ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԽՈՐ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ

Մոխրագոյն ամպեր դարձեալ կուտակուած են Արցախի երկինքին վերեւ։ Ինչ-ինչ աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւններով Պաքու մարդասիրական տագնապ մը «յառաջացնելէ» ետք՝ ռազմական գործողութիւններով թիրախաւորեց Արցախի բնակավայրերէն Փառուխն ու Խրամորթը։ Մասնաւորապէս Փառուխի սահմանային հատուածներուն մէջ տեղի ունեցան ռազմական գործողութիւնները։ Երկու կողմերն ալ ունեցած են զոհեր ու վիրաւորներ։ Հայկական կողմը ունի 14 վիրաւոր՝ կարգ մը պարագաներ կը մնան ծանր ու մտահոգիչ։ Բաց աստի, Արցախի անվտանգային մարմինները յայտարարեցին, որ շնորհիւ ռուս խաղաղապահ ուժերուն, կարելի եղած է հրադադար հաստատել, բայց եւ այնպէս, Ատրպէյճանի զօրքերը ետ չեն քաշուած իրենց վերահսկողութեան տակ առած քանի մը կէտերէն, ինչ որ լուրջ մտահոգութեան պատճառ կը դառնար։ Բաւական աղօտ եւ նոյնիսկ հակասական տեղեկութիւններ հաղորդուած են Փառուխի մերձակայքի Քարագլուխ բարձունքին մասին։ Նոյնիսկ հայկական լրահոսին մէջ անոր ճակատագրին մասին հակասական տուեալներ երեւցան։ Աղբիւր մը կը յայտնէր, որ այդ մէկը ամբողջութեամբ վերադարձուած է հայկական զօրքերու վերահսկողութեան տակ, իսկ ուրիշ աղբիւր մը կը հաղորդէր, թէ Ատրպէյճան ռազմավարական այդ բարձունքի կէսը առած է վերահսկողութեան տակ։ Այս բոլորի լոյսին ներքեւ համընդհանուր շփոթի մթնոլորտ մը կը տիրէ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ։ Հանրութիւնը մեծապէս յուզուած է ու կը սպասէ արձագանգի մը իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք նոյնպէս շփոթահար են։

Անշուշտ, բոլորի մտքին մէջ կայ գլխաւոր հարցում մը. արդեօք Հայաստան նո՞ր պատերազմի մը մօտ է։ Այս հարցումը կը պարունակէ վախ (երկու տարի առաջուան պատերազմի հետեւանքով) ու վստահութեան պակաս՝ այսօրուայ  իշխանութիւններուն նկատմամբ։ Այլ հարց, թէ Հայաստան պատրա՞ստ է այդ պատերազմին, կամ ի՞նչ միջոցներ ունի պայքարելու որեւէ բեմագրութեան դէմ։ Յստակ է նաեւ, որ ստեղծուած այս նոր իրավիճակին մէջ կարեւորագոյն դերն ու տեղը ունին միջազգային այն զարգացումները, որոնք յատկապէս պայմանաւորուած են Ուքրանայի պատերազմով։

Նոր պատերազմի մը հաւանականութեան մասին վերջին օրերուն արտայայտուած է Արցախի նախկին արտագին գործոց նախարարներէն Արման Մելիքեան։

Հարկ է թուարկել քանի մը կէտեր, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ ճիշդ պատկերացնելու համար Արցախի մէջ ներկայիս ստեղծուած վիճակը։

Ա. Ինչո՞ւ այսքան կրաւորական կեցուածք ունին Ռուսաստանի խաղաղապահները:

Բ. Գրեթէ երկու տարի անցած է Արցախի աղէտալի պատերազմէն ի վեր եւ այս առումով ինչո՞ւ հայկական կողմը չէ կարողացած վերակազմակերպել իր բանակն ու պաշտպանական համակարգը։

Գ. Ինչքանո՞վ անկեղծ են Հայաստանի իշխանութիւնները, երբ կը խօսին «խաղաղութեան դարաշրջան»ի մասին՝ մինչ Ատրպէյճան կը շարունակէ իր յարձակողական քաղաքականութիւնը։

Դ. Արդեօք Երեւանի իշխանութիւնները կը գիտակցի՞ն, թէ մասնաւորապէս այս փուլին ռուսերէն շատ բան կարելի չէ ակնկալել, հետեւաբար յոյսը պէտք է դնել սեփական ուժերուն վրայ եւ ճիշդ գնահատել կարելիութիւնները։

Ե. Հայաստանի իշխանութիւնները ի՞նչ կը խօսին, ինչի՞ մասին կը բանակցին Թուրքիոյ հետ։ Գոնէ կը հասկնա՞ն, որ Կովկասի մէջ ստեղծուած է նոր դրութիւն մը, որու բերումով իրենք պարտաւոր են բաց խօսելու ու մանաւանդ անկեղծ ըլլալու Արցախի ժողովուրդին հետ։

Զ. Կայ կարծիք, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները արդէն իսկ «հրաժարած» են Արցախէն։ Եթէ սա իսկապէս այդպէս է, ինչո՞ւ անկեղծ չեն ըլլար երկրի հասարակութեան հետ:

Է. Եթէ իրապէս այդպէս չէ ու իրենք՝ Հայաստանի իշխանութիւնները պատրաստ են մինչեւ վերջ պաշտպանել Արցախը, ապա ինչո՞ւ մինչեւ այս պահը կարեւոր քայլեր չեն առած։

Անշուշտ, այս հիմնական կէտերը հարցումներ են, որոնց մեծամասնութիւնը ուղղուած է այսօրուան իշխանութիւններուն։ Քանի մինչեւ հիմա այս իշխանութիւնները եղած են գաղտնի գործունէութիւններ յառաջ տանելու մեծ «սիրահար»ը, հետեւաբար շնորհակալ գործ մը չէ սպասել իրական ու անկեղծ պատասխաններու։ Քանի կայ այս անվստահութեան մթնոլորտը Հայաստանի մէջ իշխանութիւններուն նկատմամբ՝ սպասելի է, որ Արցախի մէջ տեղի ունենան բարդ իրադարձութիւններ, որոնց հետեւանքով հայկական կողմը կրնայ ունենալ նոր կորուստներ (մարդկային եւ հողային)։

Ներկայ պահու իրական խնդիրները ճիշդ հասկնալու համար հայկական կողմը պարտաւոր է հաշուի նստիլ հանրութեան հետ՝ պայմանաւ, որ ճիշդ հասկնայ եւ ճիշդ «թարգմանէ» Մոսկուայի իսկական պաշտօնական կեցուածքը։ Արդարեւ, ներկայ փուլին եւս, ինչպէս Արցախի պատերազմին ժամանակ, ռուսական կողմի կեցուածքները, մեղմ խօսքով, անհասկնալի են՝ այն պարագային, երբ միայն Հայաստան սովորական գործընկեր մը չէ, այլ շատ աւելին եւ երկու երկիրներուն միջեւ կայ ռազմավարական բարձր մակարդակով դաշինք-համագործակցութիւն մը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2022