ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԵՒ ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ

«ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅՈՅՍ»

Պատարագիչ քահանան «Ի սուրբ, ի սուրբ»ը ըսելէ ետք կը վերադառնայ Սուրբ Սեղանին առջեւ եւ վարագոյրը կը գոցուի: Այս ընթացքին կը կատարուի մեղքերու հաւաքական խոստովանութիւն, որ կը նախորդէ Սուրբ Հաղորդութեան:

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին մասնակցող հաւատացեալները հաւաքական խոստովանութեան մասնակցելէ բացի պէտք է անձնական խոստովանութիւն ալ կատարած ըլլան, նոր մօտենան Սուրբ Հաղորդութեան, որովհետեւ երբեմն չարը՝ սատանան, հաւաքական խոստովանութեամբ մեզ թակարդին մէջ կը ձգէ եւ համոզել կու տայ, թէ մեր գործած սխալները, մեղքերը ներուած են, մինչ իրականին մէջ այդպէս չէ, այս պատճառով, անոնք որոնք կը փափաքին հաղորդուիլ, անպայմանօրէն նախքան Պատարագի մասնակցիլը պէտք է առանձինն հանդիպին իրենց հոգեւոր հօր՝ այս պարագային ծուխի քահանային, խօսին անոր հետ, խոստովանին իրենց մեղքերը՝ որոնք կը նեղացնեն զիրենք, որպէսզի մաքուր խղճմտանքով եւ արժանաւորութեամբ կարենան մօտենալ Սուրբ Հաղորդութեան՝ հաղորդուելու Տէր Յիսուսի Սուրբ Մարմինով եւ Սուրբ Արիւնով՝ ի թողութիւն եւ ի քաւութիւն մեղաց: Աւելի լաւ է, որովհետեւ, այստեղ՝ քահանայի ներկայութեամբ քիչ մը վախ ունենան եւ ամօթք զգան, քանի որ՝ «քահանային ներկայութեան ձեր ունեցած փոքր վախով ու ամօթով կը փրկուիք այն մեծ ամօթէն, որ տիեզերական ահեղ հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ այն մեծ կիրակին որ անփոխարինելի է՝ երբ մարդոց բոլոր ծածուկ ու գաղտնի գործերը պիտի յայտնուին» (Յովհաննէս Երզնկացի Վարդապետ): Ասկէ ետք, Սուրբ Պատարագի ընթացքին հաւաքական խոստովանութիւնը յաւելեալ առիթ մը կը դառնայ հաղորդուող փափաքողին կրկին անգամ ինքզինք քննելու, եւ նոր միայն մօտենալու Սուրբ Խորհուրդին:

Թէ ինչո՞ւ կարեւոր եւ անհրաժեշտ է խոստովանութիւնը. աւելին՝ ի՞նչ կու տայ մեզի խոստովանութիւնը: Այս հարցումներուն պատասխանները կը քաղենք մէջբերելով Սուրբ Եկեղեցւոյ հայրերէն եւ եկեղեցական գրողներէն մտածումներ մէջբերելով խոստովանութեան մասին:

Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղէմացի Հայրապետը կը գրէ.

«Հիմա խոստովանութեան ժամանակն է։ Խոստովանէ՛ արարքներդ եւ ըսածներդ, գիշերուան ու ցերեկուան գործերդ։ Խոստովանէ՛, որովհետեւ յարմար առիթն է եւ փրկութեան օրը ընդունէ՛ երկնային գանձը։ Երդման արարողութիւններուն մասնակցիր։ Ուսուցումներէն մի՛ բացակայիր եւ յիշէ՛ ըսուածները։ Այս բոլորը կ՚ըսուին ո՛չ միայն լսելու համար, այլեւ՝ որպէսզի հաւատքի միջոցով հաստատես ըսուածները։ Մարդկային բոլոր հոգերը հեռացո՛ւր քեզմէ, որովհետեւ հոգիիդ փրկութեան համար կը վազես։ Աշխարհին բոլոր գործերը ձգէ՛։ Ձգած գործերդ փոքր են, սակայն Տիրոջ պարգեւածները մեծ են։ Ներկայ գործերէդ հրաժարի՛ր եւ հաւատա՛ ապագայի գործերուդ։ Այսքան տարիներ ի զուր վատնած ես աշխարհիկ գործերու համար, իսկ հիմա, քառասուն օրեր [խօսքը Մեծ Պահքի մասին է] չե՞ս կրնար զբաղուիլ քու հոգիիդ փրկութեան համար. «Ճանչցէք թէ Ե՛ս եմ Աստուածը» (Սղ 46.10), ինչպէս ըսուած է Գիրքին մէջ։ Հրաժարէ՛ ծոյլ եւ շատախօս զրոյցներէ։ Մի՛ չարախօսեր եւ չարախօսին հաճոյքով մի՛ լսեր։ Ընդհակառակը, լաւ է որ միշտ աղօթելու պատրաստ ըլլաս։ Յամառ ջանքերովդ ու փորձերովդ ցոյց տուր հոգիիդ յօժարութիւնն ու զօրութիւնը։ Մաքրէ՛ հոգիի անօթդ, որպէսզի աւելի շատ եւ շուտ ընդունիս շնորհքը։ Որովհետեւ մեղքերու թողութիւնը բոլորին հաւասարապէս տրուած է, սակայն Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը իւրաքանչիւրին կը տրուի՝ իր հաւատքին համեմատ։ Եթէ քիչ աշխատիս, քիչ ալ կը ստանաս, իսկ եթէ շատ աշխատիս, վարձքդ ալ շատ կ՚ըլլայ։ Դուն քու շահիդ համար կը վազես։ Դուն հոգիիդ օգուտին նայէ՛»:

Սուրբ Կղեմէս Հռոմայեցի Հայրապետը կը գրէ. «Այնքան ատեն, որ աշխարհի վրայ ենք, ամբողջ սիրտով զղջանք մարմինով գործած չար գործերուն համար, որպէսզի Տիրոջ միջոցով փրկուինք, այնքան ատեն որ զղջալու առիթ ունինք»:

Սուրբ Եղիշէ Վարդապետը կը գրէ. «Մենք մեր խօսքով եւ գործով անընդհատ կը մեղանչենք, Աստուած կը տեսնէ եւ զանց կ՚ընէ, որպէսզի իր երկայնամտութեամբ մեզ ապաշխարութեան բերէ։ Չմեղանչելը մարդուն համար կատարեալ արդարութիւն է, իսկ եթէ իբրեւ մարդ կը մեղանչէ, թող շտապէ զղջալ եւ ապաշխարել։ Բաց են Անոր ողորմութեան դռները, Ան զանոնք չի՛ գոցեր ապաշխարողներուն դիմաց»:

Յովհաննէս Երզնկացի Վարդապետը կը գրէ.

«Խոստովանութիւնը Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած մեծ բարիք ու պարգեւ, հոգիի կենդանութիւն եւ բժշկութիւն է։ Շատեր տգիտութեան հետեւանքով յիմարաբար կորսուած են մեղքերու մէջ եւ զրկած են իրենց անձերը խոստովանութեան շնորհքէն։ Բազմաթիւ են անոնք, որոնք առանց խոստովանութեան ու հաղորդութեան կը մնան. ոմանք՝ որովհետեւ չեն գիտեր խոստովանութեան շնորհքն ու բարիքը. ուրիշներ՝ ամչնալնուն եւ վախնալնուն համար չեն խոստովանիր. իսկ ուրիշներ՝ որովհետեւ ընկղմած ու կորսուած են մեղքերու մէջ, չեն ուզեր ազատիլ սատանայի ծառաութենէն։

Արդ, մի՛ անգիտանաք, խոստովանութիւնը բժշկութիւն է հոգիներու համար, փախուստ է դժոխքէն, ազատութիւն է սատանայէն եւ յարութիւն է մահէն։ Հետեւաբար, կը պատուիրենք որ ամէն կիրակի եկեղեցւոյ դուռը երթաք եւ խոստովանիք։ Քահանային ներկայութեան ձեր ունեցած փոքր վախով ու ամօթով կը փրկուիք այն մեծ ամօթէն, որ տիեզերական ահեղ հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ, այն մեծ կիրակին որ անփոխարինելի է՝ երբ մարդոց բոլոր ծածուկ ու գաղտնի գործերը պիտի յայտնուին։ Այդ վախը եւ ամօթը շատ աւելի սաստիկ է, երբ երկինքն ու երկիրը ի մի պիտի գան եւ ոչ ոք պիտի կարենայ ծածկել իր մեղքերը, այլ պիտի յանդիմանուի, ամչնայ ու դողայ մեծ հրապարակին վրայ։ Ամօթէն ետք գեհենի հուրին եւ յաւիտենական տանջանքին պիտի մատնուի սատանային հետ, որ մեղքերու առաջնորդ եւ ուսուցիչ է, եւ ուր աչքերը պիտի լան եւ ակռաները կրճտեն։

Ողորմեցէք ձեզի, ո՛վ քրիստոնեաներ, եւ մի՛ մնաք մեղքի մէջ։ Մեղաւորը նման է հիւանդի, որ եթէ ծածկէ իր ցաւը եւ չխոստովանի բժիշկին, հիւանդութան դեղ չի գտներ։ Նոյնպէս քահանան, հոգիներու բժիշկ է. ան որ ծածկէ իր մեղքերը եւ չխոստովանի, յաւիտենական մահով կը մեռնի։

Մեղանչողը այնքան ատեն որ ողջ է, սատանային բերանը կը գտնուի, երբ խոստովանի մեղքը, կը փրկուի անոր բերնէն. իսկ եթէ մեղքով մեռնի, կը մտնէ սատանային փորը՝ որ է դժոխքը։ Մարդ երբ մեղք մը գործէ եւ չխոստովանի, մահ եւ կորուստ կը պատճառէ հոգիին, ինչպէս օձին եւ կարիճին խայթոցը պզտիկ է, բայց դառն կսկիծ եւ մահ կը պատճառէ։ Արդ, խոստովանեցէք, որովհետեւ ատիկա է մեղանչողներուն դեղն ու բժշկութիւնը։ Ան որ չխոստովանի եւ մեղքով մեռնի, յետ մահու ոչ մէկ միջոց եւ փրկութեան յոյս կայ։ Այնքան ժամանակ որ մարմնով կ՚ապրինք այս աշխարհին մէջ, հոս է մեղանչողներուն փրկութեան յոյսը։ Ոմանք կը վախնան, թերեւս քահանան կը հրապարակէ իրենց խոստովանութիւնը. ասոր համար սուրբ Ներսէս կանոն դրած է, որ “քահանան՝ եթէ ապաշխարողի մը խոստովանութեան ու ապաշխարհանքի խօսքերը յայտնէ, նզովուի եւ կարգալոյծ ըլլայ”»:

Սուրբ Տերտուղիանոս կը գրէ. «Մեղքերու խոստովանութիւնը կը թեթեւցնէ, ինչպէս որ պահելը՝ կը ծանրացնէ: Որովհետեւ խոստովանութիւնը համաձայն ըլլալու նշան է, իսկ պահելը՝ ըմբոստանալու»:

Սուրբ Օգոստինոս կը գրէ. «Մենք քահանային չէ որ կը խոստովանինք, այլ՝ Աստուծոյ՝ քահանային ներկայութեան, եւ քահանային բերանէն Աստուծոյ ձայնը կը լսենք՝ ուղղուած մեզի. «Հիմա մենք բոլորս Աստուծոյ ներկայութեան կանգնած՝ պատրաստ ենք լսելու ինչ որ Տէրը հրամայած է քեզի» (Գրծ 10.33)»:

Սարգիս Շնորհալի Վարդապետը կը գրէ.

- «Առաքինութիւննե՛ր գործենք եւ աներկմտօրէն կատարենք Աստուծոյ պատուիրանները. խոստովանութեամբ մեր մեղքերը ջնջենք, մեր հոգիներուն բորբոքուած վէրքերը եւ թարախները ապաշխարութեան արցունքով լուանք, մեր հոգիները մաքրենք ու ձիւնէն աւելի սպիտակ դարձնենք, որպէսզի հասնինք խոստացուած բարիքներուն՝ մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովն ու մարդասիրութեամբը»:

- «Եթէ հաւատքով խոստովանիս մեղքերդ ու ապաշխարես, եթէ Աստուծոյ աղաչես, եթէ մեղքերուդ պատճառով տխուր-տրտում շրջիս, սգաս սիրտիդ խորքէն հառաչես, աչքերդ արցունքի աղբիւր դարձնես, եթէ խոնարհ ու հեզ, ողորմած եւ տկարներուն կարեկից ըլլաս, եթէ մէկուն հագցնես ու օտարականները յարկէդ ներս ընդունիս, հիւանդներուն այցելութեան երթաս եւ բանտարկեալները մխիթարես, եթէ հացդ կիսես անօթիներու հետ եւ ծարաւներուն ջուր տաս, ահա ասո՛նք են մեղքերէ հեռու հոգիին դեղերն ու սպեղանիները, որոնք զայն կը կենդանացնեն Աստուծմով եւ ոտքի կը կանգնեցնեն չարիքով լեցուն սայթաքումներէ»:

Բարսեղ Մաշկեւորցին կը գրէ. «Ինչո՞ւ համար Աստուած անմիջապէս չի՛ պատժեր։ Որովհետեւ քեզի զղջալու առիթ կու տայ։ Ան մեղաւորին մահը չ՚ուզեր, այլ՝ զղջալն ու ապրիլը»:

Գէորգ Զ. Չէօրէքճեան Կաթողիկոսը կը գրէ. «Ճշմարիտ խոստովանութիւնը այն է, որ մարդ կը ճանչնայ իր վատ արարքը, կ՚որոշէ չընել եւ չ՚ըներ. սակայն ասոր համար պէտք է, որ մեր խիղճը կենդանի ըլլայ, պէտք է որ մենք հաւատանք յարուցեալ Յիսուսին»:

Գարեգին Ա. Սարգիսեան Կաթողիկոսը կը գրէ. «Եկեղեցւոյ մէջ ապաշխարութեան խորհուրդի յատուկ խոստովանանքը մեղքերու յիշատակումի ձեւական արարք մը ըլլալէ շատ աւելի խոր, հարազատ եւ վաւերական պահ մըն է մարդու կեանքին մէջ -նայուածք մը, խորազնին տեսութեան ճիգ մը, սրտբաց ինքնախօսութեան պահ մը՝ անհատին կողմէ իր ինքնութեան վրայ բացուած, ապրուած կեանքի փորձառութեանց լոյսին տակ եւ Աստուծոյ ամենատես հայեացքին դիմաց»:

Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեանը կը գրէ. «Անկեղծութեամբ խոստովանելու համար ոչինչ պէտք է ծածկես քահանայէն, որովհետեւ ինչ որ այստեղ ծածկելու ըլլաս մէկ քահանայի առջեւ, դատաստանին օրը ստիպուած կ՚ըլլաս զայն ողջ աշխարհին առջեւ մերկացնելու»:

- «Խոստովանելուն նպատակը մեղքերէն թեթեւնալն ու արդարանալն է։ Սակայն, պէտք չէ կարծես, թէ խոստովանութիւնը քեզի կրկին անգամ մեղանչելու առիթ կու տայ։ Ով որ թողութիւն ստանալու յոյսով կը մեղանչէ, այդպիսին խաբեբայ է, ոչ թէ խոստովանող»:

- «Իր մեղքերը քահանային մօտ խոստովանողը, ինքն իր դէմ դուրս կու գայ, կարծես ինքզինք կ՚ամբաստանէ, իր արարքները կը յանդիմանէ, որովհետեւ խոստովանիլ կը նշանակէ իր կատարածը յայտարարել, ինքզինք մեղադրել։ Այդ պատճառով է, որ մեծ ապաշխարող Դաւիթը, ձայն կու տայ գովելով. “Ինչ լաւ բան է խոստովանիլ Աստուծոյ եւ անոր քահանաներուն առջեւ”»:

- «Եթէ ճշմարտութեամբ՝ անկեղծօրէն չես խոստովանիր, այդպիսով ո՛չ թէ չես թեթեւանար մեղքերէդ, այլ՝ նոր-նոր մեղքեր կ՚աւելցնես»:

- «Երբ մէկը ծանր կերպով կը մեղանչէ, այդ ատեն իր կռնակը Աստուծոյ կողմը, երեսը՝ արարածներուն կողմը կը դարձնէ, արարծները աւելի սիրելով, քան անոնց Արարիչը։ Իսկ երբ մէկը զղջայ իր մեղքը, այդ ժամանակ ան դէպի Աստուած կը դառնայ՝ կռնակը դարձնելով արարծներուն կողմը»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 13

27 յուլիս 2022, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2022