ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

Ը.

ԱՅԴ ՇՐՋԱՆԻՆ ԱԿՌԱՅ ՀԱՆԵԼՆ ՈՒ ԽՆԱՄՔԸ

Ակռայ հանելու նշանակութիւնը մանուկին համար: Ակռաներուն դուրս գալու ժամանակները: Անկանոն ակռայ հանելը: Ակռայ հանելուն հետ առընչութիւն ունեցող հիւանդութիւններ: Տաքութիւն, փորլուծութիւն, ջղային երեւոյթներ: Առողջապահութիւն ակռայ հանելու ընթացքին:

Ակռայ հանելը երեխայի կեանքի ընթացքին նշանաւոր շրջան մըն է: Ան երբեմն նշանաւոր փոփոխութիւններ կը մտցնէ փոքր էակին մարմինին մէջ եւ նոյնիսկ հիւանդական դրութեան կը հասցնեն զինք: Այս տեսակէտէն ակռայ հանելը մանուկ հասակին նոյն դերը կը խաղայ, ինչ դաշտանը աղջկան: Բազմաթիւ երեխաներու կեանքը այն խնամատարութենէն կախուած է, որ կը պահանջէ անոնց դրութիւնը եւ որ պէտք է հասկնալով տրուի: Այս պատճառով, մեր սկզբունքին համաձայն, կը բացատրենք բնախօսական այն դիտումները, որոնց վրայ պիտի հիմնուի գիտակցական առողջապահութիւնը մանուկին այս հասակին:

Ատամնային բողբոջը դեռ եւս արգանդային հասակին կը գոյանայ: Ակռաները կամաց-կամաց զարգանալով ու ոսկրանալով, դէպի դուրս կ՚աճին, շուտով կը մաշին, կը բորբոքացնեն ու կը ճեղքեն լինտերը ու դուրս կը ցցուին: Նախ դուրս կու գան կաթնային ակռաները, յետոյ՝ 6-7 տարկանէն սկսած, մշտականները:

Ակռաներուն դուրս գալու ժամանակները.

Մինչեւ վեց ամսականը երեխային լինտերը կը զարգանան, անոր ծնօտները կը մեծնան ու մկանները կը հաստնան: Բնութիւնը ծամելու համար պատրաստութիւն կը տեսնէ: Հինգ, վեց, եօթ, ութ ամիսներուն, դուրս կու գան առաջին երկու ակռաները.- ստորին ծնօտին երկու միջին կտրոցները (երկուքին միջեւ կրնայ 8-10 օր անցնիլ): Մէկ ամիս, կամ մէկուկէս ամիս ետք դուրս կը ցցուին ասոնց դիմացի վերին կտրոցները, եւ քանի մը շաբաթ ետք, վերի երկու կողքերուն կտրոցները, երկու-երեք շաբաթ ալ անցած, տակի երկու կտրոցներն ալ կ՚երեւին: Այսպիսով, մէկ տարեկան երեխան ունի բոլոր ութ կտրոցները: Ապա, մինչեւ մէկուկէս տարեկան հասակը կը կտրուին առաջին 4 սեղանատամները, իսկ այնուհետեւ, մինչեւ 20 ամսական հասակը՝ ժանիքները: Երկու տարին լրացած, արդէն բուսնած են մնացած ետեւի սեղանատամները, եւ այսպիսով կաթնատամներուն թիւը կը լրանայ, որ 20 է.- կտրոցները, ակնատամները, ժանիքները եւ սեղանատամները: Հինգ տարեկանին դուրս կու գան վերջին չորս սեղանատամները, որոնք չեն փոխուիր, այլ՝ կը մնան իբրեւ մշտական ակռաներ:

Այս կաթնատամները (բացի յիշած սեղան-ակռաներէն) 6-7 տարեկան հասակէն սկսած կը թափին ու տեղ կու տան մշտական ակռաներուն:

Անկանոն ակռայ հանելը.

Մայրերը, որոնք միշտ այդպէս անհանգստութեամբ կը հետեւին իրենց զաւակներուն ակռայ հանելուն ու այնքան կը վրդովին, երբ որեւէ մէկ անկանոնութիւն կը նկատեն, պէտք է գիտնան, թէ այդ անկանոնութիւնը պարզապէս առօրեայ երեւոյթ է: Ակռաները երբեմն յիշած ժամանակամիջոցներէն աւելի շուտ կամ աւելի ուշ դուրս կու գան: Հազուագիւտ չեն երկու եւ աւելի ակռաներով ծնած երեխաները. երբեմն առաջին ակռաները դուրս կու գան առաջին ամիսները, բայց նաեւ դէպքեր կը պատահին, երբ ակռաները կ՚ուշանան: Այս պատճառով, մանաւանդ երբ երեխան զանազան հիւանդութիւններով վարակուած է (սիֆիլիս, անգլիական հիւանդութիւն, եւ այլն), երբեմն առաջին ակռաները ժամանակին դուրս կու գան, բայց ետքէն մինչեւ միւսներուն երեւնալը ամիսներ կ՚անցնին, նոյնիսկ՝ տարիներ, եւ այլն:

Նոյն ձեւի անկանոնութիւններ կը նկատուին նաեւ մշտական ակռաներու վերաբերմամբ: Ուրիշ անկանոնութիւնը մը կը վերաբերի ակռաներու հետեւողութեան. օրինակ, տակի կողքերու կտրոցները վերիններէն առաջ դուրս կու գան, եւ այլն:

Ակռայ հանելու շրջանը պատահարներով լեցուն կ՚ըլլայ, սակայն մայրերը միշտ չափազանցութեան կը հասցնեն ու ամէն հիւանդութիւն ասոր կը վերագրեն: Ասոր հետեւանքը կ՚ըլլայ այն, որ նոյնիսկ վտանգաւոր հիւանդութիւնները անուշադրութեան կը մատնուին, որովհետեւ ծնողները ժամանակին չեն դիմեր բժիիշկի, համոզուած ըլլալով, որ այդ բոլորը «ակռայ»էն է:

Օրինակ մը վերցնենք: Երեխան կերածը կը փսխէ եւ տաքութիւն ունի: Այս երեւոյթները կը պատահին, իրապէս, եւ ակռայէն, բայց յայտնի է, որ մանկական ամենասարսափելի հիւանդութիւնները եւս, ինչպէս են քութէշը, կարմրուկը, ծաղիկը, նոյնիսկ բկացաւը (տիֆտերի) նոյնպէս տաքութիւնով եւ փսխումով կը սկսին:

Այս օրինակէն կ՚երեւի, որ եթէ ակռայ հանող երեխան հիւանդ է, մայրը երբեք պէտք չէ մոռնայ, որ այդ հիւանդութիւնը կրնայ անկախ ըլլալ ակռայ հանելէն, եւ պէտք է միջոցներ ձեռք առնէ, բժիշկի դիմէ, եթէ բժիշկ կայ:

Տեսնենք, որոնք են այն հիւանդական երեւոյթները, որոնք ակռայ հանելու կ՚ուղեկցին եւ որոնք անոնցմէ կախում ունին:

ա. Տաքութիւն. ակռայի տաքութիւնը թեթեւ կ՚ըլլայ, կարճատեւ, առաւօտները կ՚իջնէ եւ մի քանի օր շարունակ չի՛ տեւեր:

բ. Փորլուծութիւն. բոլորին յայտնի է, որ ակռայ հանող երեխան յաճախ լոյծ կ՚ունենայ, անոր փորը կը քշէ, բայց դուրս եկածին մէջ ո՛չ արիւն կայ, ո՛չ լորձունք, եւ առանց փորացաւի կ՚ըլլայ: Բացի այդ, պէտք է նկատել, որ ակռայի փորլուծութիւնը ակռայ հանելէն ետք կը վերջանայ: Երբեմն ալ ընդհակառակը, երեխան կապ կ՚ըլլայ:

գ. Ջղային երեւոյթներ. կարկամումը (convulsion). երեխաները չափազանց ջղային, դիւրագրգիռ կը դառնան: Անոնք առանց պատճառի կու լան եւ կը ծիծաղին, դէմքերը երբեմն կը կարմրին, աչքերը կը փայլին, գլուխները կը տաքնան: Այս բոլորը ցոյց կու տայ, որ արեան հոսք կայ դէպի գլուխը: Կարկամումը այս ջղային դրութեան հետեւեանք է:

Այս ջղաձգութիւնը զանազան ձեւեր կը ստանայ,- ձեռքերու, դէմքի ձգձգումէն սկսած մինչեւ ընկնաւորութեան նման ընդհանուր կարկամումը: Շատ հաւանական է, որ այս բոլոր հիւանդական երեւոյթները, որոնք ակռայ հանելու ընթացքին կը նկատուին, յառաջ կու գան ճիշդ այդ ջղային գրգռումէն:

Երեխան ընդհանրապէս անհանգիստ է, քունը կ՚ընդհատուի. ան յաճախ աղաղակներով կ՚արթննայ, երբեմն գիշերային կարկամումով: Ախորժակը կը նուազի, իսկ ծարաւը՝ կ՚աւելնայ. երեխան ամէն ինչ բերանը կը տանի, կ՚աշխատի ծամել, եւ եթէ այդ ընթացքին անոր լինտերուն նայինք, կը տեսնենք, որ նոր ելած ակռային տեղը բարձրացած է, ուռած է, կարմրած, բորբոքած: Առհասարակ, կտրիչ ակռաները միւսներէն աւելի դիւրին դուրս կու գան:

Առողջապահութիւն ակռայ հանելու ընթացքին. նկատուած է, որ կանոնաւոր եւ իր ժամանակին ակռաներ կը հանեն առողջ, լաւ սնունդ ունեցող ու լաւ օդի մէջ ապրող երեխաները, այն ինչ թուլակազմները, վատ ապրուստ ունեցող երեխաները ուշ եւ անկանոն կերպով կը հանեն իրենց ակռաները: Ասիկա ընդհանուր կանոն մըն է, որ անշուշտ, բազմաթիւ բացառութիւններ ունի: Ատկէ զատ, յայտնի է, որ ակռայէն գլխաւորաբար կը հիւանդանան այն երեխաները, որոնք վատ պահուած են թէ՛ սնունդի կողմէ եւ թէ՛ մաքրութեան, բնակարանի, եւ այլն: Այս իրողութիւնը մեզի կը թելադրէ հետեւեալ երկու կանոնները. լաւ եւ բաւարար սնունդ տալ երեխաներուն, ինչպէս նախորդ գլուխին մէջ բացատրեցինք, եւ մաքուր օդի մէջ պահել զանոնք, յաճախ դուրս տանելով եւ սենեսկի օդը յաճախ փոխելով: Ասկէ զատ, անհրաժեշտ է մաշկի մաքրութեան ալ ուշադրութիւն դարձնել. անհրաժեշտ է յաճախ տաք վաննա դնել զանոնք, ինչպէս բացատրած ենք: Այս վաննաները նպատակ ունին ո՛չ միայն մաշկը մաքուր պահել, այլեւ՝ ջիղերը հանգստացնել: Մանաւանդ գեղձախտաւորներուն, կամ անգլիական ցաւ ունեցող երեխաներուն, այս վաննաները չափազանց օգտակար են:

Կերակուրներու փշրանքները, կաթը մնալով ակռաներուն անցքերուն մէջ, կը թթուին եւ բերանի թաղանթի (բերնամաշկի) բորբոքում կը յառաջացնեն: Շաքարեղէն կերակուրները նոյն կերպով կ՚ազդեն (շաքարը թուքի ազդեցութեան տակ կը լուծուի եւ թթու կու տայ, սակայն ժողովուրդը կը չափազանցէ շաքարի ազդեցութիւնը ակռաներուն վրայ): Այս բորբոքումին առաջքը առնելու համար, երեխան կերակրելէ ետք լաւ է անոր լինտերը, ակռաները փափուկ կտորով մը սրբել (անշուշտ ո՛չ այնպէս, որպէսզի գրգռուին):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 18

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2023