ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԵՒ ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ
Վստահաբար մեր սիրելի ու յարգելի ընթերցողներէն շատեր ամէն կիրակի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն: Մասնակցութիւն, ո՛չ միայն ֆիզիքապէս, այլ եւ աւելին՝ հոգեւորապէս:
Պատարագի մասնակցողները կարելի է զանազան խումբերու բաժնել, որովհետեւ իւրաքանչիւր ոք որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պատարագին, շատ յաճախ [ներկայ օրերուն կարելի է ըսել ճնշող մեծամասնութիւնը] ո՛չ թէ հոգեւորապէս կամ գիտակցաբար կը մասնակցի, այլ՝ պարտականութիւն մը կատարելու միտումով, եւ կամ պարզապէս կիրակի առաւօտեան այդ մէկ-երկու ժամը անցընելու, կամ հանդիպելու մարդոց, որոնց հետ շաբթուան ընթացքին առիթ չէր եղած հանդիպելու, եւ բազմաթիւ այլ պատճառաբանութիւններով: Այստեղ չենք անդրադառնար այն հսկայ խումբին, որուն համար եկեղեցի այցելելը վերապահուած է միայն տօնական օրերուն, կամ խորհուրդներու՝ Ս. Մկրտութիւն, Պսակ, Թաղում, մասնակցութեան…: Աւելին, չե՛նք անդրադառնար այն խումբին, որոնք եկեղեցի կ՚այցելեն շիշերով ջուր առնելու, մատաղ տանելու, տոպրակներով խաղող տանելու, եւ այլնի մասին:
Այս գրութեամբ կ՚ուզեմ անդրադառնալ կէտի մը մասին, որ շատ յաճախ Պատարագի մասնակցողներու ուշադրութենէն կը վրիպի: Ճիշդ է, որ ամէն կիրակի Պատարագի կը մասնակցինք, կը հաղորդուինք, օրուան քարոզը կը լսենք, սակայն մեր առօրեային մէջ, մեր կեանքին մէջ մասնաւոր փոփոխութիւն մը չենք զգար: Այն ջերմութիւնը եւ խաղաղ մթնոլորտը, որ կը զգանք Պատարագի ընթացքին, եկեղեցիէն դուրս գալէն ետք կը վերանայ եւ կը վերադառնանք մեր այն վիճակին, որով մէկ-երկու ժամ առաջ եկեղեցի մտած էինք: Թերեւս մեզմէ շատեր, այս երեւոյթը կը վերագրեն կեանքի մերօրեայ ծանրաբեռնուածութեան եւ կեանքին մէջ գոյատեւելու մեզմէ շատերուն ունեցած պայքարին: Մարդկայնօրէն եթէ ընկալենք այս պատճառաբանութիւնը, տրամաբանական է եւ արդարացի, սակայն, եթէ հոգեւոր աչքով փորձենք մօտենալ, այդ պարագային մեր եզրակացութիւնը տարբեր կ՚ըլլայ:
Եթէ հոգեւոր աչքերով մօտենանք ու նման եզրակացութեան մը հասնինք, կը նմանինք այն գիւղացիներուն, որոնք անձրեւի կարիքն ունենալով՝ երաշտէ փրկուելու համար կը հաւաքուին, որպէսզի աղօթք բարձրացնեն Աստուծոյ, որպէսզի անձրեւ տեղացնէ իրենց բերքերուն վրայ: Պայմանաւորուած օրին ու ժամին, բոլոր գիւղացիները նախապէս ճշդուած վայրին մէջ կը հաւաքուին: Ներկաներուն մէջէն միայն փոքրիկ տղայ մըն էր, որ անձրեւանոցով եկած էր: Երբ գիւղացիները զարմացած կը հարցնեն փոքրիկին, թէ ինչո՞ւ համար այս արեւոտ եղանակին անձրեւանոց բերած էր: Փոքրիկը այս անգամ ի՛նք զարմանալով, շուրջիններուն հարցումին հարցումով կը պատասխանէ.
-Դուք ինչո՞ւ համար այստեղ հաւաք-ւած էք:
Գիւղացիները կը պատասխանեն.
-Պիտի աղօթենք, որպէսզի Աստուած անձրեւ տեղացնէ մեր բերքերուն վրայ:
-Այդ պարագային, ինչո՞վ պիտի պաշտպանէք դուք ձեզ, որպէսզի չթրջուիք…
Արդարեւ, մեզմէ իւրաքանչիւրը որ անգիտակցաբար կամ մակերեսային գիտակցութեամբ կը մասնակցի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, կը նմանի այն գիւղացիներուն, որոնք առանց անձրեւանոցներու եկած էին խնդրելու Աստուծմէ, որպէսզի անձրեւ տեղացնէ իրենց վրայ:
Որպէսզի ընթերցողին համար աւելի հասկնալի ըլլայ ըսածս, միասնաբար Ս. Պատարագէն հատուածներ վերցնենք (այստեղ պատարագիչ քահանային ծածուկ աղօթքները չենք ներառներ) եւ փորձենք հասկնալ Պատարագի ընթացքին արտասանուած աղօթքներուն իմաստը եւ խորքը:
Ճաշու ընթերցուածներէն առաջ սարկաւագը խորանէն քարոզի շարք մը կ՚ըսէ դպիրներուն հետ փոխն ի փոխ: Այսպէս, այդ քարոզին մէջ հերթականութեամբ սարկաւագը ի դէմս ժողովուրդին, Աստուծմէ կը խնդրէ խաղաղութեան, ամբողջ աշխարհի խաղաղութեան եւ Եկեղեցւոյ հաստատութեան, բոլոր սուրբ եւ ուղղափառ եպիսկոպոսներուն, մեր հայրապետին կեանքին եւ անոր հոգիի փրկութեան, վարդապետներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն, դպիրներուն եւ եկեղեցւոյ բոլոր ուխտաւոր մանուկներուն, բարեպաշտ թագաւորներուն, Աստուածասէր իշխաններուն, զօրավարներուն եւ անոնց զօրքերուն, հանգուցեալ հոգիներուն՝ որոնք ճշմարտապէս եւ ուղղութեամբ Քրիստոսին հաւատալով ննջեցին, միաբանուած մեր ճշմարիտ եւ սուրբ հաւատքին, մեր անձերը զիրար Ամենակալ Տէր Աստուծոյ յանձնելու համար: Ուշադրութեամբ եթէ կարդանք վերոնշեալները, կը հասկնանք, թէ միութեան օղակ մը կը պատկերանայ մեր դիմաց, որ կը սկսի խաղաղութեան աղերսով հասնելու համար մենք մեզ Տէր Աստոծոյ յանձնելուն: Սակայն, խաղաղութենէն մինչեւ Տէր Աստուծոյ յանձնուելու հասնելու համար, իւրաքանչիւր հաւատացեալ պարտաւոր է անցնելու վերը նշուած ճանապարհը, այլ՝ խօսքով հաւատքի միաբան կեանք մը ապրելու ճանապարհով, ինքզինք եկեղեցւոյ անդամ ըլլալու եւ զգալու ճանապարհով: Բաւարար չէ, միայն բերանով կամ միտքով արտասանել այս խօսքերը, այլ՝ պէտք է գիտակցինք անոնց ետին եղած խորհուրդին: Այսօր, մենք փոխանակ մէկս միւսին համար աղօթելու, մէկս միւսին միսն է, որ կ՚ուտենք, մեր դատապարտութիւններով ու բամբասանքներով, փոխանակ մեր հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարներուն համար աղօթելու եւ անոնց համար իմաստութիւն խնդրելու, կը բնովենք զանոնք, կը հայհոյենք զանոնք (ուշադիր կարդալ վերը նշուած բարեպաշտ, Աստուածասէր բառերը), նոր միայն փորձել եզրակացութիւններ տալ: Տակաւին, մեր խնդրանքները պէտք է գիտակցաբար կատարենք, որովհետեւ Աստուած կ՚ուզէ, որ մենք դիմենք Իրեն: Կիւրեղ Զ. Հայրապետը (Ղպտի Եկեղեցւոյ հայրապետներէն) այսպէս կ՚ըսէ. «Պատարագին երկիւղածութեամբ կանգնէ՛ եւ ձայներուն մի նայիր ու միայն լսողութիւնդ մի հաճեցներ։ Այլ, զգայ թէ Աստուծոյ դիմաց կանգնած ես եւ Ան կը սպասէ որ Իրմէ խնդրես շնորհքներ եւ օրհնութիւններ, որպէսզի տայ քեզի»:
Իւրաքանչիւր Պատարագի ժամանակ հաւատացեալները առիթ ունին իրենց հաւատքի միութիւնը անգամ մը եւս յայտարարելու եւ հաստատելու Հաւատամքի ասութեամբ: Հաւատամքը, արդարեւ, իւրաքանչիւր հաւատացեալի հաւատքի կեանքի սահմանադրութիւնն է, ուր մանրամասնութեամբ արձանագրուած է, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ պէտք է ընթանայ ան, հասնելու համար յաւիտենական հանգիստին եւ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ ապրելուն:
Քահանան իր հրապարակային աղօթքներուն մէջ տեղ մը կ՚ըսէ. «Դուն [Քրիստոս], որ Քու կամքովդ այս ժամուն մեր մեղքերուն համար խաչին ու մահուան չարչարանքներուն համբերեցիր եւ Սուրբ Հոգիիդ պարգեւները առատօրէն շնորհեցիր երանելի առաքեալներուն: Կ՚աղաչենք, Տէ՛ր, մեզ եւս հաղորդակից դարձո՛ւր աստուածային պարգեւներուդ, մեղքերու թողութեան եւ Ս. Հոգիիդ ընդունելութեան»: Հաւատքի դաւանութիւն մը եւս այստեղ, որով քահանան կը խոստովանի, թէ Տէր Յիսուս մեզի՝ մարդոց համար համբերեց խաչի եւ մահուան չարչարանքներուն, Իր պարգեւները առատապէս բաշխեց առաքեալներուն, որով քահանան իր եւ իր հօտին համար կը խնդրէ Քրիստոսէն, որպէսզի մեզ եւս հաղորդակից դարձնէ այդ պարգեւներուն, մեղքերու թողութեան եւ Սուրբ Հոգիին ընդունելութեան: Իսկ երբ մարդ այս բոլորը կը հասկնայ, կ՚ըմբռնէ, աւելին՝ կը ստանայ, բանական է, որ իր կեանքին մէջ պէտք է փոփոխութիւն մտնէ, իր մտածողութիւնը, ապրելակերպը պէտք է վերաթարմանան, նորոգութիւն ստանան եւ Սուրբ Հոգիով լուսաւորուած շարունակէ իր կեանքը:
Դարձեալ քահանան կ՚ըսէ. «Քու խաղաղութեամբ, Քրիստոս մեր Փրկիչը, որ ամէն միտքէ եւ խօսքէ վեր է, ամրացո՛ւր մեզ եւ աներկիւղ պահէ՛ բոլոր չարիքներէն: Մեզ հաւասարեցուր Քու ճշմարտացի երկրպագողներուն, որոնք հոգիով եւ ճշմարտութեամբ կ՚երկրպագեն Քեզի…». Քրիստոսի խաղաղութիւնը, որ «այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է» (Յհ 14.27), որ քահանան կը խնդրէ Քրիստոսէ, որպէսզի այդ խաղաղութեամբ աներկիւղ եւ զօրաւոր մնանք, համաձայն Իր խօսքին, թէ՝ «մի՛ խռովիք եւ մի՛ վախնաք» (Յհ 14.27): Աւելին, քահանան կը խնդրէ, որպէսզի Քրիստոս մեզ ճշմարիտ երկրպագուներ դարձնէ Աստուծոյ, որովհետեւ «հոգի է Աստուած, եւ Անոր երկրպագուները պէտք է հոգիով եւ ճշմարտութեամբ զայն պաշտեն» (Յհ 4.24): Իւրաքանչիւր հաւատացեալ պարտաւոր է ենթարկուելու այս բացարձակ ճշմարտութեան եւ ինքզինք այդ ճշմարտութեան կրողը դարձնէ, այսինքն՝ հոգեւորի եւ ճշմարիտի ընկալումով մօտենայ Ամենակալին, ո՛չ թէ ֆիզիքական եւ նիւթական ընկալումներով: Հոգեւորին ու ճշմարիտին մէջ նիւթի եւ ֆիզիքականի ներկայութիւնը կը խաթարեն այդ զոյգ ճշմարտութիւնները, ո՛չ միայն կը խաթարեն, այլեւ՝ կ՚ապականեն, որով ենթական ալ կը շեղցնեն իր բռնած ուղիղ ճանապարհէն: Ապա, մարդ պէտք է հոգիով եւ ճշմարտութեամբ, առաքինի կեանքով երկրպագէ ու պաշտէ զԱստուած, Որ Իր առատ ողորմութիւններն ու օրհնութիւնները կը հեղու Իրեն հաւատացողներուն վրայ, անոնց համար վահան ու պարիսպ ըլլալով ընդդէմ չարին բոլոր յարձակումներուն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 1
16 մայիս 2022, Վաղարշապատ