ՀԱՏՈՒԱԾ՝ «ՇՐՋԱՊԱՏՄԱՆ ՎԻՃԱԿ» ՔԵՐԹՈՒԱԾԷՆ
Հոս,
Բլուրներու լանջերուն,
Մայրամուտի եւ ժամանակի սեմին,
Ստուերէ զրկուած պարտէզներուն մօտ,
Կ՚ընենք, այն ինչ որ կ՚ընեն բանտարկեալները
Եւ անգործները.
Յոյսը կ՚աճեցնենք:
Արշալոյսի բոցին կանգնած երկիր մը:
Աւելի քիչ խոհեմ եղանք,
Քանի կը նայինք յաղթանակի ժամուն:
Գիշերը գոյ չէ մեր հրետանափայլ գիշերներուն մէջ:
Մեր թշնամիները կը գիշերեն
Եւ մեզի համար լոյս կը վառեն
Նկուղներուն մթութեան մէջ:
Հոս,
Յոբին արտասանածներէն ետք,
Ոչ ոքի կը սպասենք...
Հոս,
Ոչ «ես»:
Հոս, Ադամը իր տունը կը յիշէ:
Այս շրջապատումը պիտի շարունակուի,
Մինչեւ որ մեր թշնամիներուն սորվեցնենք
Օրինակներ մեր հին բանաստեղծութիւններէն:
Երկինքը առտուները կապարագոյն է,
Գիշերները՝ նարնջագոյն,
Իսկ սրտերը մնացին մեկուսի՝
Պարիսպներու վարդերուն պէս:
Շրջապատման մէջ,
Կեանքը կ՚ըլլայ ժամանակը՝
Սկիզբին յիշեցումով
Եւ վերջաւորութեան մոռացումով...
Կեանքը:
Կեանքը իր լիութեամբ,
Իր սակաւութեամբ
Դրացի աստղեր կը հիւրընկալէ,
Ժամանակ չունի...
Իսկ իր ամպերը՝ գաղթական,
Տեղ չունին:
Կեանքը ինքզինք
Կը հարցաքննէ.
-Ինչպէ՞ս վերապրեցնենք զայն:
Ան կ՚ըսէ մահուան սեմին.
-Բան չունիմ վնասելիք.
Ազատ եմ, ազատութեանս մօտ
Վաղս ձեռքս է...
Շուտով կեանքիս պիտի սկսիմ
Եւ ազատ ծնունդ պիտի առնեմ՝
Առանց ծնողքի:
Անունիս համար լազուարթով տառեր պիտի ընտրեմ...
Հոս, ծուխերու բարձունքին մէջ,
Տան աստիճաններուն վրայ,
Ժամանակը ժամանակ չունի,
Կ՚ընենք, այն ինչ որ կ՚ընեն
Աստուծոյ քով համբարձողները,
Կը մոռնանք ցաւը:
Ցաւը:
Այն է,
Երբ տան տիկինը առտու թելերուն լուացք չի կախեր,
Այլ կը բաւարարուի այս դրօշին անարատութեամբ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան