ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՂՈՒԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՆ
Վաղը՝ 15 մայիս կիրակի, ընթացք կ՚առնեն Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք տեղի կ՚ունենան չորս տարին անգամ մը, այս տարի ունին իւրայատուկ կարեւորութիւն, որովհետեւ 2019 թուականէն ի վեր երկիրը մտած է տնտեսական համընդհանուր փլուզման մեծ յորձանուտին մէջ։ Սղաճի դէմ ընթացք առած պայքարը, որ բողոքի մեծ ալիք մը բերած էր իր հետ, պահու մը համար կը դառնար Լիբանանի դէմ «պայքարող» ազդեցիկ կեդրոններու կողմէ օգտագործման լաւ առիթ։ Այդ մէկը ունէր մէկ հիմնական նպատակ. զինաթափ ընել Իրանի նեցուկը վայելող «Հիզպուլլահ» կազմակերպութիւնը։ Անշուշտ, այս դրուածքը ընդհանուր գիծերով դրոյթ մըն է։ Բաց աստի, կան մի քանի շերտեր, որոնք կապ ունին ներհամայնքային բաւականին բարդ, խճճուած եւ յաճախ հակասական հաւասարակշռութիւններու հետ։
Ամէն պարագայի, սակայն, աւելի քան յստակ է, որ այսօր ընթացող «խաղեր»ը կամ փոխազդեցութեան գօտիներու ստեղծումը՝ մէկ ուժին կամ միւս հակոտնեայ ճակատին կողմէ կուտակուած կամ ապագային ալ կուտակուելիք քաղաքական միաւորները բոլորն ալ պիտի ծառայեցուին՝ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս հաւասարակշռութիւններու մէջ նոր խաղադրոյթներ հաւաքելու փորձերուն։
Այսօրուայ դրութեամբ Լիբանան հեռու է մեծ լուծումներու «սպասելի» փուլէն, քանի ոչ միային երկրին վիճակը բարդ է ու կը կարօտի տարբեր եւ հակոտնեայ ճակատներու մեծ ճիգերուն, այլեւ շրջանին մէջ լուծումներու ժամանակը հասկնալիօրէն յետաձգուած է Ուքրայնայի պատերազմին պատճառով։ Պատերազմ՝ որ իր ստուերը ձգած է ո՛չ միայն Ռուսաստանի ընդարձակ գօտիին, այլեւ՝ նոյնիսկ ԱՄՆ-Իրան միջուկային այդքան «ճակատագրական» փուլ մտած բանակցութիւններուն վրայ։
Նկատի ունենալով վերոյիշեալ տուեալները ի՞նչ ակնկալել Լիբանանի ընտրութիւններէն։ Արդեօք ամբողջական փլուզման դռներուն կանգնած եւ «շնչասպառ» դարձած Լիբանանը պիտի կարողանա՞յ օգտուիլ ժողովրդավարութեան տուած «բերկրանք»էն եւ ընտրութիւններու արդիւնքէն։ Երկրի քաղաքական թատերաբեմի ազդեցիկ ուժերը պիտի կարողանա՞ն աշխարհին անգամ մը եւս խօսիլ եւ գուցէ բացատրել Լիբանանի համայնքային դրուածքին իւրայատկութիւններուն մասին, շեշտը անպայմանօրէն դնելով՝ հին-նոր վարկածի մը վրայ, ըստ որուն «Լիբանանի մէջ տերեւ մը անգամ հնարաւոր չէ շարժել, եթէ առկայ չէ ներհամայնքային «ընդունելի» համաձայնութիւններու ընդհանուր համայնապատկեր մը»։
Ամէն պարագայի, վաղուան ընտրութիւնները ունին նոր փուլ մը բանալու կարեւոր հնարաւորութիւն, որուն հիմքով ալ կարելի պիտի ըլլայ ամէն գնով հեռու մնալ ներքին լարուածութիւններէ, կամ փողոցը զանազան ուժերու նեցուկով ոտքի հանելու հին-նոր արկածախնդրութիւններէ։
ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ
Ինչպէս տարբեր առիթներով ալ գրած եմ, այս անգամ ալ հարկ է շեշտադրել, որ Լիբանանի մէջ շիի համայնքի կողքին կան հիմնարար համայնք-ուժեր, որոնցմէ շատեր այսօր կանգնած են իրենց ունեցած քաղաքական ներուժը կորսնցնելու լուրջ վտանգին առջեւ։ Այդ ուժերէն է անշուշտ Լիբանանի սիւննի համայնքի ամենահաւասարակշռուած «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքը, որուն առաջնորդը՝ Սաատ Հարիրի (նախկին վարչապետ 2005-ին սպաննուած Ռաֆիք Հարիրիի որդին) ընտրութիւններէն բաւական ժամանակ առաջ յայտարարեց զանոնք «պոյքոթ»ելու եւ ներկայ փուլին ալ քաղաքական կեանքէն «հանգիստ մը առնելու» մասին։
Զանազան վերլուծութիւններու դուռ բացաւ Հարիրիի որոշումը։ Բայց եւ այնպէս, անոր քաղաքական կենսագրութեան ծանօթ վերլուծաբաններ օրին եւ ներկայիս ալ կը գրեն, որ Սաատ Հարիրիի եւ զինք ու Լիբանանի սիւնիններուն «սիւն»-նեցուկը՝ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի միջեւ բարձր մակարդակի կապերը առաջուանը չեն եւ նոյնիսկ տարբեր պատճառներու ու հանգամանքներու բերումով ալ խափանուած են։
Հարիրիի եւ անոր քաղաքական գիծին այս ընտրութիւններէն բացակայելու նիւթը երկար է։ Այնուամենայնիւ, անոր առած որոշումը՝ ժամանակաւոր հանգիստ մը առնելու առընթեր, մեծ հաշուով պիտի պակսենցնէ սիւննի համայնքի կեդրոնական դէմքով մը քաղաքական գործընթացներու մասնակից դառնալու երեւոյթը, հակառակ անոր, որ ներկայ վարչապետ Նէժիպ Միքաթին, որ քաղաքական խմբաւորման մը կամ կուսակցութեան մը առաջնորդը չէ, ինչ-որ տեղ եւ ինչ-որ առումով կը համարուի Հարիրիի գործակից-բարեկամը։
Մինչ այդ, սիւննիներէն աւելի գերակշռող կողմ կը համարուին շիի համայնքի քաղաքական երկու ուժերը՝ «Հիզպուլլահ»ն ու «Ամալ» շարժումը, որոնք ունին գաղափարական նոյն կերտուածքը։ Անոնք կը համարուին Լիբանանի հարաւի, նաեւ Պէյրութի հարաւային հատուածներու ամենէն ազդեցիկ ուժերը։ Այս երկու կուսակցութիւնները, որոնք կը ղեկավարուին երկու կեդրոնական դէմքերով (առաջինը՝ Սէյիտ Հասան Նասրալլա, իսկ երկրորդը՝ Նեպիհ Պըրրի, որ կուսակցապետ ըլլալու կողքին, է նաեւ երկրի խորհրդարանի նախագահ), ունին կազմակերպուած կուսակցական շարքեր, յստակ օրակարգ, ինչպէս նաեւ կը համարուին Իրանի քաղաքական գիծը առաջ տանող ուժեր։ Լիբանանի մէջ քաղաքական ազդեցիկ ուժերուն համար ամենաէականը կը մնայ (անշուշտ Արեւմուտքի եւ ԱՄՆ-ի համար) հարցապնդման ենթարկել երկրին լայն հասարակութիւնները եւ ի վերջոյ իմանալ ու հասկնալ, թէ այս երկու ուժերը որքա՛ն տիրական են եւ ի՛նչ պիտի ըլլայ անոնց ներկայացուցչական ուժը յառաջիկայ խորհրդարանէն ներս։
Նախքան ընտրութիւնները, զանազան հարթակներէ յաճախ լսելի դարձան տարաբնոյթ վերլուծութիւններ, ըստ որոնց Լիբանանի քաղաքացիական շարժումներու միակ երազանքը եւ հեռահար նպատակն է, ամէն տեսակ միջոցներու դիմելով, շիի-երկակ անունով յայտնի այս ուժերը ջլատելն ու թուլացնելը։
Անշուշտ, վաղ է այդ առումով կանխատեսումներ կատարելը, բայց եւ այնպէս, վերջին երկու տարուան գործընթացները, դրամական նեցուկը եւ ներքին օրակարգ մը ձեւաւորելու մեծ ճիգերը նոյնպէս իրենց արդիւնքը պիտի տան, բայց չի նախատեսուիր, որ խորհրդարանին մէջ տիրական ներկայութեամբ այդ երկու ուժերը նօսրանան։
Գալով քրիստոնէական թեւերուն, ապա գետնի վրայ տիրական կը մնան երկու քաղաքական ուժեր, որոնց առաջինը՝ երկրի նախագահ զօրավար Միշել Աունի հիմնադրած «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութիւնն է, որ ունի ազգային-ազատական մօտեցումներ, իսկ երկրորդը՝ «Լիբանանեան ուժեր» կեդրոնամէտ-աջակողմեան ուժն է, որ ներկայ փուլին նպատակ դրած է խորհրդարանին մէջ իր ունեցած 15 աթոռներու թիւը աւելցնել եւ այդպիսով դառնալ քրիստոնէական ճակատի գլխաւոր եւ «որոշիչ» տիրական ուժը։
ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ»Ը
Վերոնշեալ երկու քրիստոնէական ուժերուն մէջ կան հայ թեկնածուներ, որովհետեւ 128 երեսփոխաններէ կազմուելիք նոր խորհրդարանէն ներս Լիբանանի հայկական համայնքը պիտի ներկայացուի 6 երեսփոխաններով։ Բայց եւ այնպէս, լիբանանահայութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան համար շատ տրամաբանական դրուածքով մը էական օրակարգ կը շարունակէ մնալ՝ ընտրութեան մասնակից թեկնածուները առաւելագոյն չափով ներկայացնեն համայնքի շահերը, նաեւ գան հայկական միջավայրէ։ Այլ խօսքով՝ աճած ու հասակ առած ըլլան զուտ հայկական միջավայրի մէջ, նաեւ իրենց ընկալումները, քաղաքական մօտեցումները եւ նպատակները առաջնորդուին լիբանանահայութեան ընդհանրական շահերով։
Ճիշդ է, որ վերջին տարիներուն նկատելի դարձաւ, թէ զանազան ուղղութիւններով անձնաւորութիւններ զանազան գործիքակազմերու դիմելով փորձեցին իրենց ներկայութիւնը փաստել համայնքին մէջ, բայց եւ այնպէս, անոնց հանդէպ սկսան աճիլ վերապահութիւններ՝ այն իմաստով, որ անոնք քաղաքական ասպարէզ մուտք չեն գործած Լիբանանի հայ քաղաքական աւանդական կուսակցութիւններու պատուհանէն։ Երեւոյթը ինքնին դարձաւ քննադատութեան առիթ եւ աւանդական համայնքի վերնախաւը, համայնքի անդամները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ո՛չ միայն չողջունեցին այդ անհատ-գործիչներու խորհրդարանէն ներս յայտնուիլը, այլ մեծ կասկածանքով մօտեցան անոնց գործունէութեան։
Ամէն պարագայի, ինչպէս ընդհանուր երկրին մէջ, նոյնպէս ալ Լիբանանի հայկական համայնքի պարագային այս ընտրութիւնները «փրկութեան լաստ» մը ըլլալու հնարաւորութիւնը չունին։ Թերեւս ընտրութիւնները կրնան ինչ-որ չափով, ինչ-որ առումով նուազեցնել երկրին լարուածութիւնը, բայց դժուար է պատկերացնել, որ ընտրութիւնները կրնան բանալ Լիբանանը խաչէն վար առնելու, երկրին մէջ կայուն զարգացում ստեղծելու ու ամենակարեւորը՝ առկայ տնտեսական սուր տագնապը մեղմելու ժամանակաշրջան մը։
Թէ ի՞նչ ժամանակներու դէմ յանդիման պիտի ըլլայ Լիբանանը, դժուար է կանխատեսել։ Բայց եւ այնպէս, աւելի քան յստակ է, որ համընդհանուր փլուզման վտանգը մեր ետին է։ Կը մնայ յուսալ եւ սպասել, որ Ուքրայնայի պատերազմը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ-Իրան հարցի հանգուցալուծումը չյապաղի, պարզ այն պատճառով, որ երկար սպասողական վիճակ մը անպայմանօրէն «զերօ կէտ»ին պիտի տանի այս ընտրութիւններու (եթէ ընտրութիւնները անցնին խաղաղ եւ ժողովրդավար) ճամբով դանդաղօրէն ծիլ տուող յոյսի նշոյլները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան