Ի՞ՆՉ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՎ ՄՏԱՀՈԳՈՒԱԾ Է ԻՐԱՆ

Ո՛չ յօդուածներու տեսքով, ո՛չ ալ ռազմական օժանդակութեան ձեւաչափով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն սպասումները ունին այն ներուժը, որուն վրայ հիմնուելով հայ ժողովուրդը փրկութեան լաստ մը պիտի ունենայ։

Երեւան բնակողներու մեծ տոկոսին մօտ առկայ է վարկած մը, ըստ որու անցեալ սեպտեմբերի երկրորդ շաբթուան ընթացքին Հայաստանի սահմանային բախումները զսպուեցան միայն ու միայն ԱՄՆէն յատուկ հեռախօսազանգերով՝ ուղղուած Ատրպէյճանի ղեկավարին։ Գուցէ ճիշդ է այս վարկածը, սակայն մեծ հաշուով եւ կարճ ժամկէտներով ո՛չ մէկ կերպով երեւելի է, որ ԱՄՆ պատրաստ է թեւերը սոթտել եւ մտնել Կովկասի խաղին մէջ։ Նախ՝ կարիքը չունի նման միջամտութեան մը, յետոյ նաեւ շատ լաւ գիտէ, թէ Երեւան (յարգելի կամ գործնական պատճառներով) պատրաստ չէ դուրս գալ Մոսկուայի ուղեծիրէն։

Այս առումով, անշուշտ, շատ կարեւոր ցուցանիշ էր եւ է ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար Նենսի Փելոզիի Երեւան կատարած այցելութիւնը, որ նաեւ համարուեցաւ աննախընթաց։ Փելոզիի այցելութիւնը, որ շատերուն համար համարուեցաւ բեկումնային, մեծ պտուղներ չտուաւ ու եթէ բաց աչքերով վերլուծել փորձենք անոր այցելութեան խորքային պատճառները, ապա անպայման ստիպուած պիտի ըլլանք խօսիլ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մասին։ Այս շարժառիթի ընդհանուր պատկերին վրայ երեւելի է արդէն, որ Երեւան մեծ հաշուով հրաժարած ու մերժած է Ուաշինկթընի թիւ մէկ պայմանը, որ է ընդմիշտ հեռանալ եւ դուրս գալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն։ Երեւանի մերժումը, անշուշտ, չի նշանակեր, որ ԱՄՆ մեծ ցաւով կ՚ընդունի Հայաստանի ընդհանուր արեւելումին հետ կապուած այս դիրքորոշումը, սակայն աւելի քան յստակ է, որ ԱՄՆ պիտի նուազեցնէ Հայաստանի հանդէպ նախկին հետաքրքրութեան մակարդակը։

Վերադառնալով Իրանի ճակատին, որ Հարաւային Կովկասի կտրուածքով կամ Հայաստանի պատուհանէն դիտուած կարեւորագոյն ազդակն է ԱՄՆ-ին համար, աւելի քան պարզ է, թէ Նենսի Փելոզի հայազգի յայտնի նկարիչ Խանճեանի Աւարայրի ճակատամարտը նկարագրող արուեստի բացառիկ գործին առջեւ կանգնելով եւ Իրանը մատնացոյց ընելով ունէր որոշ պատգամներ, որոնց կարեւոր մէկ մասն ալ ուղղուած էր Հայաստանին։ Նախ՝ կար խնդրանք, որ Երեւան թուլացնէ իր ջերմ կապերը Թեհրանին հետ, նաեւ ապագային չդառնայ այն երկիրը, որ արգելք ըլլայ Ատրպէյճանի սահմաններէն Իրանը հարուածելու որեւէ ծրագրի։

Արդեօք Հայաստան (որ իր սահմանները պաշտպանելու լուրջ հարցին դէմ յանդիման է ներկայիս) ունի՞ այն ներուժը, որուն ճամբով ալ կարենայ քար մը տեղէն շարժել՝ յատկապէս Իրանի հետ Սիւնիքի սահմանին։ Պատասխանը միանշանակ ոչ է, սակայն Հայաստանի կողմէ Իրանի «աչք մը ընելու» կամ ճանապարհ մը բանալու պատրաստակամութիւնն իսկ կրնայ խանգարիչ ըլլալ Իրանի դէմ որեւէ ծրագրի։ Այս ենթաթեքստին մէջ ալ բարացուցական եւ բազմապիսի իմաստներով լեցուն քայլ մը պէտք է համարել Կապան քաղաքին մէջ Իրանի հիւպատոսարանի բացումը, որ, յար եւ նման Փելոզիի պատգամներուն, իր մէջ կը պարունակէր մէկէ աւելի իւրայատուկ «ժեսթ»եր։

Ինչպէս Անգարան, նոյնպէս ալ Թեհրանը՝ հիմնուած ըլլալով անցեալի մեծ փորձառութեանց վրայ, կը սիրեն խօսիլ «ժեսթ»երու եւ խորհրդանշաններու լեզուով ու ճիշդ այս օրերուն Իրանի հիւպատոսարանի բացումը եւ այնտեղ Իրանի հիւպատոսի բաց յայտարարութիւնները ունին բազմակողմանի առանցքներ։ Եւ այսպէս, Կապանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան աւագ հիւպատոս Մորթեզա Ապետին Վարամին կ՚ըսէր. «Մենք Հայաստանի մէջ խաղաղութեան սուրհանդակներ ենք եւ կ՚ուզենք Հայաստանը տեսնել որպէս կայուն երկիր։ Այսպէսով, ինչպէս նշած են Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարները, մենք չենք կրնար ընդունիլ տարածաշրջանին մէջ սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն։ Եւ կը կարծեմ՝ Կապանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան աւագ հիւպատոսութեան բացումը ցոյց կու տայ երկու երկիրներու ղեկավարներու ամուր վճռականութիւնը։ Այս որոշումը տարիներու պատմութիւն ունի եւ մենք այժմ ականատես կ՚ըլլանք հիւպատոսութեան բացման։ Ի դէպ, ես հայերը կը պատկերացնեմ՝ որպէս Իրանի հայազգի քաղաքացիներ։ Անոնք շատ քաղաքակիրթ եւ բարեհամբոյր մարդիկ են։ Այդպէս են նաեւ ձեր երկրի եւ Կապանի մարդիկը։ Ի վերջոյ, Կապանի ժողովուրդին խորհուրդ կու տամ չանհանգստանալ, մենք այստեղ ենք հայ ժողովուրդին համար»։

Այս բոլորը փաստօրէն օդին մէջ նետուած խօսքեր չեն միայն ու ճիշդ այդ խօսքերէն վերջ Իրան կատարեց զինուորական զօրավարժութիւններ՝ Արաքս գետի ողջ երկայնքով...։

Այլ հարց է, որ Իրան հայերու սեւ աչքերուն համար երբեք պիտի չմտնէ պատերազմի մը, որուն մէկ ծայրը Թուրքիան պիտի ըլլայ, բայց եւ այնպէս, վերջին շրջանի Իրանի քայլերը խաղադրոյք ցոյց կու տան, որ այդ երկիրը աւելի քան որեւէ ժամանակ հետամուտ է Հայաստանի սահմաններուն վրայ ամբողջական խաղաղութեան հաստատման, որուն ճամբով ալ ԱՄՆ եւ անոր արբանեակները հեռու մնան Իրանին ռազմական հարուածներ տալու չափազանց վտանգաւոր եւ հրէշային ծրագիրներէ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2022