ՅԱՋՈՂԱԾ ՈՒ ՁԱԽՈՂԱԾ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ներկայ ժամանակներու պետութիւններուն թիւի աճին հետ, զանազան հանգամաքներէ ելած, շատ կը խօսուի անոնց «յաջողած ու ձախողած» ըլլալու մասին, նոյնիսկ դասակարգումներ կան միջազգային յարաբերութիւններու եւ մանաւանդ՝ միջազգային տնտեսական հաստատութիւններու կողմէ այդ դասակարգումներու եւ անոնց շարժի մասին: Ինչքան ալ քաղաքական ու լրատուական շարժառիթներով վերծանենք այդ դասակարգումները, իրականութիւնը կը մնայ իրականութիւն, որ կարգ մը պետութիւններ անվարանօրէն աւելի յաջողակ են քան ուրիշներ։ Այս կէտին այդ յաջողութեան կամ ձախողութեան պատճառները բարդել օրինակի համար՝ էմփերիալիզմին վրայ կամ տնտեսական ու քաղաքական տագնապներու հրահրման, հաւանաբար կրնայ ձեւով մը հասկնալի համարուիլ, բայց այդ մէկը չի նսեմացներ տուեալ «ձախողած» պետութեան մը ինքնածին ու տեղական պատճառաները եւ իրողութիւնները, որոնք առաջնորդած են որեւէ տուեալ արդիւնքի:

Ձախողելու պատճառները շատ են եւ ձախողութեան չափումը ինքնին պետական մակարդակով եւ պետութիւններու իրարու հետ մրցակցական չափանիշներով. առաւելաբար տնտեսական գործօնին հետ կապուած է, անշուշտ, քաղաքական, ռազմական եւ մշակութային գործօններն ալ չմոռնալով:

Տնտեսական բարգաւաճումը վստահաբար որեւէ երկրի մը կու տայ յաջողակ համարուելու հնարաւորութիւն, բայց երբ ամբողջանայ այդ միւս վերը մեր յիշած գործօններուն հետ, արդէն տուեալ երկիրը կը դարձնէ աւելի մեծ փայլքի տէր:

Աշխարհի գերտէրութիւններու կողքին կան տնտեսապէս հարուստ ու կայացած երկիրներ, որոնք կը դասակարգուին կամ կը միանան օրինակ՝ «G7», «G10» կամ «G20» եւ ուրիշ զանազան կազմակերպութիւններով կամ ակումբներով, դասակարգումներով։ Անշուշտ, անոնց որոշումներէն, ծրագիրներէն, գործունէութենէն ու համաշխարհային համակարգումներէն կախեալ է աշխարհի ընդհանուր տնտեսական վիճակը, բայց այդ ակումբերուն մէջ գտնուիլը որեւէ երկրի համար վերջնական յաջողութիւն մը չէ եւ ոչ ալ ընդհանուր այդ երկրին պատկերին ու վարկին վերջնական բարձրութիւն մը կը կու տայ:

Աշխարհի դասակարգումը ըստ պետութիւններու տնտեսական վիճակին՝ կը բաժնուի առաջինի, երկրորդի եւ երրորդի եւ վերջին երկուքին մէջ ապրող քաղաքացիները կը ձգտին տեւաբար տեղափոխուելու եւ ապրելու առաջինին մէջ, որպէսզի բարելաւեն իրենց տնտեսական վիճակը: Առաջին աշխարհը կամ ինչպէս կը կոչուի՝ «ոսկեայ միլիառը» կրցած է ստեղծել տնտեսական բարօրութեան ու զարգացման կողքին՝ օրինական, օրէնսդրական եւ անվտանգային նուազագոյն համակարգ մը, որ քաշողական է եւ միւս երկրորդ եւ երրորդ աշխարհի երկիրներուն համար ակամայ ձգտելի: Համայնավարական տնտեսական համակարգի ձախողումէն ետք, նոյնիսկ Չինաստան որդեգրեց բաց շուկայական յարաբերութիւններու տնտեսութեան մոտելը եւ յարաբերաբար դրամատիրական դրոյթը (որ կը զուգակցի ազատ լրատուութեան ու մարդկային անհատական ու հաւաքական իրաւունքներու յարգումով) եւ ինչքան ալ ձեւական ըլլան այդ բոլորը, անոնք կը մնան պետութիւններու յաջողութեան հասնելու ակամայ բանող կամ բանեցուող ցուցանիշներ:

Պետութիւններու եւ երկիրներու կրօնական ու մշակութային տարբերութիւնները բնականաբար մեծ դեռ կը խաղան այդ պետութիւններու բնութագրման ու անոնց անցած ճամբուն համար: Ինչքան ալ ներկայիս բաց աշխարհի յարաբերութիւնները եւ ճոխութեան ու տնտեսական այսպէս ըսած՝ միասնական իրադրութիւնը կը նոյնացնեն բոլոր երկիրներու բարգաւաճման ձեւաչափերն ու նպատակները, որեւէ երկիր իր իւրայատուկ ծրագիրներով ու արձանագրած յառաջընթացով կրնայ օրինակելի դառնալ շատ մը ուրիշ դրացի եւ հեռու երկիրներու համար. ինչպէս՝ Սինկափուրը կամ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ անոնց որդեգրած մոտելները կրնան ընդօրինակելի ըլլալ: Բնականաբար բոլոր երկիրները վազքի մէջ են իրենց դիրքերը բարելաւելու համար եւ յայտնուելու յաջողակներու ցանկին մէջ։ Հոս կը նկատենք, որ արդի աշխարհի մէջ զանազան արտաքին հանգամանքներու ու պայմաններու առկայութեան կողքին՝ պետութեան մը յաջողութեան գրաւականը աւելին է անոր որդեգրած ներքին կառուցուածքային ու վարչարարական քաղաքականութիւններէն (ինչքան ալ շահադիտական համարուի այդ մէկը կամ համադրուած արտաքին միջամտութիւններով):

Պետութեան կամ երկրի մը կայացման, բարօրութեան ու հզօրացման դասական բաղադրիչները կրնանք համարել՝ լաւ աշխարհագրական դիրքը, բնակչութիւնը, բնական աղբիւրները, ռազմական ինքնաբաւութիւնը կամ նուազագոյն ռազմարդիւնաբերութիւնը, լաւ ներքին ղեկավարումն ու փայլուն արտաքին քաղաքականութիւնը, բայց արդի աշխարհի յաջողած շատ մը երկիրներ շրջանցնած են կարգ մը կէտեր այս բաղադրիչներէն եւ կրցած են յաջողութեան հասնիլ անկարելի թուացող պայմաններու մէջ:

Հակառակ օրինակներ ալ շատ կան միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, երբ կայացած ու զարգացած համարուող երկիրներ բռնած են ձախողութեան ճամբան ու քայքայուած են: Այո, հոս վիճելի կրնայ համարուիլ միջազգային դիմակայութիւններու եւ պատերազմներու, հակամարտութիւններու, տագնապներու եւ աղէտներու ենթարկուելու պատճառները, բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ շատ մը երկիրներ նահանջած են:

Ինչքան ալ կապենք արդի աշխարհի երկիրներու յաջողութեան ու ձախողութեան օրինակները միջազգային գերուժերու կամքէն ու անոնց վարած քաղաքականութիւններէն կամ նոյնիսկ անոնցմէ ալ վեր գտնուող միջազգային համակարգէն կամ դասաւորումներէն, բնութագրային եւ կառուցուածքային հաւասարակշռութիւններէն, պարզօրէն երեւելի է, որ փոքր պետութիւններ կրցան յաջողակ ձեւերով ալ հանդէս գալ, մինչ այդ մեծ պետութիւններ ձախողութիւններ արձանագրեցին:

Բազմաթիւ փորձագէտներ նոյն այդ երկիրներու յաջողութեան ու ձախողութեան ցուցանիշը չեն համարեր տնտեսութիւնը, այլ շեշտը կը դնեն որեւէ պետութեան մէջ ապրած քաղաքացիին ուրախութեան ու գոհունակութեան աստիճանին վրայ, ինչ որ սուր ձեւով վիճելի կրնայ համարուիլ արդի մեր ժամանակներու գերզարգացման ու բացուածութեան հետ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

4 ապրիլ 2022

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2022