ՀԱՅ ԼԵԶՈՒՆ
Սովորութեան համաձայն, երբ աչքէ կ՚անցընէի անցեալի մեր մամուլին էջերը, ուշադրութիւնս գրաւեց Երուանդ Տէր-Անդրէասեանի՝ «Հայ լեզուն» գրութիւնը, որ հրապարակուած է «Անդաստան» գրականութեան եւ արուեստի պարբերականին մէջ, Փարիզ, 1964-ին, էջ 75-78: Օրին, «Անդաստան»ի խմբագրութիւնը, տուած է հետեւեալ ծանօթագրութիւնը.
«Արեւմտահայ վաստակաւոր ուսուցիչ, հրապարակագիր ու թարգմանիչ «Մուսա լեռան քառասուն օրերուն», հանգուցեալ Եր. Տէր-Անդրէասեանի ծննդեան հարիւրամեակի նախօրէին (ծն. 1865-ին, Պարտիզակ), Անդաստան կը բերէ իր յարգանքի տուրքը, տալով քանի մը էջեր իր գրական վաստակէն, ուր կը ցոլայ հայ լեզուի ու դպրութեան հանդէպ իր անսահման պաշտամունքը»:
Նկատի ունենալով գրութեան շահեկանութիւնը, փափաքեցայ զայն նոյնութեամբ հրամցնել նաեւ թերթիս յարգարժան եւ սիրելի ընթերցողներուն: Բարի վայելում:
*
Արուեստի եւ յառաջդիմութեան դարաւոր փուլերը՝ որոնցմէ անցաւ մեր ցեղը՝ պճնեցան գունագեղ յօրինուածութեամբը հայ լեզուին, որ կենդանի ախոյեանը եւ պահպանակը դարձաւ ինքնուրոյն գոյութեան։
Դար ըստ դարէ մեր լեզուն արտայայտեց գերազանց հաւատարմութեամբ եւ գեղար-ւեստական վայելչութեամբ ի՛նչ զարգացում որ ի յայտ կու գար մարդկային ընկերութեան մէջ։
Մեր գրականութիւնը, երբ լաւ դասաւորուի եւ սերտօրէն ուսումնասիրուի, կը ներկայացնէ համայնապատկեր մը հայեցի, ինչպէս նաեւ մարդկային արարուածներուն։
Հայ լեզուին բաղդատական ուսումնասիրութիւնը, այսինքն օտար գրական լեզուներու հետ անոր համեմատական մրցումը ակնյայտնի մեծութիւն մը կու տայ իրեն, որոշ նկարագրով եւ կորովի բնութեամբ։
Լատիներէնի, յունարէնի հետ կրնայ մրցիլ ինքնագիր եւ թարգմանածոյ երկերով։ Ե. դարու թարգմանութիւնները, նոյն երկու լեզուներէն ի հայ, պայծառօրէն ցոյց կու տան մեր լեզուին անգնահատելի առաւելութիւնները եւ անոր բազմազան ընդունակութիւնները տիեզերական գրականութեանց ամբողջութեան մէջ։ Ոսկեդարու թարգմանութիւններէն Ոսկեբերանի եւ Ս. Գրոց թարգմանութիւնները բնագրին հետ բաղդատուելով՝ լայն չափով կը հիմնաւորեն այս տեսութիւնը, թէ հայ լեզուն իրաւամբ իր վերլուծական եւ համադրական կառուցուածքով երկու միւս լեզուներուն (լատին եւ յոյն) վրայ ունի մասնաւոր եւ ինքնուրոյն յատկութիւն մը, որ իր առողջ հնչականութեան եւ տառերու լման արտաբերութեան առնական շնորհքովը անջատ դիրք մը կ՚ապահովէ հին ու նոր լեզուներու ընտանիքին մէջ։
Ընդհանուր հայեցողութեան, ակնարկներու այս թեթեւակի վազքին մէջ կարելի չէ մանրամասնութիւններու մէջ մտնել պատշաճագոյն օրինակներով։ Այսպէս, կարելի է մարգարէներուն հայերէն թարգմանութիւնը լատին եւ հելլէն թարգմանութեան հետ բախումի մէջ դնել, համեմատել։ Եւ կրնաք կատարելապէս վստահ ըլլալ, որ հսկաներու այս արտակարգ մենամարտէն հայերէնը չէ որ պիտի զգետնուի: Երեւակայեցէք թէ հայ լեզուին ոգին ի՛նչ հզօր աւաչներով շունչ առ շունչ յուշիկ ու փարթամ գնացով եւ աստիճանական ուժգնութեամբ եւ եհովասաստ վեհութեամբ կու տայ օրհնութիւններն ու անէծքը մարգարէներուն, եւ այս ամէնքէն կ՚ամբարտակուի երկնապող ելոյթ մը, խուժում մը պատկան բառերու, ճախարակեայ նախադասութեանց:
Եւրոպական արդի լեզուներէն երեք լաւագոյնները եւ ճոխագոյնները առնելով, ֆրանսերէնը, անգլիերէնը եւ գերմաներէնը, հայ բարբառը աներկմիտ եւ պողովատիկ անկեղծութեամբ կրնայ ճակատիլ, եւ ռազմադաշտին փլատակներուն մէջ հայ դիակը չէ որ պիտի գտնէք։ Անոնք որ զբաղած են թարգմանութիւններով, գրական սեռի ո՛ր մարզին մէջ ալ ըլլայ, անո՛նք լուռ սքանչացումով դիտած են իրենց աշխատութեան ընթացքը, հիացիկ ու շլացիկ աշխուժով դիտած են, թէ հայերէնը ո՛րքան դիւրութեամբ եւ քանի՛ ուժով որդունակ վայելչութեամբ քայլ կ՚առնէ միւսներուն հետ, յաճախ ետեւ իսկ թողլով զանոնք։
Դիտելի պարագայ մըն է, որ հազիւ երեք քառորդ դարու զրական ընդունակութեամբ պարեգօտուած հայ աշխարհիկ բարբառը հասակ նետած է արդէն լաւագոյն ու ճոխ ա՛յդ լեզուներուն հետ ի վէգ գալու, ա՛յն համարձակութեամբ եւ «խիզախ, անմիտ պատանին» յիշեցնող ա՛յնպիսի աներկիւղ սոնքութեամբ, որով երբեմն, Ե. դարուն մէջ, նոյն բարբառը իր գրական պատանի եռուզեռով, ուրոյն բոսորով եւ յոյզով պղպջակեց հելլէն ու լատին լեզուական հնձանին մէջ։ Եւ այս՝ իր համադրական եւ վերլուծական բարեխառնութեան շնորհիւ: Գերմաներէնի դժուարալոյծ, մերթ անլոյծ համադրութիւնը կաւի պէս կը լմուի, ձեւ կ՚առնէ հայերէնի բանաւոր համադրութեամբ՝ որ կը մեղմանայ վերլուծական դրոշմով։ Ֆրանսերէնին սնդիկ վերլուծականութիւնը կը պսպղայ հայերէնի մէջ համադրական բիւրեղներով։ Կէօթէի «Ֆաուսթ»ը, Նիցչէի «Զրադաշտ այսպէս խօսեցաւ»ը տիպար թարգմանութիւններ կ՚ըլլան հայերէնով, բնագրին շքեղութիւնը փնտռել չեն տար բնաւ, եւ որոնց մօտ կ՚անշքանան ֆրանսերէն թարգմանութիւնները, իրենց լեզուին ծայրայեղ վերլուծական նկարագրին պատճառաւ: Ասիկա շեշտեցինք իբրեւ պարզ օրինակ մը բիւրաւոր նմանակներէ։
Հոմերոս, Վիրգիլիոս, Կիկերոն, Կեսար, այլովքն հանդերձ, իրենց բնամոյն բարբառով մէկ անգամ կը կարդացուին, բայց հայերէնի հմուտ ազգային թէ օտար քանիցս պիտի բաղձար վերծանել զանոնք, լեզուական հրապոյրին եւ ոճի ու բառերու հայ կերտուածքին վեհափառութեան հմայքին տակ: Ճիգ ըրէ կարդալ Ֆենըլոնի «Տէլէմաք»ը ֆրանսերէնով մէկէ աւելի անգամ։ Քնաբեր այդ ճիգը կայտառ եւ սքանչելի արթնութեան մը կը փոխուի, երբ Հիւրմիւզի թարգմանութեան գեղաղէշ առէջները իրենց հիւսքը վերտէ վերտ կը քակեն։ Նոյնը իմա՛ Ֆլօրիանի «Նումա Պոմպիլիոս»ի համար։
Քանի որ համառօտ ակնարկ մը կ՚արձակենք հայ լեզուին վրայ, պէտք է նկատի առնենք նաեւ սա պարագան, թէ իրեն դրկից եւ համաբուն լեզուներէն շատ շատերը այսօր դադրած են գրական արտայայտութիւններու ընդունարան ըլլալէ, մինչ ինքը կը փայլատակէ ամէն սեռերու մէջ, քնքոյշ նմոյշներ ընծայելով բանաստեղծութեան, ճոխ արօտ՝ իմաստասիրութեան, բանասիրութեան եւ գրական ամէն տիտղոսներով կրնայ իր կուրծքը դրուագել։ Սանսկրիտի աւարը ինք ամենէն աւելի այսօր կ՚արժեցնէ, եւ կողոպուտին բագորդները այսօր ընկլուզուած են կա՛մ անտարբերութեան կամ տգիտութեան մէջ։ «Հանուրց հիւսիսականաց վեհագոյն» մակդիրը անխոռ կը պահպանէ։ Ազգային աւանդութիւններու, հարազատ եկեղեցիի գեղանկար հայելիին մէջ անապակ կը ցոլայ դեռ հայ լեզուին ոգին, պարիկներէ պսակաւորուած, միեւնոյն արեւոտ գետնին վրայ բազմած, աշխուժօրէն խօսքի բռնուած Վահագնի ուրուականին հետ, որ ովկիանի խորքէն հայ լեզուին աստղը կ՚արտակիտէր:
Առասպելական հնութեան այս մարած պատկերը կը ցոլայ հայ լեզուին մէջ պինդ ուժգնապիրկ գիծերով, որոնք Ե. դարէն սկսեալ նախագիր շրջանը զանց ընելով իսկ, ցեղին ոգին, ոլորակ ոլորակ, անշեղ ու շիտակ բերին շարեցին մեր մինչեւ ներկայ կայքին կանեփեակին վրայ։
Այս կանեփեակը կը մնայ նոր սերունդին ընդելուզել։ Անջինջ կիտուածը յարացոյց ունենալով՝ անո՛ր, նո՛ր սերունդին է անկ համամարդկային հրաշակերտներէն մին հանդիսացող հայ լեզուին երանգն ու մաքուր բիծը պահել, ինչպէս երկինք կը պահէ Որիոնը բարեպաշտիկ հոգածութեամբ միեւնոյն շրջագիծին մէջ:
Հայ լեզուին հին ձեւը մեռած է գիրքերուն մէջ, բայց ան չի դադրիր պատմելէ մեր ոգին մշտավառ պրիսմակի մը նման, ան կենդանի մոմիան է ցեղին, որ իր վերափթթումներու մէն մի շրջանին ունեցած է զա՛յն, միշտ նոյն երանելի խանձարուրքը, իբրեւ աշխոյժ պատանի իր մօրը օգնական, եւ իր տկարութիւններուն վերամբաբձ ուժը:
Ցեղին բարեմասնութիւններուն գլխաւորն է մեր լեզուն, դարաւոր վկան իր պատմութեան, իր կատարած գործին: Համաշխարհիկ քաղաքակրթութեան մէջ մեր լեզուով կրնանք միշտ դիրք մը ապահովել մեզի։ Ան կոթող մըն է՝ լեզուին վառովը փարոսացած։ Գործիք մը ճկուն ամեթ, հաստոյր, ցեղին գործունէութեան վառարանը, ակութը: Վինը՝ որ հառաչանքի ամէն եղանակ քնարերգելով իսկ՝ այսօր նոյն բազմաղի նուագարանն է անքակ ու անեղծ։
Ըրէ՛ք որ ապրի ան, վասնզի մեր փառքն է ան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
1931