ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ
ԵՍ ՀՈՆԿԷ ԵՄ
Ես հոնկէ եմ
Եւ յիշողութիւններ ունիմ:
Ծնայ, ինչպէս մարդիկ կը ծնին:
Մայր մը ունիմ
Եւ տուն մը՝ բազմաթիւ պատուհաններով:
Եղբայրներ ունիմ,
Ընկերներ:
Բանտ մը՝ ցուրտ պատուհանով:
Ունիմ ալեակ մը, զոր ճայերը առեւանգեցին:
Իւրայատուկ տեսք մը ունիմ:
Ունիմ խոտի մը աւելցուքը
Եւ լուսին մը՝ խօսքերէն հեռու:
Թռչուններու ապրուստը
Եւ անմահ ձիթապտուղ մը ունիմ:
Գետնէն քալեցի, երբ սուրերը չէին անցած վրայէն
Մարմնի մը, զոր սեղանի վերածեցին:
Ես հոնկէ եմ,
Երկինքը իր մօր կը վերադարձնեմ,
Երբ կ՚արտասուէ իր մօր համար,
Եւ կու լամ,
Որ զիս ճանչնայ անցնող ամպ մը:
Սորվեցայ արեան դատարանին բոլոր խօսքերը,
Որպէսզի կոտրեմ կանոնը:
Բոլոր խօսքերը սորվեցայ
Եւ քակեցի զանոնք,
Որպէսզի միակ բառ մը կազմեմ՝
Հայրենիք...
ԱՆՀՈԳԸ
Ոչինչ հոգ կ՚ընէ.
Եթէ իր տան ջուրը անջատեն, կ՚ըսէ.
-Հոգ չէ, ձմեռը մօտ է:
Եթէ ելեկտրականութիւնը անջատեն,
Յօրանջով մը կ՚ըսէ.
-Հոգ չէ, արեւը բաւարար է:
Եթէ սպառնան աշխատավարձի նուազեցումով, կ՚ըսէ.
-Հոգ չէ, ամիս մը գինիի եւ ծխախոտի ծոմ կը պահեմ:
Եթէ զինք բանտարկեն, կ՚ըսէ.
-Հոգ չէ, ես ինծի կը մնամ քիչ մը՝
Յուշերուս ընկերակցութեամբ:
Իսկ երբ զայն տուն վերադարձնեն, կ՚ըսէ.
-Հոգ չէ, քանի տունը՝ տունս է:
Օրին մէկը ըսի բարկացած.
-Դուն ինչպէ՞ս վաղը ողջ կը մնաս:
Ըսաւ.
-Ես վաղուանս հետ կապ չունիմ...
Այդպիսի խոհ մը չ՚անցնիր միտքէս:
Ես այսպէս եմ, այսպէ՛ս,
Ոչ մէկ բան կը փոխէ զիս,
Ինչպէս որ ես ոչ մէկ բան կը փոխեմ...
Արեւը ինձմէ չի ծածկուիր:
Ըսի.
-Ես պարծենկոտ Ալեքսանդրը չեմ եւ ո՛չ ալ Դիոկինէսը:
Ըսաւ.
-Բայց անհոգութեան մէջ
Փիլիսոփայութիւն մը կայ,
Որ յոյսին յատկութիւններէն է:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան