ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀ

Արաբական աշխարհ հասկացութիւնը լայն ու բազմաբովանդակ է եւ միջազգային յարաբերութիւններու, լրատուութեան ու պարզ ընկերային իմաստով ալ գործածուած է եւ զանազան պատկերաւոր իմաստներ ունի: Բայց եթէ փորձենք անմիջական ակնարկով հասկնալ «Արաբական աշխարհ» եզրոյթը՝ կը նկատենք, որ այն տարածքն է, ուր առաւելաբար արաբերէն կը խօսուի եւ բնակիչները կը դաւանին առաւելաբար իսլամը եւ որուն աշխարհագրութիւնը կը տարածուի արաբական (պարսկական) ծոցէն մինչեւ Մարոքի շրջանները:

Պատմականօրէն արաբական աշխարհ հասկացողութիւնը շատ յստակ միաւոր մը չէր եւ աւելի արաբականութեան տարածումը այսպէս ըսած վերհանուած էր իսլամական կրօնի տարածումով եւ այդ կրօնի անունով եւ բանեցմամբ էր մեծ կայսրութիւններու կազմումը՝ սկսեալ Ռաշիտիներէն հասնելով Ֆաթիմիներ ու Էյուպիներ... եւ այլն: Բոլոր այս կայսրութիւնները կազմած մեծամասնութեան տարրը ինչքան որ ալ եղած է արաբ ազգը, բայց անոնք անուանուած ու եղած են իսլամական կայսրութիւններ: Արաբական աշխարհի կայացման հանգրուաններն ալ դժուար է բանաձեւել՝ քանի նոյնինքն իսլամութեան տարածումը. օրինակ՝ Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներուն մէջ, բերաւ իր հետ արաբականացում մը, առաւելաբար լեզուի գերակայութենէն մեկնած: Հաւանաբար Միջին Արեւելքը ամենամօտ ու առընչուած տարածքն էր արաբականութեան՝ քանի իսլամութենէն ալ առաջ այդտեղ քրիստոնեայ արաբ ցեղախումբեր կային եւ անոնք արդէն ստեղծած էին՝ մանաւանդ լեզուական առումով, իրենց յստակ արաբականութիւնը եւ անոնք է, որ հակառակ իսլամական կայսրութիւններու հսկայական ուժին ու վարչականութեան, մնացին կրողը իրենց արաբականութեան եւ տեղ մըն ալ հիմնական կորիզը հանդիսացան 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն արաբական անուանումով զարթօնքին եւ նոյնինքն արաբական նոր ինքնութեան կազմաւորման, ինչ որ նախ պայքարեցաւ Օսմանեան կայսրութեան եւ աւելի վերջ Ֆրանսայի ու Անգլիոյ հովանաւորչութիւններուն դէմ: Այս պայքարներն են, որոնք կազմեցին նոր տեսլականները արաբական միացման եւ մէջտեղ բերին արաբական քաղաքական միտք հասկացութիւնը, որ ծնաւ շատ մը արաբական ազգայնական կուսակցութիւններ, որոնց կարգախօսները կեդրոնացան արաբական աշխարհը (իր ընդարձակ աշխարհագրութեամբ) միացնելու վրայ: Հակառակ ասոր, արաբ-իսլամական հոսանքներն ալ մեծ զարթօնք ապերցան՝ մանաւանդ 20-րդ դարու կէսերէն, քանի այդ շարժումները բոլոր արաբական երկիրներու ձախողումները կը բարդեն նոյնինքն արաբական ազգայնական թեւերուն վրայ, որոնք դրսեւորուեցան զինուորական համակարգերով եւ պարտութիւններ կրեցին Իսրայէլէն: Իսլամական շարժումները կը հաւատան, որ իսլամութիւնն է արաբականութեան ոգին եւ եթէ հանենք այդ մէկը, ապա բան չի մնար արաբականութենէն եւ նոյնինքն արաբական՝ այսպէս կոչուած փառքը իրագործուած ու կերտուած է իսլամութեան միջոցաւ եւ իսլամութենէն հեռու կամ այսպէս կոչուած իսլամական վարչականութենէն ու համակարգէն անկարելի է պատկերացնել նոր վերելք եւ ուժականութիւն Արաբական աշխարհ կոչուած տարածքով (որ նոյն իսլամիստներուն համար յարաբերական հասկացութիւն է, որովհետեւ անոնք կը հաւատան Իւմմեթին եւ ոչ տարածքին): Կարծեմ միակ մեծ օրինակն է վերջին շրջաններուն արաբ իսլամականներու եւ արաբ ազգայնականներու ձեւով մը համաձայնութիւնը՝ Պաղեստինի մէջ համախոհական կառավարութիւն մը կազմուած էր «Էլ Ֆեթիհ»ի եւ «Համաս»ի մասնակցութեամբ:

Արաբական ինքնութիւնն ու անոր բերած նոր արաբական աշխարհ հասկացութիւնը յառաջ եկան Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներէն՝ մասնաւորաբար Սուրիայէն, Իրաքէն եւ Եգիպտոսէն։ Նախ այս երեք երկիրներուն մղած պայքարը հովանաւորչութեան դէմ, իսկ յետոյ Իսրայէլի դէմ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մղած պատերազմները։ Այս բոլորը եղան արաբական ինքնութեան ու տեղ մըն ալ ազգայնականութեան աղբիւր: Եւ հոս անկարելի է պատկերացնել առանց արաբ-իսրայէլեան պայքարին արաբականութիւն, այսինքն այդ պայքարն է, որ արաբ ժողովուրդին տուաւ նոր դիմագիծ ու առաքելութիւն եւ մինչեւ հիմա արաբ ազգայնականութեան շարժիչ եւ գոյութենական ուժը Իսրայէլի դէմ պայքարն է: Եւ հոս արաբական միտքն ու ազգայնականութիւնը կը կարծէ, թէ հիմնական խոչընդոտն է արաբական զարգացման ու մեծ արաբական միացման նոյնինքն Իսրայէլն ու անոր վարած քաղաքականութիւնը:

Արաբական միացման մեծ իրագործողներէն եւ արաբական դատի ու ինքնութեան հաստատողներէն կրնանք յիշել Եգիպտոսի նախագահ Նասըրը, որ անցեալ դարու կէսերէն մեծ պայքար մղեց ու կրցաւ նուաճումներ ունենալ արաբական աշխարհի միացման գործին մէջ: Նոյն արաբական երկիրներու արաբական անուանումը կատարուած է ձեւով մը այդ արաբական զարթօնքի համայնապատկերին վրայ՝ հակառակ, որ ծոցի երկիրները (բացառութեամբ Եմէնը) արաբականութեան ազգային գաղափարախօսութեան վրայ չկառուցեցին իրենց երկիրները, այլ մնացին իսլամական մեծ հովանիին տակ եւ նոյնիսկ հեզասահ համադրուեցան անոնց իսլամական համակարգներն ու դրամատիրութիւնը եւ կատարեցին տնտեսական յաջողակ գործարքներ Արեւմուտքին հետ:

Արաբական աշխարհը ներկայիս, ինչպէս իր կազմութենէն ի վեր, կ՚եռայ մեծ տագնապներով։ Այո, անոր կարճ քաղաքական յատկանշային գիծը կը խտացուի իշխանութեան համար պայքարով՝ ազգայնականներու եւ իսլամամէտներու միջեւ:

Եթէ պահ մը պատկերացնենք, թէ ի՞նչ կրնայ կատարուիլ, եթէ բոլոր արաբական երկիրները ղեկավարուին արաբական ազգային շարժումներով կամ իսլամամէտ շարժումներով, ապա կը դժուարանանք պատասխանել: Արդեօք կը միանա՞յ արաբական աշխարհը մէկ պետութեամբ. պատմական հարց՝ ուղղուած ապագային:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

31 յուլիս 2020

Երեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2022