ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԵԾ ՊԱՅՔԱՐԸ. ՈՐՈՇՈՂԸ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ ՓԵՔԻՆ

Ի՞նչ փուլի կը մտնէ այսօր պատերազմը։ Ամենակարեւորը՝ ռազմական գործողութիւնները ինչո՞ւ կը յապաղին։

Եթէ Ռուսաստանի նպատակը արագօրէն Ուքրայնայի մայրաքաղաքը՝ Քիեւը տիրապետութեան տակ առնելն էր, ապա այսօր բաց կերպով պէտք է ըսել, որ պատերազմի առաջին փուլը ի նպաստ ռուսերուն չեղաւ։ Ճիշդ է, որ Մոսկուա պիտի չընդունի, որ իր ռազմական կարողականութեան առընթեր եղած են սխալ հաշուարկներ, բայց այդ սխալները կամ վրիպումները ոչ մէկ վնաս պիտի տան Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որ կը մնայ իր հաստատակամութեան գագաթնակէտին վրայ։ Ռուսական ուժերը կ՚իրականացնեն «այրած գետին»ներու ռազմավարութիւնը։ Այլ խօսքով՝ տալ ուժգին եւ նոյնիսկ կատաղի հարուածներ, որոնցմով վերջնականօրէն պիտի քայքայուի Ուքրայնայի կանոնական բանակը, որ արդէն կրած է մեծագոյն վնասներ։

Փակագիծ մը բանալով այստեղ հարկ է յիշեցնել, որ 2003 թուականին, Միացեալ Նահանգներ Իրաքը գրաւելու եւ այդ ժամանակուայ նախագահ Սատտամ Հիւսէյինը աթոռէն վար առնելու ծրագրի գործադրութեան համար ունէր ամբողջ աշխարհի նեցուկը։ Միայն բարոյական աջակցութիւն մը չէր այդ մէկը, այլ տասնեակ երկիրներ միացած էին ԱՄՆ-ին, այդ «առաքելութիւնը» միասնաբար իրականացնելու համար։ Այդ օրերուն էր նաեւ, որ ԱՄՆ-ի հովանիով դէպի Պաղտատ «արշաւող» ուժերէն պահանջուեցաւ 26 օր, սակայն, այդ ժամանակահատուածին մէջ անոնք չկարողացան այդ երկիրը ամբողջութեամբ իրենց ձեռքին մէջ առնել։

Ուքրայնայի այս պատերազմի պարագային, երբ արդէն կռիւներու 24-րդ օրը կը լրանայ, պատկերը բոլորովին տարբեր է։ Տոնպասի շրջանը «նացիստ» եւ ազգայնամոլ տարրերէ «մաքրելու» ուղղեալ Փութինի որոշումը կարծես թէ գործի դրուած է բաւական բարդ ու նոյնիսկ «ստիպողութեան» մը լոյսին տակ։ Ռուսաստան ծանր հարուածներ կու տայ Ուքրայնայի դէմ, հիմնայատակ կ՚ընէ անոր գլխաւոր քաղաքները, սակայն այդ մէկը կ՚ընէ առանձինն ու այնպիսի պայմաններով, երբ Արեւմտեան պլոքի գրեթէ բոլոր աշխոյժ երկիրները կը մասնակցին (անուղղակիօրէն) այս պատերազմին ու միջնորդաւորուած այս պայքարին մէջ մտած են՝ ընկճելու, թուլացնելու եւ ետ մղելու համար Փութինի հին-նոր ծրագիրը, որն է ունենալ նոր, հզօր Ռուսաստան մը ու այդպիսով ալ կոտրել միաբեւեռ աշխարհի մը սեւ ուրուականը։

Այստեղ ակնարկուած ուրուականը հաւանաբար շատերու համար կարեւոր չըլլայ՝ տրուած ըլլալով, որ անցեալ երեսուն տարիներուն շատեր հեռուէն դիտեցին ու միայն հեռատեսիլներու պաստառներէն իմացան, թէ ինչպիսի սխալ քաղաքականութիւններու հետեւանքով արեան գետերու գերին դարձաւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը։ Կա՞ր այլ ձեւ մը, այլ խաղաոճ մը, որուն շնորհիւ ԱՄՆ պիտի կարողանար աւելի արդար, աւելի ժողովրդավար (այո եւ Արեւմուտքի բացառիկ տարտը՝ սուտ ժողովրդավարութիւնն է) երկիրներ կերտել։ Այո՛, կար։ Սակայն, ԱՄՆ նախընտրեց հրահրել ամենաարիւնալի ընդհարումները՝ միշտ զանոնք «պարուրել»ով կրօնական, դաւանական, գաղափարական տարակարծութիւններով եւ յառաջ ընթանալով (կամ կարծելով, թէ յառաջ կը տանի իր հիւանդկախ մօտեցումները) կրակի տուաւ Պաղտատը, Դամասկոսը, Հալէպը, Հոմսը, Համան եւ այլ քաղաքներ, մինչ այդ Պէյրութն ալ վերածելով քաղաքական պարանաձգութեան իրական տարրալուծարանի մը։

Այս բոլորը, անշուշտ, չ՚երեւիր աչքին անոնց, որոնք կը հաւատան Արեւմուտքին, ընդունած են անոր կողմէ չափուած-ձեւուած «նոր աշխարհակարգ» կոչուածը, նաեւ հեզ ու ճկուն կերպով յարմարուած են վերջին տարիներուն ստեղծուած իրավիճակին։

Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, եթէ կարկինը լայն բանանք ու այս պատկերին մէջ տեղադրենք Ռուսաստանի կողմէ մշակուած եւ գործադրութեան դրուած աշխարհի «մեծ քաղաքականութեան» մէջ տեղ, ըսելիք, դեր ունենալու ընդհանուր վարկածը, ապա այդ ժամանակ աւելի քան յստակ պիտի դառնայ պատասխանը այն մեծ հարցումին, թէ Փութին ինչո՞ւ սկսաւ այս պատերազմին։

Ճիշդ է, որ Ռուսաստան, առնուազն շատերու պատկերացումներուն մէջ, մինչեւ հիմա պէտք է աւարտած ըլլար պատերազմի այս փուլը։ Նոյն առումով, սակայն, արդէն իսկ յայտնի է, որ դարձեալ շատ-շատեր սխալ հաշուարկած են Ուքրայնայի դիմադրական ուժը, անոր կռուելու կամքը ու մանաւանդ՝ Արեւմուտքի կողմէ անոր ցուցաբերուած ռազմական օժանդակութեան արդիւնաւէտութիւնը։ Ռազմերէն արդէն 24 օր անց, այդ բոլորը ջուրի երես կը հանէ, որ Մոսկուա այդքան ալ ճշգրիտ չէր իր հաշուարկներուն մէջ։ Ճիշդ է նաեւ, որ ի վերջոյ ռուսական զօրքերը պիտի կարողանան որոշ առաւելութիւն մը ձեռք ձգել ու գրաւել Քիեւը կամ նոյնիսկ նստիլ բանակցութեանց սեղանի շուրջ, սակայն, յստակ է նաեւ, որ անոնք այս պատերազմէն դուրս պիտի գան ծանր կորուստներով։

Տնտեսական պայքարը, պատիժները, ամպարկոն պիտի շարունակուին Ռուսաստանի դէմ։ Մոսկուա հաւանաբար յաջողի իր դիմակայութեան մէջ։ Ան շատ աւելի մեծ տեսադաշտի մը վրայ պիտի պարզէ իր վրայ «նետուած» պատիժներու ազդեցութեան գօտին։ Այս բանէն կրնան տուժել աշխարհի մեծաթիւ երկիրներ։ Այսօր լսելի կը դառնայ էական հարցում մը, թէ այսքան խճճուած պատկերին մէջ ինչպիսի՞ անորոշ, ինչպիսի՞ ոչ-վճռական եւ ինչպիսի՞ հեղհեղուկ յայտարարութիւններ կ՚ընեն ուքրանացիները, որոնց դիմադրութիւնը կը շարունակուի, բայց եւ այնպէս, կը շարունակուի նաեւ իրենց գեղեցիկ երկրին կործանումը։ Նախագահ Զելենսքի քանի մը ամիս առաջ ողնուծուծով ինքզինք կը համարէր ՆԱԹՕ-ի «նուիրեալ» երկիր։ Այսօր, առկայ մեծ քանդումներէն ետք, ան սկսած է յայտարարել, որ իրենց համար այլեւս այդքան ալ կարեւոր չէ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութիւնը։ Եւ եթէ իսկապէս այդպէս է, ապա ո՜ւր էր «խոհեմութիւնը» պատերազմի փուլէն ճիշդ առաջ եւ ինչքա՜ն անիմաստ կը դառնայ այս բոլորը՝ ի տես մարդկային մեծ ողբերգութեանց, որոնց ականատես կը դառնայ ամբողջ աշխարհը։

Առկայ իրադարձութիւններուն մէջ կարեւոր եւ ուղենշային պիտի դառնայ Չինաստանի կեցուածքը։ Ան այժմ իրեն յատուկ համբերութեամբ եւ խոհուն լռութեամբ կը հետեւի դէպքերու ընթացքին։ Չինաստանի կեցուածքը կամ Ռուսաստանին ռազմական օգնութիւն տրամադրելու որեւէ քայլ պիտի ունենայ բեկումնային հետեւանքներ թէ՛ պատերազմի ընթացքին, թէ՛ աշխարհի մէջ նոր իրավիճակ մը ստեղծելու եւ թէ չին-ամերիկեան նոր լարուածութիւն կամ մասնակի ճակատում մը յառաջ բերելու տեսակէտէ։

Սպասենք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 19, 2022