ՆՈՐԱԾԻՆ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Գ.

ԱՉՔԵՐՈՒՆ ԹԱՐԱԽԱՅԻՆ ԲՈՐԲՈՔՈՒՄԸ

Ասիկա շատ վտանգաւոր աստիճանի ցաւ է, որովհետեւ յաճախ երեխան կը կուրցնէ: Բոլոր կոյր երեխաներէն երեքէն մէկը (թերեւս ճի՛շդ կէսը) այդ հիւանդութենէն կորսնցուցած են իրենց տեսողութիւնը:

Ծննդեան ճիշդ առաջին կամ երկրորդ օրը (ամենէն ուշը 3-4-րդ օրը) կոպերուն վրայ ճպուռ կը նկատուի, որ գիշերը կը չորնայ եւ կոպերը իրարու կը փակցնէ: Ապա կոպերը ներսէն կը կարմրին, կ՚ուռին, կը հաստնան եւ ցաւոտ կը դառնան: Երկու օր ետք աչքերէն կը սկսի թանձր թարախ հոսիլ, որ կոպերուն տակ կը հաւաքուի, կը բարձրացնէ զանոնք, կ՚ուռեցնէ,

գնդակաձեւ կը դարձնէ: Աւելորդ թարախը, որ կոպերուն տակ չի՛ տեղաւորուիր, դուրս կը հոսի եւ թուշերուն վրայ կ՚իջնէ:

Պատճառը. լաւ հասկնանք, թէ ի՞նչ բանէ կը յառաջանայ այս սարսափելի հիւանդութիւնը:

Այս մէկը վարակիչ հիւանդութիւն է եւ կը պատահի, երբ սեռական գործարաններու վրայ սուսունակ հիւանդութիւնը կայ1: Վարակումը կը կատարուի ծննդեան երկունքի ընթացքին. երբ երկունքը դժուար եղած է եւ երկար տեւած՝ այս պարագային երեխային գլուխը արդէն դուրս եկած է եւ աչքերը կիսաբաց են, եւ մօր ծննդեան գործարաններէն կաթիլ մը լորձունք կամ կաթիլ մը սուսանակային թարախ կ՚իյնայ աչքին մէջ:

Աչքերուն բորբոքումը կրնայ երեխային մէկ աչքէն միւսը անցնիլ եւ հիւանդ երեխայէն՝ առողջին:

Ըսածներէս պարզ է, որ ամենէն առաջ ծննդկանը պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ իր ծննդական գործարաններուն մաքրութեան վրայ եւ ծնունդի ժամանակ լաւ մաքուր (եփուած ու սառեցուած) ջուրով լուայ եւ մաքուր լաթով մըն ալ չորացնէ: Միւս զգուշութիւնը այն է, որ եթէ տունին մէջ երեխայ մը աչքացաւ ունի, պէտք է զգոյշ ըլլալ, որ միւսներն ալ չվարակուին: Ատոր համար հիւանդին պէտք չէ արտօնել, որ միւս երեխաներուն հետ միասին քնանայ, խաղայ: Տակաւին, հիւանդին աչքին սրբիչները պէտք է առանձին պահուին եւ առանձին լուացուին:

Երեխային ծննդեան վայրկեանին իսկ գոլ կամ բորակային թթւուտով (դգալ մը թորաթթւուտ հալեցուցէք բաժակ մը տաք ջուրի մէջ) երեխային աչքերը լուացէք: Քաղաքներուն մէջ (կամ ուր դեղատուն կայ) խորհուրդ կու տանք անմիջապէս նորածինին աչքերուն մէջ կաթեցնել քանի մը կաթիլ դժոխաքարի (լապիսի) 2 առ հարիւրային լուծուածք: Երբ բորբոքումը արդէն սկսած է, պէտք է անպայման բժիշկին դիմել, իսկ եթէ այդ վայրին մէջ բժիշկ չկայ, աչքերուն վրայ պէտք է սառցափաթեթ դնել (քաթանի կտորը քանի մը անգամ ծալած եւ սառն ջուրին մէջ թաթցած), օրական 5-6 անգամ կոպերը դարձնել եւ բորակային թթւուտի խառնուրդով լուալ, նոյնպէս օրը մէկ (սաստիկ պարագաներու նոյնիսկ երկու) անգամ յիշած դժոխաքարով լուծուածքը:

Դ.

ՆՈՐԱԾԻՆԻՆ ԴԵՂՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յաճախ ծննդեան ուղղակի առաջին օրերը երեխային մաշկը դեղին գոյն կը ստանայ: Դեղնութիւնը երբեմն միայն դէմքի եւ կուրծքի վրայ կ՚երեւի, իսկ ծանր պարագաներու նաեւ մարմինին վրայ կը տարածուի եւ աչքերուն սպիտակուցն ալ կը դեղնի:

Այս երեւոյթը բազմաթիւ երեխաներու վրայ կը նկատուի (100-էն 80-ին վրայ) եւ ընդհանրապէս 5-7 օրէն կ՚անցնի եւ վատ հետեւանքներ չի՛ ձգեր: Բայց երբեմն դեղնութիւնը չ՚անցնիր: Այս պարագային հիւանդութիւնը կրնայ հիւանդին վտանգ սպառնալ: Երեխան կը ջերմի, զարկերակը սաստիկ կ՚արագանայ, արտաթորթութիւնները անգոյն կ՚ըլլան, իսկ մէզը ընդհակառակը՝ սաստիկ մուգ:

Այս վերջին ձեւի դեղնութիւնը սաստիկ երկիւղալի հիւանդութիւն մըն է, որմէ յաճախ երեխաները կը մեռնին: Այս պատճառով անհրաժեշտ է միշտ բժիշկին դիմել: Տնային խնամքը անոր մէջ կը կայանայ, որ երեխաներուն թէյի դգալ մը ձէթ, շաքարջուր կու տան, կամ բաց թէյ կը խմցնեն:

Ե.

ՊՈՐՏԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ա. Բորբոքում. երբ պորտը իյնալէն յետոյ վէրքը աղտոտ կը պահեն, ան կը բորբոքի. պորտին վէրքը չի՛ չորնար, այլ՝ կը սկսի թարախով ծածկուիլ, եզրերը (ղրաղները) կը կարմրին, կ՚ուռին եւ երեխան կը սկսի ջերմիլ: Ասիկա չափազանց վտանգաւոր բան մըն է, ինչ բանին առաջքը պէտք է անմիջապէս առնել, այլապէս բորբոքումը երթալով կը սաստկանայ եւ կրնայ պորտին չորս կողմը կարմիր քամի դառնալ, որու պատճառով երեխան կրնայ մեռնիլ:

Եթէ բժիշկ չկայ, եփ տուած ջուրով եւ ախտահանուած (եփ տուած ու չորցուած բամպակով2) կամ բարակ կտորով մը լաւ մը լուացէք վէրքը եւ վրան տաքցնող փաթեթ դրէք: Աւելի լաւ է, անպայման, բորակային թթւուտի խառնուրդով լուալ վէրքը (մէկ թէյի դգալ բաժակ մը ջուրի մէջ), յետոյ փաթեթին քաթանը նոյնպէս այդ խառնուրդին մէջ պէտք է թրջել: Այս փաթեթները նորոգել 3-4 ժամը անգամ մը: Շատ լաւ է նոյնպէս օղիով (արաղ) լուալը: Բարակ կտոր մը պէտք է թաթխել արաղի մէջ եւ վէրքը լուալ, յետոյ այդպիսի կտոր մըն ալ արաղի մէջ թրջել եւ կապած պահել վէրքին վրայ: Եթէ ասիկա չօգնէ, այն ատեն պէտք է բժիշկին դիմել:

Երբեմն, դարձեալ աղտոտութենէն, պորտատեղին մէջ աւելորդ միսեր կը յառաջանան: Ասիկա երկիւղալի բան մը չէ, բայց պէտք է բժիշկի խորհուրդին դիմել եւ ոչ թէ աղտոտ մկրատներով կտրել:

բ. Արիւնահոսութիւն պորտէն. երբեմն, եթէ պորտին կապը թոյլ է, կրնայ արիւնահոսութիւն պատահիլ: Եթէ տեսնէք, որ կապը թոյլ է, դարձեալ պորտը աւելի ամուր կապեցէք (պէտք է կապել նեղ ժապաւէնով մը (շնուրօկ) եւ ոչ թէ թելով, որովհետեւ թելը կը կտրէ): Երբեմն ալ արիւնահոսութիւնը պորտը իյնալէն յետոյ կը պատահի: (Երբեք պէտք է ուժով պոկել պորտը, այլ՝ սպասել, որ ինքն իրեն իյնայ, այլապէս արիւն կու գայ): Այդպիսի պարագաներու պէտք է մաքուր, ախտահանուած բամպակի գնդիկներ դնել վէրքին վրայ եւ երկար ժամանակ մատով հուպ տալ: Մէկ ժամ յետոյ, արիւնը եթէ չկանգնի, կարելի է վէրքին վրայ շիբ ցանել: Բայց երբեք կտորով չկապէք եւ ձգէք ու երթաք, քանի որ ձեր բացակայութեան ընթացքին, կտորին տակէն կրնայ արիւն երթալ եւ երեխան արիւնաքամ կ՚ըլլայ:

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ


1 Տե՛ս իմ՝ «Սիֆիլիս, կակուղ շանկը եւ սուսունակ» գիրքը:

2 Ախտահանած բամպակը այսպէս կը պատրաստեն. լաւ գզած բոլորովին մաքուր փափուկ բամպակ մը կը վերցնեն եւ մէկ ժամ կ՚եռացնեն պարզ ջուրի մը մէջ եւ կը փռեն մաքուր կտորի մը վրայ եւ դուրսը՝ մաքուր օդին կը դնեն՝ մինչեւ չորնայ: Եթէ արեւ կայ, արեւին տակ պէտք է դնել:

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2022