ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը համալրուեցաւ երիտասարդ ու արժէքաւոր նոր քահանայով մը։ Այսպէս, երէկ առաւօտ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Յընթացս Ս. Պատարագի Նորին Սրբազնութիւնը քահանայ օծեց Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր սաներէն Արման Սրկ. Պուլտուքեանը՝ զայն վերանուանելով Տ. Պետրոս Քահանայ։ Խարտաւիլակն էր Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Թէ՛ մեր հոգեւորանաց դասը եւ թէ հաւատացեալ ժողովուրդը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութեան ընթացքին։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագի ժամանակ սպասարկեցին Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Խաչիկ Սարըլը, Գէորգ Ներկիզ եւ Տիրան Ներկիզ սարկաւագներն ու այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան քահանայից դասու եւ դպիրներու կողմէ՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի մականին ներքոյ։ Արարողութեանց ներկայ էր Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքս, ինչպէս նաեւ իսթանպուլահայ հոգեւորակաց դասու անդամները։ Ի ժամ Ս. Պատարագի, ձեռնադրութենէն ետք խրատական քարոզ մը խօսեցաւ ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը, որ իր խօսքն ուղղելով ձեռնադրեալին մաղթեց, որ ան ըլլայ «մշակ առանց ամօթոյ»։ Սրբազան Հայրը կարեւորեց որակեալ հոգեւորականներու պատրաստութիւնը եւ այս ուղղութեամբ ընդգծեց դպրեվանքի մը հիմնադրութեան անհրաժեշտութիւնը քաղաքիս մէջ։ Հարկ է նշել, որ ձեռնադրեալի կնքահայրն էր Ռազմիկ Տուրսուն։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ բակին մէջ սարքուեցաւ ճաշ մը, որու ընթացքին արտայայտուեցան Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ Գէորգ Սրկ. Ներկիզ։
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024