ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԵԾ ՓՈՐՁԱՔԱՐԻ ԱՌՋԵՒ. ՊԱՅՔԱՐ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏԻ ԴԷՄ
Ատրպէյճանի ծրագրած պատերազմը…
Ասեղ նետես՝ ձայնը կը լսես։ Հանրայայտ այս խօսքը այսօր կը վերաբերի Երեւանի մէջ պարզուած իրավիճակին, ինչ որ անցեալ օրերուն շեշտակի դարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին հետեւանքով։
Մինչ Փաշինեան (որ հերթականին պէս ունեցաւ առնուազն երկու հիսթերիք ելոյթ) եղածը համարեց ու դեռ ալ կը համարէ սադրանք՝ անդին քաղաքական ընդհանուր պրիսմակով դիտուած՝ աւելի քան պարզ կը դառնայ, որ Պաքու ծրագրուած եւ յստակ նպատակներով «մինի պատերազմ» մը առաջ տարաւ։ Նպատակները յստակ են ու աւելի քան պարզ է, որ վերջին տարիներուն մէկէ աւելի հարթակներու վրայ հնչած «Զանգեզուրի միջանցքն» է այս պատերազմի հիմնական նպատակը։
Տակաւին պարզ չէ, որ յառաջիկայ ժամերուն ինչ զարգացումներու ականատես պիտի ըլլանք, սակայն անզէն աչքով երեւելի կը դառնայ, որ 2020 թուականի Արցախի պատերազմի աւարտին Հարաւային Կովկասի մէջ երեւելի դարձած նոր ընթացքը մտած է անկիւնադարձային փուլ մը, որուն աւարտին կամ հանգուցային կէտերու քակումին մասին կը տիրէ համատարած լռութիւն։ Այս տեսակէտին կարեւորութիւնը բիւրեղացնելու համար հարկ է հաշուի առնել, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը կը գումարէր արտահերթ նիստ մը, որուն գլխաւոր օրակարգը կը դառնար Հայաստան-Ատրպէյճան նոր լարումը։
Նիւթին վերաբերեալ՝ մասնաւորապէս խնդրի նպատակային տեսանկիւնէն դիտուած, կարիք չկայ աւելիով տարածուելու կամ տարբեր մակարդակի փաստարկներ առաջ բերելու՝ հասկնալու համար, որ հնչած է վտանգաւոր զանգ մը, որուն հիմնական առաջադրանքն է բանալ Ատրպէյճան-Նախիջեւան միջանցքը, այդպիսով ալ լուծելով մի քանի խնդիրներ, որոնք Հայաստանի համար ո՛չ միայն դժուար մարսելի են, այլեւ ամբողջապէս «պաշարուած» ըլլալու հին-նոր մտավախութիւնները վերեւ կը հանեն։
Նիւթի շարունակութեան, անշուշտ, պիտի անդրադառնանք այսօր առկայ եւ ընդհանուր քաղաքական կացութեան, սակայն, այնուամենայնիւ պարտաւոր ենք կրկին անգամ եւ շատ յստակօրէն լուսանցքէն դուրս հանել այն գաղափարը, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նման արարքի մը չէր դիմեր, եթէ չունենար Թուրքիոյ ամբողջական նեցուկը, նաեւ մասնաւանդ՝ Ռուսաստանի «կանաչ լոյս»ը։ Այս մօտեցումները մէկէ աւելի առումով մտահոգիչ ճանապարհներու, վերլուծումներու եւ նոյնիսկ մեծ հարցադրումներու դուռ կը բանան, բայց եւ այնպէս, յստակ է, որ Հայաստանին առջեւ մեծ ընտրանքներ չկան։
Երեւան պաշտօնապէս բաւական ծանր եւ մտահոգիչ հայեացքով կ՚ընկալէ եղածը ու առաջ կը քշէ Պաքուի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու մօտեցումը։ Սա լսելի կը դառնար Փաշինեանի բերնով Ազգային ժողովի բարձր հարթակէն։ Այս բանէն ետք ալ գործածուած բառերը իբրեւ «ջերմաչափ» յառաջ տանելով եւ նկատելով փողոցի առկայ կոշտ արձագանգները՝ Փաշինեան դարձեալ տեղի կու տար պատահածին ընդառաջ ու այս անգամ կը յայտարարէր, որ խաղաղութեան պայմանագիր մը ստորագրելու խնդիր չկայ, որովհետեւ ներկայ փուլին նոյնիսկ պատրաստի պայմանագիր իսկ չկայ։
Փաստ է Փաշինեանի անձին դէմ առկայ համատարած անվստահութիւնը, ինչ որ դրսեւորուեցաւ անոր խորհրդարանի տխրահռչակ ելոյթէն ժամեր անց, նոյնպէս խորհրդարանին եւ կառավարութեան առջեւ։ Ու չես գիտեր թաքնախորհուրդ ո՛ր վայրէն ան կատարեց Դիմատետրի ուղիղ եթեր։ Մէկդի թողելով հանդերձ այդ անվստահութիւնը, պէտք է անպայման նկատի առնել, որ Երեւանի մինչեւ հիմա գործի դրած եւ ժամանակ շահելու մօտեցումները արդէն սպառած են։ Գալիք օրերը, անշուշտ, ինչպէս եւ վերը նշուած է, զանազան առումներով կրնան բերել ծանր զարգացումներ։ Պատճառը միայն այն չէ, որ Ատրպէյճան 8.5 քիլօմեթր խորացած է Հայաստանի հողերէն ներս, այլեւ՝ այսքան մեծ տեղաշարժին, զոհերուն ու կորուստներուն դիմաց Հայաստան չի նկատեր իր դաշնակիցներուն ու գլխաւորապէս Ռուսաստանի կողմէ նեցուկ եւ անկեղծ ձեռքի մը գոյութիւնը, առանց որուն ալ հայկական բանակը (որուն կայացման համար Փաշինեան լրջօրէն ոչինչ ըրաւ անցեալ երկու տարիներուն) դժուար թէ կարողանայ պատուար դառնալ Ատրպէյճանի ուժերու ծրագրին յաջողութեան դիմաց։
ՀԱՊԿ, ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆ
Վերը նշուածներէն պարզ է, որ այս պահու դրութեամբ Հայաստանի միակ յոյսը, ապաւէնը Իրանն է, որուն բարձրագոյն քաղաքական ու ռազմական ղեկավարութիւնը օրերէ ի վեր արդէն կը խօսի Հայաստանի սահմաններու փոփոխութեան անընդունելիութեան մասին։ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի, որ ելոյթ ունեցած էր Սամարղանտի մէջ կազմակերպուած՝ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթաժողովին անդրադարձած էր յատկապէս Կովկասի մէջ խաղաղութեան ամրացման, շեշտը դնելով երկու երկիրներու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անփոփոխելիութեան վրայ։ Այս խօսքին մէջ, խաղաղութեան վերաբերեալ շատ ընթացիկ բանաձեւումներէ զատ, մտատանջութիւն կը պատճառէ հետեւեալ հարցականը. արդեօք Իրան քայլ մը առաջ երթալով պիտի կարողանա՞յ տեղ մը առկայ իրադարձութիւններուն հունը փոխել։ Մեր մտքին մէջ է, անշուշտ, 44 օր տեւած Արցախի պատերազմին ընդհանուր պատկերը, երբ ո՛չ Մոսկուա եւ ո՛չ ալ Թեհրան ազդեցիկ քայլերու դիմեցին կամ առնուազն պարտադրեցին, որ արիւնահոսութիւնը կանգ առնէ։ Նոյնիսկ, երբ Հայաստանն ու Արցախը ծունկի գալու չափ վիրաւոր էին, անոնք երկուքն ալ բաւարարուեցան ձեւական դատապարտումներով... Մինչ հայոց բանակը կ՚արիւնահոսէր ու ներքին սխալներու եւ բացթողումներու հետեւանքով ալ կամաց-կամաց տեղի կու տար Ատրպէյճանի արդիական բանակին առջեւ։
Ցաւօք, այս դասը որեւէ կերպով հասանելի չդարձաւ Հայաստանի քաղաքական համակարգին։ Իշխանութիւնները գրեթէ երկու տարի մեծ ճիգ տարին ու յաջողեցան՝ անցեալի եւ նախկիններու զոհը ձեւանալ, նաեւ այդ մեծ «զոհողութեան» մէջ տեղադրել իրենց գործած յայտնի եւ անյայտ ահռելի սխալները եւ բացթողումները։ Իսկ ընդդիմութիւնը քանի մը անգամ, քանի մը հարթութեան վրայ եւ քանի մը յայտնի կամ նորայայտ դէմքով՝ շարունակեց հանդէս գալ այնպիսի հռետորաբանութեամբ մը, թէ կարծես ոչինչ պատահած էր հայոց աշխարհին մէջ։ Պարտութիւնը, տարածքային եւ մարդկային կորուստները եւ մանաւանդ՝ անկէ ետք ստեղծուած դրութիւնը ոչինչ փոխեցին հաւաքական մտայնութեանց եւ ընկալումներուն մէջ։ Իսկ այն ճիգերը՝ մասնաւորապէս Թուրքիոյ հետ խօսելու ու Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւնները իսկապէս յառաջ տանելու մասին ճիգերը, կարծես կրկնութիւնն էին այն համընդհանուր ստայօդ եւ անյատակ յայտարարութիւններուն, որոնք գոյաւորուեցան եւ մարմին ստացան թէժ պատերազմի ամենածանր ժամանակներուն։ Տակաւին երկար կարելի է շարադրել Հայաստանի քաղաքական վերնախաւին կողմէ անցեալ երկու տարիներուն եղած բացթողումները, սակայն էականը սա չէ։ Կարեւորը այն է, որ այսօր Հայաստան իրապէս կանգնած է պետականութեան կորուստի վտանգին առջեւ, որ մտած է հատման փուլ մը։ Ու հոս է նաեւ, որ լսելի պիտի դառնայ այն գոյաբանական շեշտաւորումներով հարցադրումը, թէ արդեօք Իրան պիտի կանգնի՞ Հայաստանի կողքին։
Գալով Ռուսաստանին, որ այսօր կը ներկայանայ՝ որպէս հայ ժողովուրդի եւ յատկապէս Արցախի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւոր, բացայայտօրէն յստակ է, որ չունի առաջուան ուժը։ Սա կապուած չէ միայն Ուքրայնայի իրադարձութիւններով ու բոլորի աչքերուն առջեւ ռուսական բանակի անպարտելիութեան վարկածի կորուստով, այլեւ՝ Կովկասի մէջ մինչեւ այս պահը առկայ եւ ապագային ալ շարունակուելու միտումով յայտնի կամ անյայտ պայմանաւորուածութիւններով։ Այդ պայմանաւորուածութիւններու գլխագրումը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ հետ ներկայ սերտ եւ ծայր աստիճան բարեկամական յարաբերութեանց շրջածիրին մէջ։ Ու հոն է նաեւ, որ աճած է ու դեռ ալ կ՚աճի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի անձնական մակարդակի գործընկերութիւնը։ Այս բոլորը, անշուշտ, լաւապէս կը տեսնեն բոլորը՝ Հայաստանի իշխանաւորները, Հայաստանի ընդդիմադիրները, հայկական սփիւռքը ու մանաւանդ՝ Արեւմտեան պլոքը, որուն վերջին փորձերը՝ Թուրքիան Ռուսաստանէն հեռացնելու վերաբերեալ արձանագրուեցան Ուքրայնայի ցաւոտ պատերազմի նախօրէին եւ բոլորն ալ ի դերեւ մնացին։ Ու ահա այս ֆոնին վրայ ալ աւելի քան պարզ է, որ ռուս-թրքական բարեկամութեան արդիւնքները տեսանելիօրէն պիտի տարածուին դէպի Սուրիա ու հոն է նաեւ, որ Թուրքիա շատ հաւանաբար ճկունութիւններով պիտի կարողանայ յարաբերութեանց նոր էջ մը բանալ Սուրիոյ իշխանութիւններուն եւ բառացիօրէն Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի հետ։ Ասոր փոխարէն Թուրքիա այս անգամ Կովկասի մէջ պիտի ունենայ շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն՝ քան ունեցաւ Արցախի պատերազմէն անմիջապէս ետք։
Բացի Ռուսաստանէն, առկայ է նաեւ ՀԱՊԿ-ի պարագան։ Այդ մէկը արդէն «մեռեալ ծնունդ» սկսած է համարուիլ Հայաստանի տեսակէտէ։ «Մեռեալ ծնունդ» թէ՛ որպէս նախաձեռնութիւն եւ թէ՛ ալ որպէս խաղաղութեան մղիչ ուժ։ ՀԱՊԿ-ի դերին մասին խօսելով՝ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ըսած է, որ արդէն անհնար է ՀԱՊԿ-ի ռազմական միջամտութեան յոյսեր փայփայել։ Գրիգորեանի այս «թագաւորը մերկ է»ի ոճով դիտարկումով՝ մտքերու մէջ արդէն իսկ երկար ժամանակէ ի վեր ամրագրուած փաստը այլ մակարդակով ճշմարտութիւն մը կը դառնայ եւ շատերուն կու տայ այն իմացումը կամ գաղտնաբառը, թէ Հայաստան այսօր միս-մինակ է. մինա՛կ է իր դաշնակիցներուն ցուցաբերած մօտեցումներուն եւ իր իսկ գործած մեծ սխալներուն պատճառով եւ այդ մինակութիւնը նման պարագաներու մէջ կրնայ ունենալ կործանիչ հետեւանքներ։
Այս բոլորը վախի մթնոլորտ ստեղծելու համար չեն արձանագրուիր, ոչ ալ խելք տալու յաւակնութեամբ։ Ճարը կա՞ր այս բոլորէն հեռու մնալու, կա՞ր ձեւը այս արիւնալի խաղէն հեռու մնալու, յոյսը կա՞ր Հայաստանը ամբողջական խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան ճանապարհին դնելու։ Հարկաւ թէ կար, բայց հիմա այդ մասին խօսիլն իսկ պիտի համարուի մեծ-մեծ ճառելու պէս բան մը։ Ժամանակները խիստ նեղ են ու Հայաստանի առջեւ դրուած այլընտրանքները փոքրաթիւ։
Հայաստան պիտի չփրկուի Արեւմուտքի կողմէ, բացառուած է եւ Հայաստան պիտի չփրկուի Ռուսաստանի միջոցներով. այդ ալ հետզհետէ մարող յոյս մըն է, թէ կրնայ յանկարծ բոցավառիլ՝ միայն այն ատեն, երբ Հայաստան տանուլ տուած կ՚ըլլայ ամէն ինչ։
Ու այս բոլորէն անդին, այսօր ստեղծուած վիճակներուն առընթեր հարկ է կրկին անգամ վերադառնալ պատմութեան, հարկ է ճիշդ կարդալ այսօր ստեղծուած պատկերը եւ ճիշդ քայլեր ընել վերջնականօրէն չկորսնցնելու համար այս երիտասարդ հանրապետութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան