ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՈՒՆ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆՈՒՂՂԱԿԻ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ - 2
Այստեղ կարելի է անդրադառնալ սուիրահայերու ներդրումին Հայաստանի ներկայ տնտեսութեան մէջ, ինչ որ ուղղակի կամ անուղղակի կրնայ համարուիլ յատկանշական եւ կ՚արժէ կարգ մը երեւոյթները լուսարձակել նոյն այդ ներդրումային շեշտադրումով՝
- Հայաստանի Հանրապետութեան զանազան դրամատուներուն մէջ տեղակայուած գումարներու աճը՝ մանաւանդ սուիրական պատերազմէն վերջ սուրիահայերուն կողմէ։ Սա կրնայ համարուիլ նոր մեծ կամ փոքր շարժ մը Հայաստանի դրամատնային համակարգին մէջ:
- Փոքր գործարաններու հիմնումը Հայաստանի զանազան տնտեսական բնագաւառներու մէջ. ինչպէս՝ կօշիկի, հագուստի, դեղօրայքի, մետաղի եւ այլն, կրնայ նոյնպէս աշխուժութիւն սեպուիլ: Այստեղ կարելի է նշել նաեւ պարզ տարբեր տեսակի խանութներու եւ ճաշարաններու, սրճարաններու, փապերու եւ այլն բացումը սուրիահայերուն կողմէ՝ մանաւանդ Երեւանի զանազան շրջաններու մէջ: Սուրիահայերը ելմտական ներդրումի առընթեր իրենց փորձառութիւնն ու հմտութիւնները գործուղեցին այս բոլորին մէջ:
- Շինարարական մարզէն ներս պատկառելի թիւերը՝ մանաւանդ Երեւանի մէջ տասնեակէ աւելի շէնքեր կառուցելով, նոյնինքն շարունակելով 90-ական թուականներէն սկսած շինարարական աշխատանքերու սուրիահայ գործարարներու աւանդը:
- Հայաստանի անշարժ գոյքի եւ կալուածներու (տուներ, խանութներ) շուկաներուն մէջ յարաբերական շարժի ստեղծումը՝ գործակատարումով սուրիահայերու, որոնք բաւական քանակով բնակարաններ գնեցին եւ կը շարունակեն գնել եւ վարձել:
- Հայաստանի մէջ սուրիահայերուն կողմէ վաճառական գործունէութիւնը, որ կայացաւ եւ կը կայանայ զանազան ապրանքներու երկիր ներմուծումով եւ, միեւնոյն ժամանակ, Հայաստան արտադրուած կարգ մը ապրանքներու արտահանումը դէպի արաբական աշխարհ եւ ուրիշ երկիրներ:
- Կարգ մը սուրիահայերու ներդրումը գիւղատնտեսական ոլորտին մէջ՝ զբաղելով ցանքի պտղագործութեամբ եւ անոնց ենթակայ ճիւղերով:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024