ԹԱՐԳՄԱՆԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
Թերթիս յարգարժան ընթերցողներուն կը ներկայացնենք երեքշաբթի, 15 յունիս 1971-ին թերթիս էջերուն մէջ լոյս տեսած Արշակ Եղիկեանի գրութիւնը նոյնութեամբ:
Կարելի չէ ուրանալ, թէ թարգմանութիւնը մեծ դեր ու օգտակարութիւն ունեցած է գրական գործերու ընդհանրացման մէջ: Առանց անոր շատ շատերուն համար անկարելի պիտի ըլլար ճանչնալ բոլոր այն հրաշակերտները, որոնք հանճարեղ միտքերէ ծնունդ առած են, որովհետեւ ամէնուն տրուած չէ բազմալեզուագէտ ըլլալով, վէպերը, բանաստեղծութիւնները եւ գրական արժէքաւոր գործերը իրենց բնագրին մէջ կարդալով, տալ միանգամայն անոնց հարազատ ոճն ու շունչը: Հեղինակը երբ կը ստեղծագործէ, կ՚անսայ լոկ իր ներշնչումներուն, որոնց հլու գերին ու ստրուկն է ան եւ իւրաքանչիւր էջ, իւրաքանչիւր նախադասութիւն կը կրէ իր անհատականութիւնը յատկանշող կնիքը, որմէ կարող չէ ձերբազատուիլ: Բնութեան եւ տարերային պոռթկումներու ոեւէ պատկերացում մը, պատմական կամ երեւակայական դէպքերու նկարագրութիւն մը, հոգեբանական երեւոյթներու վերլուծում մը, բարքերու եւ վիճակներու ուսումնասիրութիւն մը, անպայման բոլորն ալ կ՚ենթարկուին աներեւոյթ ազդակներու, որոնք ձեւ ու մարմին կու տան նիւթին ու գաղափարներուն: Ստեղծագործ միտքը երբ իր ներշնչումները թուղթին վրայ կը դրոշմէ, թերեւս յաճախ կ՚անգիտանայ, թէ ինքը կրնայ օր մը անմահներու շարքը դասուիլ: Ոչ իսկ պահ մը կանգ կ՚առնէ այս կէտին վրայ անիկա: Իր միակ մտասեւեռումն է արտադրել, շարունակ արտադրել, առանց խորհելու, թէ ամբողջ աշխարհ կրնայ իրմով շահագրգռուիլ:
Սակայն երբ վերջակէտը դնելով հեղինակը կ՚աւարտէ իր գործը եւ զայն հրատարակութեան կը յանձնէ, այն ատեն ալ թարգմանիչն է որ իր կարգին աշխատանքի լծուելով, տարբեր լեզուներու պիտի վերածէ զայն:
Եթէ ոեւէ ստեղծագործութիւն ունի իրեն մասնայատուկ դժուարութիւնները, որոնք ինքնաբուխ ներշնչման անդիմադրելի հոսանքին ենթարկուելով, անխուսափելիօրէն կը հպատակին նաեւ ոճի, լեզուի ու ձեւի օրէնքներուն, պահելով միշտ անհատականութեան մը անջնջելի դրոշմը, սակայն շատ աւելի բարդ ու կնճռոտ է դերը թարգմանչին, որ բնագրին առաւելագոյն հարազատութիւնը պահելու նուիրական պաշտօնը ստանձնած է: Ան պարտաւոր է ոչ միայն բառերու եւ նախադասութիւններու առարկայական համարժէք բացատրութիւն գտնել ու ներկայացնել, այլ նաեւ անոնց խորքին մէջ պահուած թաքուն իմաստին թափանցելով տալ անոնց համապատասխան, տրամաբանական եւ գաղափարական մեկնաբանութիւնը, նոյնանալով հեղինակին անհատականութեան հետ, ապա թէ ոչ կատարուած աշխատանքը կը մնայ թերի ու անկատար:
Թէեւ պէտք է ընդունիլ, թէ թարգմանութիւն մը որքան որ կատարեալ ըլլայ, թարգմանիչը որքան ալ երկու լեզուներուն առաւելագոյն չափով տիրացած ըլլայ, իր գործը որքան ալ խղճմտօրէն ու բծախնդիր կերպով կատարած ըլլայ, դարձեալ գործը բնագրին հարազատութենէն որոշ մաս մը կը կորսնցնէ, ասիկա անհերքելի ճշմարտութիւն մըն է, որովհետեւ ամէն լեզու իր յատուկ ասացուածքները, գաղափարներու եւ խորհուրդներու արտայայտութիւնը իրեն յատուկ բացատրութիւնները ունի, զորոնք թարգմանիչը պարտաւոր է նմանողաբար փոխադրել, որով գործը իր իրական արժէքէն ու գեղեցկութենէն անխուսափելիօրէն կը տուժէ:
Արդէն թարգմանիչին համար ալ ուրիշ կերպ շարժիլ բացարձակապէս անհնար է. ան պարտաւոր է իր տրամադրութեան տակ գտնուած միջոցներով բաւարարուիլ:
Այսօր քանինե՞ր արդեօք կարող են իրենց բնագրին մէջ կարդալ հելլէն գրականութեան նախահայր Հոմերոսին «Իլիական»ն ու «Ոդիսական»ը, կամ Պղատոնը, Սոփոկլէսը, Էսքիլէզը: Տանթէի «Աստուածային կատակերգութիւնը» արդեօք որքա՞ն տուժած է երբ իր ծննդավայրէն դուրս ելլելով տարբեր լեզուներու մէջ մուտ գործած է: Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ Ճօն Միլթընի «Դրախտ Կորուսեալի» մասին: Կարելի՞ է պնդել, թէ Մօլիէրի բոլոր կատակերգութիւնները ֆրանսերէնէ տարբեր լեզուներու թարգմանուելու ընդունակ են, կամ Ռասին ու Քօրնէյլի ողբերգութիւնները որքան կրցած են պահել իրենց գոյնը եւ ֆրանսերէն լեզուի ամբողջ քերթողական գեղեցկութիւնը: Անգլերէնի անգիտակ եղողներուն համար Շէյքսբիրի գործերուն լեզուն իսկ կը մնայ օտար ու անհարազատ: Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ Զօլայի համար, որ բնապաշտ դպրոցին ամենակարկառուն դէմքերէն մին ըլլալով, այնքան զօրաւոր ու կենդանի գոյներով նկարագրած է կեանքի բազմատեսակ դրուագները, բոլորն ալ խորապէս ուսումնասիրուած:
Անվերջ կարելի է երկարել շարքը պերճիմաստ օրինակներու, որոնք սակայն կարող չեն ժխտելու թարգմանական արուեստի մը գոյութեան իրաւունքը, որովհետեւ անոր շնորհիւ մենք կարող ենք որոշ չափով մը ճանչնալու, ծանօթանալու օտար լեզուներով հրատարակուած հրաշակերտներու, որոնք գրական աշխարհին մէջ դիրք գրաւած ու համբաւ շահած են: Տակաւին վերջերս առիթը ունեցանք կարդալու Կապրիէլէ տ՚Անունցիոյի «Ֆօր սէ քէ մի, ֆօր սէ քէ նօ» (թերեւս այո, թերեւս ոչ) հոյակապ մէկ վէպը: Արդ, կարելի է վստահաբար ըսել, թէ թարգմանիչը իր գեղեցիկ թարգմանութեամբ ա՛լ աւելի արժէքաւորած է այդ գործը: Այսօր թարգմանութեան շնորհիւ, հնդիկ մեծանուն բանաստեղծ Ռապինաբանաթ Թակորի գործը տարածուած է ամէն կողմ:
Թարգմանիչը երբ կատարելապէս տէրն է երկու լեզուներուն, պէտք է ջանայ թափանցել հեղինակին ոգիին ու խորքին, ու ըստ այնմ արտայայտէ յայտնաբերուած գաղափարներն ու պատկերները, նման այն նուագահարին, որ չի գոհանար միմիայն գրուածը նուագելով, այլ անիկա կը փորձէ երեւան հանել բոլոր այն թաքուն գանձերը, որոնք պահած են ձայներուն ետին, անծանօթ, յոյզերու եւ ապրումներու անսպառ գանձեր, որոնք ստեղծագործ հանճարը յատկանշելով Արուեստը իր առաւելագոյն աստիճանին կը բարձրացնեն:
***
Իսկ այստեղ ալ ընդթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Շաւարշ Միսաքեանի մէկ գրութիւնը՝ «Հայերէնէ հայերէն» խորագիրը կրող, ուր Միսաքեան անդրադարձ կը կատարէ Խորհրդային Հայաստանի գործածած հայերէնին: Այսօր, թէեւ մի քանի տասնամեակ անցած են Խորհրդային Միութեան փլուզումէն, սակայն Խորհրդայնութեան ազդեցութիւնը մինչեւ օրերս տակաւին ի զօրու է, եւ շատ յաճախ չափազանցուած կերպով:
Ահաւասիկ գրութիւնը, որ Միսաքեան գրած է 1935-ին:
Նարդունին կը շարունակէ թարգմանել…
Ի՜նչ: «Խորհրդային Հայաստան», եւ ուրիշ ինչ որ կը հրատարակուի կարմիր գիծէն ներս։
Բայց հայերէն չէ՞ «Խորհրդային Հայաստանը»։
Հայերէնէ հայերէն… Կարդացէք որեւէ էջ խմբագրական յօդուած, թարգմանութիւն, լուր թէ խորագիր։
- «Յերկաթուղային տրանսպորտի լրտեսական դիվերսիոն կազմակերպության դատավարությունը»։
- «Հայմատառի դիրեկցիան թիւ 101 գրութեամբ դեռ Մարտ 9ին կարգադրել էր Ղարաքիլիսայի իր բաժանմունքին բաց թողնել Ստեփանավանի շրջանի «Ստալին-Շահումյան կոլտնտեսությանը յերկու վագոն շինափայտ՝ գոմաշինարարության համար»։
- «Ղարաքիլիսայից գրում են վոր հակառակ Անդրյերկոմի պլենումի վորոշման, տեղական տնտեսության բաժինը Քաղկոոպին պատկանող շէնքն ապորինի կերպով վերցրել եւ հանձնել են ֆիզկուլտ կազմակերպությանը»։
- «Շախմատի փոքր չանպիոնատի վերջնական արդիւնքները»։
- «Դիլիջանի շրջանային բարդ ասորտիմենտի խանութի դիրեկտորի նամակը բոլոր շրջանային խանութների դիրեկտորներին ու գյուղկոոպների նախագահներին»։
Շարք մըն ալ առանձին բառեր.-
Զոտեխնիկ, կոնտինգենտ, զոռվետմասնագետներ, պոեզիա, լիրիկական, էնտուզիազմ, ֆանատիկոս, էֆեկտիվություն, տերիտորյալ, ոբյեկտ, մոբելիզացիա, ակտիվություն, կոնկրետ, տրոպիկական, տուբերկուլյոզային, կինոմատոկրաֆիա, կուլտուրա, հոնորար, որիգինալ, կոմպոզիտոր, դիվերտիսմենտային, եստրատային, սեանս, բրիգատային…
Փնտռէ որքան կ՚ուզես։ Նոյնիսկ աչքերդ գոց։
Երեւակայեցէք ոչ միայն ընթերցողին, այլեւ գրաշարին վիճակը, եթէ հարկադրուէինք նոյնութեամբ արտատպել խորհրդային ո՛րեւէ հրատարակութիւն, զեկուցում կամ լուր։
Տուած նմոյշներս շարած ատեն, գրաշար Արամը վեր վազեց եւ խոնարհաբար դիտել տուաւ.
- Խորագիրը «հայերէնէ հայերէն» գրած էք, սխալ չէ՞. կարծեմ «չինարէնէ հայերէն» ըսել կ՚ուզէք…
Եկուր եւ համոզէ գրաշարը, «վորակյալ բանվոր», որպէսզի «թշնամական» դիրք չբռնէ Երեւանցիներուն դէմ։
Ուրեմն, ստիպուած ենք խմբագիր մը յատկացնել, որպէսզի հայերէնէ հայերէն թարգմանէ խորհրդային հրատարակութիւնները, ինչպէս կ՚ընենք «Թան»ի, «Թայմզ»ի, «Լոքալ Անցայկըր»ի կամ «Ճիւմհուրիյէթ»ի համար։
Այլապէս, վստահ եմ, որ ո՛չ իսկ աչքէ պիտի անցընէք Հայաստանի վերաբերեալ ո՛րեւէ լուր կամ զեկուցում, ինչքան ալ շահեկան ըլլայ։
Փորձը կը տեսնեմ ամէն օր։ Ոեւէ մէկուն յանձնեցէք «Խորհրդային Հայաստան» մը, «Պրոլետար» մը կամ ուրիշ հրատարակութիւն, - հազիւ աչք մը նետած, մէկդի կը դնէ ջղագրգիռ:
17 Փետր. 1935
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ