ԻՄ ԵՒ ՄԵՐ ՏՂՈՑ ԱՐԵՒԵԼՔՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ -Բ-

Արեւելքը անյայտ էր մեզի համար, գրեթէ չկար, այն առաւելապէս երեւի ինքզինք կը ցցնէր հնութիւններով, որոնք շատ անգամներ կը մարմնացուէր՝ հին Հալէպի հնավայրերուն ընդմէջէն կամ այն գիրքերուն միջոցաւ, որոնք մեզի կը սորվեցնէին շատ մը պատմութիւններ, ուր կար արաբականը, իսլամականը եւ հայկականն ալ: Եւ հոս, զարմանալիօրէն, գոնէ ինծի եւ շատ մը ուրիշ ընկերներուս համար, հայկական Կիլիկիոյ թագաւորութեան պատմութիւնը մանկութենէն արմատաւորուեցաւ այսպէս կոչուած ոչ-արեւելեան։ Եւ կարծես այդ մէկը ո՛չ թէ միայն Արեւմուտք կոչուած հասկացողութեան հասու ըլլալու կամ անոր «պայծառութիւններէն» մէկը ներկայացնելու համար էր, որ կ՚ըլլար յաճախ, այլ՝ հաւանաբար տարբերուող ըլլալու մղումի արդիւնք: Քանզի չգիտցուած Արեւելքը աւելի տժգոյն էր կամ տառապածին, իսկ հոն հեռուէն եկող Արեւմուտքը կամ անոր յաջող կամ ձախող վերածուածութիւն մը իրողութիւններուն եւ նոյնիսկ տեղ մըն ալ սեփական պատմութեան պիտի տար իւրայատկութիւն մը, առանց խորանալով առաքելութիւններու, հակադրութիւններու եւ բախումներու մէջ:

Արեւմուտք մը որեւէ անուան տակ կարծես կար նոյնինքն եղած ու չեղած արեւմուտքին մէջ ալ եւ ուր տարբերուելու-տարբերելու գործիք ու շրջանակ մը կը յառնէին այդ անուան տակ: Եւ ուր ապրած տեղի, ինքնութեան խնդիրները կարծես կը լուացուէին այդ ենթադրեալ տարածքով, ո՛չ թէ պարտադրաբար մաքրուելու, այլ ստեղծելու արարքի մը սիրոյն, վերամբարձ կամ նուաճող:

Այո՛, միշտ Արեւմուտքն է, որ նուաճած է Արեւելքը Ալեքսանդր Մակեդոնացիէն մինչեւ Նափոլէոն, բայց նոյն այդ արդարացումներուն եւ ճակատականացման սփոփանքի մը մէջ էր, որ տարիներ անց ես ալ ուզեցի մխիթարութեամբ յայտնաբերել, որ մեր Տիգրան Մեծի կամ Անիպալի կողքին, Քրիստոսն ալ արեւելքցի էր: Եւ այս իրականութիւնը տեսակ մը մեծ հաւասարակշռող կերպար էր ո՛չ միայն ինծի համար, այլ հաւանաբար բոլոր արեւելքցի ինքնակոչուող կամ դուրսէն ալ անուանուողներուն համար: Եւ յաճախակիօրէն կամ ակամայ արեւելականացած Քրիստոսի կերպարը եւ անոր բերած մեծ մարդկային հոգին ու միտքը իր պատկանելիութեամբ, հին Արեւելքի նախանձը փարատելու մեծ հանգանակ էր եւ որ շատ մը Արեւելքով Արեւմուտք դիտողներուն կամ արեւելեան պարտեալներուն համար ի կատար ածուեցաւ համաշխարհային մակարդակով քրիստոսակերտումով մը:

Բնականաբար, արեւելեան նուաճումներով պարսիկները, արաբներն ու թուրքերը ունէին եւ տակաւին ունին իրենց «պարծանքի» բաժինները, մէկը մինչեւ Յունաստան, միւսը Սպանիա, իսկ միւսն ալ Վիեննայի դռները հասնելով։ Բայց փաստ է, որ այդ բոլորը չեն եղած ամբողջական ու հինաւորուած. յարատեւ գիտութեան, մշակոյթի, կրօնքի համընդհանուր ու մեծ տիրականութեամբ մը, որ բռնի չէ՛, այլ ներհոսութեամբ մը իրմէ դուրս կը նուաճէ տարածքներ ու անջրպետներ, ո՛չ միայն նիւթական իմաստով, այլ աւելի կարեւորը՝ նոյնիսկ տեղ մըն ալ չօգտագործելով ուժն ու անկէ բխած քաղաքականութիւնը:

Արեւմուտքը ո՞ւր, ե՞րբ, ինչպէ՞ս սկսաւ եւ մինչեւ հիմա ի՞նչպէս կը դրսեւորուի, դժուար է ըսել: Ո՞վ տուաւ անոր այդ անունը, նոյն Արեւե՞լքը կամ ինքնաբերաբար ու ինքնեկ Արեւմուտքը ինքն իրեն կոչեց այդպէս, քանի երբեմն կը թուի, որ շատ բարդ է ու նուրբ սահմաններ գտնելն ու գծելը Արեւմուտքի եւ Արեւելքի մէջ միաժանամակ, շատ անգամներ այդ մէկն ալ կը թուի պարզ ու հեզասահ եղող բան մը: Արեւելքը ինք արեւելացա՞ւ կամ Արեւմուտքը զայն արեւելացո՞ւց կամ հակառակը։ Մեր ժամանակներու հարցումներէն է այս մէկը եւ հոս շատ մը տնտեսական, մշակութային, կրօնական ու քաղաքական հանգամանքներ յարաբերականօրէն իրենք իրենց կը պարզեն ու շատ ջուր կը հոսեցնեն: Մենք ո՞ւր ենք եւ որո՞ւ կը պատկանինք. հարցումին պատասխանը ներկայ աշխահին մէջ, կարծեմ քաղաքական բովանդակէն անդին ամէն անհատ ու նոյնիսկ ժողովուրդ չի կրնար միատեսակօրէն պատասխանել, Արեւե՞լք է ան, թէ Արեւմուտք: Որո՞ւ, այսպէս ըսած, միջուկով աշխարհի քաղաքացիին անհատական ու հաւաքական կեանքը կը շաղախուի ու կը բանի, դժուար է ըսել, բայց յստակ է, որ աշխարհը ունի գիտութեան ու լուսաւորութեան աղբիւրներ ինչքան ալ քաղաքական հաշիւներով շատեր չեն ուզեր տեսնել զայն՝ մա՛նաւանդ պետութիւններու մակարդակով, գոնէ անհատական մակարդակով այդ մէկը տեսանելի է եւ ընդունելի:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2023