ԶԳԱԼ ԲԱԶԿԵՐԱԿԸ
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը շատ լայն արձագանգ ստեղծած է զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Էրտողան-Փաշինեան հեռախօսազրոյցի նոյն օրը Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութիւնը կապուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանին։ Առաջին ալիքի ուղիղ եթերին վրայ, օրուայ գլխաւոր լուրերու հաղորդման ընթացքին, Արա Գօչունեան տեսակապով մեկնաբանեց այս հեռախօսազրոյցը, որ այդ պահու դրութեամբ օրակարգի հրատապ նիւթն էր։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս զրոյցին սղագրութիւնը։
*
-Ի՞նչ արդիւնք է սա։ Ի՞նչ տողատակեր կան, որոնք բացուելու կարիք ունին։ Բոլորը կը քննարկենք կապ հաստատելով Թուրքիա եւ կը զրուցեմ Իսթանպուլի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։ Շնորհակալ եմ ժամանակ գտաք ու միացաք մեզի։ Պարոն Գօչունեան, շատ հակիրճ կը խնդրէի, որպէսզի ձեր մեկնաբանութիւնը տայիք, ըստ էութեան, երկու երկիրներու ղեկավարներու առաջին հեռախօսազրոյցի մասին։ Ի՞նչ ակնկալիքներ կան։ Արդեօք այս հեռախօսազանգը պայմանաւորուա՞ծ էր բանագնացներու վերջին հանդիպման հետ եւ արդեօք ա՞յդ հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած է նման զանգի պայմանաւորուածութիւնը։
-Չենք իմանար յստակ այդ հանդիպման ժամանակ էր, թէ ոչ, բայց բնականոնացման գործընթացի տրամաբանական շարունակութիւնն է, այդ շրջանակին մէջ է միանշանակ։ Ցիւրիխեան ձախողուած արձանագրութիւններէն ի վեր Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարութիւններու միջեւ առաջին անգամ գագաթի վրայ շփում տեղի կ՚ունենայ։ Խօսքը կը վերաբերի այսօրուայ հեռախօսազանգին, որու սկիզբին՝ երկու մայրաքաղաքներէն հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ փոխադարձ տօնական շնորհաւորանքները նշելու վերաբերեալ արտայայտութիւնները կը նշանակեն, որ ղեկավարները կը փորձեն արդէն հասարակական կարծիքները ձեւով մը առաջնորդել շատ աւելի լիցքաթափուած, շատ աւելի հանգիստ մթնոլորտի մէջ, ուրեմն, վերաբերուիլ բնականոնացման գործընթացի շարունակութեան եւ շատ աւելի լիցքաթափուած, ուրեմն, պատրաստ ըլլալ յառաջիկայ իրադարձութիւններուն, որոնք, ըստ էութեան, մինչեւ հիմա եղածներէն աւելի պիտի տարբերին եւ, ըստ երեւոյթին, շատ աւելի կառուցողական, շատ աւելի դրական հունի մէջ պիտի ընթանան։
-Եզրափակելով որոշակիօրէն, արդեօք սա լա՞ւ ազդակ է եւ ձեռք բերուած պայմանաւորութիւնը՝ ցամաքային սահմանը բանալու հետ կապուած, սա տրամաբանական շարունակութիւնն է։ Ի՞նչ կրնայ այս բանին յաջորդել։ Արդեօք հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման գործընթացը խոշոր հաշուով այս հեռախօսազանգով կարելի՞ է կայացած փաստ համարել գոնէ թէ գործընթացը։
-Ըստ երեւոյթին, գործընթացի շարունակութեան հաւանական արագութեան կամ դանդաղութեան վերաբերեալ Անգարայի եւ Երեւանի դիրքորոշումները դեռ եւս չեն համընկնիր հարիւր տոկոսով։ Բայց գագաթի վրայ հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է, սա կը նշանակէ, որ երկու ղեկավարները հնարաւորութիւն ունեցած են առաջին անգամ փոխադարձ իրարու բազկերակը զգալու։ Այս պարագային շատ կարեւոր է առաջին դէմքերու ուղիղ կապի մէջ, ուղիղ երկխօսութեան մէջ ըլլալը, ինչ որ այս գործընթացի շարունակութիւնը պայմանաւորելու աստիճան գործօն է։ Հիմա նախագահ Էրտողանի եւ վարչապետ Փաշինեանի այս առաջին շփումին, բնականաբար, կողմերը այդ մակարդակի վրայ խօսակցութեան ընթացքին իրարու միջեւ բանակցային նիւթերու մէջ խորանալու պարագայ պիտի չունենային, բայց երկու երկիրներու ղեկավարներն ալ բանակցային գործընթացի վերաբերեալ, միանշանակ, անկասկած, ամենայն մանրամասնութեամբ տեղեկացուած են, իրազեկուած են եւ յառաջիկայ հաւանական ճկունացումներու, դիրքորոշումներու մերձեցումներու ենթակառուցուածքն է այսօրուայ հեռախօսազրոյցը, որու կապակցութեամբ թէ՛ Անգարայէն եւ թէ Երեւանէն կատարուած հրապարակումներու մէջ կը նկատուի միանշանակ այն ներդաշնակութիւնը, որ յատուկ ներկայացուցիչներու իւրաքանչիւր հանդիպումէն յետոյ եղած հրապարակումներուն մէջ ալ կ՚երեւէր անզէն աչքով։
-Ինչպէ՞ս էր արձագանգը Թուրքիոյ տեղեկատուական տիրոյթի, քաղաքական դաշտի վրայ։
-Շատ կարճ ըսեմ, նախագահականի աղբիւրները պաշտօնապէս հրապարակած են։ Գիտէք, որ Թուրքիոյ մէջ տօնական արձակուրդի օրեր են, հասարակական քննարկումներու ծաւալման իմաստով շատ աշխոյժ, աշխատանքային օրեր չեն։ Բայց պաշտօնական աղբիւրները արդէն արձագանգած են եւ, ըստ երեւոյթին, սա այս մակարդակի վրայ արդէն այն նիւթը չէ, որ հասարակութիւնը հետաքրքրութիւն ունի՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցները կը լուսաբանեն, թէ ոչ։ Ուրեմն, այդ բոլորէն զերծ, միանշանակ, առանցքային իրադարձութիւն է այս մէկը։