Կիրակի 15, Յունիս 2025
ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ
Գնալըի բարձունքին երէկ մեծ ոգեւորութիւն ապրուեցաւ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ։ Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ, յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ նաեւ խաղողօրհնէք։ Տօնակատարութիւնները առիթ հանդիսացան, որ հաւատացեալներու հոգեւոր հրճուանքը հասնի գագաթնակէտին։ Բոլորը ստացան հայր սուրբին օրհնութիւնը եւ օրհնեալ ողկոյզները իրենց բնակարանները տանելու ժամանակ փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ։
Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2023