ԵՐՆԷԿ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԾԱՌ Մ՚ԸԼԼԱՐ
Ծառը ծառին քոյրն է
Կամ անոր բարի դրացին:
Մեծը կը գորգուրայ փոքրին
Եւ կու տայ իր ստուերէն
Անոր պէտք ունեցածը:
Սլացիկը կը գուրգուրայ գաճաճին
Եւ թռչուն մը կ՚առաքէ
Գիշերը զայն սփոփելու:
Ոչ մէկ ծառ կը կողոպտէ
Ուրիշ ծառի մը բոյսը,
Եւ եթէ չբեր է,
Չի ծաղրեր անոր:
Ծառ մը ծառ մը չի սպաններ
Եւ չի ձաղկեր ճառ մը:
Ծառը երբ մակոյկ դարձաւ՝
Լողալ սորվեցաւ:
Երբ դուռ դարձաւ՝
Գաղտնիքները պահել շարունակեց:
Երբ նստարան դարձաւ՝
Չմոռցաւ իր կապոյտ երկինքը:
Երբ սեղան դարձաւ՝
Բանաստեղծին սորվեցուց
Փայտահատ չըլլալ:
Ծառը ներողամտութիւն եւ արթնութիւն է.
«Մի քնանար եւ մի երազեր»,
Բայց ան վստահելի է
Երազողներու գաղտնիքներուն համար:
Ոտքի կը կենայ գիշեր-ցերեկ
Կը կենայ յարգանքով
Անցորդներուն եւ երկնքին:
Ծառը կեցած աղօթք մըն է,
Վե՜ր խոյացող,
Իսկ երբ քիչ մը կը թեքի փոթորիկին,
Կը խոնարհի միանձնուհիի վեհութեամբ
Եւ վեր կը նայի...
վե՜ր...:
Ժամանակին բանաստեղծը ըսաւ.
-Երնէկ երիտասարդը քար մ՚ըլլար:
Երանի ըսէր.
-Երնէկ երիտասարդը ծառ մ՚ըլլար:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան