ԱՊՐԻԼ 25-Ը ԱՊՐԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ Է

Տարիներ առաջ եւ գրելով պաղեստինեան խնդրին մասին՝ բրիտանացի այլախոհ լրագրող Ռապըրթ Ֆիսք նկատել կու տար, որ շատ են այն պաղեստինցիները, որոնք ապրելով հանդերձ Պէյրութի ամենախուլ գաղթակայաններուն մէջ, իրենց պատերէն կախուած կը պահեն բանալիները այն բնակարաններուն, զորս ունէին հին Պաղեստինի մէջ։ Ֆիսք կը խօսէր հողին հանդէպ սիրոյ  մասին, որ ամենէն աւելի կը պակսի մեզի:

Դժուար ընտրանքներու ժամանակի մէջ կ՚ապրինք  ու տխուրն այն է, որ տակաւին չենք գիտակցիր, թէ ի՛նչ ջուրերու վրայ կը նաւարկենք: Երբ մեր աչքերը յառենք հին ալպոմներուն ու անոնց վրայէն  մաքրենք ժամանակի փոշին, յանկարծ կը մտաբերենք, որ այդ անցեալը, որուն մէջ կար մեզմէ մասնիկ մը, երգ մը, երազ մը, այսօր ձեւափոխուած է։ Ժամանակը լուծած է մեզմով ստեղծուած մեծ պարապութեան խնդիրը եւ մարդկային կեանքի ընթացքը, բնութեան թաւալքը  եւ անցնող օրերը  ստեղծած են նոր իրավիճակներ։ Նոր խնդիրներ յառաջ եկած են, նոր վէրքեր կան ամէնուր, բայց եկուր տես, որ մենք կառչած կը մնանք հինին ու չես գիտեր ինչո՛ւ, մեծ ճիգեր գործի կը դնենք ամբողջ տեսարանը սեւով երիզուած տեսնելու համար։

Անկեղծ չենք։ Անկեղծ չէինք երէկ, անկեղծ չենք այսօր ու ամենակարեւորը՝ հիմա ալ մեր էութեան գաղտնաբառերը կը խառնենք մեր շուրջի մեծ աղմուկներուն։ Աշխարհ կ՚ընդունի, որ մեծ ցաւէ անցած ենք, կը շահարկէ մեր ցաւը, հրապարակ կը հանէ մեր ապրած մեծ ողբերգութիւնը, բայց եւ այնպէս, ձեռքը կը դողայ, երբ սկսի մտածել մեր այսօրուան մասին։ Բոլորը մեզ հետ կը խօսին անցեալի լեզուով. անցեալի սեւ պատկերներ, անցեալի ցաւ, անցեալի հոգեհանգիստներ, անցեալի կորուստներ ու անցեալի մահ։ Անցեալը անպայման կարեւոր է, բայց չի կրնար ըլլալ յենարան, որուն վրայ մենք պիտի ապրեցնենք մեր սերմը։ Անցեալը տակաւին մեծ սխալներու, մեծ դաւերու, մեծ անորոշութիւններու խուրձ մըն է, որուն շուրջ մանուած եւ արդէն 70-80 տարիէ ի վեր յառաջ տարուող խաղը մեզի համար մեծ արդիւնաւէտութիւն մը չունեցաւ։ Կը հասկնանք մեր մէջ «ապրող» վէրքին խորութիւնը, կը կառչինք այդ վէրքին՝ յառաջ երթալու համար, բայց կ՚անտեսենք եւ կը մոռնանք այսօրը։ Ճիշդ ո՛ւր ենք մենք, ի՛նչ է մեր ուզածը եւ դէպի ո՛ւր պիտի քալենք։

2008-ին, Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան օրերուն, մէջտեղ բերուեցաւ կարեւոր ձեւաչափ մը, որու հունտերուն մէջ առաւելաբար կար մեր ապրելու փափաքը։ Ապրի՛լ այս տարածքին վրայ, ապրի՛լ ապահով եւ անվրդով եւ ապրի՛լ արժանապատուութեամբ։ Ինչ-ինչ պատճառներով այդ փորձը տապալեցաւ ու տեղ մը մեզ ներսէն բզկտող տեղատուութիւնը մեզ տարաւ նոր թուղթ մը մշակելու գաղափարին։ Խօսքը Համահայկական հռչակագրի մասին էր, որ ի բնէ կոչուած էր դառնալու նոր ճանապարհի քարտէս մը, որպէսզի ճի՛շդ շարադրենք մեր ընելիքները ու իրենց ճի՛շդ տեղը դնենք առաջնահերթութիւններու կշռաքարերը։ Սփիւռքի մէջ եօթանասուն տարի նոյն մտքերով եւ նոյն շրջանակին մէջ աճած, հասակ առած ու ամենակարեւորը՝ որոշ դիմադրողականութիւն մը ձեռք ձգած մօտեցումները ձեւով մը գոհացում ստացան այդ միութեան, միասնական ճիգին առանցքը տեսնելով, սակայն այդ բաւարար չէր։ Բաւարար չէր, որովհետեւ հիմք չդարձաւ, նաեւ չունէր այնպիսի կռուաններ, որոնք դուրսի եւ ներսի հայութեան համար էական համարուող եւ ամենէն շատ Կովկասի տարածքի այս Հայաստանին ապահովագրումը կատարող լծակներու կը տանէին։ Կար ճանաչման հարցը, հին վէրքին ու ցաւին խնդիրը ու կար նաեւ հատուցում մը, պահանջ մը ներկայացնելու հիմունքը։ Հոս էր նաեւ վրիպումը։

Ճի՞շդ էր արդեօք, որ Հայաստան իբրեւ պետական միաւոր, իր ուղենիշը եւ ճամբան դարձնէր զինք դէպի անցեալը նետող ճանապարհի մը։ Կամ ճի՞շդ էր՝ հարիւր տարուան վէրքին ու ցաւին մէջ ինքզինք հարուածող ու ցաւին մէջ փրկութիւն մը որոնող սովորական հայուն հագուստը հագնիլ։ Հաստատում մը չէ ըրածս, սակայն կարեւոր հարցում է, որովհետեւ ապրելու մղումին, այսօրուան Հայաստանը պահելու եւ աճեցնելու յոյսին մէջ հակասականութիւն մը կը ստեղծուէր այն պահուն, երբ տեղի ունենար վերադարձ դէպի անցեալի կորուստները։ Վստահ ու ապահով պէտք է ըլլալ, թէ Հայաստանի իշխանութեան գլուխ հասնող որեւէ վարչախումբ պէտք է ունենայ քաջութիւնը՝ զատորոշելու հին եւ նոր ճամբաները, ուղիները եւ հարթելու իր ընթացքը։

Խօսեցանք վաղուան մասին, խօսեցանք յոյսին մասին ու ամենակարեւորը՝ պահելու մասին այս հողը, որ այսօր դարձեալ մեր հաւաքական գոյի անճարակութեան հետեւանքով ցաւերու մէջ կը կոտտայ։ Այդ հաւաքական գոյին մէջ կայ մաս մը մեր բոլորէն ու բնաւ ալ կարեւոր չեն այն անունները, որոնք կը համարուին ու դեռ ալ պիտի համարուին իրական չհերոսները մեր այսօրուան վիճակին։ Անոնք կան, միշտ եղած են ու միշտ պիտի ըլլան, սակայն հիմնականը մեր ժողովուրդի խարոյկին շուրջ հաւաքուելու եւ այդ կեանքի կրակը պահելու էականութիւնն է։ Եթէ չըլլայ այդ սպասումը, եթէ չըլլայ դէպի կեանք վազող այդ մղումը, որ կայ մեր բնազդին մէջ, ապա անիմաստ պիտի ըլլայ միայն անցեալին մէջ ապրելու տրտմութիւնը։ Այդ ցաւը մեզ պիտի թուլացնէ, մեզ պիտի տկարացնէ, մեր ներբանները պիտի արիւնին եւ տրտմօրէն դարձեալ առանձին պիտի մնանք այդ ամեհի ցաւին հետ։ Ասոր դիմաց, անշուշտ, պէտք չէ մոլորութեան մէջ իյնանք եւ այս անգամ մարենք հին ցաւին ձայնը, որ մեր կոկորդներուն մէջ է՝ իբրեւ ճշմարտացիութեան իրական ձայն։

Հին ճամբան, ուրեմն, անոնց համար, որ կարող են դեռ քալել անոր եզերքներէն ու նոր ճամբան՝ բոլոր անոնց համար, որոնք կոչուած են այսօրուայ մեր ապրումը կենսատու աւիշ դարձնելու։ Տեսէք, ի վերջոյ Արարատեան դաշտավայրի ծիրանիները՝ անոնք խինդի եւ կեանքի աւիշներով կը բացուին։ Տակաւին չմոռնանք այն տեղանքը, որոնք մեծ դարու կծկումներէն ետք դարձեալ կեանքին բացին իրենց թեւերը՝ Նոր Այնթապ, Նոր Ուրֆա, Նոր Զէյթուն եւ Նոր Արէշ։ Այս անուանումները պատահականութիւն չեն, այլ անոնք մեզ դէպի կեանքը տանող փոքրիկ ուղիներ են՝ բացուած Արարատեան դաշտավայրի երակներուն վրայ եւ նոյնիսկ քալելով եւ հոսելով այդ իրական երակներէն։

Բարդ է, անշուշտ, այս ամբողջ պարունակը ընկալել ու բարդ է այս ժամանակին մէջ նաւարկել, սակայն ամենաբարդը՝ մենք մեզ ճանչնալն է։ Դէպի ո՞ւր կը քալենք, ի՞նչ է մեր ուզածը եւ ամենակարեւորը՝ պատրա՞ստ ենք կեանքի սկիհը բռնելու։ Պատասխան տալը դժուարագոյն գործ է, սակայն կարեւորն այն է, որ իրապէս հասկնանք, թէ մեր տան գորգերուն վրայի «կենաց ծառ»երու պատկերները առաւելաբար եւ միշտ կը խօսին կեանքի անունով։

Մենք կեանքէն կը վազենք, կեանքէն կու գանք ու առաւելաբար ապրիլը կեանքի իրական խորհրդանիշն է ու կարեւոր ալ չէ, որ մեր տան պատերուն Ուրֆայի, Ատանայի կամ Տիարպաքըրի մեր նախնեաց բնակարաններու բանալիներ դեռ չկան...։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2022