ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ-ՈՒՔՐԱՅՆԱ ՄԵԾ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԸ
Օրերս լրացաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի առաջին տարին։ Անհաշուելի զոհերով, աղէտալի հետեւանքներով, մեծ քանդումներով աչքի ինկած այս պատերազմը, խորքին մէջ, Արեւելք-Արեւմուտք առկայ պայքարի կարեւորագոյն բախման կէտն է։ Յստակ է նաեւ, որ Ռուսաստանի յառաջ քշած բոլոր թեզերը կամ անոնց հիմնական մէկ մասը արդէն տապալած են եւ այսօրուան կտրուածքով՝ նոյնիսկ եթէ կարողանայ ռազմական առաւելութեան մը տիրանալ, ապա ան քաղաքականապէս կանգնած է մեկուսացման լուրջ համայնապատկերի մը առջեւ։
Չինաստան, որ կը կարծուէր, թէ պիտի դառնայ Ռուսաստանը քաղաքական մեկուսացումէն դուրս բերելիք գլխաւոր երկիրը, այսօր այլ կերպով կը նայի այս խաղին ու կը փորձէ հանդէս գալ զուտ սեփական շահերով։ Այս մօտեցումը շատ հաւանաբար իր սաղմին մէջ պիտի խեղդէ աւելի առաջ Ռուսաստանի կողմէ տարածուած այն մեծ գաղափարը, որուն հիմքով ալ պատերազմի կամ յատուկ գործողութեան յաջողութեամբ աշխարհը պիտի մտնէր բազմաբեւեռ կերտուածքի մը, որուն մէջ գլխաւոր թելադրող ուժը այլեւս պիտի չըլլար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Այս բոլորի լոյսին ներքեւ, աւելի քան ուշագրաւ էր ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի վերջերս կատարած շրջագայութիւնը։ Ան Քիեւ եւ յետոյ Վարշաւիա այցելելով կարողացաւ քանի մը թռչուն մէկ քարով որսալ։ Միւս կողմէ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այս այցելութիւններուն զուգահեռ՝ խօսեցաւ իր հանրութեան ու վերլուծաբաններ անոր ելոյթը համարեցին բաւականին տկար եւ սոսկ պաշտպանողական դիրքերէ բխած։
Այս բոլորէն անդին, այսօր աւելի քան յստակ է, որ առաջին տարելիցը աւարտած այս ահռելի պատերազմը պիտի շարունակուի։ Հակամարտ կողմերը չունին յստակ ծրագիր՝ խնդիրները բանակցութեան սեղանին վրայ դնելու. բան մը, որ աւելիով կը հրահրէ պատերազմը եւ կը մեծցնէ դէպի այլ երկիրներ տարածուելու մեծ վտանգը։
Վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ եւ միջազգային բաւական խճողուած իրականութիւնը ընթերցելով՝ միջազգային հակամարտութիւններու կառավարման մասնագէտ տքթ. Սահակ Անտէքեան օրերս առանցքային տեսակէտներ արտայայտած է Լիբանանի առցանց «Ժուսուր» հարթակին։ Խօսելով իր առաջին տարին աւարտած Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան մասին՝ Անտէքեան մասնաւորապէս նկատել կու տայ, որ Պայտընի Քիեւ այցը շատ կարեւոր էր թէ՛ ժամկէտի, թէ՛ ձեւի եւ թէ բովանդակութեան առումով։ Ժամկէտի առումով այդ մէկը տեղի ունեցաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի առաջին տարելիցի նախօրէին։ Ձեւի իմաստով այդ մէկը ուղերձ մըն էր Ուքրայնային, Լեհաստանին եւ Ռուսաստանին։ Ուքրայնային ուղղուած ուղերձը բարոյական այն մեծ աջակցութիւնն էր, որ կը յայտնէր աշխարհի ամենահզօր երկրի նախագահը, որ նաեւ Ուքրայնայի գլխաւոր աջակիցն է պատերազմին մէջ։
Ինչ կը վերաբերի Լեհաստանին ուղղուած կարեւոր պատգամին, ապա այդ երկիրը ստացաւ ԱՄՆ-ի նեցուկը, որովհետեւ ան ընդունեց ուքրանացի փախստականները եւ դարձաւ ՆԱԹՕ-ի կողմէ Ուքրայնայի հասցուող ռազմական օժանդակութիւններու գլխաւոր հաւաքատեղի-կայանը։ Վարշաւիոյ մէջ Պայտընի ելոյթը մեծ իմաստ կը պարունակէր՝ նկատի ունենալով, որ Պաղ պատերազմի ժամանակ Վարշաւիոյ պայմանագիրով Խորհրդային Միութեան ճամբարը արշաւի սկսաւ ՆԱԹՕ-ին դէմ: Այս քայլով կարծէք Պայտըն ուղերձ կը յղէր Խորհրդային Միութեան ժառանգորդ Ռուսաստանին՝ ըսելով. «Իմ ելոյթը կը կատարեմ ձեր տան մէջէն. տեղ մը, որ խորհրդանշական է Արեւմուտքի դէմ տարած ձեր պայքարին տեսակէտէ»։
Ինչ կը վերաբերի Ռուսաստանին ուղղուած ուղերձին, ապա Պայտընի նպատակն էր հաստատել ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի հաւատարմութիւնը՝ բոլոր մակարդակներու վրայ աջակցելու համար Ուքրայնային։ Անոր նպատակն էր նաեւ ապացուցանել, որ Արեմուտքը՝ Ուաշինկթընի գլխաւորութեամբ, տակաւին միահամուռ եւ ուժեղ է։
Ինչ կը վերաբերի ԱՄՆ-ի նախագահի ուղերձի բովանդակութեան, ապա ան մասնաւորապէս նշեց, թէ ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի աջակցութիւնը ի նպաստ Ուքրայնայի պիտի չտկարանայ։ Ան նաեւ վստահեցուց, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրները պիտի չբաժնուին, ինչպէս Փութին կը կարծէր, այլ պիտի ըլլան աւելի միասնական՝ Ուքրայնայի ռազմական եւ մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելու եւ Ռուսաստանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ կիրառելու նպատակով։ Պայտըն նաեւ ըսաւ, որ պիտի շարունակէ դիմակայել Ուքրայնայի դէմ Ռուսաստանի դաժան յարձակումներուն՝ հաւատարիմ մնալով պաշտպանելու ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու տարածքի իւրաքանչիւր թիզը, այդ ձեւով Փութինին առջեւ հատելով ճանապարհը դէպի ՆԱԹՕ-ի երկիրներ իր տարածքները ընդլայնելու ամէն տեսակի ծրագիրները։ Պայտըն Վարշաւիայէն այլ կարեւոր հարցի մը եւս անդրադարձաւ՝ պատասխանելով Ռուսաստանի ժողովուրդին ուղղած Փութինի ելոյթին։ Ան շեշտած է, որ ԱՄՆ չի ձգտիր գրաւել կամ ոչնչացնել Ռուսաստանը, իսկ Արեւմուտքը չէր ծրագրած յարձակիլ Ռուսաստանի վրայ՝ ինչպէս Փութինը փորձած է ներկայացնել:
Պայտընի ելոյթէն ժամեր առաջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երկրի խորհրդարանի իր ամէնամեայ ելոյթին ընթացքին յայտարարած էր, որ կասեցուցած է ԱՄՆ-ի հետ ստորագրած ռազմավարական սպառազինութեան սահմանափակման «START» պայմանագիրը։ Ան նաեւ Արեւմուտքը մեղադրեց, որ Ուքրանայի պատերազմին սկիզբ տալով նպատակ ունէր վերացնել Ռուսաստանը։ Փութին ըսաւ, որ Ռուսաստան այսօր կանգնած է վտանգի դէմ յանդիման եւ գոյութենական պատերազմ կը մղէ, սակայն անհնար է պարտութեան մատնել զայն։
Փութին նաեւ ըսաւ, որ Արեւմուտքը սկսած է պատերազմը եւ որ արեւմտեան երկիրները՝ ԱՄՆ-ի գլխաւորութեամբ, կը ձգտին անսահմանափակ ուժ ունենալ միջազգային գետնի վրայ՝ մինչ Ռուսաստան կը փորձէ կանգնեցնել այս պատերազմը։ Ան աւելցուցած է, որ արեւմտեան առաջնորդներուն խոստումները պարզապէս ժամանակ շահելու պատրուակներ են՝ Ուքրայնան հակամարտութեան նախապատրաստելու համար, իսկ Ռուսաստան պատրաստ է երկխօսութեան եւ բոլորին համար հաւասար եւ արդար անվտանգութեան երաշխիքներ կը փնտռէ։
Փութինի 90 վայրկեան տեւած ելոյթին մեծ մասը Ուքրայնայի հարցին կը վերաբերէր, սակայն ան ոչ մէկ լուծում ներկայացուց այս ճգնաժամէն դուրս գալու համար, այլ որդեգրեց վախի քաղաքականութիւնը՝ արդարացնելու համար պատերազմը։ Փութինի ելոյթին մէջ քանի մը տեղ ակնյայտ էր վախի քաղաքականութիւնը։ Ան կ՚ըսէր, թէ Եւրոպան կ՚ուզէ մէկընդմիշտ վերացնել եւ ոչնչացնել Ռուսաստանը։ Փորձելով ազդել իր ժողովուրդին զգացմումներուն վրայ՝ Փութին մեղադրած է Արեւմուտքը՝ ռուսական մշակոյթին, արժէքներուն, սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն դէմ յարձակելով, ինչ որ սպառնալիք է ամբողջ ռուս ժողովուրդին։
Փութինի ելոյթին ամենաուշագրաւ կէտը ԱՄՆ-ի հետ «START» պայմանագիրի կասեցումն է։ Այս փաստաթուղթին նպատակն է նուազեցնել եւ սահմանափակել նշեալ երկու երկիրներու միջուկային զինանոցը։ Պայմանագրի կասեցումը կրնայ հրահրել միջուկային սպառազինութեան մրցավազք մը եւ այդպիսով ամբողջ աշխարհը կրնայ վերածուիլ աւելի նուազ ապահով վայրի մը։ Ակնյայտ է, որ Ռուսաստան թերագնահատեց Ուքրայնայի դիմադրութիւնը եւ սխալ գնահատեց Արեւմուտքի աջակցութիւնը: Վերջին շրջանին ռուսական ընդհանուր միջավայրին մէջ կը տիրէ խառնաշփոթ իրավիճակ՝ յատկապէս այն բանէն ետք, երբ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու դաւաճանութեամբ մեղադրեց «Վակնըր» մասնաւոր անվտանգութեան ընկերութեան հիմնադիրը՝ իր վարձկաններուն զինամթերք չապահովելու պատճառով։ Նշենք, որ Փութին մասնաւոր անվտանգութեան ուժերը կ՚օգտագործէ՝ որպէս վարձկաններ, որոնք կը կռուին Ուքրայնայի դէմ։ Կայ նաեւ Վալերի Կերասիմովի նշանակման եղելութիւնը, որ Սերկէյ Սուրովիքինին փոխարինելով՝ դարձաւ Ուքրայնայի ճակատի ռուսական բանակի գործողութիւններու ընդհանուր հրամանատարը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան