ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն, որուն կ՚ընկերանային խնամակալութեան սիւներէն Վարդավառ Ճավաքն ու Մինաս Գաբուսուզը։ Անոնք այցելութեան փութացած էին՝ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ։ Մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցելով դպրոցի կացութեան մասին՝ խնամակալութեան ներկայացուցիչները նշեցին, որ այս տարուան պիւտճէի բացը կը հասնի շուրջ 5 միլիոն լիրայի մակարդակին։ Կեդրոնականի մէջ այս տարի կ՚ուսանի 195 աշակերտ։ Վարժարանի մէջ 48, իսկ եկեղեցւոյ մէջ 2 հոգի արդէն աշխատանք կը տանին՝ Ղալաթիոյ խնամակալութեան հովանաւորութեան ներքեւ։
Հուսկ, մեր զրուցակիցները այցելութեան ընթացքին կոչ ուղղեցին համայնքային շրջանակներուն, որպէսզի հերթական անգամ Կեդրոնականի ընտանիքը զօրակցութեան առարկայ դարձուի։