ՊԱՇԱՐՈՒԱԾ, ԲԱՅՑ ԱՊՐՈՂ ԱՐՑԱԽ
Պաշարուած Արցախին մէջ կեանքը կը շարունակուի, բայց՝ պաշարման պարտադրած օրէնքներուն համապատասխան:
Երթեւեկի մեծ մասը հետիոտն է կամ մարդիկ կը տեղաշարժուին ձիերով, աւանակներով, հեծանիւներով… Արցախցիները կը կատակեն, որ այդ մէկը առողջ ապրելակերպի մղած է՝ շատ կը քալեն, կը շարժին մաքուր օդին մէջ եւ ինքնաշարժներու արտանետած վնասակար նիւթերն ալ պակսած են: Գիւղացիները, գործի դնելով երիվարները՝ Ստեփանակերտ ուտելիք կը հասցնեն իրենց այգիներէն, դաշտերէն, մառաններէն: Իսկ ի՞նչ կայ գիւղերու մէջ տարուան այս եղանակին: Անասունի կեր չըլլալու պատճառով զգալի կրճատուած է կենդանիներուն քանակը, բայց տակաւին կան մսատու կենդանիներ, որոնք կը մորթուին եւ քիչ թէ շատ միս կ՚ըլլայ շուկային մէջ: Արցախի մէջ ընդունուած է խոզի միսի առատ գործածումը, իսկ շրջափակման այս շրջանին խոզի միսը գրեթէ չէ պակսած, բայց խոզապահները կը դժգոհին, որ արդէն մնացած են քիչ խոզեր, որոնք այլեւս չեն ուզեր մորթել, այլ կ՚ուզեն պահել՝ բազմացնելու համար: Շրջափակումը նաեւ անասնապահութեան վրայ շատ ազդած է, ուստի այդ պաշարները նոյնպէս վերջանալու վրայ են: Գիւղերէն Ստեփանակերտ կը հասցուին պանիր, հաւկիթ, կաթ: Առատ է թութի ռուպը, որ թէյի մէջ կը լեցնեն, հիւթեր կը շինեն, նաեւ կը գործածեն շաքարի տեղ: Գիւղացիները թութի ռուպը, եփելէ ետք, կը լեցնեն զովացուցիչի պարապ շիշերուն մէջ, պարկերու մէջ ալ կը լեցնեն կորկոտ, եւ կը տանին Ստեփանակերտ: Ճարտար քաղաքի քաղաքապետարանը արդէն երրորդ անգամ այսպիսի նախաձեռնութիւն կեանքի կոչեց: Թութի ռուպի եւ կորկոտի հասցէատէրերը այս անգամ Ստեփանակերտի Սասունցի Դաւիթ փողոցի 200 ընտանիքներն էին, որոնցմէ ամէն մէկուն բաժին հասաւ մէկ քիլօ կորկոտ եւ կէս լիթր թութի ռուպ: Կորկոտը հարիսայ եփելու լաւագոյն ձաւարն է Արցախի մէջ, սակայն թերեւս առանց հաւու միսի եփուի ձաւարը, որուն նոյնպէս համաձայն են արցախցիները: Կորկոտի եւ ռուպի բաժանման նախաձեռնութիւնը կ՚իրականացուի ռուսաստանաբնակ խումբ մը ճարտարցիներու աջակցութեամբ, Ճարտարի քաղաքապետարանի աշխատողներու ու կամաւոր արցախցիներու ուժերով։ Ճարտարը դարերու պատմութիւն ունեցող բնակավայր է, եղած է Արցախի ամենամեծ գիւղական համայնքը, իսկ ինն տարի առաջ այն քաղաքի կարգավիճակ ստացաւ, եւ ճարտարցիները այս ամառ յիշեցին, որ քաղաքը արդէն ինը տարեկան է: Տօնական միջոցառումներ չեղան, բայց ճարտարցիները հպարտ են, որ կը բնակին պատմական վայրի մէջ, ամուր կառչած են հողին եւ կը պահեն զայն: Անոնք չեն հաւատար, որ Ճարտարը օր մը կրնայ մնալ առանց հայու, հակառակ որ վերջին շրջանին որոշ ուժեր նման խօսակցութիւնները կը փորձեն սովորական դարձնել արցախցիներու մէջ: Նոյնպէս՝ հայաստանցիներու եւ ընդհանրապէս հայութեան մէջ կ՚ուզեն հեռանկար մը գծել, որ մարդիկ պատրաստ ըլլան, որովհետեւ Արցախը կրնայ օր մը հայաթափուիլ: Անհաւատալի է այդ մէկը: Վատ ու մղձաւանջային երազի մէջ նոյնիսկ անկարելի է պատկերացնել… Ճարտարի մէջ արցախցին ուրիշ կերպով մը արմատաւորուած է… Շրջափակման օրերուն ոչ մէկ օր հոն դադրած են դպրոցները, նոյնիսկ Ճարտարի արուեստի դպրոցը գործած է, իսկ օրերս պարարուեստի բաժինը իր ընթացաւարտներու հերթական հունձքը տուաւ: Ժպիտ կու գայ դէմքիդ, երբ կը պատկերացնես տարազով անոնց պարը՝ ուրախ առիթներու, միջոցառումներու: Պարուհիները լուսանկարուած են Ճարտարի արուեստի դպրոցին առջեւ, իսկ արուեստի դպրոցին շէնքը կարծես թամանեանական ճարտարապետութեան կտոր մը ըլլայ՝ Արցախի գիրկին մէջ: Հայկական շունչը կ՚իշխէ Ճարտարի եւ Արցախի բոլոր վայրերուն մէջ:
Ճարտարէն եւ ուրիշ գիւղերէ նաեւ բանջարեղէն կը տարուի Ստեփանակերտ: Բանջարեղէնը եւ կանաչութիւնը տարուան այս եղանակին կը գտնուի, բայց դժուար է պտուղ հայթայթելը, ճարուած պտուղներն ալ կը պահուին մանուկներու համար:
Ութը ամսուան այս աննախադէպ շրջափակումը ամենածանրը ազդած է մանուկներու եւ անոնց մայրերու վրայ: Մայրերը պատէ պատ կը զարնուին՝ իրենց երեխաներու օրուան սնունդը գտնելու համար: Այս ընթացքին արցախցի երիտասարդ մայրեր ստեղծած են «Արցախի մայրիկներու աջակցման կեդրոն» եւ խորհրդատուութիւն կը տրամադրեն իրարու, թէ ինչպէ՛ս յաղթահարեն դժուարութիւնները, ուրկէ՛ գտնեն անհրաժեշտ դեղը, պտուղը, սնունդը, հագուստը, եթէ ատոնք, անշուշտ կան տեղ մը: Ան կը պատմէ, թէ ինչ դժուարութիւններէ կ՚անցնին մայրերն ու երեխաները Արցախի մէջ: Յուզիչ է, երբ կը գիտնաս, թէ ինչպէ՛ս զրկանքներու մէջ ըլլալով, մարդիկ կ՚աջակցին իրարու, սրտակից են եւ պատրաստ են հոգ տանելու մէկը միւսին հանդէպ: Մայրիկները ապրանքներ կը փոխանակեն եւ կը փորձեն լրացնել մանաւանդ սնունդի բացը, հեռավար կապով կը կապուին Հայաստան եւ մասնագէտներու հետ խորհրդակցելով՝ կը ջանան մանուկները զերծ պահել շրջափակման դժուարութիւններէն: Այս կեդրոնի համահիմնադիրը՝ Տաթեւիկ Խաչատրեան օրերս յայտարարեց. «Տեսանելի է, որ Հայաստանի մէջ մարդիկ յուսահատած են։ Շատերը որոշած են, որ ոչինչ կրնան փոխել, սեփական կեանքով կ՚ապրին, բայց եթէ ես այս օրերուն Արցախէն դուրս ըլլայի, ամէն տեսակ դուռ կը զարնէի։ Յուսահատած, թեւաթափ եղած մարդոցմէ յանուն Արցախի մայրիկներուն կը խնդրեմ՝ մեզի առանձին մի՛ ձգէք, եթէ նոյնիսկ կը կարծուի, թէ ինչ ալ ընէք՝ քիչ է, հաստատ ոչինչ ընելէն լաւ է, եւ յետոյ՝ այս իրավիճակին մէջ նոյնիսկ ապրումակցման, քաջալերման խօսքերը մեզ կը դարմանեն»։
Արցախի մէջ ալ, ինչպէս Հայաստան, այս ուրբաթ օր՝ սեպտեմբերի 1-ին, վերամուտ է: Մինչեւ հիմա յստակ չէ, թէ Արցախի մէջ ինչպէ՛ս պիտի գործեն դպրոցները, դպրոցական պիտոյքներ գնելը անհնար դարձած է, խանութները չեն թարմացուած հագուստով, կօշիկ, պայուսակ չկայ, բազմազան սնունդի մասին խօսիլը աւելորդ է… Հացի համար մարդիկ ժամերով հերթի կը սպասեն եւ օրուան աւարտին մէկ կամ երկու հաց հազիւ տուն կը տանին: Երբեմն ելեկտրական հոսանքը փուռերու մէջ կը խզուի եւ փուռերը խմորը կը բաժնեն կարգ սպասողներուն, անոնք ալ ձեւով մը կը թխեն իրենց բաժին ինկած հացը… Հայաստանէն Արցախ ղրկուած մարդասիրական օգնութիւնը տակաւին կեցած է Գորիսի ճանապարհին: Արդեօք արեւուն տակ ի՞նչ եղաւ այդ բեռնատարներուն մէջ խցկուած սնունդը, որոնք, բնականաբար, ոչ պատշաճ պայմաններու տակ են: Ատոնց կարգին կերպընկալ շիշերու մէջ լեցուած ձէթ կայ, ուտելիք կայ, արեւուն տակ մէկ ամիսէն աւելի կեցած է այդպէս: Արցախցիները համաձայն են նոյնիսկ սահմանին, արեւու տակ ամիսով պահուած այդ սնունդին, բայց ոչ՝ Աղտամի ճանապարհով Արցախ հասնելիք օժանդակութեան: Այս մէկը առաջարկած է Ատրպէյճանը: Ան պատրաստ է ատրպէյճանական ճանապարհով սնունդ կամ սնունդ հայթայթելու ճանապարհ տրամադրել արցախցիներուն: Պատասխանը «ո՛չ» է…
Արցախի մէջ այսօր միայն տեղական արտադրութեան կտաւատի ձէթ կայ եւ որպէս բուսաիւղ կը գործածուի ատիկա: Բայց արցախցիները սովոր չեն ամենօրեայ դրութեամբ միայն կտաւատի իւղ գործածել, ուստի հայաստանցի մասնագէտներ, ուղիղ հեռակապով միշտ կը բացատրեն, թէ ինչպէ՛ս ճաշերու մէջ լեցնել կտաւատի՝ վուշի հունտերու մզուածքը: Կտաւատի բուսաիւղը ոչ մէկ պարագայի պէտք է եռացնել, նոյնիսկ՝ տաքցնել: Այդ իւղով տապկել, շոգեխաշել կամ ջեռոցին մէջ սնունդը եփել արգիլուած է: Սննդաբաններ կը բացատրեն, որ այդ իւղը ուտելիքին պիտի աւելցուի միայն ու միայն ուտելիքը եփելէ ետք: Միեւնոյն
ժամանակ հայաստանցի սննդաբաններ արցախցիներուն կը տեղեկացնեն, որ ունենալով միայն կտաւատի մզուածք, անոնք ամենաօգտակար իւղը ունին, որովհետեւ այդ ձէթը հարուստ է «Օմեկա-3»ով, ինչ որ վերջին տարիներուն ժամանակակից աշխարհին մէջ անյագօրէն կը կիրառուի դեղահատերու տեսքով: Մինչդեռ, արցախցիները ունին ատոր բնական աղբիւրը:
Այսպէ՛ս կ՚ապրի Արցախը՝ մխիթարանքով, յոյսով եւ սեղմուած օղակով: Ամէն անգամ կը թուի, թէ օղակը արդէն շատ սեղմուած է եւ այլեւս տեղ չկայ, բայց կրկին կեանքը կը շարունակուի Արցախի մէջ, արցախցին կը պայքարի…Ան գիտէ, որ պատերազմը չէ աւարտած:
ԱՐՑԱԽ. ԱՆԱՒԱՐՏ ՊԱՏԵՐԱԶՄ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան աջակցութեամբ Երեւանի «Ոսկան Երեւանցի» տպագրատունէն լոյս տեսած է արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի «Արցախ։ Անաւարտ պատերազմ» եռալեզու (հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն) պատկերագիրքը:
Այս պատկերագիրքը բաղկացած է երեք մասերէ, որոնց մէջ լուսանկարիչը վաւերագրած է Արցախի քառասունչորսօրեայ պատերազմը, պատերազմէն յետոյ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը եւ Արցախի՝ արդէն ամիսներ շարունակուող շրջափակումը։
Պատկերագիրքը կը բացուի երեք յառաջաբանով՝ լուսանկարներու հեղինակի, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի եւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէնի: Ապա լուսանկարներու եւ կից թեքստերու միջոցով, երեք լեզուներով ընթերցողին կը ներկայացուի իրականութիւն մը, որ աշխարհի համար գուցէ դաժան, բայց նաեւ աչք բացող, ճշմարտութիւնը ցոյց տուող, Ատրպէյճանի վարքագիծը ներկայացնող իրականութիւն է:
Շուտով, կրկին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ լոյս կ՚ընծայուի եւս մէկ գիրք, որուն մէջ ընդգրկուած են Արցախի գրական ընտանիքի զանազան սերունդի ներկայացուցիչներու պատմուածքներու անգլերէն թարգմանութիւնները: Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միւութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան այս հրատարակութեան մասին Արցախի մամուլին մէջ յայտարարած է.
«Նպատակն է՝ Արցախի ձայնը լսելի դարձնել Հայրենիքի սահմաններէն դուրս, լսելի դարձնել Արցախին մէջ ստեղծուող գրականութեան լեզուով։ Ընտրուած են այնպիսի գործեր, որոնք դուրսի համար նորովի կը բացայայտեն Արցախի ստեղծագործական ներուժը. գործեր, որոնք համամարդկային տարրեր կը պարունակեն, հետաքրքրական ու գրաւիչ են դուրսի ընթերցողի համար։ Կարեւոր է, որ այս գիրքին միջոցով մարդիկ հասկնան, որ Արցախի մէջ ի հեճուկս ցաւի, կորուստներու, շրջափակման ծանր պայմաններու, կ՚ապրին ու կը ստեղծագործեն գրողներ, որոնք ըսելիք ունին աշխարհին։ Պատահական չէ, որ գիրքը խորագրած ենք «Ճախրող բառեր». դէպի Արցախ տանող բոլոր ճանապարհները փակ են այսօր, բայց ոչ ոք ունակ է շրջափակելու այն ստեղծագործական միտքը, որ կը ճախրէ, կը հատէ մեր երկինքը, եւ կը հասնի հեռաւոր երկինքներ։ Կ՚ուզեմ հաւատալ, որ այս գիրքը օտարներուն ոչ միայն կը պատմէ մեր երկինքի մասին, այլեւ կը ստիպէ քարտէսի վրայ գտնել Արցախը ու փորձել հասկնալ անոր շուրջ ընթացող գործընթացները: Եթէ աշխարհը չ՚ուզեր խօսիլ մեր մասին, մենք կը խօսինք անոր հետ մեր ապրող գրականութեամբ»:
Հերմինէ Աւագեան նոյնպէս գրող է: Անոր մէկ բանաստեղծութիւնը օրերս ցնցեց համացանցը: Մարդիկ նաեւ բանաստեղծութեան աչքերով տեսան պաշարուած Արցախը: Հերմինէի ուսուցչուհի մայրը Արցախի մէջ է: Ան բանաստեղծութիւն-նամակ գրած է իր մօրը եւ զայն կոչած «Ամենաերկար բանաստեղծութիւնը»:
ՆԱՄԱԿՆԵՐ ՄՕՐՍ
ԱՄԵՆԱԵՐԿԱՐ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ
ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
Ես գրում եմ քեզ
աշխարհի ծայրից, Մա՛մ,
որովհետեւ մենք իրարից
հեռու ենք ընդամէնը մէկ կամուրջ,
բայց սա աշխարհի ծայրն է,
որովհետեւ այստեղից այդտեղ եկողը
տեղ չի հասնում...
Դու ասում ես, որ
հացի հերթերում ամէն օր
հպարտութիւն են վաճառում,
դրա համար նախընտրում
ես հաց չուտել,
Ասում ես սուրճը եւ շաքարը վնասում էին առողջութեանդ,
հիմա շատ լաւ ես քեզ զգում,
շրջափակումը իսկական բժիշկ է, սննդաբան,
սրտաբան...
Ես քեզ ասում եմ, որ էլ չեմ ուտում քո սիրելի մրգերը,
դու ժպտում ես եւ ցոյց ես տալիս մեր այգու կարկտահարուած խնձորները ու ասում ես, թէ
մի տեղ կարդացել ես, որ
կարկուտից յետոյ
խնձորները ամենաօգտակարն են...
Կարօտի մասին խօսելիս,
դու ասում ես, որ աւելի մեծ կարօտներ կան աշխարհում,
Որոնք վերադարձ չունեն, ապա յիշում ես քո աշակերտներին,
ովքեր կռիւ գնացին ու էլ տուն չեկան։
Դու ասում ես, որ խաղաղութիւնը մի օր գալու է,
ուզի-չուզի գալու է,
որովհետեւ պատերազմները
միշտ գնում են խաղաղութեան յետեւից,
չեն հանգստանում
մինչեւ նրան յետ չեն բերում։
Ասում եմ, որ դու զարմանալի
լաւատես ես,
դու շարունակում ես ծաղիկներդ ջրել
ու ասում ես, որ աշխարհի
ամենասիրուն ծաղիկները
շրջափակման մէջ են ծաղկում, որովհետեւ
այդ օրերին տղամարդիկ
կամաց-կամաց հասկանում են, որ
ծաղիկները նուիրելու համար են,
որ իրենք հազար ու մի
ծաղիկներ կարող էին նուիրել,
հազար ու մի ծաղկեփնջեր,
հազար ու մի ուշադրութիւն։
Սէրը կանգնում է սովի դէմ
ու քո այգու բոլոր ծաղիկները
միանգամից բացւում են...
Կապը թոյլ է,
հեռախօսի մէջ մի քանի անգամ կրկնում ենք.
-Մամ
-Հեմ
-Մամ
Յետոյ էդպէս էլ չեմ հասկանում հե՞մ ես ասում, թէ՞ հէյ,
խօսում եմ ինչ մտքիս փչի,
վերջին ծիծաղ դէպքն եմ պատմում, ծիծաղում եմ,
ինձ թւում է լսում ես,
որովհետեւ չես անջատել,
արագ անջատում եմ,
որ ծիծաղով աւարտենք։
Աշխարհի ծայրում առաւօտ է, Մամ,
ես քեզ գրում եմ աշխարհի ծայրից,
որովհետեւ նեղ է աշխարհի քարտէսը եւ մեր մեծ գիւղը
չի տեղաւորւում այդ նեղութեան մէջ,
քարտէսի վրայ շրջափակումները տեղ չունեն։
Ես քեզ երէկ գոյնզգոյն գրիչներ եմ առել ու շատ տետրեր,
ախր սեպտեմբերի մէկ է, Մա՛,
դու էդ օրերին ինձ
պտտեցնում էիր Ստեփանակերտի խանութներով, որ նուէրներ առնեմ աշակերտներիդ։
Հիմա ես նայում եմ դրանց
ու չգիտեմ, թէ ի՛նչ եմ անելու,
որովհետեւ աշխարհի
ամենատխուր գրիչները ու ամենատխուր տետրերը
ապրում են աշխարհի ծայրում՝
հազարաւոր գրախանութների փեղկերին
ու իմ ձեռքերում,
որովհետեւ աշխարհի ծայրում սեպտեմբերի մէկը երբեք չի ուշանում...
Ամենաերկար
Բանաստեղծութիւնը սա է,
որովհետեւ այն սկսուել է անցած տարուայ դեկտեմբերին
եւ չգիտեմ՝ երբ է աւարտուելու...
2023 թիւ, օգոստոս
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 12/03/2024