ՄԻՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՄՐՑԱՊԱՅՔԱՐ
Սոչիի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան ուղղակիօրէն վերաբերող բաժինները պէտք է լուսարձակի տակ առնել՝ արժեւորելու համար Ռուսաստանի նախագահին կողմէ նախապէս կատարուած յայտարարութիւնները եւ անոնց կիրարկելիութեան հաւանականութիւնը:
Առաջին. «Նշելով ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի առանցքային ներդրումը իր տեղակայման գօտիի անվտանգութեան ապահովման առումով՝ ընդգծեցինք տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ Ռուսաստանի ջանքերու արդիականութիւնը»:
Երկրորդ. «Ընդգծեցինք Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման աշխոյժ նախապատրաստման կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու համար: Առկայ զարգացումներու հիման վրայ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու փոխադարձ ընդունելի լուծումներու որոնումը: Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնը կը ցուցաբերէ կարելի ամբողջ աջակցութիւնը»:
Երրորդ. «Շեշտեցինք Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ դրական մթնոլորտի ձեւաւորման կարեւորութիւնը՝ Ռուսաստանի աջակցութեամբ հասարակութեան ներկայացուցիչներու, փորձագիտական համայնքներու եւ կրօնական առաջնորդներու միջեւ երկխօսութիւնը շարունակելու, ինչպէս նաեւ միջխորհրդարանական եռակողմանի շփումներու մեկնարկը՝ ամրապնդելու վստահութիւնը երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ»:
Չորրորդ. «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարները ողջունեցին Ռուսաստանի Դաշնակցութեան պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու ամէն կերպ նպաստել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ բարգաւաճման ապահովման առումներով»:
Պարզ է, որ հիմնական տեղաշարժ չկայ այսօրուան կացութեան մէջ: Նորութիւնը այն է, որ Ռուսաստանի աջակցութեամբ պիտի ձեռնարկուին հասարակական եւ կրօնական մակարդակներու վրայ երկխօսութեան գործընթացներ: Այլապէս, ամբողջ յայտարարութեան առանցքային բաժինը՝ Ռուսաստանի միջնորդութիւնն է, երաշխաւորութիւնը եւ երկու կողմերուն կատարած ընդգծումները՝ ռուսական աջակցութիւններն ու խաղաղապահ առաքելութիւնը կարեւոր նկատելու առումով: Սոչին ուրեմն ո՛չ թէ հիմնական տեղաշարժ ապահովելու ուղղուած է՝ որքան ռուսական տիրոյթի բացարձակութիւնը յայտարարելու:
Սոչիէն անմիջականօրէն առաջ նախագահ Փութինի հրապարակումը՝ Ուաշինկթընի եւ ռուսական նախագիծերու մասին, նոյն մղումը ունէր: Հայկական կողմին ուղղուած հռետորական հարցումը, որ եթէ հայկական կողմը պատրաստ է Ատրպէյճանի գերիշխանութեան տակ ընդունելու Արցախը Ուաշինկթընի նախագիծով, ապա Մոսկուա որեւէ բան չի կրնար պարտադրել՝ դարձեալ նոյն հանգոյցին կը վերաբերի:
Փրակի յայտարարութեան նման այստեղ եւս կը բացակայի Արցախի հարցը: Ընդհանուր յայտարարը տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչումի իրաւադրոյթն է՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Ալմա-Աթայի հռչակագիրի համապատասխան յղումներով:
Սոչիով, անշուշտ, չ՚աւարտիր միջնորդական հակամարտութիւնը: Եւրոպական այլ քաղաքներու մէջ վերստին կը հրաւիրուին կողմերը եւ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը կ՚աշխուժացնէ իր գործուղումները տարածաշրջան:
Աշխարհաքաղաքական այս մրցապայքարին մէջ Երեւան անպայման պէտք է նկատէ՝
1.- Իրանի վճռական դիրքորոշումը իր ու Հայաստանի սահմանի կարգավիճակին մասին եւ Սիւնիքի մէջ հիւպատոսարանի բացումը:
2.- Ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան երկարաձգման միտուած Մոսկուայի նկրտումները եւ այդ առումով Արցախի կարգավիճակի ճշդումի յետաձգման հաւանականութիւնը:
3.- Տարածաշրջան ներթափանցման համար հաւաքական Արեւմուտքի դիւանագիտական, միջնորդական առաքելութիւններու աշխուժացումը, պետական սահմաններուն Ատրպէյճանի յարձակումներու կանխարգիլումը առաջադրող պաշտօնական յայտարարութիւններն ու անոնց հետեւող դիտորդական, փաստահաւաքի կամ կարիքներու գնահատման տարազներով առաքելութիւններու ժամանումը սահմանագիծ:
4.- Ատրպէյճանի կիրարկած ռազմական յանցագործութիւններու բարձրաձայնումը Ուաշինկթընի, Պրիւքսելի եւ Եւրոպայի կարեւորագոյն կեդրոններու կողմէ:
Մեզմէ անկախ ներգրաւուած ենք միջնորդական հակամարտութեան գործընթացին: Հայկական կողմը այս համապատկերին մէջ իւրաքանչիւր գլխաւոր խաղացողի հետ իր շահերը համընկնեցնելու հրատապ օրակարգին առջեւ կանգնած է: Հրամայական է նրբագոյն դիւանագիտութեան կատարողականութիւնը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի