ԱՇԽԱՐՀԸ ՄԱՐԴՈ՛Վ Է ԱՇԽԱՐՀ

Այսօրուան մեր սիւնակին մէջ խօսքը կը թողունք հայ արդի գրականութեան տիրական դէմքերէն Վահրամ Մավեանի յատկանշական վկայութիւններէն մէկուն։ Վահրամ Մավեանի թողած աւանդը ինքնին կարեւոր է, բայց հետեւեալ գրութեան պարագային նշանակութիւնը կը կրկնապատկուի՝ այն առումով, որ վկայութիւնը կը վերաբերի ուրիշ հսկայի մը՝ լուսանկարչութեան անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Մավեանի գրիչէն Արա Կիւլէրը։

*

Պոլիս:

Բարեկամիս՝ Արա Կիւլէրի հետ նստած ենք Կալաթասարայի իր արուեստանոցը եւ անխօս իր վերջին գործերը կը դիտենք: Իւրաքանչիւր լուսանկարի մէջ այնքա՜ն շատ բան է ըսուած՝ որ յաւելեալ որեւէ բառ, ակնարկութիւն, բացատրութիւն անտեղի պիտի ըլլայ:

Միշտ չէ որ տարեկան կարճատեւ այցելութիւններուս կարելի կ՚ըլլայ Պոլիս գտնել զինք: Զանազան առաքելութիւններով երկրէն դուրս կ՚ըլլայ սովորաբար.- Պարսկաստան՝ ամերիկեան կարեւոր հանդէսի մը պատուէրով Շահն ու արքայական ընտանիքը լուսանկարելու. Փարիզ՝ Փիքասոյի անհանդարտ առօրեայէն պահեր անշարժացնելու: Գաւառները տակաւին՝ պատմական կոթողներ, մարդեր, հասարակ մարդեր, կեա՛նքը սեւեռելու թուղթին վրայ: Աշխատանքի մէջ է անընդհատ՝ «փախչող, անկրկնելի կեանքէն պահեր բռնելու», ինչպէս կ՚ըսէ ինք: Աշխատանք մը՝ որուն մէջ դրած է ե՛ւ սիրտ, ե՛ւ հաւատք, ե՛ւ քնքշութիւն, ե՛ւ կիրք:

Շապինգարահիսարցի պատուական ծնողքի մը զաւակ, համեստ ու հաղորդական այս հայորդին որ Իսթանպուլ ծնած է 1928-ին, այսօր արդէն տէրն է միջազգային արդար համբաւի մը՝ որպէս արուեստագէտ լուսանկարիչ: Դժուար է սակայն զինք խօսեցնել իր մասին: «Գործն է կարեւորը, կ՚ըսէ, գո՛րծը պէտք է խօսի»:

Պոլսոյ Մխիթարեան լիսէէն շրջանաւարտ, ատեն մը հետեւած է տնտեսագիտութեան՝ հակառակ գրականութեան ու թատրոնին հանդէպ ունեցած իր մասնաւոր նախասիրութեան ու հակումներուն:

Հայկական ու թրքական կարգ մը տեղական թերթերու եւ հանդէսներու մէջ գրական իր առաջին փորձերը հրատարակելէ ետք, 1950-ին յստակօրէն կը ճշդէ իր ուղին եւ կը մտնէ լրագրական ասպարէզ՝ աշխատակցելով «Եէնի Իսթանպուլ» օրաթերթին: Յետոյ կ՚անցնի «Հայաթ» ու այնտեղ ալ կը մնայ մինչեւ 1961, որպէս լուսանկարչական բաժնի պատասխանատու թղթակից: Նոյն տարիներուն կը նշանակուի ամերիկեան «Թայմ-Լայֆ», ֆրանսական «Փարի Մաչ» եւ գերմանական «Տէր Շթէրն» հանդէսներուն Մերձաւոր Արեւելքի լուսանկարչական թղթակից: Պատուաբեր պաշտօն մը, որ կը պահէ մինչեւ այսօր:

Գնահատա՞նք իր գործերուն հանդէպ: Կը խուսափի պատմելէ: Ցոյց կու տայ հրատարակութիւններն ու յայտագիրները միայն:

Անգլիոյ մէջ 1961-ին տեղի ունեցող դասաւորումի մը ընթացքին կ՚ընտրուի աշխարհի լաւագոյն 7 լուսանկարիչներէն մէկը, իսկ 1962-ին «Լայքայի Վարպետ» տիտղոսին կ՚արժանանայ Գերմանիոյ մէջ: Նոյն տարուան ընթացքին «Քամերա» հանդէսը ամբողջ թիւ մը կը յատկացնէ իր գործերուն:

1964-ին Ամերիկայի մէջ լոյս կը տեսնէ իր «Երիտասարդ Թուրքիա» գործը, իսկ 1970-ին նման ուրիշ հատոր մը կ՚երեւի Գերմանիոյ մէջ:

-Հրատարակիչներ կամ հեղինակներ ալ օգտագործա՞ծ են լուսանկարներդ:

-Շատ: Մանաւանդ պատմական, հնագիտական հատորներու մէջ՝ որոնք լոյս տեսած են այստեղ Թուրքիոյ մէջ կամ «Հօրայզըն», «Թայմ-Լայֆ», «Նիուզուիք», «Սքիրա» եւ այլ եւրոպական հրատարակչական տուներու կողմէ: Լորտ Քինրօզի վերջերս հրատարակած «Սէնթ Սօֆիա» հատորին մէջ երեւցած լուսանկարները, օրինակ, իմս են: Գիտես արդէն, թէ իմ գործս է նաեւ «Սքիրա»յի կողմէ Փիքասոյի ծննդեան 90-ամեակին առիթով հրատարակուած շքեղ հատորի կողքին վրայ երեւցող Փիքասոյի լուսանկարը:

Արային գործերը ներկայացուած են մէկէ աւելի հաւաքական եւ անհատական ցուցահանդէսներու մէջ: Այսպէս, օրինակ, 1968-ին Ամերիկայի «Կէլըրի օֆ Մօտըրն Արթ»ի կողմէ կազմակերպուած եւ «Գունաւոր Լուսանկարչութեան 10 վարպետները» ընդհանուր անունը կրող ցուցահանդէսին՝ եւ Գերմանիոյ մէջ «Ֆօթօքինա» միջազգային ցուցահանդէսին:

1972-ին Փարիզի «Պիպլիօթէք Նասիօնալ»ը Արային գործերը ներկայացուցած է առանձին ցուցահանդէսով մը: Նման անհատական ցուցահանդէսներ կազմակերպուած են նաեւ Իսթանպուլի, Անգարայի եւ Իզմիրի մէջ՝ եւ արժանացած գեղարուեստական շրջանակներու բացառիկ գնահատութեան:

Բանաստեղծ հոգիով տղան է Արան, բանաստեղծութիւն մը՝ որ ներկայ է իր գրեթէ բոլոր յաջող գործերուն մէջ: Զարմանալի չէ հետեւաբար, որ իր լաւագոյն գործերը ոչ թէ արուեստանոցին մէջ լոյսերու խաղով առնուած դիմանկարներն են, այլ դուրսը, կեանքէն փրցուած պատառիկները:

Արան չունի Քարշի, Իտա Քարի կամ Քաւուքի՝ դիմանկարներուն ներքին մարդը երեւան բերելու մտահոգութիւնը: Դիտողի, տեսնողի իր սուր աչքով եւ մարդկային ապրումներու, կացութիւններու դիմաց թրթռալ գիտցող հոգիով՝ շուրջի առօրեային մէջէն կը նկատէ, կ՚ընտրէ, կը բռնէ կեանքը յատկանշող երեւոյթները՝ որոնց քովէն սովորաբար անտարբեր կ՚անցնինք մենք, հասարակ մահկանացուներս:

-Լուսանկարներուդ մէջ նիւթի մասնաւոր նախընտրութիւն մը ունի՞ս, կը հարցնեմ:

-Անպայմա՛ն: Կեա՛նքը, կը պատասխանէ ժպտելով, ու շունչ մը դադարէ ետք կ՚աւելցնէ, իսկ կեանքին մէջ ալ՝ Մա՛րդը: Վերջին հաշուով ի՞նչ արժէք ունին կեանքն ու արուեստը առանց մարդուն:

Սեղանին վրայ նմոյշներն են Իսթանպուլի եւ Անգարայի իր վերջին ցուցահանդէսներու լուսանկարներուն: Կեանքէն անշարժացուցած վայրկեաններ են բոլորն ալ, բայց իւրաքանչիւր լուսանկարի մէջ ալ այդ կեանքը ստեղծողը որոշապէս Մարդն է: Իր աղքատիկ տան դռան առջեւ նստած կին մը, մէկ նաւակէն միւսը ցատկող ձկնորս մը, փողոցին անկիւնը գնդիկ խաղացող մանուկներ, իրենց յետմիջօրէի թղթախաղով տարուած գիւղացի զոյգ մը եւ կամ պատերու տակ ժամանակը սպաննող, կեանքին հետ իրենց հաշիւը փակած ծերունիներ:

-Որքան ալ գեղեցիկ ըլլայ մնացեալ, շրջապատի տեսարանը՝ անպայման պակաս բան մը պիտի մնայ լուսանկարներուդ մէջ, եթէ այնտեղէն վերցնես Մարդը, կ՚ըսեմ:

-Ճիշդ աշխարհին պէս, կ՚աւելցնէ ինք: Իրաւունք ունիս, ես չեմ կրնար աշխարհը, կեանքը առանց մարդու ըմբռնել, երեւակայել:

-Արուեստը, լուսանկարչութիւնը պէ՞տք է ուրեմն, քու կարծիքով, ծառայեն նպատակի մը, Մարդուն:

-Ես նախ շատ ալ վստահ չեմ, եթէ լուսանկարչութիւնը արուեստ մըն է միւս աւագ արուեստներու կարգին: Մի՛ մոռնար, որ լուսանկարիչին այսպէս կոչուած արուեստը կը սահմանափակուի իր գործիքին քառակուսի շրջագիծով՝ ուրկէ կը դիտէ աշխարհը, որո՛ւն մէջ միայն ստիպուած է բաւեցնել տեսածը, վերարտադրել ուզած կեանքը: Մինչդեռ որոշապէս տարբեր է պարագան, օրինակ, երաժիշտին, նկարիչին կամ բանաստեղծին: Ձայներու, գոյներու, ձեւերու, բառերու եւ զգացումներու ամբողջ աշխարհ մը ունին ասոնք ու կրնան օգտագործել զայն իրենց ուզած ձեւով: Լուսանկարիչը, միւս կողմէն, ստիպուած է իր գործիքին փոքր շրջագիծին մէջ առնել ինչ որ արդէն գոյութիւն ունի դիմացը եւ ա՛յն ձեւով, որ կայ անիկա: Ես չեմ կրնար, օրինակ, ինչպէս ըսած եմ յաճախ, գարնան տեսարան մը լուսանկարել, երբ խստաշունչ ձմեռ է շուրջս ամէն կողմ, որքան ալ… գարնանային ըլլայ տրամադրութիւնս: Նկարիչը կրնայ: Մեր, լուսանկարիչներուս ըրածը՝ եղա՛ծը վերարտադրել է պարզապէս: Բայց անշուշտ ասոր համար ալ աչք, ճաշակ եւ սիրտ պէտք է:

-Այս ըսածներէդ պէտք է, կ՚ենթադրեմ, հետեւցնել նաեւ, թէ լուսանկարչութիւը սահմանափակուած է միմիայն ներկային, անոր որ կա՛յ արդէն, եւ հի՛մա:

-Այո՛, բայց այսպէս կոչուած արուեստագէտ լուսանկարիչը, այդ ներկային մէջէն պէտք է կարենայ յաւերժականը տալ, անցողականին ընդմէջէն մնայունը սեւեռել: Այսպէս, տխուր մանուկով մը՝ ամբողջ տխուր մենակութեան մը աշխարհը, կամ պատերուն տակ պպզած երկու ծերունիներու լուսանկարին մէջէն՝ կեանքին այլեւս ձանձրոյթ մը եղած ըլլալու ողբերգութիւնը, եւ այլն: Ահա այստեղ է, որ կը մտնէ ստեղծագործութիւնը, եթէ կ՚ուզես, պայմանաւ որ մասնաւորէն ընդհանրականին տանող ճշմարտութիւնը ցոլանայ այնտեղ, երբ լուսանկար մը՝ ժամանակին մէջ անշարժացած լոկ պահ մը ըլլալէն անդի՛ն կարենայ անցնիլ: Այս այսպէս ըլլալով հանդերձ, միւս աւագ արուեստներէն այնքա՜ն տարբեր, լաւագոյն պարագային անգամ լուսանկարիչը իր զգացումներուն, ըսել ուզածին շատ պզտիկ մէկ մասն է, որ կը յաջողի գործերուն մէջ արտայայտել: Ինչո՞ւ. որովհետեւ կաշկանդուած է, մեքենային կապուած: Պարտաւոր է հետեւաբար գոհանալ անոր սահմանածներով, ճշդածներով: Որքան ալ փորձելու ըլլամ՝ սէնֆոնիի մը տարողութեամբ լուսանկար չեմ կրնար առնել, օրինակ: Լուսանկարին հնչականութիւնը կարճ է որովհետեւ: Ատոր համար ալ, իմ կարծիքով, չի՛ կրնար աւագ արուեստներու կարգին դասուիլ երբեք:

-Կը հաւատա՞ս, որ արուեստագէտը պէտք է անպայման ըսելիք մը ունենայ:

-Անպայմա՛ն. ըսելիք ունենալը չի բաւեր, պէտք է այդ ըսելիքը կարենայ նաեւ արուեստով տալ: Մի՛ մոռնար, որ իրականութիւնը իր «մերկ», «հում» վիճակներուն մէջ արուեստ չէ ի վերջոյ:

-Իսկ լուսանկարիչը չի՞ կրնար, միւս արուեստագէտներուն պէս, մերկ իրականութիւն կոչածէդ անդին գտնուող աւելի խորունկ ճշմարտութիւններուն հասնիլ, զանոնք յայտնաբերել իր գործին մէջ:

-Օրինակ մը տամ քեզի միտքս աւելի յստակ բացատրելու համար: Երեւակայէ փողոցին անկիւնը ցուրտ օրով ներկարարի իր սնտուկին առջեւ, ցած աթոռակին վրայ անգործ նստած, տասներկու տարու տղեկ մը: Գրագէտը կրնայ իր փափաքած, երեւակայած ձեւով ամբողջ աշխարհ մը բանալ այդ պատկերին ետեւ: Իսկ ես, որպէս լուսանկարիչ, ի՛նչ զգացումներով ալ մօտենալու ըլլամ անոր, ի՛նչ ձեւով ալ երեւակայելու ըլլամ անոր պայմաններն ու պարագաները, գործիս մէջ կրնամ տալ միայն ա՛յն, որ կ՚իյնայ մեքենայիս քառակուսի ապակիէն ներս, այն որ դիմացս նստած է աթոռակին վրայ: Իսկ այդ մասին ունեցած զգացումներս, ապրումներուս աշխարհը կը մնայ ինծի:

Մարդկային հոգիի՛ն լուսանկարիչն է Արան: Իր գործերուն մէջ անկենդան իրերն անգամ -կիսաւեր տաճար մը, ծառ մը, ամայի փողոց մը, գերեզմանաքարեր- լռելեայն կը զգան կարծէք, ապրումնե՛ր ունին:

Այո, աշխարհը մարդո՛վ է աշխարհ:

ՎԱՀՐԱՄ ՄԱՎԵԱՆ

«Նայիրի», 9-6-1979
«Ամբողջական երկեր», Բ. հրատարակութիւն, Սուրբ Էջմիածին, 1996: Էջ 729-733:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2022