ՍԵՒԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ. «ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՇԱՏ ԱՂՕՏ Է» (Բ.)

Կը շարունակենք մեր զրոյցը հալէպահայ ազգային գործիչ տքթ. Սեւան Քէշիշեանի հետ։

*

-Հալէպը պաշարած պատերազմի ընթացքին ձեր մտքին մէջ կա՞յ որեւէ փորձառութիւն մը, մանրավէպ մը, որ կ՚ուզէք պատմել մեր ընթերցողներուն:

-Հալէպի պատերազմի փորձառութեան մասին մանրավէպ չէ, այլ վէպեր կարելի է գրել՝ այնքան շատ պատմութիւններ տեսանք, ապրեցանք թէ՛ մենք եւ թէ՛ մեր շուրջինները: Հիմա կրնամ յիշել դէպք մը, երբ ստիպուած եղանք մայրս իր տունէն տեղափոխել եղբօրս տունը՝ աւելի ապահով ըլլալու համար։ Այդ օրը ես զաւակներուս հետ գացի օգնելու մօրս, որ տարիք ունի, անշուշտ, տան իրերը դասաւորեցինք, կահկարասի կրեցինք, ամէն ինչ ըրինք։ Մայրս ամբողջ ընթացքին կ՚օրհնէր մեզ, կ՚աղօթէր՝ ըսելով. «Աստուած ձեր ձեռքերէն բռնէ, Աստուած ձեզի փորձանքներէ պահպանէ»։ Մինչ այդ, ժամանակը բաւական յառաջացաւ, ուշացանք, որովհետեւ այդ օրերուն միշտ արեւը մարը չմտած կ՚ուզէինք տուներնիս ըլլալ՝ մանաւանդ, որ հրասանդերը, կարծես, մթննալէն վերջ կ՚արձակուէին։ Աճապարանօք սկսանք վազել՝ նախքան մթնելը տուն հասնելու նպատակով։ Դիմացս դրացուհիս ելաւ, հայ կին մը, ըսի. «Ամէն մարդ տուն կը վերադառնայ, դուն քաղաքի ո՞ր կողմը կ՚իջնես»։ Ան պատասխանեց. «Ինչ կ՚ըլլաս, լուացքի դեղ պիտի առնեմ, վայրկեան մը ինծի կը սպասէ՞ք։ Սա խանութը մտնեմ, յետոյ միասին կ՚երթանք, ես ալ կը վախնամ մինակս ելլելու»։ «Լաւ,- ըսի, մեզ կ՚ուշացնես, բայց վնաս չունի, կը սպասենք»։ Այսպիսով 10-15 վայրկեան մեզ ուշացուց։ Մինչեւ միասին փողոցին ծայրը հասանք, զօրաւոր ձայն մը լսեցինք։ Մինչ ինքը իր շէնքը մտաւ, ես եւ տղաքս վազելով կը շարունակէինք դէպի մեր տունը։ Յանկարծ ամուսինս զանգեց եւ ըսաւ, թէ մեր թաղի ուղղութեամբ սկսած էր հրասանդեր նետուիլ եւ անոնցմէ մին ճիշդ մեր շէնքին մօտ ինկած... Ես վայրկենական ըսի՝ Աստուած իմ, եթէ դրացուհիս մեզ զբաղեցուցած չըլլար, մենք արդէն 15 վայրկեան առաջ հասած պիտի ըլլայինք թաղը եւ ճիշդ մեր գլխուն պիտի գար անիծեալ հրթիռը…։ Այսինքն՝ իւրաքանչիւր վայրկեան կը զգայինք Աստուծոյ ներկայութիւնը։

-Այսօր եւս կը շարունակէք ձեր գործունէութիւնը, որ սոսկ գործունէութիւն չէ, այլեւ առաքելութիւն: Այս ծիրին մէջ ի՞նչ խնդիրներու կը հանդիպիք:

-Դարձեալ կը վերադառնանք տնտեսական վիճակին: Ներկայ փուլին դեղօրայքի այնքան սղաճ եղաւ, որ մարդիկ երբեմն իրենց անհրաժեշտ ճնշումի, շաքարախտի դեղերը չեն կրնար ապահովել, կը դիմեն եկեղեցիներու, հաստատութիւններու։ Այդ պատճառով ալ շատ մը բժիշկներ իրենց աշխատանքին կողքին նաեւ մարդասիրական օժանդակութիւն կը կատարեն եւ իրենց հիւանդներուն դեղ կ՚ապահովեն։ Անշուշտ, ես ալ անոնցմէ մէկն եմ։ Պատեկերացուցէք՝ ցանկեր կազմած եմ, թէ ո՛ր ծանօթս ի՛նչ դեղերու պէտք ունի եւ այդ դեղերը կը հաւաքեմ ու ամէն մէկուն կը ղրկեմ։ Այս ձեւով կը փորձեմ իմ հերթիս օգտակար ըլլալ մարդոց եւ կը զգամ, որ անոնք շատ կը գնահատեն եւ ուրախ կ՚ըլլան։ Կը շուարին, թէ ի՛նչ ընեն, ինչպէ՛ս ինծի փոխադարձեն։ Բայց ես կը հաւաստիացնեմ, որ իմ խիղճս հանդարտ է եւ բաւարարութիւն կը զգամ, երբ կը տեսնեմ, որ իմ հիւանդս ուրախ է, շատ գոհ է եւ ժպիտ գծուած է իր դէմքին:

-Ակներեւ է, որ Սուրիոյ պատերազմը կարծես իր աւարտի փուլին է։ Իբր այդ, դուք ի՞նչ գնահատականներ ունիք սուրիահայութեան մասին։ Համայնքը ինչքանո՞վ կրցաւ դիմադրել այս պատերազմին եւ արդեօք մարդկային արտահոսքերու վտանգը տակաւին կը սպառնա՞յ Հալէպին:

-Իրականութեան մէջ հալէպահայութիւնը նօսրացաւ, նոյնիսկ եթէ թիւերով նայինք, ապա սա փաստացի իրականութիւն է։ Ահագին արտագաղթ եղաւ եւ տակաւին կ՚ըլլայ։ Շատեր զղջացին, որ մնացին Հալէպ։ Իւրաքանչիւր ընտանիք իր պայմանները ունէր, շատեր ամէն ինչ կորսնցուցած էին եւ իրենց համար տարբերութիւն պիտի չընէր, ինչ ալ ըլլար պիտի գաղթէին։ Շատեր տուն տեղ ձգած գաղթեցին, շատեր իրենք չէին ուզեր, բայց ներկայ ճգմաժամը, որ կ՚ապրինք, բոլորն ալ կ՚ըսեն, թէ երանի գաղթած ըլլային…։ Այո՛, ճիշդ կրնայ ըլլալ Հայաստան երթալը, բայց ան ալ ճգնաժամի մէջ է, հոն ապրիլն ալ դժուար է։ Իրականութեան մէջ մենք փորձ մը ըրինք 2019-ին, մտածեցինք, որ գաղթենք այլեւս, բայց չկրցանք դիմանալ ծախսերուն։ Իմ տղաքս բժշկականի ուսանողներ են եւ սկսած են Սուրիոյ մէջ ուսանիլ։ Տխուր է նաեւ լսել, որ կարգ մը միութիւններ Հալէպի համար նախատեսուած օգնութիւնները այլեւս դադրեցուցած են՝ քանի իրենց մտածումով Հալէպը ազատագրուած է…։ Կայ այդպիսի մօտեցում, բայց իրականութիւնը բոլորովին այլ է եւ մենք շատ աւելի ծանր օրեր կ՚ապրինք՝ քան պատերազմական փուլը։ Ըսել կ՚ուզեմ, թէ շատեր առիթ չունէին երթալու, շատեր նիւթականով ապահովուած էին եւ գացին։ Անոնց մէկ մասը մտածեց, որ Հայաստան գաղթելը ամենաճիշդն է, մէկ մասն ալ գնաց հեռաւոր երկիրներ, որոնք ես միշտ ձուլարաններ կը համարեմ…։ Սուրիոյ մէջ այդ ձուլման ընթացքը կրնար շատ աւելի ուշանալ՝ քան Գանատայի, Աւստրալիոյ կամ այլ երկիրներու պարագային։

-Ձեր կարծիքով, հալէպահայ գաղութը կանգուն պիտի մնա՞յ:

-Հալէպահայ գաղութը միշտ ալ կը փորձէ կանգուն մնալ, բայց այսօրուան վիճակով թոյլ է, առաջուան այդ զօրաւոր գաղութը չէ։ Սա իրականութիւն մըն է, որ պիտի ընդունինք։ Եթէ ունենանք գաղթել չուզող նոր սերունդ մը եւ բոլորը մնան, աշխատին, իրենց նախնիներուն առաքելութիւնը շարունակեն, ապա գաղութը կրնայ կանգուն մնալ, բայց դժուար թէ այդպէս ըլլայ: Միւս կողմէ, եթէ տրամաբանականօրէն մտածենք, այլեւս չենք կրնար մեղադրել երիտասարդները՝ եթէ գաղթել փափաքին, որովհետեւ այս նեղ տնտեսական վիճակին մէջ որեւէ երիտասարդ չի կրնար իր ապագան կերտել։ Ներկայիս շատ դժուար է, որ մարդ կարողանայ արդար վաստակով կամ մասնագիտութեամբ իր օրապահիկը ապահովել։ Ինչպէս վերեւ յիշեցի, պատերազմէն ետք քաոսային վիճակ կը տիրէ եւ մենք հիմա այդ քաոսին մէջ կ՚ապրինք կամ կը գոյատեւենք: Դժուար թէ գաղութը առաջուանը դառնայ։ Մնացողները կը մնան, կը փորձեն գոյատեւել, բայց նախկին ուժը, թիւը, զօրութիւնը կասկածելի է, որ ըլլայ։ Թէեւ միութիւններ, եկեղեցիներ կը փորձեն կանգուն պահել մեր համայնքը, բայց դարձեալ պատկերը աղօտ է, ես շատ լաւատես չեմ այդ առումով:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

•շար. 2 եւ վերջ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2022