ՍԻՐՈՅ ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐ՝ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ

ԱՄԵՆԱԳԵՂԵՑԻԿ ՍԷՐԸ

Ինչպէս խոտը կը բուսնի ժայռի մը յօդերուն մէջ,
Օր մը, յայտնուեցանք՝ երկու օտարներս: 

Գարնան գիշերը կը յօրինէր աստղ մը... աստղ մը.
Ես սիրոյ հատուած մը կը յօրինէի...
Աչքերուդ... երգեցի:
Աչքերդ գիտե՞ն, որ երկա՜ր սպասեցի,
Ինչպէս ամառը թռչուն մը սպասեց:

Քնացայ... գաղթականի քունով.
Աչք մը կը քնանար, որպէսզի աչք մը արթննար... երկա՜ր
Եւ կու լար իր քրոջ համար:

Մենք սիրահարներ ենք մինչեւ որ լուսինը քնանայ:
Գիտենք, որ գրկախառնումներն ու համբոյրները 
Սնունդներն են դրուատական գիշերներու,
Առաւօտը կը կանչէ քայլերս, 
Որպէսզի շարունակուի Ճամբուն վրայ նոր օր մը:

Մենք ընկերներ ենք.
Քալէ՛ քովէս՝ ձեռք-ձեռքի,
Միասին կերտենք հացն ու երգերը:
Ինչո՞ւ կը հարցնենք այս ճամբուն...
Դէպի ո՞ր ճակատագիրը կը տանի մեզ
Եւ ուրկէ՞ ժողվեց մեր ոտքերը:
Ես՝ առանձին եւ դուն՝ առանձին, կը քալենք՝ 
Միասին, յաւերժ:

Ինչո՞ւ արտասուալից երգեր կը փնտռենք
Հին հատորի մը ոտանաւորին մէջ
Եւ կը հարցնենք. 
-Ո՛վ մեր սէրը, պիտի շարունակուի՞ս:

Կը սիրեմ քեզ կարաւաններու սիրով՝
Խոտի եւ ջուրի ովասիսի,
Եւ աղքատին հացը սիրելուն պէս:

Ինչպէս որ խոտը կը բուսնի ժայռի մը յօդերուն մէջ
Օր մը, յայտնուեցանք՝ երկու օտարներս:

ՍՊԱՍԷ ԶԱՅՆ

Լազուարթով պատուած ըմպելիի բաժակով՝
Սպասէ զայն.
Գիշերը լճափին, անուշաբոյր ծաղիկներով շրջապատուած՝
Սպասէ զայն.
Լեռնային արահետները կտրելու պատրաստուած ձիու մը համբերանքով՝
Սպասէ զայն.
Ազնուական, պերճախօս իշխանին ճաշակով՝
Սպասէ զայն.
Թեթեւ ամպերով լի եօթը բարձերով՝
Սպասէ զայն.
Տարածութիւնը լեցնող կնոջ խնկաբոյր հուրով,
Ձիերուն մէջքէն կախ արական տրեխներու բոյրով՝
Սպասէ զայն.
Մի՛ աճապարեր, եթէ հասնի ժամադրութենէն ետք՝
Սպասէ զայն.
Եւ եթէ հասնի ժամադրութենէն առաջ՝
Սպասէ զայն.
Մի՛ քծնիր թռչիլ հիւսքերուն վրայ՝
Սպասէ զայն.
Որպէսզի հանգիստ նստի՝ յոյժ զարդարուն այգիի մը պէս՝
Սպասէ զայն.
Որպէսզի ներշնչէ եւ հպի այս օտար հովը սրտին՝ 
Սպասէ զայն.
Տար զայն պատշգամ մը, որ տեսնէ կաթին մէջ խեղդուող լուսինը՝
Սպասէ զայն.
Հրամցուր ջուրը, գինիէն առաջ՝
Սպասէ զայն.
Հպիր զգուշութեամբ ձեռքին, 
Երբ բաժակը կը դնէ մարմարին վրայ,
Կարծես իրմէ ցօղը կը վերցնես՝
Սպասէ զայն.
Խօսէ՛ հետը, ինչպէս սրինգը կը խօսի ջութակի թրթռուն լարի մը հետ,
Կարծես վկան կ՚ըլլաք վաղուան ձեզի պատրաստելիքին՝
Սպասէ զայն.
Փայլեցուր իր գիշերը մատանիով մը, մատանիով մը՝
Սպասէ զայն.
Մինչեւ որ գիշերը ըսէ.
-Ձեզմէ բացին չմնաց գոյութեան մէջ:
Տար զայն, հանդարտօրէն, դէպի ցանկալի մահդ
Եւ սպասէ զայն...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2022