ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՏԱԳՆԱՊ. Ո՛Չ ԱՄՆ, Ո՛Չ ԱԼ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ ՆՊԱՏԱԿ ՈՒՆԻՆ ՋԱԽՋԱԽԵԼ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԸ

Ուքրայնայի տագնապի մթնոլորտին մէջ այս շաբաթ տեղի ունեցան երկու կարեւոր իրադարձութիւններ, որոնց ընթացքին երկու հակամարտ կողմերը ձեւով մը ամրագրեցին իրենց մօտեցումները։ Այս առումով խաղին հաշիւը բացաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, որ հանդիպեցաւ բանակի վերնախաւին հետ ու այդ հանդիպման ընթացքին հանդէս եկաւ քանի մը կարեւոր յայտարարութիւններով։ Փութին նշեց, որ Ռուսաստանի բանակը բաւարար ներուժ ունի շարունակելու այս պատերազմը, իբր այդ ալ խօսեցաւ քանի մը առանցքային քայլերու մասին։

Միւս կողմէ, Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի, որ յատուկ թռիչքով մը հասաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ «շռնթալից» կերպով մուտք գործեց երկրի օրէնսդրական բարձրագոյն ատեանի՝ քոնկրէսի գլխաւոր դահլիճէն ներս։ Զելենսքիի սրահ մուտքը զուգորդուեցաւ ծափողջոյններով, ինչ որ կերպով մը ուքրանացի ղեկավարին այս այցը շեշտաւորեց՝ որպէս յաղթանակ տարած պատերազմիկին։

Զելենսքիի այցելութիւնը բազմակողմանիօրէն իւրայատուկ էր ու այնտեղ հնչող յայտարարութիւններուն հիմնական մասը կը վերաբերէր ո՛չ միայն քաղաքական իրավիճակը ներկայացնելու, այլ յատկապէս նոր զէնք ու զինամթերք ունենալու պահանջներուն։ Զելենսքի ԱՄՆ-ի իշխող վերնախաւին դիմաց խօսք առնելով շեշտեց երկու բան։ Մէկը միւսին փոխառընչուած նիւթերու մասին խօսելով ան յստակօրէն ընդգծեց, որ ԱՄՆ ի զուր չէ, որ այսօր նեցուկ կը կանգնի Ուքրայնային, նաեւ նկատել տուաւ, որ այսօր դարձեալ ուքրանացիք կարիքն ունին արդիական զէնքերու, որպէսզի կարողանան իրենց պայքարը շարունակել։

Մէկ խօսքով՝ անցեալ օրերուն հնչած յայտարարութիւնները եկան ապացուցանել, որ աշխարհ՝ միջազգային հանրութիւնը հեռու է Ուքրայնայի մէջ խաղաղութիւն տեսնելու ընդհանուր պատկերէն։

Այսքան մոխրագոյնի միտող պատկերին մէջ, ամբողջ աշխարհին համար գերէական խնդիր կը շարունակէ մնալ այն հարցը, թէ արդեօք այս պատերազմը կրնա՞յ կորիզային ընդհանուր պատերազմի մը վերածուիլ։

Խաղը ծանր ու արիւնոտ, սակայն Արեւմուտքի եւ յատկապէս ԱՄՆ-ի կողմէ ամէն շրջանի յայտարարութիւնները կը փաստեն, որ Ուքրայնային նեցուկ կանգնող ուժերը երբեք չեն մտածեր ուղղակիօրէն պատերազմի մը մտնել Ռուսաստանի դէմ։ Իբր այդ, վերջին կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկած է ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն։ Իսկ Զելենսքի Պայտընի կողմէ ընդունուելէ վերջ յայտնեց, որ ԱՄՆ երբեք մտադիր չէ կռուիլ Ռուսաստանի դէմ։

Բնականաբար, Պայտընի յայտարարութիւնը երկինքէն ինկած խօսք մը չէ, այն զուգակցուած է տարբեր նրբութիւններով եւ մեզ կը տանի այն խորքային եզրակացութեան, թէ ԱՄՆ երբեք պիտի չուզէ, որ Ռուսաստան ամբողջապէս փլուզուի, ինչ որ կրնայ ստեղծել ծանր քաշի նոր տագնապ մը։

Ամէն պարագայի, յառաջիկայ ամիսները (հաւանաբար մինչեւ գարուն) բոլոր կողմերուն համար ալ պիտի ըլլան սպասման ամիսներ ու հազիւ թէ յառաջիկայ գարնան կը սկսին ուրուագծուիլ Ուքրայնայի տագնապին ամբողջական կամ նոյնիսկ մասնակի հանգուցալուծման առաջին ուրուականները։

ԱՄՆ-ի դիւանագիտութեան «մեծ աղուէս» Հենրի Քիսինճըր նոյն նիւթին շուրջ վերջերս հանդէս եկած է գրաւոր յայտարարութեամբ մը, որ լոյս տեսած է «Spectator» պարբերականին մէջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութեան քանի մը կարեւոր հատուածները։

*

Ուքրայնա ժամանակակից պատմութեան մէջ առաջին անգամ դարձած է Կեդրոնական Եւրոպայի խոշորագոյն պետութիւնը։ Իր դաշնակիցներու օգնութեամբ եւ իր ոգեւորուած նախագահը՝ Վլատիմիր Զելենսքիով Ուքրայնա փակուղի տարած է ռուսական զինեալ ուժերը։ Իսկ միջազգային համակարգը՝ ներառեալ Չինաստանը, դէմ են ռուսական սպառնալիքին կամ անոր կողմէ միջուկային զէնքի կիրառման։ Այդ գործընթացը առաջնահերթ հարցեր բարձրացուցած է Ուքրայնայի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան վերաբերեալ։ Ուքրայնա այսօր ունի Եւրոպայի ամենամեծ եւ արդիւնաւէտ ցամաքային բանակներէն մէկը՝ յագեցած ամերիկեան եւ անոր դաշնակիցներու զէնքերով: Խաղաղութեան գործընթացը՝ որ ձեւով մը պէտք է կապէ Ուքրայնան ՆԱԹՕ-ի հետ։ Չէզոքութեան այլընտրանքը այլեւս իմաստ մը չունի՝ յատկապէս երբ Ֆինլանտիան եւ Շուէտը անդամակցած են ՆԱԹՕ-ին: Ահա թէ ինչո՛ւ անցեալ տարուան մայիսին ես խորհուրդ տուի հրադադարի գիծ հաստատել այն սահմաններուն երկայնքով, որոնք գոյութիւն ունէին մինչեւ 24 փետրուարի պատերազմը։ Ռուսաստան դժկամութեամբ կը հրաժարի իր նուաճումներէն, բայց ոչ այն տարածքէն, որ գրաւած էր գրեթէ մէկ տասնամեակ առաջ՝ ներառեալ Խրիմը։ Այդ տարածքը կրնայ բանակցութիւններու առարկայ դառնալ հրադադարէն յետոյ։

Եթէ Ուքրայնայի եւ Ռուսաստանի միջեւ նախապատերազմական բաժանարար գիծին հնարաւոր չէ հասնիլ մարտական կամ բանակցային ճանապարհով, ուրեմն կարելի է դիմել ինքնորոշման սկզբունքին։ Ինքնորոշման հանրաքուէները, միջազգային հսկողութեան ներքեւ, կրնան կիրառուիլ՝ յատկապէս բաժանարար տարածքներու նկատմամբ, որոնք դարերու ընթացքին բազմիցս փոխուած են։

Խաղաղ գործընթացի նպատակը երկակի պէտք է ըլլայ՝ հաստատել Ուքրայնայի ազատութիւնը եւ սահմանել նոր միջազգային կառոյց մը՝ յատկապէս Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի համար։

Ոմանց համար նախընտրելի արդիւնքն է պատերազմէն ուժասպառ եղած Ռուսաստանը։ Ես համաձայն չեմ։ Բռնութեան հանդէպ իր հակումով հանդերձ՝ Ռուսաստան երկար տարիներ վճռական ներդրում ունեցած է համաշխարհային, նաեւ ուժերու հաւասարակշռութեան մէջ։ Անոր պատմական դերը պէտք չէ նսեմացնել։ Ռուսաստանի ռազմական անյաջողութիւնները չեն վերացներ անոր համաշխարհային միջուկային ներուժը, ինչ որ թոյլ կու տայ սպառնալ Ուքրայնայի մէջ պատերազմական մագլցումի։ Նոյնիսկ եթէ այդ կարողութիւնը նուազի, Ռուսաստանի կործանումը կամ անոր ռազմավարական քաղաքականութեան կարողութեան ոչնչացումը տարածքը կ՚առաջնորդեն ապակայունութեան։ Այլ երկիրներ կրնան փորձել ուժով ընդլայնել իրենց պահանջները։ Այս բոլոր վտանգները կը խորանան միջուկային զէնքի առկայութեամբ, ինչ որ Ռուսաստանը կը դարձնէ աշխարհի երկու խոշորագոյն միջուկային տէրութիւններէն մին:

Քանի որ համաշխարհային ղեկավարներ կը ձգտին վերջ տալու պատերազմին, ուր երկու միջուկային տէրութիւնները կը մրցին սովորական սպառազինութեամբ երկրի մը դէմ, անոնք պէտք է մտածեն նաեւ այս հակամարտութեան վրայ ազդեցութեան եւ բարձր արհեստագիտութիւններով եւ արհեստական բանականութեամբ երկարաժամկէտ ռազմավարութեան մասին: Արդէն գոյութիւն ունի ինքնավար զէնք, որ ընդունակ է բացայայտելու, գնահատելու եւ թիրախաւորելու հնարաւոր սպառնալիքները եւ այդպիսով կարողանալ սկսիլ իր սեփական պատերազմին:

Այս յափշտակող աշխարհին համար դեռ ոչ մէկ տեսութիւն գոյութիւն ունի եւ այդ նիւթով խորհրդատուական աշխատանքներ չեն սկսած՝ գուցէ այն պատճառով, որ բովանդակալից բանակցութիւնները կրնան յանգեցնել նոր բացայայտումներու, որոնք ինքնին վտանգ կը ներկայացնեն ապագայի համար:

Յառաջատար արհեստագիտութեան եւ այդ մէկը վերահսկելու ռազմավարութեան հայեցակարգի միջեւ անհամապատասխանութեան յաղթահարումը կամ նոյնիսկ անոր ամբողջական իմաստը հասկնալը այսօր նոյնքան կարեւոր խնդիր մըն է, որքան կլիմայի փոփոխութիւնը եւ անոր համար կը պահանջուին առաջնորդներ, որոնք կը տիրապետեն թէ՛ արհեստագիտութիւններուն եւ թէ՛ պատմութեան:

Խաղաղութեան եւ կարգ ու կանոնի խնդիրը ունի երկու բաղադրիչներ, որոնք երբեմն կը դիտուին որպէս իրարու հակասող՝ անվտանգութեան տարրերու որոնում եւ հաշտեցման գործողութիւններու պահանջ: Դիւանագիտութեան ուղին կրնայ թուիլ բարդ եւ հիասթափեցնող: Սակայն անոր հասնելու գործընթացը կը պահանջէ թէ՛ հեռատեսութիւն եւ թէ՛ քաջութիւն՝ այդ ճանապարհորդութիւնը սկսելու համար:

Երբ այս ոլորտին մէջ սահմանը հատուի եւ բարձր արհեստագիտութիւնները դառնան չափանիշային զէնք, իսկ համակարգիչները՝ ռազմավարութեան հիմնական կատարողներ, աշխարհը պիտի յայտնուի այնպիսի վիճակի մը մէջ, որու համար դեռ հաստատուած հայեցակարգ չկայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2022