ԷՍԱԵԱՆԻ ՄԷՋ ՔԷՐՄԷՍ

Ամանորի ընդառաջ վերջին օրերուն Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Երկօրեայ ծրագիր մըն էր այս մէկը, որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Քէրմէսի կազմակերպիչ տիկինները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնք հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին իրենց տրամադրութեան տակ դրուած աւանդական իրերուն նկատմամբ։

Քէրմէսի մթնոլորտին մէջ բոլորը մօտալուտ Ամանորին ընդառաջ փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022