Երկուշաբթի 23, Յունիս 2025
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ անդամներէն Մինաս Գաբուսուզը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճուն։ Ներկայ էր նաեւ Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Նոյեմբերի 13-ին նախատեսուած է Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որուն ընդառաջ խնամակալները փութացած էին Գումգաբու՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցելու եւ օրհնութիւնը ստանալու համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը, որ պիտի հովանաւորէ արարողութիւնները, յաջողութեան մաղթանքներ յղեց Ղալաթիոյ խնամակալներուն։
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022