ան իր շրջակայ հողերով դարձած է վրաց Օրբելիներու կալուածքը։ 1185 թուականին անցած է Սարգիս Զաքարեանին, իսկ անոր մահէն յետոյ՝ որդիներուն՝ Իվանէ եւ Զաքարէ Զաքարեաններուն։ 1236 թուականին մոնղոլական բանակը գրաւած եւ հիմնայատակ աւերած է քաղաքը, կողոպտած է Շահնշահ Զաքարեանի գանձերը, աւերած է Դաւիթ Անհողինի կնոջ վերագրուող մատուռ-դամբարանը։ 1430 թուականին Լոռիին կը տիրէին հայ Օրբելեանները։ 1562-1734 թուականներու միջեւ Լոռին, որպէս ռազմական կարեւոր ամրոց, անցած է մե՛րթ թուրքերուն, մե՛րթ պարսիկներուն, իսկ մերթ ալ՝ վրացիներուն։ 18-րդ դարու վերջաւորութեան Լոռին կորսնցուցած է բերդի նշանակութիւնը, դարձած է սովորական ամրոց, ուր բնակութիւն հաստատած են տարբեր վայրերէ տեղահանուած գաղթականներ, եւ նոյն միջնաբերդին մէջ ալ յառաջացած է համանուն գիւղը, որ 1926-1930 թուականներու միջեւ ամայացած է: Այժմ Լոռեբերդէն շուրջ 2 քմ. հեռաւորութեան վրայ տարածուած է Լոռիի Բերդ գիւղը։ Լոռիի Բերդ ամրոցին մէջ 1966 թուականէն սկսեալ երբեմն կ՚իրականացուին հնագիտական պեղումներ։ Այս գծով պեղուած է Դաւիթ Անհողինի կնոջ վերագրուող մատուռ-դամբարանը, որմնանկարներ, յուշարձաններ, բաղնիքներ, զէնքեր, զարդեր, գործիքներ եւ այլ իրեր:
Այս երթուղին՝ դէպի Սոճուտ եւ Լոռիի բերդ, կը ներառէ նաեւ նոյն ճանապարհին գտնուող Հնեվանքը: Վանական այս համալիրը Լոռիի մարզի ճարտարապետական գլխաւոր յուշարձաններէն մին է, կը գտնուի Ձորագետի աջ ափին։ Կիսաւեր համալիրի կազմին մէջ ժամանակին եղած են երեք եկեղեցի, գաւիթ, բնակելի, տնտեսական եւ օժանդակ շինութիւններ։ Գլխաւոր եկեղեցիի գմբէթի քիւի ստորին գօտիի վրացերէն արձանագրութեան համաձայն, եկեղեցին 1154 թուականին նորոգած է Իվանէ Օրբելեան ամիրսպասալարի որդին՝ Սմբատը։ Վերջերս եկեղեցին վերանորոգուած է։
Ստեփանաւան տանող զբօսաշրջային ուղին իր մէջ կ՚ամփոփէ հայոց պատմութիւնը՝ Լոռիի բերդի անցեալով, ինչ որ ներդաշնակ է բնութեան՝ Սոճուտի եւ հոգեւորի՝ Հնեվանքի մէջ հնչող աղօթքի հետ միասին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ