ՊԱՀՔԻ ԵՒ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մեծ պահքի ճանապարհորդութիւնը արդէն կը մօտենայ իր աւարտին: Մեր սիրելի ընթերցողներուն՝ յատկապէս պահեցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ պահեցողութեան մասին, որպէսզի ա՛լ աւելի ամրանալով ու զօրանալով ուրախութեամբ եւ հաստատակամութեամբ դիմաւորեն Տէր Յիսուսի Հրաշափառ Յարութիւնը, քայլ մը աւելի մօտենալով յաւիտենական երջանկութեան ու հանգիսիտին՝ Աստուծոյ քաղցր ներկայութիւնը վայելելուն:

Այպէս: Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի Հայրապետը կը գրէ.

- Պահքը օրինադրուած է դրախտին մէջ: Պահքի առաջին պատուիրանը Ադամը ստացաւ: Անոր պատուիրուեցաւ ծառէն ճանչնալով բարին ու չարը՝ չուտել չարի պտուղը: Ըստ այսմ, ասիկա ժուժկալութեամբ պահեցողութեան օրինադրութիւնն էր: Եւ եթէ այն ատեն Եւային խաբուելովը նախահայրերուն՝ չարի պտուղը ուտելով սահմանափակուած պոհեցողութիւնը չխախտուէր, հիմա մենք ի՞նչ կարիք կ՚ունենայինք պահք պահելու: Չէ՞ որ «առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, այլ՝ հիւանդներուն» (հմմտ. Մտ 9.12): Եւ որովհետեւ մենք մեղքով հիւանդացանք, ապա անհրաժեշտ է, որ պահքով բժշկուինք: Ապաշխարութիւնը առանց պահքի դատարկ է: «Անիծուած հողը թող փուշ եւ տատասկ բխեցնէ քեզի» (հմմտ. Ծն 3.17-18): Այստեղ, Աստուծոյ կողմէ մեզի համար տրտմալի հրաման կը տրուի եւ չ՚ըսուիր, թէ՝ փափկակենցաղութեան մէջ կը յարատեւես, այլ՝ Աստուած մեզի բոլորիս հնարաւորութիւն կու տայ՝ պահքով մեր պարտքերը Իրեն վճարելու:

Պահեցողութիւնը նաեւ դրախտային կեանքի կերպարանքը ունի, ո՛չ միայն այն պատճառով, որ դրախտի մէջ մարդը հրեշտակներուն նմանութեամբ իր սակաւապետութեամբ համասնունդ էր վերջիններուս, այլ նաեւ, քանի որ մարդկային խորհուրդները դրախտ չէին ներթափանցած՝ չպահանջելով ո՛չ գինարբուք, ո՛չ կենդանիներու զոհաբերութիւն եւ ոչ ալ որեւէ մէկ այլ բան, որ մարդկային սիրտը կը պղտորէր:

Այս բոլորով հանդերձ, քանի որ առաջին պահքը չպահեցինք, դրախտէն դուրս վռնտուեցանք, հիմա պահենք զայն, որպէսզի դարձեալ այնտեղ վերադառնանք: Տե՛ս, թէ ինչպէս Ղազարոսը պահեցողութեան շնորհիւ դրախտ մտաւ: Հետեւաբար, դուն Եւային անհնազանդութեան օրինակով օձը քեզի խորհրդակից մի՛ դարձներ, այլ՝ կերակուրի պահեցողութեամբ խնայէ՛ մարմինդ: Մարմինի հիւանդութիւններն ու տկարութիւնները ինծի պատճառ մի՛ ցցներ, որովհետեւ ո՛չ թէ ինծի, այլ՝ Ամէնագետին պիտի ըսես այդ պատճառաբանութիւնները: Պահք պահել չե՞ս կրնար. իսկ կեանքիդ մէջ ամէն բանէ յագենալ եւ մարմինիդ կերակուրներուն ծանրութեամբ ջախջախուիլ կը կարենա՞ս…

Դարձեալ, Սուրբ Հայրապետը կը գրէ.

- Եւ արդ, պահքը մարգարէներ կը ծնի, զօրավարները՝ առաւել եւս կը զօրացնէ, ուժեղագոյնները՝ կ՚իմաստացնէ: Պահքը բարի մարդուն անձը կը պահպանէ՝ ամուր զէնք դառնալով անոր համար: Պահքը հեռու կը վանէ բոլոր փորձութիւնները, բարեպաշտութեամբ եւ զգաստութեամբ կ՚օծէ, ողջախոհութեամբ եւ բարի գործերով կը զարդարէ մարդը: Պատերազմներու մէջ եղողներուն՝ պահքը քաջութիւն կը շնորհէ, խաղաղութեան մէջ եղողներուն՝ հանդարտութիւն կը վարդապետէ:

Պահքը ուխտաւորները կը սրբացնէ, քահանաները՝ կը կատարելագործէ, ուստի նաեւ քահանայագործութեան ճշմարիտ ծառայութիւնը վաւերագրող օծումէն առաջ պարտադիր պահեցողութիւն օրինադրուած է: Պահքն էր, որ Եղիան մեծ տեսութեան արժանացուց, քանի որ ան իր անձը քառասուն օր պահքով սրբեց, եւ ապա միայն, ինչքանով հնարաւոր էր մարդու համար, արժանի եղաւ Քորեբ լերան վրայ Տէրը տեսնելու:

Պահքը, իրապէս, մահէն զօրաւոր է: Իր սահմանած պահքի շնորհիւ Աստուած խստապարանոցներուն չար եւ դատապարտելի անհնազանդութիւնը կը կակուղցնէ, որպէսզի ուղղէ անոնց չար ընթացքը: Եւ ուղղակի պահքն է, որ Աստուծոյ շրթունքները կը խօսեցնէ, ըստ այն խօսքին, որ Ինք՝ Տէրը կ՚ըսէ, թէ «երկրի վրայ ջուր պիտի չըլլայ, մինչեւ Ես Իմ բերանովս չըսեմ»: Նաեւ Եղիսէ մարգարէն, որ պահք կը պահէր ու միայն վայրի բանջարեղէնով կը սնուէր, իր աղօթալիր պահքի զօրութեամբ կարողացաւ փրկել ժողովուրդը համատարած մահէն (հմմտ. Դ. Թգ 4.39-41): Այսպէս, եւ բոլոր սուրբերն ալ իրենց պահեցողութեան գործադրումով Աստուծոյ բարի կամքի դրսեւորումին կը նպաստեն:

Պօղոս Ադրիանապոլսեցի Պատրիարքը կը գրէ.

- Բոլորին համար պարտաւորութիւն դրուած է ամբողջութեամբ պահել Սուրբ Եկեղեցւոյ կարգած կանոնական պահեցողութիւնները: Իսկ եթէ մէկը, պահքը աւելորդ ու անօգուտ նեղութիւն համարելով, գայթակղի եւ ուրիշներն ալ գայթակղեցնէ, մեծապէս կը մեղանչէ, որովհետեւ կը դատէ այն սուրբ հայրերը, որոնք Եկեղեցւոյ կանոնները Ս. Հոգիով սահմանեցին:

Դարձեալ.

- Մարդիկ ալ կան, որոնք պահք կը պահեն, բայց առանց վարձատրութեան կը մնան. ինչպէս օրինակ, երբ ժլատը պահք կը պահէ, որ դրամը չծախսուի, կեղծաւորը պահք կը պահէ, որ գովեստներ ընդունի, տկարը պահք կը պահէ, որ մարմինը վտանգի չենթարկէ, աղքատը կը պահէ՝ քանի որ կերակուր չունի: Այսպիսիները պահք կը պահեն ի՛րենց, եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ համար: Սակայն, իրականին մէջ պահքը միայն Աստուծոյ փառքին համար պէտք է ըլլայ:

Դարձեալ.

- Պահեցողութիւնը ո՛չ միայն հոգիին անհրաժեշտ է, այլ՝ մարմինին ալ օգտակար ու պիտանի է, ինչ բանի պատճառով բժիշկներն ալ մարմինի առողջութեան համար՝ պահք պահել կը պատուիրեն: Հետեւաբար, ով որ կը տրտնջայ Սուրբ Եկեղեցւոյ կանոնական պահքէն եւ զեխութեամբ անձնատուր կ՚ըլլայ կերակուրներ եւ ըմպելիքներ ըմբոշխնելու, ո՛չ միայն հոգիին կը վնասէ՝ զօրաւոր կիրքերուն հպատակացնելով, այլեւ մարմինը՝ ենթարկելով զանազան ախտերու եւ հիւանդութիւններու:

Գարեգին Ա. Սարգիսեան Ամենայն Հայոց Հայրապետը կը գրէ.

- Կոչ կ՚ընեմ մեր ժողովուրդին, որպէսզի Մեծ պահքի շրջանին ո՛չ թէ իրենք իրենց մասին մտածեն, այլ նաեւ՝ ծառայութեան մասին, ուրիշին բարիք գործելու մասին: Մեծ պահքի ընթացքին առաքինութիւնները, բարոյական այն արժանիքները, որ մարդ էակը կը բարձրացնեն՝ պէտք է ժողովուրդին մէջ տարածուին: Ձեզի օրինակ մը տամ. եթէ Պահքի շրջանին դուք տկար անձի մը կարենաք օգնել, տարեց ծեր անձ մը գետնէն բարձրացնէք, հիւանդի մը, որբի մը, աշակերտի մը օգտակար ըլլաք՝ ա՛յդ Մեծ պահքին հաւատարիմ գնտուելու լաւագոյն ձեւերէն մէկն է, որովհետեւ ուրիշին բարիք ընծայելը, ուրիշին երջանկութիւն ընծայելը սեփական երջանկութիւնը բազմապատկել կը նշանակէ: Եթէ բարիքը մեր մէջ պահենք, ամբողջականօրէն եւ հարազատօրէն քրիստոնեայ չենք ըլլար:

Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան կը գրէ.

- Ամէն մաքրութիւն ճիգով ու նեղութեամբ կ՚ըլլայ: Ոսկին կրակին տառապանքէն կ՚անցնի՝ իր զօրութիւնն ու փայլքը գտնելու համար: Տառապագին երկունք մը անհրաժեշտ է, որպէսզի մայր մը կարենայ նոր ծնունդ մը տալ աշխարհին: Նոյնպէս ալ, Աստուծոյ սիրոյն դարձող ամէն մէկ անհատ նոր ծնունդ մըն է, որ պէտք է նոյնպիսի երկունքէ մը անցնի՝ ըլլալու համար նո՛ր արարած:

Այդ երկունքն են ահա՛ ապաշխարութիւնը:

Իսկական ապաշխարողը, հետեւաբար, ան է, որ զղջալով ու ցաւելով իր նախկին սխալներուն ու թերացումներուն համար, կ՚որոշէ ՓՈԽԵԼ ԻՐ ԸՆԹԱՑՔԸ, ետ դառնալ իր նախկին ճանապարհէն դէպի նոր ուղղութիւն եւ նոր կեանք:

- Մոլութեանց ու մեղքին գերի՞ն էր. արդ, կը դառնայ Քրիստոսի շնորհքով ազատագրուած մարդ:

- Կեանքէն դառնացած ու յուսահատա՞ծ մըն էր. կը դառնայ տառապանքով քաղցրացած եւ իմաստնացած, եւ յոյսով զուարթացած անձնաւորութիւն:

- Սիրոյ պակասը ունեցող սառն հոգի՞ մըն էր. իր կեանքը կը լեցնէ զեղուն սիրոյ ջերմութեամբ:

- Բարեգործութեան պտուղներէն ամլացա՞ծ մըն էր. իր կեանքը կը պտղաւորէ բարութեամբ:

Այնուհետեւ մարդուն կը մնայ գիտնալ ու պահել Աստուծոյ պատուիրանները, որոնք ամբողջութիւնն են հոգիի առողջապահական կանոններուն եւ պայմաններուն, եւ որոնք տրուած են՝ մարդուն հոգեկան խաղաղութիւն եւ մնայուն երջակնութիւն պարգեւելու համար:

Գիրքը ձեր մօտն է միշտ, կանոնները՝ բաւական պարզ ու դիւրին. կը մնայ պարզապէս քիչ մը կամեցողութիւն ունենալ՝ զանոնք կարդալու կամ լսելու, եւ կամեցողութիւն՝ զանոնք փորձով կիրարկելու:

Եւ Մեծ պահքը լաւագոյն առիթ մըն է գեղեցիկ սկիզբ մը դնելու՝ մեր իսկ խաղաղութեան եւ երջանկութեան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2022