ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՆԴԱՍՏԱՆԷՆ ՆԵՐՍ
2019-ին Երեւանի մէջ արեւելահայերէնով լոյս տեսած է մեծատաղանդ հայորդի՝ Շարլ Ազնաւուրի «Մեղմ շշուկով» գիրքը, որ ֆրանսերէնէ թարգամանած է Սամուէլ Գասպարեան: Մեր սիրելի ընթերցողներուն այդ գիրքէն հատուածներ կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնի վերածուած:
- Եթէ ես մէկ վայրկեան իսկ մտածեմ, որ արուեստս ո՛չ մէկ բանի պէտք է, ես անպայման ուրիշ գործով կը զբաղիմ:
- «Դուք որ բանաստեղծ էք…»: Շատերը յաճախ այս բառերով կը դիմեն ինծի: Սակայն կը սխալին: Ես բանաստեղծ չեմ, ես երգերու հեղինակ եմ: Ասոնք բոլորովին տարբեր հասկացութիւններ են: Եթէ երբեմն գրութիւններուս մէջ բանաստեղծութեան տարրեր կը նշմարուին, պէտք է խոստովանիմ, որ ատիկա պատահական կը ստացուի. բայց այնպէս չէ, որ ես ատկէ կը հրաժարիմ, ընդհակառակը, որպէսզի երգի բնագիրը գեղեցիկ ստացուի, անհրաժեշտ է բանաստեղծական երանգ հաղորել գործածական արտայայտութիւններուն եւ առօրեայ բառերուն: Սակայն եթէ հարցնէք ինծի, ա՛ն է ճշմարիտ բանաստեղծ, ով ստեղծագործական հաճոյքի համար կը գրէ, այլ ո՛չ թէ ձայնասկաւառակ հրապարակելու անհրաժեշտութենէն մղուած կամ երգ յօրինելու, մենահամերգով հանդէս գալու եւ կամ յօրինած երգը ուրիշ լեզուի վերածելու համար:
- Ես՝ բառին եւ երգին սիրահարուած արկածախնդիր մը,
Աշխարհներ տեսնել,
Ամէն ինչ գիտնալ ու բացայայտել փափաքեցայ:
Այդ ամէն ինչը ես հետեւեալ ձեւով կատարեցի՝
Երկիրէ երկիր անցնելով եւ բառարաններ քրքրելով:
Արեւելքէն Արեւմուտք գացի,
Բոլոր ծովերով եւ բոլոր ովկիանոսներով նաւարկեցի:
Աշխարհի գեղեցիկ քաղաքները տեսայ,
Բոլոր տեսարժան վայրերուն մէջ եղայ
եւ ձեռակերտ այն հրաշալիքներով հիացայ,
որոնք մարդ արարածը յղացած ու կերտած է:
Ու հիմա, այս տարիքիս,
Երբ արդէն հազուադէպ կը ճամբորդեմ,
Ես ինծի հաշիւ կու տամ.
Իմ ամենաչքնաղ ուղեւորութիւնները, անշուշտ,
Անոնք են՝ որոնք առանց տունէն դուրս գալու… կատարած եմ:
- Փառքը արագօրէն կ՚անհետանայ այն ամէն ինչի ծանրութեան տակ, որոնցմէ մեզ կը ստիպէ հրաժարիլ՝ յանուն իրեն:
- Կորսուած է այն օրը, որ առանց որեւէ մէկ օգտակար գործի կամ նոյնիսկ ո՛չ օգտակար բան մը սորվելու անցած է:
- Երբ ճամբորդութեան կը մեկնիմ, պայուսակիս մէջ անպայման գրիչ եւ լուսանկարչական սարք կ՚ըլլայ: Առանց ատոնց չեն կրնար յարմարուիլ, որովհետեւ գրիչը եւ լուսանկարչական սարքը իմ շատ հարազատ ընկերներն են: Թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը չեն ձգեր, որ մոռնանք. թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը մեր յիշողութեան մէջ կերպարներ կը դրոշմեն, թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը յուշեր կ՚արթնցնեն, որոնք երբեմն ա՜յնքան հեռաւոր կը թուին: Երգը, ինչպէս նկարը, որոնք երեւան կու գան, մեզի կը վերադարձնեն մեր անցեալը: Լուսանկարին նայած ժամանակ յանկարծ այն վայրը կը վերյիշենք, որ լուսանկարած ենք, այն միավայրը, ուր գործող անձեր անշարժացած են, կը յիշենք լուսանկարչական սարքին կոճակը սեղմելուն ճշգրիտ պահը՝ այդ աննկատ մնացած եւ անմոռանալի պահը: Դարձեալ մեր անցեալէն տեսարաններ գլուխ կը բարձրացնեն, որոնց մեծ մասը մեր յիշողութենէն ջնջուած է, գլուխ կը բարձրացնեն յուշ դարձած դէմքեր, որոնք շատոնց մոռացութեան գիրկը անցած են… Եւ այդ պահուն կարօտը կը յորդի մեր մէջ աննկարագրելի ջերմութեամբ մը եւ իր թեւերով մեզ ուրիշ անցեալ մը կը տանի, որ ճիշդ այդ պահուն միայն մեզի կը պատկանի:
- Այն պահերուն, երբ գրիչը ձեռքս առած եմ, ինծի միշտ թուացած է, թէ կեանքս, զգացմունքներս եւ զիս շրջապատող աշխարհը կը լուսանկարեմ… Եւ միթէ երգը, ըստ էութեան, իւրայատուկ պատկեր մը չէ՞, բառերու վերածուած ակնթարթային լուսանկար մը՝ մեր գլուխին մէջ անընդհատ ծագող եւ անհետացող այն միտքերուն, որոնց հեղինակին գրիչը պահ մը անսպասելիօրէն յաջողցուցած է որսալ եւ թուղթին յանձնել: Երգը տարիներու ընթացքին դեղնած հին լուսանկարի մը նման մեզի կը յիշեցնէ մեր կեանքին կորսուած այն պահերը, որոնք կը թուէին թէ ի սպառ մոռցուած են: Ինչպէս հին եւ դեղնած լուսանկար մը, ան մեր յիշողութիւնը կը շոյէ, մեր ամենազգայուն լարերուն վրայ կը խաղայ, մեր հոգին տակնուվրայ կ՚ընէ եւ մեր ներսիդին առանձնայատուկ զգացումներ կ՚արթնցնէ: Երգը, նաեւ, հրաշալի առաւելութիւն մը ունի. կախարդական ձեւով մը ռատիոյի եւ ձայնապնակներու շնորհիւ բոլոր պատերուն մէջէն կ՚անցնի:
- Գրելը ինծի համար միշտ ֆիզիքական պահանջ մը եղած է: Շատ կապուած եմ գրասեղանիս եւ չեմ կրնար պատկերացնել օր մը՝ առանց ձեռքս գրիչ կամ ինքնահոս վերցնելու: Ինչքան հնարաւոր է մաքուր կը գրեմ, առանց ջնջումներու: Չէի ըսեր, թէ գեղեցիկ ձեռագիր ունիմ… Աղտոտ ձեռագիր ունիմ, ինչպէս պատահի կը գրեմ: Բայց եթէ յանկարծ նոյնիսկ մէկ սխալ ընեմ, ամբողջ էջը դարձեալ արտագրելը պատիւի հարց կը համարեմ: Համակարգիչին առջեւ նստած ես չեմ կրնար գրութիւն յօրինել (թերեւս զիս դուրս գրելու ժամանակն է), որովհետեւ ձեռքը, եթէ հարցնէք ինծի, միտքին շարունակութիւնն է: Ձեռքը գրիչ բռնել կը սիրէ, իսկական թանաքով գրիչ, իսկ թանաքը՝ տառերուն արիւնն է:
- Գրագողութիւնը երեւակայութիւնը ամուլ կը դարձնէ եւ՝ աւելի վատը, ի սպառ կը սպաննէ ստեղծագործելու ամենաչնչին ցանկութիւնն իսկ:
- Ասկէ ետք միայն կը գրեմ
Սիրոյ նամակներ, յոյսի նամակներ,
Երբեմն նաեւ՝ յուսահատութեան,
Բառեր կը գրեմ, որպէսզի կարենամ
Պարտքերս գոցել:
Յետոյ, այդ հարցը կարգաւորելով,
Ես դարձեալ կը շարունակեմ գրել՝
Ըստ սովորութեան,
Սիրոյ եւ յոյսի ուժով կը գրեմ,
Երբեմն նաեւ՝ յուսահատութեան:
- Յաճախ խորհած եմ, թէ գրելու նկատմամբ իմ սէրս երեւի կապ ունի հայկական ծագումիս եւ հայերուն ողբերգութեան հետ: Ախր, ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդը ինչպէ՞ս կրնայ շարունակել գոյատեւել: Կարելի՞ բան է, որ արհաւիրքէն մազապուրծ մէկը կարենայ շարունակել ապրիլ, եթէ չի՛ փափաքիր ատելութեան ատելութեամբ պատասխանել: Միայն արարելով կարելի է վերածնուիլ:
- Բաներ կան, որոնք երբեք չե՛ն բուժուիր:
Իմ տարիքիս, հարազատներու հեռանալէն ետք,
Այսքան տարիներ ետք,
Ես ծնողներուս համար ցաւ կ՚ապրիմ,
Իմ անցեալին համար՝ ցաւ կ՚ապրիմ:
- Գիտէք, կարելի է ամբողջ ունեցած եռանդը ներդնել երկրի երեսէն ամբողջ ժողովուրդ մը բնաջնջելու համար, սակայն կեանքի կրակը մարել երբեք չի՛ յաջողուիր. ժողովուրդը կ՚ուղղէ իր մէջքը, ուրիշ տեղ մը յարութիւն կ՚առնէ՝ աւելի զօրաւոր եւ աւելի վճռական՝ կրկին անգամ իր իրաւունքները աշխարհին ներկայացնելու համար:
- Չեմ պատկերացներ, թէ մշտապէս կրնայի Հայաստանի մէջ բնակիլ: Այդ մէկը ինծի համար հակառակ կողմէն տարագրութիւն կը նշանակէր: Իրականին մէջ ես աւելի շատ ֆրանսական, քան հայկական մշակոյթի կրող եմ, եւ այն ամէնը, ինչ ըրած եմ՝ երգելով կամ գրելով, զուտ ֆրանսական է: Իմ իսկական հարազատ հողը այնտեղ է, ուր ծնած եմ, ուր փոքր տարիքիս ապրած եմ, սորված եմ խօսիլ ու քայլել, ուր մեծցած եմ… Մենք՝ ես ու Ֆրանսան, զիրար որդեգրած ենք, եւ ատկէ ոչ մէկս տուժած է: Զիս Ֆրանսայի մէջ աւելի կը հասկնան, քան Հայաստանի, եւ ատիկա բնական է. ախր, այդպէս ալ պէտք էր ըլլար, եւ ես ոչինչ կրնամ փոխել: Ի վերջոյ, խաղողին վազը ուրկէ որ բերեն, գինին միեւնոյնն է, այն երկրի անունով կը կոչուի, ուրկէ հաւաքած են խաղողին բերքը:
- Ֆրանսան իմ խինդերուս երկիրն է,
Իսկ Հայաստանը՝ տառապանքներուս:
Փարիզը մանկութեանս քաղաքն է,
Իսկ Երեւանը՝ արմատներուս:
Հիմա ես գոհ ու բաւարարուած եմ.
Երկու մշակոյթ զիս հարստացուցին,
Հազար ու մէկ բան սորվեցուցին ինծի:
Սովորութիւններս ֆրանսական են,
Աւանդութիւններս՝ միայն հայկական:
Ես կաթով սուրճ եմ,
Ես անբաժանելի խառնուրդ մըն եմ:
Երկու սէր ունիմ
Եւ մէկ հայրենիք՝ Փարիզ անունով:
- Յոյսը միակ ուժն է, որ այսօր դեռ մենք ունինք:
Յոյսը քնքշասիրտ է,
Յոյսը անողոք է:
Յոյսը այսօր ալ չէ՛ մեռած,
Կ՚ուզէ ապրիլ:
- Անշուշտ, ես իմ գինս լաւ գիտեմ, բայց գիտեմ նաեւ թերութիւններս եւ հեռու եմ այն միտքէն, թէ բացառիկ մտաւոր կարողութիւններու տէր մարդ եմ: Այսպէս ըսենք. ես ճիշդ այն եմ, ինչ պէտք է: Յիմար չեմ, բնա՛ւ: Կը սիրեմ ծիծաղիլ, բայց ո՛չ բոլորին վրայ. կրնամ ներել թեթեւսոլիկութիւնը, բայց ո՛չ՝ գռեհկութիւնը. զիս կը հետաքրքրեն դէպքերը, մարդիկ եւ կրօնները, սակայն ամենէն աւելի շատ կը սիրեմ սորվիլ եւ ինքզինքս սորվիլ, այլ ո՛չ թէ ուրիշները զարմացնելու համար:
- Աշխարհաճանաչողութիւնն ու կրթութիւնը այն բանին համար չեն, որ մեզ ապագային համար նախապատրաստենք: Ատոնք մեզի հաճոյք կը պատճառեն ա՛յսօր, ճիշդ այս պահին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ