«ԵԹԷ ՉՀԱՇՈՒԵՆՔ ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ԵՒ ԿԱՊԱՆԻ ՀԱՆՔԵՐՈՒՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՊԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻԱՅՆ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄՆԱՅ»
Հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը ո՛չ միայն եկամտաբեր է Հայաստանի պետական պիւտճէին համար, այլեւ իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ կարեւոր շերտեր, որոնք կրնան համահունչ կերպով փոխկապակցուիլ առկայ մարտահրաւէրներուն հետ։ Այլ խօսքով, հանքարդիւնաբերութիւնը միայն հանքեր գտնել կամ փորելը չէ։ Անոնց բարիքներէն օգտուիլը չէ, ոչ ալ այդ թանկ մետաղները դրամագլուխի մը վերածելն է, այլ աւելին։ Մասնագէտներ, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր լծուած են այս յոյժ կարեւոր գործ-ասպարէզին, համոզուած են, թէ սովորական դասուած հանքերը ունին երկրի մը տնտեսութեան համար անչափ կարեւոր ներուժ մը ստեղծելու հնարաւորութիւնը։ Սա կ՚ենթադրէ նաեւ կեդրոն-համայնքներու ձեւաւորումը։
Այս ձեւով հանքերու մերձակայ բնակիչները թէեւ մեծ վախեր կ՚ունենան, թէ հանքը իրենց ուղղակի կամ անուղղակի վնաս պիտի պատճառէ, սակայն կը սկսին համաձայնիլ, թէ հանք ըսուածը, հակառակ ընդհանրացած կարծրատիպերուն, կը բովանդակէ դրական շատ կարեւոր երեսակներ։ Մտավախութիւնները մէկդի, բայց եւ այնպէս, հանքերուն շուրջ արդիական մօտեցումներով կառուցուող քաղաք-համայնքները կրնան ո՛չ միայն չէզոքացնել բոլոր վախերը, այլեւ կը հաւաքեն եւ կը բերեն նիւթական եւ ընկերային նոր միաւորներ, որոնք կը հոսին դէպի ազգային պիւտճէ։
Անշուշտ, այդպիսի համայնքներու գոյացումը, անոնց զարգացման գործընթացը եւ անոնց ապագան ծրագրաւորելու մօտեցումները պէտք է ըլլան բացառապէս արդիական մօտեցումներով՝ յար եւ նման այն գաղափարներուն, որոնց մասին խօսեցանք գանատահայ հանքագէտ Սրապ Օրցլանին հետ։ Ուշագրաւ է լսել հանքագէտին կարծիքները, որոնք ամենէն աւելի հիմնուած են արդիական մօտեցումներու, նաեւ երկար տարիներու փորձառութեան եւ ուսումնասիրութիւններու վրայ։ Ուրեմն մնացեալը ներկայացնենք՝ հարցազրոյցի սղագրութիւնով։
*
-Ի՞նչ պայմաններու տակ առընչուեցաք հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին հետ։ Ինչպէ՞ս մտաք այդ ասպարէզէն ներս։
-Հանքային ճարտարագիտութիւն (geophysics) ուսանած եմ Գանատայի մէջ։ 1550-ին, Ճիորճիուս Ակրիքոլան տպած է հանքերու մասին առաջին գիրքը, որ կը կոչուի «De Ra Metallica»։ Այդ հատորը հանքի աւետարանն է։ Հանքի օրէնքները դարերու ընթացքին երբեք չեն փոխուած։ Գիտենք, որ քաղաքակրթութեան զարգացումը դասաւորուած է ըստ յայտնաբերուած հանքային նիւթերու, աղբիւրներու. ինչպէս՝ Քարէ դար, Պրոնզէ դար, Երկաթէ դար, եւ այլն։ Հայրս ալիւմինիումի գործի մէջ էր։ Ալիւմինիումը (պաղլեղածին) հանք չէ, այլ զտուած մետաղ է։ Մանկութենէս սկսեալ հետաքրքրուած եմ մետաղներով, նաեւ հանքերու պատմութեամբ։ Հանքի գիտութիւնը տարրաբանութեան եւ բնագիտութեան միաձուլումն է։
-Հանքարդիւնաբերութիւնը չունի քաղաքական սահմաններ, բայց քաղաքական սահմաններ կը ստեղծէ՝ նայած, թէ երկրի մը հարստութեան տեսլականը ի՛նչ է։
-Իմ թեզս հանքային օրէնսգիտութեան մասին է՝ mineral policy։ Իւրաքանչիւր երկրի մէջ, երբ հանքի օգտագործման աշխատանքը կը սկսի, մինչեւ այդ աշխատանքի աւարտը որոշ օրէնքներ պէտք է կիրառուին, որպէսզի այդ հանքին կեանքը երկարի։ Ամենէն կարեւորը հանքին քանակը չէ, այլ հոն գտնուած նիւթերու խտութիւնը։ Այսինքն, քանի՛ տոկոս պղինձ կամ քանի տոկոս երկաթ կայ երկրին մէջ։ Գալով Հայաստանի պարագային իմ հետաքրքրութիւններուս, ապա ըսեմ, որ Զանգեզուրի հանքը մեծ հանք մըն է, սակայն գերհարուստ չէ։ Հոն առաւելաբար կան մոլիպտեն եւ պղինձ։ Մոլիպտենը կարեւոր մետաղ մըն է, որ կը գործածուի խողովակներ սարքելու համար։ Անոր համաշխարհային սակագինը սկսած է աճիլ։ Գալով պղինձին, ապա ան ապագայի ոսկին է, որովհետեւ աշխարհը կ՚երթայ դէպի ելեկտրական համակարգի օգտագործում։
-Ուրեմն, ձեր կարծիքով, պղինձը պիտի կարեւորուի՞, քանի աշխարհ կ՚ուղուի դէպի ելեկտրական համակարգ: Եւ կարծես, թէ աշխարհը կ՚ուզէ ձերբազատուի՞լ նաւթէն։
-Այո՛, ճիշդ այդպէս է։
-Ինչքանո՞վ ծանօթ էք Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին, որ տնտեսութեան մայր երակներէն մին կը համարուի:
-Հարցը հետեւեալն է. մենք՝ հայերս ի՞նչ գիտենք մեր հանքերուն մասին։ Հանքը տնտեսութեան մէջ բարդ հատուած մը չէ, բայց զայն պէտք է կարենաս յայտնաբերել։ Երկրորդ՝ հանքը չես կրնար փոխադրել, ուր որ է տեղը՝ այնտեղ կը կատարուի աշխատանքը։ Ան նաեւ ունի իր դժուարութիւնները՝ ճանապարհներ կ՚ուզէ, ելեկտրական ուժանիւթ կ՚ուզէ, աշխատաւոր կ՚ուզէ եւ աշխատանքը սկսելու համար մեծ դրամագլուխ կ՚ուզէ։ Աշխարհի հիմնաղբիւրներու առաջին խումբին մաս կը կազմեն՝ ջուրը, անտառները, հանքարդիւնաբերութիւնը, նաւթը, երկրագործութիւնը եւ ձկնաբուծութիւնը։ Բոլոր տնտեսութիւններն ալ պէտք ունին առաջնային հատուածին, որովհետեւ ան կայունութիւն կ՚ապահովէ։ Հայաստանի հարաւի ճանապարհներու ցանցերը կը կարեւորուին՝ մասնաւորապէս Զանգեզուրի եւ Մեղրիի հանքերու գոյութեան բերումով։ Մինչ այդ, Զանգեզուրի եւ Կապանի մօտ, դէպի Նախիջեւանի սահմանը, կայ նաեւ հանրային մեծ պարտէզ մը, որուն մասին քիչերը գիտեն։ Որպէսզի Հայաստանի տնտեսութիւնը զարգանայ՝ երկիրը պէտք ունի իր առաջնային նիւթերը գտնելու, արտահանելու եւ օգտագործելու։ Բոլոր երկիրները սպասարկութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտի մէջ մտած են, սակայն ասոնք եզրային՝ միջին տնտեսութեան (marginal economy) մաս կը կազմեն։ Այսինքն, միջին շահ կ՚ապահովեն։ Թէեւ աշխատատեղի մը կը ստեղծեն, սակայն, եթէ երկրին մէջ որեւէ անկայունութիւն պատահի, միջին տնտեսութիւնները արագօրէն կը տապալին՝ մինչ առաջնայինները կը մնան կայուն, հաստատ։
Հայաստանի հանքային հարստութեան քանակը, չափը տակաւին չենք գիտեր։ Հանքային հարստութիւնը երկրին կայունութիւն կու տայ, նաեւ կ՚ապահովէ անոր ազգային անվտանգութիւնը, կ՚ամրապնդէ արտաքին աշխարհին հետ կապը։ Հանքերը երկար կեանք ունին։ Կառավարութիւն մը, որ պիտի գործէ չորս կամ հինգ տարուան համար, պէտք է շատ աւելի երկար ժամանակահատուածի ծրագիրներ մշակէ տուեալ երկրի հանքերու պարագային։ Եթէ հանք մը յիսուն տարուան կեանք ունի, մշակուած ծրագիրը պէտք է յիսուն տարուան համար ըլլայ, որպէսզի ժողովուրդը երկար օգտուի այդ մէկէն։ Երկրի մը հանքերը կը պատկանին անոր ժողովուրդին։ Պետութիւնը պէտք է լաւ մասնագէտ, համապատասխան արժէքներով եւ որակով գործընկերներ գտնէ՝ զանոնք կառավարելու համար։ Հանքերու արտահանման համար կարեւոր է աշխատաւորական ուժը, որ, ընդհանրապէս, բաղկացած կ՚ըլլայ տեղի բնակիչներէն։ Հետեւաբար, հանքի գտնուած շրջանի մը մէջ բնակչութիւն պէտք է ըլլայ։
-Ուրեմն կրնա՞նք ըսել, որ եթէ լաւ որակով հանքեր ունենանք, ապա զարգացած երկիր մը կ՚ունենանք։ Այսինքն, ժողովուրդը պէտք չունի հանքերէն վախնալու, այլ պէտք է պահանջէ, որ լաւ արժէքով, որակով հանքերը ճիշդ ձեւով օգտագործուին, որպէսզի ժողովուրդը օգ-տըւի անոնցմէ։
-Ըստ իս, հանքը դպրոցի մը կը նմանի։ Լաւ դպրոց մը լաւ ուսուցիչներ կ՚ունենայ, բայց աշակերտները, մեծ հաշուով, նոյնն են գրեթէ բոլոր դպրոցներուն մէջ։ Հանքն ալ եթէ լաւ գործընկերներով բանեցուի, կազմակերպուի, շատ աւելի նուազ հարցեր կը ծագին։ Ամէն գործի մէջ դժուարութիւն կայ։ Եթէ հանք մը պիտի փորես կամ արտահանես, կրնայ տեղւոյն բնակչութիւնը ոտքի ելլել, բողոքել ու մերժել։ Այդ պատճառով հանքերու վերաբերեալ միջազգային օրէնքներ կան։ Օրինակ, եթէ հանքի մը կարեւոր նիւթերու տոկոսը քիչ է, ապա այդ հանքը պէտք չկայ փորելու, որովհետեւ շահը մեծ չէ։ Երկարակեաց, հարուստ հանքեր պէտք է գտնել ու զանոնք արտահանել։ Հայաստանի մէջ պէտք է յստակ օրէնք մշակուի եւ շեշտը պէտք է դրուի երկարաշունչ աշխատանքի ժամանակահատուածի մը վրայ։
-Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ շատ խօսուեցաւ հանքերուն մասին, բողոքներ եղան Թեղուտի եւ Ամուլսարի համար։ Ձեր կարծիքով, հանքագործները ի՞նչ պէտք է ընեն, որպէսզի քաղաքացիները՝ մանաւանդ, բնապահպանական ու քաղաքացիական հասարակութեան անդամները հասկնան, թէ այս հանքագործութիւնը երկիրը ծաղկեցնելու ներուժն ունի։ Սա միայն մեզի չի վերաբերիր։ Աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ հանքարդիւնաբերութիւնը կարեւոր տոկոս մը կ՚ունենայ տնտեսութեան մէջ։ Ի վերջոյ, ինչպէ՞ս կարելի է ոսկեայ միջին մը գտնել։
-Ձեր ըսած ոսկեայ միջինը չկայ։ Կա՛մ ձախ կամ աջ։ Ժողովուրդի անգիտութիւնը ամէն տեղ կայ։ Նոյնիսկ կայ այնպիսի քաղաքներուն մէջ, որոնք հանքերու մօտ կը գտնուին։ Օրինակի համար, Չիլին… Անապատային շրջանի մէջ ունի հսկայ պղինձի հանքեր, որոնց օգտագործման համար կարիքը կայ մեծ քանակութեամբ ջուրի։ Չիլիցիք ծովուն ջուրը կ՚առնեն եւ քաղցր ջուրի վերածելով կ՚օգտագործեն այդ հանքերը ջրելու համար։ Ըսել կ՚ուզեմ, որ ամէն բանի լուծումը կայ։ Չիլիի տնտեսութիւնը 70-ականներուն ծանր վիճակի մէջ էր։ Անոնք որոշեցին այդ հանքերը օգտագործել եւ բարելաւելով իրենց տնտեսութիւնը՝ զարգացուցին նաեւ այլ հատուածներ. օրինակ՝ գինեգործութիւն, հողագործութիւն, ձկնաբուծութիւն։ Այս բոլորը եղաւ հանքերու օգտագործման շնորհիւ։
-Այս ոլորտին մէջ եւ յատկապէս՝ Հայաստանի մէջ նախաձեռնութիւն մը կամ դասախօսութիւն մը ներկայացուցա՞ծ էք։
-Յառաջիկայ սեպտեմբերին, Հայաստանի մէջ պիտի կազմակերպենք ժողով մը, որուն նիւթը պիտի ըլլայ՝ «Հայկական հանքերն ու մետաղները. հնարաւորութիւններ քաղաքական տնտեսութեան մէջ» («The Armenian mines and metals։ opportunities in the politi-cal economy»): Պատկերաւոր խօսքով՝ աշխարհը հոս պիտի բերենք ու պիտի բանանք Հայաստանի դռները։ Դրամական, առեւտրային եւ հանքային գրագիտութեան պակասը կայ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ։ Ժողովուրդը պէտք է գիտնայ, որ հանքը իր թշնամին չէ, այլ, ընդհակառակն, իր ընկերն է։ Կան հանքեր, որոնց պարունակութիւնը՝ մետաղները, ժամանակի ընթացքին իրենց արժէքը կրնան կորսնցնել։ Այդ հանքերը արագ պէտք է դուրս բերել։ Կան մետաղներ. օրինակ՝ պղինձը, որոնք որոշ ժամանակ ետք կրնան վերամը-շակուիլ ու դարձեալ օգտագործուիլ։ Այս բոլորին մասին ժողովուրդը պէտք է գիտնայ։
-Կա՞ն միջազգային չափանիշներ, որոնցմով կրնայ Հայաստանը առաջնորդուիլ, որպէսզի երկիրը չտուժէ։
-Այո՛, անշուշտ, այսօր ամէն բան շատ թափանցիկ է։ Առաջ շատ բան գաղտնի էր, բայց հիմա ամէն տեղեկութիւն կրնաս գտնել համացանցի մէջ փնտռելով։
-Սփիւռքահայերը ինչքանո՞վ կրնան հետաքրքրուիլ այս նիւթով, զբաղիլ կամ նոյնիսկ դրամագլուխ դնել։
-Սփիւռքի մէջ կան այս ոլորտին պատկանող մեծ թիւով մասնագէտներ՝ ճարտարագէտներ, օրէնսգէտներ, եւ այլն։ Արդէն կազմուած է խումբ մը, բոլորն ալ անհամբեր են։ Սեպտեմբերի ժողովին ի մի պիտի բերենք այս բոլոր նիւթերը ու կարգ մը որոշումներ պիտի առնենք։ Անշուշտ, գալիք ժողովին ամենէն առաջնային օրակարգը Հանքերու խորհուրդի (Chamber of mines) մը ստեղծումը պիտի ըլլայ, ինչ որ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ բոլոր առումներով նոր որակի աշխատանքներ իրականացնելու։
-Պետական համակարգը՝ իշխանութիւնները համաձա՞յն են ձեր այս առաջարկին։ Անոնք համաձա՞յն են, որ Հայաստանի մէջ հանքերու խորհուրդ մը ստեղծուի։
-Շատ են այն երկիրները, որոնք պետական մակարդակով մասնագէտներ չունին, բայց տարբեր մասնագէտներէ բաղկացած ընկերութիւններու հետ կ՚աշխատին, որպէսզի գործը յաջողցնեն։ Հանքերու խորհուրդի անդամները այս հարցը պիտի քննարկեն պետական ներկայացուցիչներու հետ։ Այս մէկը ինծի համար նոր փորձառութիւն մը չէ։ Այսպիսի գործունէութիւն զանազան երկիրներու մէջ կազմակերպած եմ։
-Հակիրճ կերպով կրնաք ըսել, թէ համաշխարհային բաղդատութիւնով մը Հայաստան ի՞նչ մակարդակի վրայ կը գտնուի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ։
-Ատրպէյճան եւ Թուրքիա շատ աւելի բան գիտեն Հայաստանի հանքերուն մասին եւ ուսումնասիրած են՝ քան մենք գիտենք մեր մասին։ Արբանեակներով շատ բան կարելի է նկարել։ Նոյնիսկ առանց անոնց, կան սարքեր, որոնք կը հաշուեն հողի տակի հանքերուն քանակը։ Եթէ Զանգեզուրի ու Կապանի հարստութիւնը դուրս թողէք, Հայաստանի մէջ միայն զբօսաշրջութիւնը կը մնայ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան