ԱԿՆԱՐԿ - 15 - ՏԻՊԱՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉԸ ԻՆՉՊԻՍԻ՞Ն ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ

Մարտ ամսուան վերջերուն Երեւանի մէջ տիար Յակոբ Չոլաքեանի 75-ամեակին առիթով կազմակերպուած մեծարանքի երեկոյթի ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի տնօրէն, Պատմական գիտութիւններու թեկնածու՝ Արսէն Բոբոխեանը իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Յակոբ Չոլաքեանի կերպարին, երեք յատկանիշներ առանձնացուց, որոնք միաւորուած են պրն. Չոլաքեանի մէջ: Այդ կէտերն են.

ա. Գիտնական:

բ. Ուսուցիչ:

գ. Ազգային գործիչ:

Յարգարժան պրն. Բոբոխեանի մատնանշած այս երեք կէտերէն մեկնելով, այսօրուան մեր սիւնակը պիտի տրամադրենք ամփոփ խորհրդածութեան մը, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլայ տիպար ազգային գործիչը:

Այսօր, ո՛չ մէկուն գաղտնիք է, թէ Հայաստանի մէջ գիտական աստիճաններ ունեցողներուն մեծ մասը, իրենց դիպլոմներուն տիրացած են բարի-դրացիական յարաբերութիւններու հիման վրայ, եւ կամ դրամի շլացնող ազդեցութեան տակ: Բաւարար է մէկ անգամ մտնել որեւէ մէկ համալսարան, բուհ կամ դպրոց, ականաջալուր հետեւիլ դասախօսի կամ ուսուցիչի խօսածներուն, ու համոզուիլ վերը նշած մեր երեւոյթին:

Անշուշտ բացառութիւնները միշտ յարգելի են, որոնցմէ մէկն է պրն. Յակոբ Չոլաքեանը՝ Արսէն Բոբոխեանի վկայութեամբ:

Արդարեւ, տիպար ազգային գործիչ ըլլալու համար անհրաժեշտ չէ որ մարդ անպայմանօրէն ունենայ վերը յիշատակուած երեք յատկանիշները: Պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք իւրայատուկ կերպարներ, այսօր եւս ունինք, որոնք ո՛չ միայն այդ երեք յատկանիշները յաջողած են միաւորել իրենց անձին մէջ, այլեւ ուրիշ յատկանիշներ եւս յաջողած են միւահիւսել այս երեք յատկանիշներուն:

Ըսինք, որ անհրաժեշտ չէ անպայմանօրէն այդ երեք յատկանիշները տիպար ազգային գործիչ ըլլալու համար: Անհրաժեշտը այն է, որ իւրաքանչիւր գիտնական, ուսուցիչ, մշակոյթի գործիչ, փաստաբան, ճարտարապետ, երգահան, երաժիշտ, բժիշկ, եւ այլն, իւրաքանչիւրը իր ոլորտին մէջ ինքզինք դրսեւորէ հնարաւորինս կատարեալ կերպով, այսինքն՝ ո՛չ թէ ունեցած կամ ձեռք ձգած դիպլոմով հպարտանայ, այլ՝ իր ունեցածը՝ իր կեանքի օրինակով, այլ խօսքով՝ իր գործով ծառայեցնէ յանուն նոր աճող սերունդին հոգեմտաւոր զարգացումին ու դաստիարակութեան համար, իր ունեցած գիտելիքն ու հանճարը ծառայեցնէ յանուն մեր հայրենիքի բարօրութեան ու շէնացման:

Իւրաքանչիւր մասնագէտ եթէ իր ոլորտին մէջ ինքզինք կատարելագործէ եւ իրեն վստահուած գործը սիրով կատարէ, ապա անպայմանօրէն աճող սերունդը ոգեւորուած իր դաստիարակներով ու ուսուցիչներով, ամէն ջանք պիտի թափէ, որպէսզի ինք եւս նմանի անոնց, առաւել եւս, շարունակողը հանդիասանայ իրենց նուիրական աշխատանքին:

Այնքան ատեն որ դասախօսը, ուսուցիչը, բժիշկը, գիտնականը, երգահանը, երգիչը, ճարտարապետը, լրագրողը, խմբագիրը, հոգեւորականը, քաղաքագէտը, դիւանագէտը, իրենց տեղը չեն, ապա մենք որպէս ազգ պիտի շարունակենք մենք մեզ քաշքշելով առաջ տանիլ, մեր գոյութիւնը պահպանել, կամ թալանող ու կողոպտող եւ կամ փողոցային վարքագիծով «ազգային գործիչ»ներով ղեկավարուիլ ու «առաջնորդուիլ»… Չակերտներու մէջ դրի առաջնորդուիլ բառը, որովհետեւ կողոպտողը, թալանողը, փողոցային վարքագիծ ունեցողները երբեք ալ չեն կրնար առաջնորդ ըլլալ, այդպիսիները պարզապէս հտպիտներ են, որոնք կը կատարեն իրենց տէրերուն հրամանները եւ ո՛չ աւելին:

Ճգնաժամային օրեր կ՚ապրինք, եւ աւելի քան երբեք կարիքն ունինք տիպար ազգային գործիչներու, որոնք մեր ժողովուրդին, ազգին ու պետութեան ջահը բռնած պէտք է առաջնորդեն մեր ժողովուրդը, որպէսզի արժանապատիւ կերպով կարենանք շարունակել մեր ընթացքը մարդկութեան պատմութեան թաւալքին մէջ:

Ի վերջոյ, տիպար ազգային գործիչներուն կարեւորագոյն գործերէն մէկը պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայու մէջ արթնցնել անոր հոգեկան պայծառութիւնը, որով ո՛չ միայն ինք կը պայծառանայ, այլեւ իր ժողովուրդին, պետութեան պայծառութեան պատճառ կը դառնայ:

Աւարտենք Կոստան Զարեանի այս տողերով. «Մարդուն ստեղծագործական թափը կարելի է չափել անոր հոգեկան պայծառութիւնով: Իրականութեան, առարկայական աշխարհին մօտենալ՝ չտեսի հետաքրքրութիւնով, գաւառացիի սահմանափակ բաղձանքով, կամ իրապաշտ հաւատաւորի մոլեռանդ հաստատամտութիւնով, ըսել է՝ լքել սեփականը եւ մտերիմը, ներքին այն ներդաշնակութիւնը, որով կարելի է տիեզերքը չափել» (Կոստան Զարեան, «Անցորդը եւ իր Ճամբան», էջ 181, Երեւան 2010):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

8 մայիս 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2023