ԱՔՑԱՆԱՅԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿ
Ի՜նչ խօսք, աւելի քան յայտնի է, որ մեծ խաղ գոյացած է Հայաստանի շուրջ։ Ինչպէս տարբեր ընդհարման օճախներու պարագային, նոյնպէս եւ Հայաստան կամայ-ակամայ յայտնուած է Արեւելք-Արեւմուտք մեծ պայքարի առանցքին։ Խնդիրը այն է, որ մէկ կողմէ Ռուսաստանի դէմ առկայ սուր պայքարը, իսկ միւս կողմէ հզօր համարուած Ռուսաստանի՝ Հայաստանի հանդէպ պարտաւորութիւններուն գծով մեծ թերացումները երկիրը դրած են աքցանային իրավիճակի մը մէջ։
Այստեղ հարկ է յիշեցնել, որ նոյնիսկ Լաչինի միջանցքի փակ ըլլալէն առաջ Ռուսաստան մեծ նահանջ մը կատարած էր առ Հայաստան իր անվտանգային պարտաւորութիւններուն մէջ։ Խօսքը մասնաւորապէս՝ Ջերմուկի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի իրականացուցած ռազմական անընդունելի գործողութիւններուն մասին է, երբ քանի մը օրուան մէջ հայկական կողմը տուաւ զոհեր, նաեւ իր ռազմական շատ մը դիրքերը թողեց Ատրպէյճանին։ Այդ օրերուն Ռուսաստան քար լռութիւն կը պահէր եւ այդ վերաբերմունքը ցայսօր տարբեր առումներով կը շարունակուի։ Շատերու նման կարելի է կրկնել, որ Ռուսաստան կոչուած չէ՝ Հայաստանի զինուած ուժերուն փոխարէն կռուելու, բայց, իրավիճակը, որուն վարժ էր Հայաստան մինչեւ այս ժամանակները, այդպիսին չէր։
Ռազմավարական գործընկերութիւն, դաշնակցային բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ եւ համաձայնագիր-վաւերաթուղթեր. այս բոլորը դարձան անիմաստ, երբ Արցախէն շատ հեռու կրակէ օղակին մէջ բռնուեցան հայկական սահմանային շարք մը բնակավայրեր ու մինչեւ օրս աւելի քան 100 կէտեր (մեծամասնութեամբ ռազմավարական բարձունքներ) անցան ու կը գտնուին Ատրպէյճանի ուժերուն ձեռքը։
Այս բոլորը պարզապէս ցոյց տալու համար է, թէ ինչ վիճակի մէջ է Հայաստան՝ նաեւ դիտարկելով, որ Ռուսաստանի դէմ Հայաստանի մէջ այս օրերուն տիրող «գաղջ» մթնոլորտին հիմնական պատճառները ինչ են։ Ու այս բոլորի լոյսին տակ տեղի կ՚ունենան այն իրադարձութիւնները, որոնք յատկապէս Ուքրայնայի պատերազմէն ետք հասունցած վիճակին առընթեր՝ ստեղծեցին նոր պատկեր մը, որուն հիմնական խորագիրը հետեւեալն էր. «Հաւաքական Արեւմուտքը ամէն գնով եւ ամէն տեղ պիտի պայքարի Ռուսաստանի դէմ»։ Այս խորագրի մէկ կարեւոր տողատակն ալ բաժին կը հասնի Հարաւային Կովկասին, ուր յատկապէս Հայաստանի իշխանութիւններուն առջեւ կը դրուի Արեւմուտքի լեղի բաժակէն խմելու դժուարին ընտրանք մը։ Խօսքը Հռոմի «սթաթիւս»ի մասին է, որ իր մէջ կը պարունակէ քանի մը կենսական դրոյթ՝ կապուած պատերազմական ոճիրներու։ Եթէ Երեւան պաշտօնապէս ստորագրէ ու միանայ զուտ Արեւմտեան պտուղ համարուած այդ փաստաթուղթին, ապա Հայաստան յաւելեալ իրաւասութիւններ կ՚ունենայ։ Սակայն, միւս կողմէ այդ համաձայնութիւնը Հայաստանը կը դնէ մեծ խնդրի մը եզրագծին, որուն պարունակը կը խօսի Արդարադատութեան միջազգային ատեանին կողմէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը ձերբակալելու հրամանին մասին։ Հռոմի «սթաթիւս»ին անդամ որեւէ երկիր, ըստ կանոնի, պարտաւոր է ենթարկուիլ այդ հրամանին։
Այս բոլորին արդիւնքն է Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ նոր աճող լարում մը, որ կրնայ մեծ ռիսքերու առջեւ դնել Հայաստանը։ Արդարեւ, առանց այդ ալ Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւնները կը գտնուին բաւականին բարդ փուլի մը մէջ։
Հիմա կը ծագի հարց մը. ինչպէ՞ս պէտք է շարժի Հայաստան, որ Ռուսաստանի դէմ քայլերուն միանալով կրնայ շատ ծանր հետեւանքներու զոհ դառնալ Ռուսաստանի հակազդեցութեան պատճառով։
Կան, անշուշտ վերլուծութիւններ, ըստ որոնց Հայաստան այսօր ունի յարմար առիթ մը՝ երթալու համար մեծ ռիսքի մը, որմէ ետք միայն կրնայ իրապէս հասկնալ Ռուսաստանի հետ յարաբերութեանց իրական եւ խորքային հիմքին ուժը։ Կա՛մ այդ ռուսական մօտեցումը (բարեկամութիւն, դաշնակից եւ մեծ եղբայր) կեղծ օրակարգ դուրս կու գայ, նաեւ կը փլի՝ Հայաստանին տալով ամեհի վնասներ եւ կամ Ռուսաստան ըմբռնումով կը մօտենայ ստեղծուած իրավիճակին ու ճիգեր կը գործադրէ զայն վերադարձնելու համար ընդունելի սահմաններուն։
Գաղտնիք չէ, որ Ռուսաստան այս ժամանակներուն խիստ զբաղուած է ու գաղտնիք ալ չէ, որ Ալիեւը զսպելու կոչուած Ռուսաստան, եթէ չկրնար այդ առաքելութիւնը իրականացնել, ապա պարտաւոր է այդ մասին բաց խօսիլ, նաեւ այդ պարագային կերպով մը մեղմացնել ստեղծուած մեծ լարումը, բանալ Լաչինի մարդասիրական միջանցքը եւ, միեւնոյն ժամանակ, ուժ տալ բանակցային գործընթացին։ Այստեղ հիմնական միտքն է, որ Ռուսաստան չի կրնար ու անկարող է այս վիճակով շարունակել իր ներկայութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ։
Դժգոհութիւննե՞ր ունի, ապա պարտաւոր է այդ մասին բարձրաձայնելու։ Ատրպէյճանի հետ աւելի մեծ ու գերակայ շահե՞ր ունի, ապա դարձեալ պարտաւոր է այդ մասին բաց եւ յստակ խօսելու։ Բայց եւ այնպէս, Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային ամբողջ գօտին առկայ վիճակներով պայմանաւորելը, առնուազն, անընդունելի են։ Անշուշտ, ոչ ոք կ՚ըսէ, որ հայկական կողմը թերացումներ չունի։ Կան, ի հարկէ, մեծ թերացումներ, սակայն ատոնց կողքին նաեւ ուռճացուած առասպել մըն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ մանաւանդ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը թեքին դէպի Արեւմուտք։ Հայաստանի իշխանաւորները շատ լաւ գիտեն, որ նոյնիսկ եթէ ուզեն, այդ թեքումը ներկայ փուլին անհնարին է ու կը կարօտի մեծ աշխատանքի եւ երկար ժամանակամիջոցի։ Այստեղ, անշուշտ, կը ծագի հարց մը. եթէ Հայաստան իսկապէս չուզէր իր արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը թեքել դէպի Արեւմուտք, ապա ինչո՞ւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) հանդէպ կ՚որդեգրէ կարգ մը քայլեր, որոնք նեղ կացութեան կը մատնեն ռուսական կողմը։ Ու այստեղ պատասխանն ալ շատ յստակ է, որովհետեւ հակառակ իր ծանր վիճակին՝ Հայաստան կը փորձէ ինքնուրոյն քաղաքականութիւն մը մշակել՝ առանց հատելու առկայ կարմիր գիծերը։ Ու այդ ինքնուրոյնութեան մեծագոյն արժանիքը արժանապատուութեան խնդիրն է։ Այս դրոյթն է նաեւ, որ բնականօրէն կը կապուի նոյն ՀԱՊԿ կոչուած մարմնի ամենաթող եւ անպատասխանատու մօտեցումներուն հետ, որոնք երեւելի դարձան ո՛չ թէ Արցախի պատերազմի օրերուն, այլեւ՝ մասնաւորապէս Ջերմուկի մօտակայքին պատահած «մինի պատերազմ»ին ժամանակ։ Եթէ պահ մը ընդունինք (միջազգային խօսոյթին վրայ հիմնուելով), որ Արցախը հակամարտութեան մը արգասիքն ու տարածքն է եւ ատոր համար ալ ՀԱՊԿ չուզեց եւ չ՚ուզեր այդտեղ որեւէ քայլի երթալ (նոյնիսկ պաշտպանական քայլերու), ապա նոյնը չենք կրնար ըսել Հայաստանի սահմաններուն մասին, որոնց տրոհումը եղաւ արար աշխարհի աչքերուն ու յատկապէս՝ ՀԱՊԿ-ի եւ Ռուսաստանի աչքերուն առջեւ։ Տակաւին չենք խօսիր Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանին տրամադրուելիք սպառազինութեան մասին, որ դարձած է մեծ հաշուով գործընկերային թերացումներու մեծ թղթածրար մը։ Ու այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, անշուշտ, Հայաստան կը փորձէ իր դժգոհութիւնը արձանագրել՝ փորձելով առկայ խնդիրները ի մի բերել եւ ի վերջոյ հասկնալ Ռուսաստանի իրական տեսակէտները։
Ահա այսպիսի փուլի մը մէջ Արդարադատութեան միջազգային ատեանը վճիռ մը արձակած է եւ կը պահանջէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի ձերբակալումը։ Այս լուրի ֆոնին ալ երեւելի կը դառնայ Արեւմուտքի կողմէ Երեւանին հրամցուած Հռոմի «սթաթիւս»ը, որ ինքնին դրական կէտ մը կրնայ համարուիլ, եթէ հաշուի առնուին Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած պատերազմական ոճիրները։
Այստեղ Հայաստանին համար կը բացուի իրական ռիսքերու մեծ ժամանակ մը եւ հարց կը տրուի, որ արդեօք ան կրնա՞յ այս բոլորին տակէն դուրս գալ։ Դժուար է այս հարցումին պատասխանել, սակայն աւելի քան յստակ է, որ Ռուսաստանի համար այս վիճակը եւ Հայաստանի կողմէ համաձայնագրի վաւերացումը պիտի ըլլան անմարսելի եւ ասոր փոխարէն ռուսական կողմը կրնայ դիմել կարգ մը քայլերու, որոնք կրնան ցաւ պատճառել հայկական կողմին։
Այս բոլորէն վերջ ուրուագծուած հարցումը հետեւեալն է. Հայաստանի իշխանութիւնները պատրա՞ստ են այդ ռիսքերուն երթալու ու այդ բոլորին զուգահեռ Հայաստան՝ որպէս երկիր, ունի՞ բաւարար ներուժ՝ դիմակայելու համար Ռուսաստանի հաւանական պատիժներուն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան