ԵՂԲԱՅՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐ, ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մշտապէս միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ պետութիւններու միջեւ եղած լաւ, համերաշխ ու ծաղկուն կապերուն հիմքը կը կազմեն անոնց եղբայրական ծագումը: Շատ կան երկիրներ-պետութիւններ, որոնց ժողովուրդները նոյն ազգային ծագումը ունին. ինչպէս՝ արաբական, սլաւոնական, գերմանական եւ կրնանք դասակարգնել նաեւ անկլօ-սաքսոնական... եւ այլն ծագումները: Բնականաբար աւելի օրինաչափ է եւ տրամաբանական, որ եղբայր ժողովուրդներ ներկայացնող երկիրները իրենց յարաբերութիւններուն մէջ հաշտ ու ներդաշնակ (չըսելու համար բարեկամական ու եղբայրական) ըլլան, բայց կը տեսնենք, որ այդպէս չէ եւ պատմութեան մէջ ալ յաճախ նոյն ազգային եւ էթնիք ծագով երկիրներ պատերազմած են իրարու դէմ եւ փորձած են զիրար ճզմել: Ներկայիս նոյն օրինակով կրնանք յիշել արաբական աշխարհին մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմներու կողքին, նոյն արաբական կարգ մը պետութիւններու ուղղակի կամ անուղղակի բախումները, ինչպէս նաեւ ներկայիս Ռուսաստան-Ուքրայնա բռնկած պատերազմը օրինակ է Եւրոպայի մէջ:

Արդի աշխարհը իր պետութիւններով հիմնականապէս կազմուած է՝ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն եւ ետքը Սովետական Միութեան քայքայումէն վերջ, ուր պետութիւններու թիւը զգալի աճ ապրեցաւ: Այո՛, դժուար է քննարկել կամ նոյնիսկ վերջնական հիմնաւորում ու արդիւնաւէտութիւններ գտնել բազմաթիւ երկիրներու յառաջացման, միջազգային խաղաղութեան ու բարօրութեան կամ ժողովուրդներու արդար իրաւունքներու եւ ազատականացման ալ իմաստներով, բայց տեւաբար մարդկային հասարակութիւնները եւ ընդհանուր աշխարհի ղեկավարութիւնն ու մարդկային հաւաքական միտքը լծուած է այդ գործին, անկախ լաւ ու վատ, պայծառ կամ մութ, շահագործուող կամ ճշմարիտ մօտեցումներուն ու գործառոյթներուն:

Որեւէ պետութեան ու ազգի-ժողովուրդի պատկանող անձ ու քաղաքացի կրնայ տարբեր կեցուածքներ, փափաքներ եւ անոնցմէ բխած վարքեր ու քաղաքականութիւններ ունենալ նոյն եղբայրական ժողովուրդներու հանդէպ, չանտեսելով, որ գերական անոնց քով համակրանքն ու սէրն է, հակառակ որ ներկայ աշխարհի դրամատիրական ու բաց կարգավիճակները դասակարգային ու տնտեսական շահերու իմաստով մեծ հակասութիւններ կը յառաջացնեն նոյնապատկան ժողովուրդներու մէջ ալ եւ քաղաքական ներկայ բուրքականութիւնը կը տանի հոն, ուր ժողովուրդները, այսպէս ըսած, ընդհանրական ու միացեալ պիտակաւորումներով չեն բանիր եւ չկան հին դարերու բացարձակ ու միայն պատկանելիութեան վրայ սնանող ատելութիւն ու վարքագիծերու ճշդում ժողովուրդներու միջեւ: Այս մէկը, այո, ժողովրդավարութեան տուած բարիքներէն կը համարուի, քանի տնտեսական բաց յարաբերութիւնները ինքնաբերաբար կը շրջանցնեն ազգային հակամարտութիւնները եւ ձեւով մը խաղաղութիւն ալ կը բերեն (չանտեսելով հակառակն ալ, որ ազգամիջեան բախումները շատ յաճախ տնտեսական տարրաբաժանումներու ալ արդիւնք են), բայց ասոր կողքին քիչ մը ձեւական կը թուի բոլորը բոլորին հանդէպ յարգանքը կամ գործուած չարիքներն ու պատմական յանցանքները միմիայն բարդել վարչակարգերուն վրայ եւ ժողովուրդները մշտապէս արդարացնել, քանի շատ մը պարագաներու նոյն այդ ժողովուրդներու կազմոյթն ու ձեւաւորումը պետութեան մը կազմաւորման մէջ տուեալ վարչակարգի արդիւնք են կամ անոնց իրագործած քաղաքականութեան ու ուժերու դասաւորման բաղադրիչ:

Օրինակ՝ նախկին դարերուն մեծ գաղափարախօսութիւններն ու նոյնիսկ կրօնական պատկանելիութիւնները բաւարար էին ամէն բացառութիւններն ու «արդարացումները» ջրելու, խաչակիր ես վերջ, իսլամ ես վերջ, ֆրանսացի ես վերջ... եւ այլն:

Այս բոլորին մէջ կը ծագի հարց մը. Ի՞նչ է համընդհանուր համաշխարհային խաղաղութեան եւ եղբայր կամ նոյնիսկ հակառակորդ ժողովուրդներու բարեկեցութեան, գոյակցութեան (չըսելու համար տեւական, այլ գոնէ ամենաերկարատեւ) համակարգը, կարծեմ՝ պատասխանը յաւակնութիւն եթէ չհամարուի, նուազագոյնը շատ մեծ տեսական, քննարկուող ու վիճելի ուսումնասիրութիւններէ բխած հայեցակարգ կը մնայ:

Քաղաքականութեան եւ գերտէրութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ աւելի պզտիկ, բայց իրենց դաշնակից համարուող պետութիւնները, երբ ուզեն հեռանալ մեծի հովանաւորութենէն կամ ազդեցութեան գօտիէն, ինչքան ալ ցաւալի ու կորստալից ըլլայ այդ մէկը պզտիկին, բայց մեծ տէրութեան համար միջազգային յարաբերութեան տեսութեամբ ու գործնական սկզբունքով եւ կատարմամբ՝ հեղինակազրկում, սայթաքում ու անճարականութիւն կը համարուի եւ տուեալ գերպետութեան քաղաքականութեան ու արժէքներու ալ ձախողումը:

Հոս կարեւոր է նոյն պարունակին մէջ նշել, որ ինչքան ալ աշախարհը եղբայրական պետութիւններու միջեւ եղած հակամարտութիւններուն ու բախումին ականատեսն է. մշտապէս քննարկելի է այն իրողութիւնը, թէ պզտիկ ու միջակ պետութիւններն են, որ կը խաբե՞ն մեծերուն (պզտիկները ուրիշ զէնք չունին, բացի դիւանագիտութիւնը, քաղաքականութիւնն ու շահերու համադրումը մեծերուն հետ, ինչ որ խորքապէս ու կոշտ ըսուած՝ մշտական խաբելու ու խուսանաւման միջոցն է), կամ ալ մեծերը պզտիկներուն կը խաբե՞ն անդադար (նկատի առած, որ մեծերը չունին շատ քաղաքականութիւններ, այլ միայն ունին թելադրանքներ, իսկ այդ թելադրանքները, այսպէս ըսած, աստուածային չեն, այլ տեւաբար փոխուող):

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2022