ՀԵՌՈՒՆԵՐԷՆ…

Երկրագունդի վրայ բնութիւնն ու մարդկային կեանքը հետզհետէ կը տարանջատուին։ Առօրեայի մէջ մարդ հեռու, շա՜տ հեռու մնացած է բնութենէն՝ մանաւանդ մեծ քաղաքներու պայմաններով։ Նոյնիսկ այգիներու կամ ճեմապարտէզներու պարագային մարդոց աչքին բնութիւն երեւցածը շատ անգամ արհեստական խոտածածկոյթէ մը անդին չ՚երթար։ Իսկ բնութեան մէջ մարդ արդէն հեռուէն, դուրսէն կը դիտէ կեանքը։ Թէ ինչո՞ւ այս հակադրութիւնը՝ ոեւէ մէկուն խելքը չի հասնիր…

Որքա՜ն դժուար է դադրած տրամաբանութեան միջավայրին մէջ իմաստութիւն որոնել։ Երբ ինքզինքիդ կը վնասես, ապա արդէն ո՛չ միայն խելքէ-միտքէ կտրուած ես, այլեւ կորսնցուցած՝ նաեւ սէրը։

«Հիւանդանոցի մէջ երբ յայտնեցին, թէ կինս մահացած է՝ չկարողացայ գիտնալ՝ ի՛նչ ընել, ինչպէ՛ս հակազդել։ Ներքուստ փափաքեցայ՝ երթալ տուն, պատահածը կնոջս պատմել, որպէսզի ան ինծի ըսէր, թէ ի՛նչ պէտք է ընեմ», կ՚ըսէ Թոլստոյ։

Այսօր ո՞վ պիտի ըսէ, որ ի՛նչ պէտք է ընել ու մանաւանդ՝ չընել։

Երեքշաբթի, Յուլիս 25, 2023