ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԾ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԴԱՍԵՐԸ

Ընդունուած է, որ մարդկային հաւաքական բնաւորութիւնը ինչքան ալ փոփոխութիւններ կրած է, իր լայն տրամաչափերուն մէջ մնացած է նոյնը: Հոն կայ լաւն ու վատը, առաքինին ու չարամիտը, պայծառն ու խաւարականը: Նոյն մարդկային հաւաքական բնաւորութիւնը ամենացայտուն կերպով իր բացասական դրսեւորումները ցոյց կու տայ առաւելաբար քաղաքականութեան ու տնտեսութեան բնագաւառներուն մէջ, ուր գերակայ է շահ հասկացողութիւնը եւ զայն իրագործելու ճամբուն վրայ շատ մը մեծ ու փոքր արժէքներ կ՚ոտնակոխուին: Նոյնիսկ հակառակ կողմէն դիտուած շատ մը տեսաբաններ կեդրոնանալով նոյն մարդկային հաւաքական ու անհատական կերպարի շահադիտական կառուցուածքին վրայ, անոր կը վերագրեն արժեքաբանութիւններու ստեղծումը, այսինքն՝ կրօնքը, մշակոյթն ու անոնցմէ բխած մարդկային առաքինական ու բարոյագիտական համակարգերը, որոնք արդիւնք են նոյն շահադիտական դասաւորումներու եւ շահ ապահովելու ու տիրապետութեան միջոցներ են եւ ոչ՝ հիմք ու նպատակ ապրուստին, հանրային կեցութեան ու փիլիսոփայութեան կամ բարօրութեան-առաքինութեան ապահովման համար: Նոյն պարունակով, օրինակ, գերմանացի փիլիսոփայ Ֆրետրիխ Նիչէ կ՚ըսէ, որ բարոյագիտութիւնը, չարն ու բարին եւ անոնց գործադրուածութիւնները դասակարգային հասկացողութիւններ են, եւ անոնք նոյնը չեն չքաւոր դասակարգին եւ հարուստ դասակարգին մօտ:

Մարդկային կեանքը իր բոլոր երեսակներով զարգացման մէջ է միշտ, ինչքան ալ յարաբերական ու յարափոփոխ ըլլան այդ զարգացումները, եւ հոն կայ մէկ իրականութիւն, որ կ՚ըսէ, թէ մարդը նոյն ձեւով չ՚ապրիր ներկայիս, ինչպէս որ կ՚ապրէր երեք հարիւր կամ հազար տարի առաջ: Այս իրականութիւնը նոյն անհատ մարդուն եւ հաւաքականութիւններուն մօտ հարցումներ կը յառաջացնեն՝ մենք աւելի առաքինի, պայծառամիտ, արդարամի՞տ ենք հիմա քան առաջ, եւ մեր կեանքի փոփոխութիւնը (որուն հենքն ու նպատակը կարեւոր կը թուի՝ զարգացում ապահովելու համար), աւելի գեղեցի՞կ է եւ կատարեալ, քան կար նախկին ժամանակներուն:

Այո՛, միշտ նորը կը թուի աւելի դիւթիչ, համակարգող ու արդար, եւ ինչքան ալ մարդկային անցեալի հանդէպ կարօտախտը իր գործը տեսնէ ամէնօրեայ կեանքին, վարչականութեան եւ քաղաքականութեան մէջ, այդ անցեալապաշտութիւնը ակամայ կը մնայ պատմագիտական ու պատմական, այսպէս եթէ կոչենք՝ ապրումային, տոգորող, ռոմանթիք եւ շատ մը պարագաներու շահագործուող համակարգ:

Եթէ խորանանք քաղաքականութեան մէջ, շատ տեսութիւններ, ծրագիրներ եւ անվերջ շահարկումներ կը յայտնաբերենք մարդկային ընկերութիւններու պատմութիւններէն, իսկ պարզ ու ինքահոս մակարդակով եթէ նայինք կեանքին՝ մեզ կրնայ ապշեցնել այն զարմանքը, որ ամէն տեղ ամբոխը կարծես անմիջական, մակերեսային ու հպանցիկ կեանք մը կ՚ապրի (կամ կը թուի, թէ կ՚ուզէ ապրիլ) եւ մեծ ու փոքր հաւաքականութիւնները տարուած են միմիայն կեանք ապրելով, եւ այս ամբոխային թուացեալ անտարբերութեան դիմաց անիմաստ կը թուին թէ՛ խորքային քաղաքականութիւնները, թէ՛ ղեկավարումները: Այս պարունակով հիմնական հարց մըն ալ կրնայ ուղղուիլ մարդկային հաւաքական մտքին ու անոր կազմագործման եւ որ անպատասխան կը մնայ՝ ո՞րն է աւելի կարեւորը կամ արդարացին-առաքինին. ծրագիրն ու անոր գործադրութեան իրականացումն ու կնքումը կամ կեանքն ու ապրուստը եւ անոնց բերած ընթացն ու ոճը:

Նոյն օրէնքի եւ լաբիւրինթոսի յարաբերակցութիւն կը համարուի այս մէկը. օրինակ՝ օրէնքը կրնայ բերել կարգավիճակ ու ծրագիրներու կատարում, իսկ ընթացքը կրնայ քաոսի վերածել ամէն ինչ: Եւ հոս ինչպէս ֆրանսացի քաղաքագէտ-ընկերաբան Մոնթէսքիէօ կը նկատէ՝ օրէնքի եւ ծրագիրի գերկատարումը կրնայ համարուիլ բռնարարութիւն ու ազատութեան զոհաբերութիւն, իսկ ընթացքի ու ապրուստի, այսպէս կոչուած, արդարացի ոճը կրնայ համարուիլ ճիշդ ազատութեան կիրառում, իսկ չափազանցութիւնը՝ քաոս:

Մարդկային հաւաքականութիւններու աւանդած դասերը կրնան համարուիլ՝ պատերազմներէ խուսափումը, խաղաղասիրութիւնը, բարօրութեան ձգտումը, գերշահադիտականութեան թօթափումը եւ շատ մը այսպիսի լուսաւոր հասկացողութիւններ: Ո՞ւր կատարուած են անոնք կամ ո՞ր ղեկավարումը ու անոր հետ շաղկապուած ուժային համակարգերն ու գաղափարախօսութիւնները ամենաշատը մօտեցած են անոնց։ Այս մէկը դիւրաւ կրնայ համարուիլ երկար ու վիճելի նիւթ, ուր ամէն պատմաբան-տեսաբան, քաղաքագէտ ու ընկերաբան, քաղաքական գործիչ ու քաղաքացի կրնայ ունենալ իր տասնեակ մօտեցումները:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

13 մարտ 2022

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2022