ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ
ՉԱՐ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԸ
Հարցում. Իւրաքանչիւր չար մտածում, որ միտքիս մէջ կայ, մե՞ղք կը համարուի:
Ինչպէ՞ս կու գան այս չար մտածումները, եւ ինչպէ՞ս կրնամ արգիլել զանոնք:
Պատասխան. Իւրաքանչիւր չար միտք որ միտքիդ մէջ կայ, մեղք չի՛ համարուիր: Տարբերութիւն կայ մտածումի դէմ պայքարելուն եւ մտածումին մէջ իյնալուն:
Մտածումին դէմ պայքարը այն է, որ մտածում մը անընդհատ կը նեղացնէ քեզ, մինչ դուն չես կրնար դիմադրել, եւ կ՚աշխատիս ամբողջ ջանքովդ ու սիրտով վռտնելու համար զայն, սակայ ան որոշ ժամանակ կը մնայ: Անոր մնալը քու կամքովդ չէ, այդ պատճառով ալ մեղք չի՛ համարուիր, այլ՝ դիմադրելդ քեզի համար արդարութիւն կը սեպուի: Իսկ մտածումին մէջ իյնալը կը նշանակէ մտածումը ընդունիլդ, անոր մասին մտածելդ, եւ թերեւս նոյնիսկ նոր պատկերներ հնարելդ անոր համար…
Մտածումին մէջ իյնալդ կը սկսի սիրտիդ մէջ փափաքէ մը, եւ կամ ենթագիտակցութեանդ մէջ պահուած բանէ մը: Եւ կամ կը սկսի թշնամիին արտաքին յարձակումէն, որուն դէմ նախ կը պայքարիս, ապա կը յանձնուիս անոր ու կ՚իյնաս անոր ճիրաններուն մէջ, եւ կը զարգանաս այդ անկումիդ մէջ:
Կրնայ ըլլալ նաեւ, որ մի քանի վայրկեաններ իյնաս մտածումին մէջ, հաճիս անոր, ապա կ՚անդրադառնաս ու կը զղջաս, կը պայքարիս անոր դէմ, որով կը փախչի:
Ինչքանով որ կը պայքարիս մտածումին դէմ, այդքանով իշխանութիւն կ՚ունենաս անոր վրայ, որով կը փախչի քեզմէ, եւ կամ չի՛ համարձակիր պատերազմելու քեզի դէմ: Ճիշդ հակառակն ալ, ինչքանով յանձնուիս անոր, քու վրադ իշխանութիւն կը ստանայ, եւ կը համարձակի պատերազմելու դէմդ:
Պատերազմին ղեկը ձեռքդ է եւ ո՛չ թէ անոր ձեռքը: Մտածումը տրամադրութիւնդ կը ստուգէ, եւ ըստ քու վիճակիդ կը պատերազմի դէմդ: Տէր Յիսուս, ըսաւ. «Կու գայ այս աշխարհի իշխանը, որ Իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի» (Յհ 14.30): Իսկ դուն, երբ սատանան պատերազմի դէմդ, քու մէջդ բան մը կը գտնէ՞ իրենց համար:
Մտածումը կը փորձէ սիրտդ. անոր մէջ իրեն նմանող բան մը կա՞յ: Իսկ բանի մը նմանութիւն ունեցողը իր նմանածին կը քաշուի՞: Եւ կամ կարելի՞ է այդ նմանը գտնել:
Եթէ սիրտդ ներսիդիդ շատ հաւատարիմ է, ապա չի՛ դաւաճաներ իր տիրոջ այս մտածումներուն հետ, ո՛չ ալ անոնց դուռ կը բանայ, չի՛ գործակցիր անոնց հետ, չ՚ընդունիր զանոնք, եւ այդ ժամանակ այդ մտածումները կը փախչին իրմէ, իսկ սատանաները կը վախնան իրմէ…:
Իսկ եթէ սիրտը թոյլ գտնուի այդ մտածումներուն նկատմամբ, ապա համարձակութիւն ձեռք կը ձգեն իր վրայ:
Չար մտածումներ կան, որոնք մաքուր սիրտին մէջ կը մտնեն, որովհետեւ վերջինս դիւրութիւն ընծայեց անոնց:
Չար մտածումներ ալ կան, որոնք չար սիրտէն դուրս կու գան անոր անմաքրութեան պատճառով:
Այսինքն՝ կան բազմաթիւ չար մտածումներ, որոնք դուրս կու գան, ուրիշներ ալ՝ ներսէն:
Դուրս եկած չար մտածումներուն մէկ օրինակը, Եւային դէմ պայքարող օձն է, իսկ Եւան սիրտով մաքուր: Սակայն, որովհետեւ տեղ տուաւ օձին, մտածումները մտան իր սիրտէն ներս, որով ցանկութեան եւ ապա գործի վերածուեցան:
Իսկ չար մտածումները որոնք ներսէն կու գան, անոնց մասին Տէրը ըսաւ. «Չար մարդը, իր սիրտի չար գանձէն չարութիւն կը հանէ» (տե՛ս Ղկ 6.45):
Մտածումները նաեւ սիրտէն կու գան, իր գանձարանի ցանկութիւններէն: Կամ ենթագիտակցութենէն կու գան, ամբարուած նկարներէ, մտածումներէ եւ լուրերէ…
Ներսը այս ամբարուածէն, մտածումները դուրս կու գան, որեւէ մէկ դրդապատճառէ կամ գրգիռէ: Արդարեւ, ուշադիր եղիր, որ ներսդ ամբարուած գանձը մաքուր ըլլայ:
Նշենք, որ միտքէն դուրս եկած մտածումները, նուազ զօրաւոր կ՚ըլլան:
Նուազ զօրաւոր են այն մտածումներէն, որոնք սիրտէն դուրս կու գան, որովհետեւ սիրտէն դուրս եկածը խառնուած է զգացականին կամ ցանկութեան, եւ այս պատճառով աւելի զօրաւոր է:
Այսպիսով, մարդ դիւրութեամբ կրնայ վռնտել այն մտածումները, որոնք միտքէն դուրս կու գան: Սակայն, եթէ ձգէ զանոնք, կամ դիւրութիւն տայ անոնց, ապա սիրտին կը վերածուին, որով անոր ապրումներով կ՚ազդուին, որով կը զօրանան…:
Այս պատճառով, ինչպէս որ մարդ պարտաւոր է իր սիրտը պահելու, նոյնպէս պէտք է պահէ իր միտքը, եւ պէտք է պահպանէ միտքն ու սիրտը միացնող կապը…
«Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են» (Առ 4.23): Եթէ մտածումներու պատերազմը հասնի քեզի, իսկ դուն մաքուր սիրտ ունիս, ջերմ հոգի, ապա տկար պատերազմ կ՚ըլլայ եւ կրնաս փախչիլ անկէ: Իսկ եթէ ան հասնի քեզի եւ դուն հոգեկան գաղջ վիճակի մէջ ես, կամ «մեղքերու շատութենէն սառած է» Տիրոջ նկատմամբ ունեցած սէրդ, ապա այն ատեն, պատերազմը դաժան կ՚ըլլայ, իսկ փախուստը՝ դժուար…, եւ այդ պատճառով՝ «աղօթեցէք, որպէսզի ձեր փախուստը ձմեռ ատեն չըլլայ»:
Մտածումդ պահէ, որպէսզի անոր մէջ որեւէ մէկ բան չմտնէ, որ մաքրութիւնդ կը պղտորէ: Զգայարանքդ ալ պահէ, որովհետեւ զգայարանները միտքին դուռն են…
Պահէ նայուածքդ, լսելիդ, ձեռքերդ եւ մնացած զգայարաններդ, քանի որ ինչ որ կը տեսնես ու կը լսես, չի՛ կրնար արգիլել ուղեղդ մտածելու ատոր մասին, կամ ազդուելու անկէ։ Այդ պատճառով, զգուշացի՛ր, աւելի լաւ է:
Իսկ եթէ լսելիքիդ, աչքիդ կամ միտքիդ մէջ անպատշաճ բան մը մտնէ, ապա թոյլ մի՛ տար, որ խորանայ մէջդ: Եւ անցողակի թող ըլլայ…:
Անցողակի բաները զօրաւոր ազդեցութիւն չեն ունենար, իսկ եթէ խորացաւ, ապա ենթագիտակցութեան մէջ կ՚արմատանայ, եւ իր արմատները դէպի սիրտ կ՚երկարէ, եւ նոյնիսկ ազդեցութեան աստիճաններու կը հասնի…
Մոռացութիւնը Աստուծմէ մարդուն տրուած շնորհ մըն է, որու միջոցով կրնայ անցողակի միտքերը ջնջել, եւ ինչ որ զգայարանքէն կ՚անցնի…
Իսկ մտածումները, որոնք ներսիդիդ կը մտցնես, ապա խորքիդ մէջ կը հաստատուին եւ կը կապուին անզգայութեան հետ, զանոնք մոռնալը դիւրին չ՚ըլլար, ու պատճառ կը դառնայ պատերազմի՝ մտածումներու, կասկածներու եւ երազներու, ինչպէս նաեւ աղբիւր՝ ցանկութիւններու եւ ազդեցութիւններու, եւ սկիզբ՝ երկար պատմութիւններու…
Մտածումներու նիւթը տակաւին քննարկելի նիւթ է մեզի համար…
ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ԾԱԽՈՒԻ՞Ն
Հարցում. Եկեղեցւոյ Խորհուրդները կարելի՞ է ծախուին: Որով, օրինակի համար, Մկրտութեան համար գին կը սահմանուի, կամ ճրագին (հիւանդները սրբելուն) եւ կամ միւս խորհուրդներուն:
Պատասխան. Խորհուրդները կարելի չէ ծախել, որովհետեւ Սուրբ Հոգիին գործն են:
Իսկ Սուրբ Հոգիին պարգեւները կարելի չէ դրամով ձեռք ձգել (Առ 8.20):
Իսկ եթէ մարդ Մկրտութեան ժամանակ փափաքի բան մը նուիրել Եկեղեցւոյ, ո՛չ թէ որպէս գին կամ փոխադարձ, որպէս շնորհակալութեան զոհ…, որովհետեւ նման բաներու համար եկեղեցւոյ մէջ գանձանակ կայ, որու մէջ ով ինչ ուզէ կը դնէ, առանց ոչինչ ուզելու իրմէ: Թերեւս եկեղեցին չի ալ գիտնար, թէ այդ անձը բան մը տուաւ, թէ ոչ: Իսկ եթէ եկեղեցին գիտնայ ալ, թէ դրաւ, չի՛ կրնար ճշդել թէ շատ է, կամ քիչ…:
Ընդհանրապէս, մենք կը քաջալերենք մկրտութիւնը, որովհետեւ փրկութեան համար անհրաժեշտ է (Մր 16.16):
Իսկ եկեղեցին, անպայման պէտք է նիւթական փոխադարձ մը ուզէ ատոր փոխարէն…
Աւելին, ուժգնութեամբ կը հրաւիրենք մարդիկը, որպէսզի երթան իրենց զաւակները մկրտելու, եւ կ՚այպանենք զանոնք եթէ ուշացան, եւ կ՚ուրախանանք անոնց հետ մկրտութեան օրը, քանի որ այդ օրը մկրտուածը Եկեղեցւոյ անդամ կը դառնայ, Յիսուսի մարմինին անդամ եւ Աստուծոյ զաւակ… Եթէ մէկը ուրախութեան այդ օրը կ՚ուզէ Աստուծոյ նուէր մը մատուցել, ապա այդ մէկը կը մնայ իր սիրտին ու զգացումներուն…
Պարտադրանք մը չէ ատիկա, ո՛չ ալ փոխարժէք, քաւ լիցի…
Նոյն բանը կ՚ըսենք նաեւ այլ նման խորհուրդներուն համար…:
Հիւանդները սրբելու խորհուրդը, օրինակ, սիրոյ գործ մըն է, եւ խնդրանք մը՝ հիւանդին համար:
Եւ անկարելի է, որ դրամ հաւաքելու առիթ մը ըլլայ…: Որով այդպիսիով կը կորսնցնէ իր մէջ եղող սէրն ու խնամքը…, եւ հիւանդն ալ չի զգար այդ աղօթքին արժէքը, որուն գինը կը վճարէ, եւ որ կարելի չէ առանց փոխարժէքի:
Երանի՜, որ անդադար յիշենք Տէր Յիսուսին խօսքը, ուղղուած Իր աշակերտներուն. «Ձրի առիք, ձրի ալ տուէք» (Մտ 10.8):
Եկեղեցիին որոշ առիթներու վճարուած գումարը, ո՛չ թէ Խորհուրդի փոխարժէք է, այլ՝ սրտաբուխ նուէր Տիրոջ, որ չի՛ կրնար գին ըլլալ:
Խորհուրդները չե՛ն ծախուիր…
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ