ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՊԱՂՏԱՏԻ ՎԻՐԱՒՈՐ ՊԱՏՈՒՀԱՆԷՆ…

Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութեան մասին գրելու յանձնառութիւնը շատ մեծ քաջութիւն կը պահանջէ։ Խօսքը միայն անաչառ ըլլալու, հարցերը բոլոր անկիւններէն ներկայացնելու, խնդիրները ճիշդ դատելու եւ աւելին՝ արդար եզրակացութիւններու յանգելու մասին չէ։ Կայ անձնական վկայութիւն, կայ անցեալ, կայ խոցուած ըլլալու իրականութիւն ու կայ մանաւանդ՝ Մերձաւոր Արեւելքի ջուրերէն անցած ըլլալու իրաւացի փաստ։ Ու այս պատճառով է նաեւ՝ որեւէ գրութիւն, որ պիտի խօսի այսօրուան պատերազմին մասին, կրնայ չըլլալ արդար կամ առնուազն՝ ամբողջական արդարութեան կշռաքարերէն զրկուած մտորում։

Հարցը այն չէ, թէ ո՞վ է ճիշդ կամ ո՞վ սխալ։ Կամ ո՞ր կողմն է աւելի խոցելի կամ ո՞ր կողմը ի վերջոյ յաղթանակ պիտի կերտէ, այլ անկէ անդին, թէ ի՞նչ եզրայանգումներու պիտի տանի այս ցաւոտ պատերազմը։ Պիտի բերէ՞ խաղաղութեան նոր ժամանակ, պիտի բանա՞յ մեր առջեւ աւելի արեւոտ պատուհաններ կամ թէ պիտի դառնա՞յ սովորական եւ փոքր կշիռներով, զուտ ներանձնական (ներռուսական աւելի ճիշդը) զարգացում ու երթայ մոռցուի պատմութեան փոշիներուն մէջ։

Ամէն պարագայի, վկայութեան խնդիրը, որուն կ՚ակնարկեմ, անմիջական կապ ունի Մերձաւոր Արեւելքի տարիներուս, մանկութեանս, վաղ պատանեկութեանս ու երիտասարդութեանս հետ։ Պէյրութ, Պաղտատ ու անկէ առաջ ալ վիրաւոր Երուսաղէմ։ Ահա այս դրուածքները կամ այս վէրքերն են, որ կը խանգարեն արդար կշիռներով առաջ երթալ։ Արդարութիւնը կը սիրենք, բայց ճշմարտութիւնը աւելի պէտք է սիրենք, իսկ այս պարագային ճշմարտութիւնը կը մեռնի, որովհետեւ ան պատերազմի առաջին զոհն է։ Ճիշդ է նաեւ, որ պատերազմները միայն քաոս կը բերեն ու այս բոլորին մէջ աւելի տխուրն է, որ աշխարհի ազդեցիկ առաջնորդները ո՛չ երէկ, ո՛չ ալ այսօր բան մը սորված են կամ բառ մը քաղած են անցեալի ճշմարտութիւններէն։ Ի դէպ, այս օրերուն աշխարհ կը նշէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Իրաք կատարած ներխուժման 30-րդ տարին ու ներքեւ նշուած մտորումներուն պէտք է անպայման այդ պրիսմակէն ալ նայիլ։

ՔԻԵՒ ԵՒ... ՔԻԵՒԷՆ ԱՆԴԻՆ

Ո՞վ կը սպասէր այս պատերազմին կամ նոյնիսկ ո՞վ կ՚ակնկալէր, որ Մոսկուայի դէմ հազար ու մէկ տեսակի ճնշումները, սպառնալիքները, մեծ-մեծ խօսիլները ծակուած պատուհանի ապակիին նման ակնթարթի մը մէջ փշուր-փշուր պիտի ըլլային եւ պատճառ պիտի դառնային, որ հարիւր-հազարաւոր Ռուսաստանի բանակը տուն դառնայ…։ Ուշագրաւ տեսութեան մը մասին խօսեցաւ Լիբանանէն վերլուծաբան Միխայիլ Աուատ, ըստ որու, Ռուսաստանի եւ Չինաստանի նման երկիրներ դրածոյ կամ «ցանուած» երկիրներ չեն։ Անոնք ունին հզօր անցեալ ու միշտ ալ այդ անցեալին վրայ յենլով կարգի կը դնեն իրենց գործերը։ Խորքին մէջ այս պատերազմով Ռուսաստանի նպատակը աւելին էր, քան՝ միայն Ուքրայնայի սահմանային հատուածները, Տոնպասի՝ Տոնէթցք եւ Լուկանսք շրջաններու բնակիչ եւ ինքնութեամբ իրենք զիրենք ռուսազգի համարող քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովելը։ Աւելին, որովհետեւ այն ինչ որ այսօր կը գծուի Ուքրայնայի մեծ տեսարանին վրայ, այդ մէկը պիտի ըլլայ նոր ուղեգիծ մը՝ ամբողջ աշխարհին համար։ Սուրիայէն մինչեւ Եմէն, մինչեւ Իրան, մինչեւ Լիբանան, բայց մանաւանդ՝ մինչեւ Կեդրոնական Եւրոպայի երկիրներ, որոնք այսօր անուժ են, կերպով մը անօգնական, կը փորձեն ամէն գնով ՆԱԹՕ-ի ներքին կրակը վառ ու արծարծուած պահել։

Արեւմուտքի հետ մեր ունեցած պատմութիւնը, մեր կեանքի էջերը, մեր մօտիկ ու հեռու անցեալը, մեր հագուստ-կապուստը եւ նոյնիսկ մեր ուտելիքներու մշակոյթը կամ մեծ առումով՝ փոխադարձ կապերը նորութիւն չեն։ Այդ աւազանին մէջ լողացինք, ատով աճեցանք, ատով հմայուեցանք եւ շատ-շատերու նման մեզմէ շատերուն համար ԱՄՆ կոչուեցաւ «Աւետեաց երկիր»։ Մեր բարեկամներէն շատեր ստիպուած եղան լքել իրենց ծննդավայրը, հեռանալ մեզմէ, ստեղծել ու «մեծարել» նոր կեանքը, գուցէ գովաբանել իրենց ապրածն ու տեսածը եւ, անշուշտ, հպարտանալ այդ «վարդագոյն» կեանքով։ Տարուեցանք այդ երանգներով, դիտեցինք ու զմայլեցանք, երազեցինք ու մանաւանդ՝ սպասեցինք, որ այդ «ամերիկեան երազ»ը մեզի ալ հասնի, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին շունչ մը քաշենք, պատառ մը հանգիստ հաց կրծենք ու երկարենք մեր ոտքերը նստասենեակի հեռատեսիլին դիմաց եւ, անշուշտ, երազենք, որ մեր նախագահը, մեր վարչապետը, մեր կուսակալը եւ թաղային հեղինակութիւնը խօսի ու բարբառէ «վարդագոյն» ժողովրդավարութեան լեզուով։ Խաբուա՞ծ էինք գուցէ, այո՛, անշուշտ որ խաբուած էինք։ Յետոյ օրերը թաւալեցան, մենք կուլ տուած էինք սուտ ազատութեան դեղերը, վստահ էինք, թէ մեր հանգիստ օրերը պիտի երկարին։ Ծովուն հետ խօսելու պէս ըրինք, մեր անցեալը դրինք մեր երեխաներուն յատկացուած փոքրիկ նստարաններուն տակը եւ սպասեցինք…

Սպասումը գծեց մէկ կեանք, սպասումը գծեց նոր կեանք, որուն առաջին հրէշները մեր տան դիմաց կանգնեցան եւ ըսին, որ իրենք իսկական արագիլներ են։ Երկինքներէն արիւն հոսեցաւ, կազի եւ նաւթի խողովակները մէկ մէկ պայթեցան, ճանապարհները խաչուեցան իրարու վրայ, թաւալք եղաւ, մեր կեանքն էր այդ, որ թաւալուն եւ ընդգծուած կերպով հալեցուց մեզ իր մեծ հալոցին մէջ։

Հիմա հարց պիտի տանք. ի՞նչ առընչութիւն այս ծանր երազին (որ նաեւ մեր ապրած օրերէն մաս մըն էր) եւ այսօրուան դէպքերուն միջեւ։ Հո՞ն էր արդեօք այդ կարծր հարցումներու սենեակին մէջ, հո՞ն էր, որ զգացինք, թէ մեր խաբկանքը պիտի տանջէ մեզ։ Հալէպի մէջ տանջանք էր ու մահ, Պէյրութը ծուարած էր իր ցաւերուն մէջ, Իրաք եւ Պաղտատ ծնած հօրքուրս կ՚արտասուէր ամէն գարնան իսկ, «Արաբական գարնան» մեծ սուտը մինչեւ հիմա կը շարունակէր իր մահացու կարմիր ընթացքը։

Մայիս մըն էր, եղանակը տօթ եւ խեղդահար, նստած էի մեծ սենեակի սեղանին, անոր ծածկոցին իրաքցի մեծ բանաստեղծներու գիրքերու տրցակը կար ու կար նաեւ Պաղտատէն Պէյրութ հասած արմաւի կարմիր տուփը։ Արմաւները կոկիկ-կոկիկ շարուած էին քով-քովի, մէջէն հատ մը վերցուցի, խածի, կամաց-կամաց ծամեցի, բայց անկէ եկող արեան, պժգալի՛ արեան համն էր, որ կոկորդս խեղդեց։

Արաբական երազն էր, որ կը հալածէր զիս ու ահա այսօր այսքան մեծ քանդումներէն, մեծ տարաժամերէն ետք, երբ այդ ափերուն վրայ ցաւն ու կորուստը սաւանի պէս կը տարածուին իւրաքանչիւր այգին, ես կամաց-կամաց իմ արաբ ընկերներուս հետ՝ նորէն ապրելու, նորէն ծնելու, նոր ծնունդով մը մէջտեղ գալու վազքին ետին եմ։

Ի՜նչ կապ, պիտի հարց տաք, ի՞նչ կապ, եթէ աշխարհ չի հասկնար տրամագիծը մեծ ապրումներուն եւ սկիզբը մեծ երկանց, որ օր մը մեզ դէպի ազատութիւնը պիտի տանի։ Սո՞ւտ էին արդեօք այդ ստորնացնող խոստումները, սո՞ւտ էր Արեւմուտքը իր մեծ խաղերով եւ մենք՝ իբրեւ զոհերը այդ սուտերուն, ի՞նչ հայեացքով պիտի նայէինք այսօրուան զարգացումներուն։ Մեր լեզուն, մեր աղօթքները, մեր կրօնները, հաւատալիքները, ճիշդ է, հեռու էինք Մեծ Հիւսիսի տրամաբանութենէն եւ Արեւելքը, որուն արգանդը դեռ արիւնոտ էր ու մահաբեր, մինչեւ ե՞րբ պիտի սպասէր իր փրկութեան։

Այսօր նոր խաչմերուկներու ծայրին, դիտարկելով մեծ ու հզօր պայթումները՝ վերլուծելու պէս ընելով, անթարթ, ժամեր դիտելով կապոյտ պաստառներէն նայելու արագ-արագ վազող տողերուն, հիմա երբ նոր սկիզբ մը պիտի գրուի, նոր աշխարհ մը ծնունդ պիտի առնէ եւ բոլոր վախերը մէկդի պիտի նետուին, հիմա այսօր այս պատերազմի առաջին օրը, յստակ է արդէն, որ երկունքի մատնուած այս մարդկութիւնը նոր փուլի մը պիտի վազէ։

Նախ փրկելու համար մեր պատիւը, ըսենք։ Մեզի ալ հասաւ այն մեծ սուտը, որ մեզ հալածեց մինչեւ Հայաստան, որուն պրէնտը՝ իբրեւ թէ ուշացած ժողովրդավարութեան փուճ խաբկանքն է։

Հիմա, մինչեւ ուր որ կ՚ուզէք եւ բոլոր անարդարութեան ենթարկուած ժողովուրդներուն համար, բոլոր նահատակներուն, բոլոր արդարներուն համար, բոլոր անտեսուածներուն եւ բոլոր կիրակի օրուայ բանաստեղծներուն համար այս պատերազմը՝ որպէս բալասան…

Այս պատերազմը՝ որպէս նոր սկիզբ, որուն ընթացքը կ՚անցնի եւ մեզ կը տանի դէպի աւելի հեռուն՝ Քիեւէն անդին գուցէ, դէպի բոլոր խաղերուն արեւմուտքը ու մանաւանդ՝ դէպի հոն, ուր Երուսաղէմի մեծ աղօթքները կան, դէպի մեր փրկութիւնը, մեր վեհութիւնը եւ մեր արդարութիւնը։

Այս պատերազմը սկիզբն է բոլոր ընթացքներուն՝ Քիեւին համար գուցէ, բայց հաստատ Քիեւէն շատ աւելի անդին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022