ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՏՈՒԿԻՆ. «ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԸ ԵԹԷ «ԻՅՆԱՅ», ՊԻՏԻ ՀԵՏԵՒԻ ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՆԿՈՒՄԸ»

Ռուս մտաւորական եւ քաղաքական փիլիսոփայ, վերլուծաբան Ալեքսանտր Տուկին հիւրն էր «Sky News Arabia» կայքէջի «Մոսկուայէն» խորագրեալ հաղորդման: Զրոյցի ընթացքին ան Ուքրայնայի մէջ ռուսական ռազմական գործողութիւնը համարած է մարտահրաւէր Արեւմուտքի գերիշխանութեան, նաեւ նշած է, որ այդ կապակցութեամբ Ռուսաստան սեղանին դրած է իր բոլոր խաղաքարտերը: Ըստ Տուկինի, Ռուսաստան այլընտրանք չունի բացի յաղթանակէ: Հարցազրոյցի շահեկանութեան համար, զայն արաբերէնէ թարգմանելով կը ներկայացնեմ իմ ընթերցողներուն։

*

-Ուքրայնայի հակամարտութեան ֆոնին խօսած էք, որ յաղթանակը ստոյգ է Արեւմուտքին դէմ: Ի՞նչ բանի հիման վրայ ըսած էք այդ մէկը:

-Ուքրայնայի մէջ ռազմական գործողութիւնը Ռուսաստանի համար պարզապէս տեղական հակամարտութիւն մը չէ, որ հետեւանքներ պիտի ձգէ սովորական այլ տեղական հակամարտութիւններու պէս: Ռուսաստան սեղանին դրած է իր բոլոր խաղաքարտերը՝ դիմակայելու Արեւմուտքի բացարձակ գերիշխանութեան։ Ռուսաստան կա՛մ պիտի յաղթէ եւ կամ ոչնչացուի, ուրիշ ելք չկայ: Արեւմուտքը հարցը ուրիշ տեսանկիւնէ կը դիտէ. ան կը կարծէ, որ Ուքրայնան կրնան պահել իր վերահսկողութեան տակ: Արեւմուտքը ինքզինք փակուղիի առջեւ չի տեսներ, հակառակ Ռուսաստանի, որ Արեւմուտքի կեցուածքներուն պատճառաւ յայտնուեցաւ փակուղիի մէջ: Կարելի է ըսել, որ Ուքրայնայի պատերազմով Ռուսաստան այրեց բոլոր կամուրջները, այլեւս ետդարձ չկայ, նաեւ այլընտրանք չկայ բացի յաղթանակէ:

-Ըստ ձեզի, ի՞նչ են յաղթանակի չափանիշները:

-Որպէս վերլուծաբան, նկատի առնելով Ուքրայնայի պատերազմի նպատակները՝ ազատագրել Ուքրայնայի կողմէ բռնագրաւուած ազգային տարածքները, արմատախիլ ընել նացիականութիւնը, ճանչնալ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի անկախութիւնը, ռուսական վարչակազմ հաստատել Խերսոնի մէջ, կարելի է ըսել, թէ կան երկու տեսակի յաղթանակներ՝ մեծ եւ փոքր: Փոքր յաղթանակը կը սկսի ազատագրելով Ուքրայնայի բռնակցուած ռուսական տարածքները, այդ բաւական երկար ժամանակ պիտի պահանջէ, բայց կարելիութիւն պիտի ստեղծէ ազատագրելու Օտեսայէն մինչեւ Խարքով: Այս ազատագրումները փոքր յաղթանակ կը նկատուին, որովհետեւ Ուքրայնայի մէջ նացիական վարչակարգի գոյատեւումը կը նշանակէ ապագային նոր պատերազմ մը, քանի որ Արեւմտեան Ուքրայնան անմիջապէս պիտի միանայ ՆԱԹՕ-ին: Իսկ մեծ յաղթանակը այն է, երբ ամբողջ Ուքրայնան ազատագրուի, որովհետեւ այն ատեն պիտի ունենանք նոր Ուքրայնա մը, որ կարելի է կցել Ռուսաստանին:

-Կը կարծէ՞ք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնը եւ ՆԱԹՕ-ն պիտի դիտեն եւ թոյլ տան, որ Ռուսաստան իրականացնէ ձեր նշած յաղթանակը:

-Անշուշտ, անոնք պիտի չբաւարարուին դիտելով: Արեւմուտքը ներգրաւուած է ռուս-ուքրանական հակամարտութեան մէջ անսահման կերպով եւ անշուշտ աջակցելով Քիեւին: Նաեւ ՆԱԹՕ-ն ուժգնօրէն կ՚աջակցի Քիեւին, հետեւաբար յառաջիկայ մագլցումը պիտի ըլլայ ուղիղ առճակատում ՆԱԹՕ-ի եւ Ռուսաստանի միջեւ։ Այսինքն, բոլոր ռազմականգործողութիւնները պիտի բարձրացուին միջուկային առճակատման մակարդակի: Այս առումով Ռուսաստան պատրաստ է այս բեմագրութեան, բայց արդեօք Արեւմուտքը պատրա՞ստ է միջուկային առճակատման, որ պիտի յանգեցնէ աշխարհի ու մարդկութեան ոչնչացման: Արեւմուտքի վիճակը այնքան ալ ճգնաժամային չէ այս փուլին, ան կրնայ շարունակել իր աջակցութիւնը Ուքրայնայի եւ ամէն ձեւով փորձել երկարաձգել հակամարտութիւնը ու մեկուսացնել Ռուսաստանը: Ես կը կարծեմ, որ Արեւմուտքը չ՚անցնիր միջուկային պատերազմի փուլին, հետեւաբար պիտի աշխատի թոյլ չտալ Ռուսաստանի, որպէսզի յաղթանակ տանի:

-Արդեօք ձեր խօսքէն պէ՞տք է հասկնալ, որ եթէ Ռուսաստան յաղթանակ չտարաւ ռազմական սովորական զէնքերով, կրնայ դիմել միջուկային զէնքի:

-Ո՛չ, ես այս իմաստը երբեք նկատի չունէի: Կ՚ուզեմ շեշտել, որ Ռուսաստան պիտի օգտագործէ աւանդական զէնքերը՝ իրագործելու համար իր յայտարարած նպատակները: Մոսկուան միջուկային զէնքի չի դիմեր այս գործողութեան ընթացքին, բայց եթէ Ուաշինկթըն ​​կամ ՆԱԹՕ-ն ուղղակիօրէն միջամտեն, օգտագործելով իրենց հրթիռները ու հարուածեն ռուսական թիրախները, այն ատեն հարցը պիտի վերածուի միջուկային առճակատման, միայն այս պայմաններու տակ Ռուսաստան թերեւս դիմէ միջուկային զէնքի։ Ներկայիս յաղթանակը պէտք է տարուի սովորական զէնքերով եւ զայն միջուկային առճակատման վերածելու որոշումը Ռուսաստանի ձեռքը չէ, այլ ԱՄՆ-ի ու ՆԱԹՕ-ի, այսինքն երկու միջուկային զէնքեր ունեցող երկիրներու միջեւ պատերազմ ստեղծելու որոշում կայացնողը Ռուսաստան պիտի չըլլայ:

-Դուք կոչ ուղղած էք վերադարձնելու եւրոպական սահմանները նախքան Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի սահմաններուն: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս:

-Ես երբեք կոչ չեմ ուղղած սահմաններու փոփոխութեան: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն առաջ, այդ սահմանները բոլորովին տարբեր էին այսօրուայ սահմաններէն: Ես համոզուած եմ, որ Ռուսաստանի, Ուքրայնայի եւ Սպիտակ Ռուսիոյ ժողովուրդները պէտք է ապրին քաղաքական եւ աշխարհագրական միասնականութեամբ: Արեւմուտքը շահագործեց մեր երբեմնի տկարութիւնը եւ պառակտեց մեր պատմական միասնականութիւնն ու եղբայրական կապերը: Մեր նախագահը կոչ կ՚ուղղէ, որ իրավիճակը վերադառնայ ինչպէս որ էր 1997-էն առաջ: Այսինքն կը մերժէ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու անդամակցիլը ՆԱԹՕ-ի: Ճիշդ է, որ այս դժուար պահանջ է, բայց բանակցութիւններով կարելի էր լուծել: Նախկին Սովետական Միութեան տարածքը պէտք է կա՛մ չէզոք եւ կամ Ռուսաստանի բարեկամ մնայ, բայց ոչ թշնամի: Թշնամի երկրի մը ներկայութիւնը այդ տարածքէն ներս Ռուսաստանի համար պատերազմ կը նշանակէ:

-Դուք խօսած էք նոր աշխարհի մը կերտումի մասին Ուքրայնայի պատերազմէն ետք: Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ այս նոր աշխարհի ձեւը, ըստ ձեզի, եթէ անշուշտ ձեր ըսածը պատահի եւ Ռուսաստան յաղթանակ տանի։

-Նոր աշխարհը պիտի ըլլայ բազմաբեւեռային: Ռուսաստան խզեց տնտեսական, մշակութային, ճարտարագիտական եւ լրատուական իր յարաբերութիւնները Արեւմուտքին հետ, միայն իր սեփական քաղաքակրթութիւնը ունի որպէս հիմք, Չինաստանին պէս, որ նոյն իրավիճակին մատնուած է ԱՄՆ-ի հետ իր լարուած յարաբերութեանց հետեւանքով։ Այսօր Ռուսաստանն ու Չինաստանը կը կազմեն երկու անկախ միջազգային բեւեռներ: Կայ նաեւ Հնդկաստանը, որ չ՚ուզեր մաս կազմել Ռուսաստանի դէմ կիրառուած պատժամիջոցներուն, Փաքիստանն ալ այդպէս էր, նախքան վերջին յեղաշրջումը, որուն ետեւը կանգնած է Ուաշինկթըն: Իսլամական աշխարհն ալ կրնայ օգտուիլ այս մարտահրաւէրէն, որ Ռուսաստան սկսաւ ընդդէմ Արեւմուտքին: Այն գինը, որ Ռուսաստան կը վճարէ ստեղծելու բազմաբեւեռային աշխարհ մը՝ շատ սուղ է, բայց այս նոր համակարգը ո՛չ միայն մեր օգտին է, այլեւ՝ բոլոր այն երկիրներուն, որոնք կը մերժեն Արեւմուտքի գերիշխանութիւնը:

-Դուք ակնարկեցիք, որ Չինաստան անկախ է ու մեկուսացած, բայց իրականութեան մէջ Չինաստան ունի առեւտրային ու տնտեսական յարաբերութիւններ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հետ, ան անջատուած չէ արեւմտեան աշխարհէն:

-Ճիշդ է, Չինաստան ունի առեւտրական գործարքներ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի հետ, բայց անիկա որակուած է, որպէս թիւ մէկ թշնամի: Չինացիք թերեւս չեն ուզեր անջատուիլ աշխարհէն, բայց շատ լաւ գիտեն, որ արեւմտեան շուկաներէն անկախանալը անխուսափելի է, եթէ կ՚ուզեն յառաջանալ իրենց նուաճումներուն մէջ: Այսօր չինական բոլոր ընկերային հարթակները մեկուսացուած ու փակ են Արեւմուտքի առջեւ: Յամենայնդէպս, Չինաստան համարեա անկախ է Արեւմուտքէն եւ խելացիօրէն կ՚աշխատի ձեռք բերել ամբողջական անկախութիւն, որովհետեւ գիտէ, թէ փախուստ չկայ Արեւմուտքի հետ առճակատումէն, ինչպէս տեղի կ՚ունենայ Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ: Չինաստան կը պատրաստուի այդ բախումին:

-Չինաստանի փորձի ձեւաչափը մէկ օրուայ արգասիք չէ, չինացիք այս ճամբով քալած են երկար տարիներ մինչեւ, որ հասած են այս հանգրուանին: Ռուսաստան արդեօք պատրա՞ստ է անջատուիլ արդի աշխարհէն ու ձերբազատուիլ Արեւմուտքէն ու արեւմտեան ճարտարագիտութենէն:

-Ես համաձայն եմ, որ Ռուսաստան չէ աշխատած այս ուղղութեամբ, ինչպէս Չինաստանը: Եւ այստեղ կը կայանայ մեծ առեղծուածը, ինչ որ մէկը պէտք էր դիմակայեր Արեւմուտքի գերիշխանութեան։ Չինաստան պատրաստուած էր, բայց չգնաց այդ քայլին ընդդէմ ԱՄՆ-ի: Միւս կողմէ, Մոսկուա թէեւ ինքզինք պատրաստած չէր, բայց մենամարտի հրաւիրեց Ուաշինկթընը: Հակառակ Չինաստանի փորձի առաւելութիւններուն, զայն կրկնելը այնքան ալ նպատակայարմար չէ Ռուսաստանի համար, որովհետեւ չենք կրնար վերադառնալ համայնավարական համակարգին: Ռուսաստան այժմ պիտի ձգտի կերտելու իր ինքնուրոյն քաղաքակրթական ձեւաչափը:

-Ուքրայնայի մէջ ռազմական գործողութիւնը սկսելէն օրեր անց, կոչ ուղղեցիք նախագահ Փութինին, որպէսզի յեղափոխութիւն կատարէ եւ փոխէ վերնախաւը: Ի՞նչ նկատի ունէիք:

-Այսօր Ռուսաստանի մէջ պատկերը հետեւեալն է. կայ ժողովուրդը, որ բոլորովին կ՚աջակցի ռուսական յատուկ գործողութիւններուն Ուքրայնայի մէջ, կ՚աջակցի ամենայն գիտակցութեամբ ու համոզումով, ժողովուրդը մեծամասնութեամբ գիտէ, որ մենք ենք ճիշդը եւ Արեւմուտքը թշնամին է: Սակայն կայ 10 տոկոս մը, որ դէմ է այս պատերազմին, անոնք կ՚աջակցին Արեւմուտքին եւ այս տոկոսը կը տիրապետէ երկրի տնտեսութեան մեծ մասին, անոնք կ՚աղաւաղեն Ուքրայնայի ռազմական գործողութիւնները, եւ կռնակէն կը հարուածեն մեր նախագահն ու ժողովուրդը։ Այդ պատճառով կոչ ուղղեցի նախագահ Փութինին բարեփոխութիւններ կատարելու վերնախաւին մէջ, սակայն ան ոչինչ ըրաւ, թերեւս մտածելով, որ այս հարցին կարելի է անդրադառնալ աւելի ուշ:

-Ուքրանական այս ճգնաժամը, ըստ ձեզի, կրնա՞յ ազդել Փութինի յառաջիկայ քաղաքական ասպարէզին վրայ։ Արդեօք նախագահ Փութին կրկին պիտի կարենա՞յ իր թեկնածութիւնը առաջադրել նախագահական ընտրութիւններուն:

-Փութին փաստեց, որ ինք անցողիկ առաջնորդ մը կամ ժամանակաւոր նախագահ մը չէ մեր երկրին համար, այլ ան իսկական առաջնորդ է, նոյնիսկ կարելի է ըսել կայսր: Անոր իշխանութեան մնալը դրական ազդակ կը համարուի երկրին ու համակարգին համար, որովհետեւ Արեւմուտքը միշտ կ՚աշխատի նախագահները փոխել եւ ընտրել անոնք, որոնք կ՚ենթարկուին իրեն, եւ անոնք՝ որոնք Արեւմուտքի աջակից վերնախաւէն են: Հետեւաբար այդ վերնախաւին հետ կապը բոլորովին կտրելու համար նախագահը բաւական երկար ժամանակ պէտք է մնայ իշխանութեան գլուխը: Ճիշդ է, որ Փութինը իշխանութեան բերին 90-ականներու իշխող խմբակցութիւնները, սակայն ան անջատուեցաւ անոնցմէ ու կողմնակցեցաւ ժողովուրդին եւ պետութեան:

Եթէ Ռուսաստան չյաղթէ Ուքրայնայի մէջ, գոյութիւն պիտի չունենայ ո՛չ Ռուսաստան, ո՛չ Արեւմուտք, ո՛չ արաբական աշխարհ, ոչ ալ ուրիշ որեւէ բան, այս հարցը շատ վտանգաւոր է: Ռուսաստան Փութինին համար կրօնական առաքելութեան նման վիճակ մը կը համարուի եւ անոր դաւաճանելը ո՛չ միայն երկրի դաւաճանութիւն է, այլ նաեւ՝ Աստուծոյ: Փութինի համար Ռուսաստան սուրբ արժանիքներու եւ սկզբունքներու մարմնացումն է, եթէ սպառնալիք կայ, որ Ռուսաստան պիտի պարտուի ու իյնայ որպէս անկախ երկիր, ուրեմն կը նշանակէ, որ անոր պիտի յաջորդէ աշխարհի անկումը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 28, 2022