ՇՈԳԵԿԱՌՔԸ ԱՐԱԳ ԱՆՑԱՒ

Շոգեկառքը արագ անցաւ:
Կը սպասէի մայթին վրայ,
Շոգեկառք մը անցաւ:
Ճամբորդները գացին իրենց օրերուն...
Մինչ ես տակաւին կը սպասեմ:

Քամանջաները հեռուէն կ՚արտասուեն,
Զիս կը գրկէ
Ամպ մը անոնց կողմերէն
Եւ... կը կոտրի:

Կարօտը խորհրդաւոր բաներու հանդէպ
Կը հեռանար եւ կը մօտենար:
Ոչ մոռացումը կը հեռացնէր,
Եւ ոչ յիշեցումը կը մօտեցնէր
Կնոջ մը,
Որուն լուսինը եթէ հպէր
Ան կը պոռար.
-Ե՛ս եմ լուսինը:

Շոգեկառքը արագ անցաւ,
Ժամանակս հետս չէր մայթին վրայ:
Ժամը փոխուեցա՞ւ հիմակուան ժամէն:

Ո՞ր օրն էր, որ պատահեցաւ
Ընդհատումը երէկուան եւ վաղուան,
Երբ գնչուները գաղթեցին:

Հոս ծնայ եւ չծնայ,
Աներկբայ ծնունդս ուրեմն
Այս շոգեկառքը պիտի շարունակէ
եւ շուրջս ծառերը պիտի քալեն:

Հոս գտնուեցայ եւ չգտնուեցայ,
Այս շոգեկառքին մէջ պիտի գտնեմ
Զիս, որ լի է
Երկու եզերքներով՝ գետի մը,
Որ մեռած է անոնց միջեւ,
Ինչպէս կը մեռնի պատանի մը
«Կարծես որպէս քար մը...»:

Շոգեկառքը արագ անցաւ:
Անցաւ ինձմէ, իսկ ես
Կայարանին պէս,
Չեմ գիտեր
Հրաժե՞շտ կու տամ կամ
Կ՚ընդունիմ մարդիկը,
Բնակիչները՝ մայթերուս.
Սրճարան մը,
Գրադարաններ,
Վարդ մը,
Հեռաձայն մը,
Օրաթերթեր
Եւ արկատներ,
Երաժշտութիւն մը,
Յանկերգ մը
Ուրիշ բանաստեղծի մը,
Որ կու գայ եւ կը սպասէ:

Շոգեկառքը արագ անցաւ:
Անցաւ ինձմէ,
Իսկ ես տակաւին կը սպասեմ:

Պիտի գայ ուրիշ օր մը, իգական օր մը,
Թափանցիկ փոխաբերութեամբ,
Կատարեալ կազմուածքով,
Ադամանդեայ, հարսանեկան այցելութեամբ,
Արեւոտ,
Ողորկ,
Թեթեւ,
Ոչ ոք փափաք պիտի ունենայ
Անձնասպանութեան կամ գաղթի:
Ամէն ինչ՝ անցեալէն անդին,
Բնական,
Իրական,
Սկզբնական յատկանիշներուն պէս,
Կարծես ժամանակը արձակուրդի մէջ պիտի հանգստանայ...
(Երկարէ՛ գեղեցիկ պչրանքիդ ժամանակը,
Արեւոտէ՛ մետաքսեայ կուրծքերուդ արեւին մէջ
Եւ սպասէ՛ աւետիսը մինչեւ հասնի:
Անկէ ետք կը մեծնանք,
Կ՚ունենանք յաւելեալ ժամանակ
Մեծնալու այս օրէն ետք...):

Պիտի գայ ուրիշ օր մը,
Իգական օր մը,
Երաժշտական ազդերով,
Լազուարթեայ բարեւներով եւ խօսքերով:
Ամէն ինչ՝ իգական, անցեալէն անդին:
Ջուրը պիտի հոսի քարերուն լանջէն.
Ո՛չ փոշի,
Ո՛չ սով,
Ո՛չ վնաս:
Տատրակը կէսօրէետք պիտի քնանայ
Լքուած հրետանիի մը մէջ,
Եթէ չգտնէ փոքրիկ բոյն մը
Սիրահարներու մահճակալին մէջ:

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝ ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2022