ՄԱՐԴԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մարդասիրութիւնը մարդկութեան բնաւորութեան եւ հոգեւոր ու մտաւոր կառուցուածքին մէկ բաժինն է, իսկ անոր անհատական ու հաւաքական-ընկերային դրսեւորումները շատ են: Հաւանաբար մարդկայնութեան գործադրման գերագոյն ձեւը կրօններու միջոցներով իրականացուող մարդոց օգնութեան տրամադրումներն էին, որոնք տակաւին քիչ թէ շատ առկայ են, ինչքան ալ շահադիտական ըլլան անոնք: Իսկ նկատի առած, որ քաղաքական տնօրինումն ու ղեկավարումը մարդկային հաւաքական կեանքին ամենահասունն ու իրականանալի ձեւը եղած է ու կը մնայ, ուստի մարդասիրական գործունէութեան կատարման եղանակները պետութիւններու կողմէ իրականացուող բարեսիրութիւններն ու օգնութիւններն են եւ ներկայ դարուն հետ ծաղկում ապրած միջպետական կազմակերպութիւններու իրականացուցած ծրագիրներն են, ինչքան ալ վիճելի ու կողմնակալ ըլլան անոնք:

Հակառակ հաւաքական մակարդակով մարդկային հասարակութիւններու, թագաւորութիւններու, կայսրութիւններու եւ պետութիւններու իրարու դէմ կատարուած ամենաթէժ պատերազմներու, սպանդի, աւերումներու եւ շատ մը չարիքներու՝ միշտ տեղ մը, ծաւալ մը կամ տարողութեամբ մը մարմնաւորուած է մարդկայնութիւնը, մարդասիրութիւնը եւ պատերազմներու արդիւնքներու անմիջական յաղթահարումը նոյն մարդասիրականութեամբ: Անոնք անխուսափելի են եւ մարդկային հին ու նոր օրէնքներուն ոգին ու նպատակը ձեւով մը մարդկայնութեան ու մարդասիրութեան գործադրումն է իր տարբեր ընկալումներով: Մարդկայնութիւնն ու ատկէ բխած մարդասիրութիւնը ու մարդ անհատին եւ հաւաքականութեան բարօրութեան ապահովումը ամէն իրագործուած լաւ ու վատ ծրագիրներու բնաբանն է եւ ինչքան ալ գործադրումներն ու միջոցները այդ ծրագիրներուն անմարդկային է, կը մնայ մարդկայնութիւնը, մարդասիրութիւնը, մարդկայինը իր բոլոր շերտերով հաւաքական կեանքի հիմք ու չափորոշիչ:

Դժուար է պատմականօրէն եւ ներկայիս դասակարգել, որ կայսրութիւններուն, պետութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն գործերն էին ու են՝ աւելի մարդկայինները ու նպատակայինօրէն կը հասնին մարդկայնականութեան գործադրման։ Բայց նկատելի է, որ  ներկայիս մեր ապրած ժամանակները - մարդկային իրաւունքներու իրագործման իմաստով - աւելի լուսաւոր են քան նախկին դարերը եւ մարդ արարածը ներկայիս աւելի յարգուած է իբրեւ անհատ, իսկ իբրեւ այսպէս կոչած հաւաքական մարդկային դրոյթ (այսինքն վարչական միաւորումներ եւ անոնցէ վեր պետութիւններ), այդ միջազգային մշակուած օրէնքներով յարաբերաբար աւելի արդար է քան անցեալին: Հիմակուան ազգերու ինքնորոշումները իրականացուած տարազներով աւելի մեծ չափի ու քանակի են քան նախկինին։ Եւ այս մէկը ձեւով մը կը ստեղծէ՝ առաւել այսպէս կոչուած մարդկայնական մթնոլորտ քան անցեալին: Ներկայ մեր ժամանակներուն մէջ համաշխարհայնացումը իր բոլոր ժխտականութիւններով նորէն յարաբերաբար ստեղծած է աւելի պարարտ հող՝ մարդկայնութեան չափանիշներ գտնելու իմաստով ու մարդկային բարեսիրական գործունէութիւններ վարելու առումներով։ Ինչպէս վերը յիշեցինք, թէեւ կրնան ըլլալ  մեծ շահադիտական ու դրամատիրական գերնպատակներ ու կեղեքումներ: Եւ շատ մը մարդասէրներ տեսականօրէն ու մանաւանդ գործադրման առումով մարդկային հաւաքականութիւններու ու ժողովուրդներու ծառայութեան անունով գործունէութիւնները իբրեւ օգտագործման միջոցներ կը համարեն մարդկայնութիւններու կեղծ մօտեցումերով համեմուած եւ կը համարեն, որ ցարդ չկայ ազնուագոյն ձեւ մը ծառայման, ուր սոսկ մարդկութեան հաւաքական մարդկային կարիքներուն ու բարօրութեան համար կը կատարուի որեւէ պետական, միջպետական ու միջազգային  գործունէութիւն:

Ներկայ դարու բոլոր ձախաւերութիւններով հանդերձ կրնանք ըսել, որ մարդկայնական, մարդասիրական ու մարդակերտման ծրագիրներն ու անոնցմէ յառաջացած գործունէութիւնները շատցած են, իսկ ոչ մէկ կերպով չենք կրնար չյարգել օրինակ՝ Եւրոպական Միութեան բերած ու կատարած իրական մարդասիրական ծրագիրները եւ ընդհանուր անոր ներդրած ներքին օրէնսդրութեամբ մարդկային բարձր արժէքներու գործադրումը: Մարդկութեան թիւի ահռելի աճին հետ անոր կեղեքումին եւ ծառայման երկսայր հասկացողութիւնները կը բախեն մարդասիրութեան դուռը ներկայիս եւ վստահ, որ ապագան շատ աւելի դժուար կրնայ ըլլալ մարդկութեան համար անոր թիւի բարձրացման հետ։ Բայց միեւնոյն ժամանակ նկատելի է, որ մարդկային այսպէս կոչուած ուղեգիծը կը մղուի ըլլալու աւելի մարդկայնական, մարդասիրական ու մարդակեդրոն, հակառակ կրօնական ծայրայեղականութեան: Ի վերջոյ գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ ընդհանուր զարգացման հիմքն ու նպատակը մարդ արարածն ու անոր աւելի լաւ ու երջանիկ անհատական ու հաւաքական կեանքի ապահովումն է:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

22 օգոստոս 2022

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2022