ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԱՐՈՒԻԼ ԳԱՂԹԱԿԱՆ ԵՐԵԽԱՅԻ ՀԵՏ

Պատերազմներէ, ներքին հակամարտութիւններէ եւ արտաքին ներխուժումէ մեծ վնասներ կրած երկիրներէ այլ վայրեր ապաստանող երեխաներ, աշակերտներ յաճախ կը յաջողին իրենց նոր դպրոցներու մէջ եւ այդպէս կը շարունակեն: Անշուշտ այս իրողութեան մէջ մեծ բաժին ունին ուսուցիչները: Այս մասին «Ուորլտ Ռիլիֆ» կայքը հրատարակած է յօդուած մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ:

*

ԱՆՈՆՔ ԻՍԿԱՊԷՍ ԿՐՆԱՆ ԹՌՉԻԼ

«Երեխաները կը հասկնան, երբ մէկը հոգ կը տանի իրենց, նոյնիսկ եթէ անոնք չեն խօսիր այդ լեզուով», կ՚ըսէ Կուլուար Աթուալ, որ գլխաւոր ուսուցիչն է Լոնտոնի արեւելեան շրջանին մէջ: Աթուալ տագնապահար վայրերէ գաղթականներ ընդունելու մեծ փորձառութիւն ունի:

«Երեխաները շատ աւելի արագ կը կապուին իրարու, քան՝ մեծերը: Երբեմն մենք երեխաներուն կը նայինք մեծերու աչքերով, բայց անոնք չեն տեսներ այն, ինչ որ մեծերը կը տեսնեն: Անոնց մէջ խտրական կողմնակալութիւնը չէ զարգացած, այնպէս որ, անոնք ուղղակի կը սուզուին», կ՚ըսէ ան:

Երբ կը սկսի ամառնային կիսամեակը, բազմաթիւ դպրոցներ կը պատրաստուին ընդունիլ երեխաներ, որոնք լքած են Ուքրայնան: Որոշ դպրոցներու համար, յատկապէս՝ գիւղական վայրերու մէջ, ասիկա կրնայ ըլլալ գաղթականներ դասաւանդելու առաջին փորձառութիւնը:

Աթուալ իր տեղական խորհուրդին ըսած է հետեւեալը. որպէսզի կարելի ըլլայ օգտուիլ դպրոցի փորձառութենէն, ինք Իլֆորտի մէջ գտնուող իր Ափհոլ նախակրթարանին մէջ, ուր 60 լեզուներ կը խօսուին, պիտի ընդունի կարելի եղածին չափ մեծ թիւով ուքրանացի երեխաներ: «Կ՚ուզեմ կարեւոր պատգամ մը յղել մեր երեխաներուն՝ ցոյց տալու, որ մենք լաւ գործ մը կ՚ընենք», կ՚ըսէ ան:

Յաճախ ծանր, ահաւոր դէպքերէ եկած երեխաներուն համար, որոնք անգլերէն չեն գիտեր, նոր երկրին մէջ նոր դպրոց սկսիլը սարսափելի կը թուի: Բայց անոնք սովորաբար կը շարունակեն համակերպիլ: Կրթութեան նախարար Նատիմ Զահաւի 9 տարեկանին ժամանած էր Իրաքէն եւ անգլերէն չէր գիտեր: Ինչպէ՞ս ուսուցիչները կը յաջողին օգնել նման երեխաներուն՝ յարմարելու եւ յառաջդիմելու:

«Երբ անոնք կը հասնին այս երկիրը, մենք զանոնք կը յանձնենք ընկերոջ մը՝ այլ աշակերտի, որ ամբողջ օրը կ՚օգնէ անոնց։ Բոլորն ալ կ՚ուզեն կամաւոր ըլլալ: Այս աշխատանքը կը սիրեն», կ՚ըսէ Աթուալ:

Ափհոլի մէջ կը գործէ յուզումնային գրաճանաչումի հարցերով խորհրդատու մը, որ կ՚օգնէ այն երեխաներուն, որոնք ցնցուած կրնան ըլլալ սարսափելի դէպքերէ: Եթէ երեխան շատ չի խօսիր անգլերէն, խորհրդատուն կը գործածէ նկարներ, որոնք ցոյց կու տան զայրացած դէմք եւ կը հարցնեն. «Դուք բնաւ այսպէս զգացա՞ծ էք»:

Աթուալ կ՚ընդգծէ, որ իւրաքանչիւր երեխայի հետ պէտք է վերաբերիլ որպէս անհատ: Ոմանք սկիզբը շատ հանգիստ կ՚ըլլան՝ ընդունելով ամէն բան, բայց այդ չի նշանակեր, որ անոնք ապահով կը զգան: «Բազմաթիւ երեխաներ, որոնք փախուստ տուած են երկրէն, շատ կրթուած են: Մենք մամուլին մէջ կը տեսնենք գաղթականներու խումբեր, բայց իւրաքանչիւր երեխայ ունի իր պատմութիւնը», կ՚ըսէ ան:

Յունուարին Աթուալ լսեց իր շրջանին մօտակայքը ապաստանած մեծաթիւ գաղթական երեխաներու մասին: Ան տեղեր առաջարկեց անոնց եւ ընտանիքները ներս հրաւիրեց՝ հանդիպելու իրեն: Անոնք անգլերէն չէին խօսեր եւ ակներեւօրէն սարսափած էին իրենց ապրածէն: Ծնողներէն ոմանք պատերազմի պատճառով հաշմանդամ էին: Չունենալով պետական միջոցներու մատչելիութիւն, ոչ ոք կրնար դպրոց երթալ հանրակառքով:

Այս արմատախիլ եղած ընտանիքներէն շատերուն համար Աթուալ կ՚ըսէ, որ իրենց երեխաները ամէն օր դպրոց հասցնելու գործնական մարտահրաւէրները չափազանց շատ էին: Բայց քանի մը երեխաներ միացան եւ երջանիկ տեղաւորուեցան:

Ուսուցիչները, որոնք կը պատրաստուին դիմաւորել ուքրանացի երեխաներու նոր խումբեր, խորհուրդներ կու տան ընկերային ցանցերու մէջ եւ բարեգործական փոքր կազմակերպութիւններէ օգնութեան խնդրանքները սունկերու պէս կ՚աճին:

Օ. Ուիլսըն՝ Վուտհաուսի նախակրթարանի տնօրէնը, կ՚ըսէ. «Ամենէն կարեւորը ջերմ ընդունելութիւնն է»:

Ուիլսընի դպրոցը ընդունած է երեխաներ, որոնք փախուստ տուած են՝ Սուրիայէն, Աֆղանիստանէն, Իրաքէն, Իրանէն եւ Քոնկոյէն: Նախքան երեխաներուն դպրոց սկսիլը, ան դպրոց կը հրաւիրէ ընտանիքները՝ իրեն եւ իր խումբին հետ տեսակցելու: Թարգմանիչը այնտեղ կ՚ըլլայ օգնելու: Ուիլսըն միշտ կը գիտակցի, որ նոր ընտանիքը կրնայ սարսափելի ճամբորդութեան եւ դէպքերու ականատես եղած ըլլալ: «Փոքր բան մը՝ ժպտիլը, կրնայ օգնել», կ՚ըսէ ան:

Դպրոցը ունի անգլերէնի մասնագէտ՝ որպէս լրացուցիչ լեզուի ուսուցիչ, որ այժմ բազմաթիւ դպրոցներու մէջ կը բացակայի վերջին տասն տարուան մէջ, խնայողութեան պատճառով:

Լաւ գործող միջոց մը կը համարուի խամաճիկներու տնակէն օգտուիլը: Այդ կարելիութիւն կը ստեղծէ սորվելու գործնական առօրեայ բառեր՝ մատնացոյց ընելով առարկաները եւ խաղալով: Ուիլսըն կ՚ըսէ. «Դուք չէք կրնար զանոնք դասարանի մը մէջ տեղաւորել բոլորովին նոր համակարգով, լեզուով եւ ակնկալել, որ անոնց ինքնավստահութիւնը զարգանայ: Մենք անոնց կու տանք ժամանակ, չափահասներու զրոյց եւ ինքնավստահութիւն զարգացնելու կարելիութիւն»:

Ուիլսըն նոյնպէս կ՚ըսէ. «Երբ երեխաներուն ժամանակ տրուի հաստատուելու, սկսելու լեզուն սորվիլ եւ յաղթահարելու այնպիսի մարտահրաւէրներ, ինչպիսիք են վիշտը, վախը, անոնք իրօք կրնան ակադեմական թռիչքներ կատարել: Բայց ամենէն կարեւորը այն է, որ դպրոցը գտնեն ապահով եւ հիւրընկալ վայր մը»:

Բայց դպրոցի ծրագիրի համակարգող Մեկան Կրինվուտ կոչ կ՚ընէ զգոյշ ըլլալ: «Աշակերտներու կողմէ մեծ ողջոյնը անպայմանօրէն օգտակար կրնայ չըլլալ այն մարդուն համար, որ շատ նոր է երկրին մէջ եւ ինքն իրեն անհանգիստ կը զգայ»:

Անոր խորհուրդը. «Նոր ժամանած երեխան ժողովի բեմ մի՛ բերէք»: Ան կ՚առաջարկէ աւելի փոքր, «քիչ աչքի զարնող» շարժուձեւեր, ինչպէս, օրինակ, դասընկերներու կողմէ ուքրաներէնով ցուցանակներ տեղադրել:

Տրուրոյի դպրոցը քանի մը տարի առաջ ընդունած է սուրիացի գաղթականներ, անոնցմէ ոմանք այժմ կ՚արծարծեն իրենց փորձառութեան կապուած խնդիրներ, քանի որ ուքրանական պատերազմը զանոնք կրկին ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է: Յաճախ երեխաները չեն ալ պատկերացներ, որ իրենք յատուկ աջակցութիւն կը ստանան, որ կրնայ ըլլալ նկարելու կամ խօսելու միջոցով:

Այս երեխաներուն անձնակազմին մէջ «անվտանգ անձնաւորութիւն» պէտք է, որուն անոնք միշտ կրնան դիմել, նոյնպէս պէտք է ապահով տարածք, ուր կրնայ իրենց ճնշումը նուազիլ: Որոշ դպրոցներ ունին ուսուցիչ, որ կը ղեկավարէ գաղթականներու աջակցութիւնը: Եթէ երեխան դասի ժամանակ կը բարձրացնէ ձեռքը եւ կ՚ըսէ, որ կ՚ուզէ տեսնել այս ուսուցիչը, անձնակազմի բոլոր անդամները կը հասկնան, թէ այդ ինչ կը նշանակէ:

Անգլերէնի բացակայութիւնը ամենէն ակներեւ խոչընդոտներէն մէկն է: «Պել» հիմնադրամը՝ լեզուական կրթութեան բարեգործական կազմակերպութիւնը, առցանց սեմինարներ կը կազմակերպէ գաղթականները դիմաւորելու վերաբերեալ ու կ՚առաջարկէ ուսուցում եւ անվճար միջոցներ՝ գաղթական երեխաները ընդունող դպրոցներուն:

Կը նշուի, որ երեխաները վեց տարի անգլերէն լեզուի աջակցութեան կարիք ունին: Որքան կարելի է, այդ պէտք է ըլլայ դասարանին մէջ, որպէսզի երեխաները ուղղակի հաղորդակցին իրենց տարեկիցներուն հետ:

Մասնագէտներ խորհուրդ կու տան դպրոցներուն՝ երեխաներուն սորվեցնել յուզական հիմնական լեզու, որպէսզի անոնք կարողանան մէկուն ըսել, երբ յոգնած են, տխուր են կամ հանգիստի կարիք ունին: Նոր լեզուի մէջ ընկղմիլը կրնայ յոգնեցնել: Ուղեղի ընդմիջումներ, խաղալու, հանգստանալու յաւելեալ ժամանակը կրնան անհրաժեշտ ըլլալ:

Աշակերտներ վերջերս բացիկներ պատրաստեցին տեղւոյն գաղթական ընտանիքներուն համար: Նոր երեխաներ ընդունիլը հնարաւորութիւն կու տայ դպրոցներուն խօսիլ գաղթի եւ այն մասին, թէ բազմազանութիւնը հզօր է, նոյնպէս կը ստիպէ աշակերտներուն մտածել, թէ ինչպէս կը զգային, եթէ իրենք ստիպուած ըլլային փախչիլ: «Մենք պէտք է համերաշխութիւն դրսեւորենք մեր մերձաւորներուն եւ անոնց հետ վերաբերինք այնպէս, ինչպէս կ՚ուզէին, որ մեզի հետ վարուէին, եթէ դերերը փոխուին», կը նշէ ուսուցչուհի մը:

Գաղթական սարսափահար աշակերտներու օգնելու համար 5 միջոցներ

Ուսուցիչները կրնան նախաձեռնել իրենց դասարաններուն եւ դպրոցներուն մէջ անվտանգ, հիւրընկալ տարածքներ ապահովել:

1980 թուականէն ի վեր Միացեալ Նահանգներ վերաբնակեցուցած է շուրջ 3 միլիոն գաղթական, եւ Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու վերջին հեռացումէն ետք բազմաթիւ նահանգներու դպրոցներուն մէջ դասարաններ աւելցած են: Գաղթական աշակերտներու ներկայիս հոսքի պայմաններուն մէջ ուսուցիչները խնդիր կ՚ունենան օգնելու անոնց համարկման ամերիկեան հասարակութեան, միաժամանակ նկատի ունենալով անոնց կրած սարսափները:

Ամենէն կարեւորը այն է, որ ուսուցիչները հասկնան եւ ցուցաբերեն կարեկցանք, որ անհրաժեշտ է աշակերտներուն աջակցելու համար՝ դասարաններ մտնելու եւ բուժման հոլովոյթին մէջ:

Պատմականօրէն Միացեալ Նահանգներու մէջ վերաբնակեցուող գաղթականները եկած են աշխարհի տարբեր ծայրերէ: Նոյնպէս կան հազարաւոր հայիթիցի գաղթականներ, որոնք 2010 թուականէն ապաստան կը խնդրեն Միացեալ Նահանգներէն: Անոնց բնիկ երկրի մշակոյթը կրնայ ներառել՝ լեզուն, կրօնը, հաւատալիքները, կանոնները, ընտանեկան եւ հասարակական սովորութիւնները եւ վարքագիծը, խորհրդանիշները, ճաշերը, երաժշտութիւնն ու արուեստը: Ուսուցիչները կրնան պարտաւորուիլ հասկնալ մշակութային նրբութիւնները եւ սովորութիւնները, որոնք կրնան խանգարել յարաբերութիւններ հաստատելու եւ սորվելու գործընկերային յարաբերութիւններ՝ իրենց գաղթական աշակերտներուն հետ:

Գաղթականներու մշակութային ինքնութիւնն ու արժէքները կը դիրքաւորուին որպէս ստորակայութիւն նոր հասարակութիւններու մէջ, ուր անոնք մուտք կը գործեն, եւ կրնան զգալ ու ապրիլ իրենց կեանքի կարեւոր պահերը (դպրոց/աշխատանք)՝ որպէս կողմնակի մարդիկ: Այս կը յանգեցնէ մշակութային լուսանցքայնացման, որովհետեւ անոնք կ՚ապրին երկու մշակոյթներու մէջ, բայց անոնցմէ ոչ մէկուն ամբողջովին համարկուած են: Ասիկա դժբախտ իրավիճակ է, որուն մէջ պէտք է յայտնուիլ՝ առանց իրենց մեղքին: Այդ կը խանգարէ անոնց յառաջընթացը եւ թոյլ կու տայ ուրիշներուն խուսափիլ օգնելէ, երբ անոնք կրնան:

Դպրոցներուն մէջ գաղթական աշակերտներու մշակոյթներու եւ ծագման ճանաչումը մշակութային իրազեկում կը ստեղծէ անոնց եւ իրենց տարեկիցներու միջեւ, նոյնպէս կ՚ողջունէ զանոնք դպրոցին եւ համայնքին մէջ՝ անոնց մշակոյթները դասակարգելով որպէս ուժեղ կողմեր եւ դրական յաւելումներ ուսումնական համայնքին մէջ:

Ուսուցիչները կրնան օգնել գաղթական աշակերտներու ապաքինման հոլովոյթին մէջ՝ աշխատելով անոնց հետ, ստեղծելով առողջ յարաբերութիւններ եւ ապահով տարածքներ դպրոցներու մէջ, ուր դրական փոխազդեցութիւնները, ընդունումը, անվերապահ վերաբերմունքը եւ բարի խօսքերը կանոն են:

Այնպէս ընել, որ անոնք ապահով զգան. վախը կրնայ փոխել ուղեղի եւ ջղային կեդրոնական համակարգի գործառոյթը բազմաթիւ երիտասարդներու համար եւ կրնայ պատճառ դառնալ անոնց անապահով զգալու: Ծայրայեղ պարագաներու մէջ տառապողները կրնան վտանգ, սարսափ կամ մնայուն սպառնալիք զգալ: Ցաւօք, անապահովութեան եւ վախի այս խոր զգացումները կրնան դրսեւորուիլ անոնց կեանքի այլ ոլորտներուն մէջ, ներառեալ՝ խաղը, յարաբերութիւնները եւ դպրոցը:

Ուսուցիչները կրնան օգնել իրենց դասարանները ֆիզիքապէս, մտային եւ հոգեկան առումով աւելի անվտանգ դարձնել՝ հաստատելով լաւ կանոններ:

Ահաւասիկ՝ քանի մը լաւ թելադրանքներ՝

Ձեր նախասիրած անձը դասարան բերէք:

Ուշադիր եղէք ուրիշներու սահմաններուն:

Յարգեցէք ուրիշներու գաղտնիքները:

Խօսելու ատեն նկատի ունեցէք ժամանակը:

Խօսեցէք ձեր սրտէն եւ բաց եղէք արձագանգներու համար:

Լսեցէք սրտով եւ յարգեցէ՛ք ուրիշները, երբ անոնք կը խօսին:

Մնացէք հետեւողական եւ կանխատեսելի: Սարսափի փորձառութիւններ ունեցող բոլոր տարիքի երեխաները կրնան ըլլալ բարձր զգօնութեան մէջ: Հետեւողականութիւն եւ կանխատեսելիութիւն ապահովելը ձեր վարքագիծին, արդարութեան, դասակարգային կանոններու եւ ակնկալութիւններուն, ընդհանուր համաձայնութիւններու, արձանագրութիւններու, մտածողութեան, արագութեան եւ ժամանակացոյցի միջոցով կրնայ օգնել դիւրացնել զանոնք:

Գիտցէք մեր սահմանափակումները: Երբ հոգեբանական տագնապը կը դառնայ ճնշող՝ գաղթական աշակերտներու համար, թերեւս անհրաժեշտ ըլլայ օգնել ընտանիքներուն՝ իրենց երեխայի համար մասնագիտական բուժումի մատչելիութիւն փնտռելու հարցին մէջ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Մայիս 14, 2022