ՀԱՅՃԱՐ-Ի 9-ՐԴ ՏԱՐԻՆ
Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի պատշգամին վրայ տեղի ունեցաւ «Հայճար»ի հիմնադրութեան 9-րդ տարեդարձին ձօնուած ընթրիք մը, որու ընթացքին ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Իսկապէս փայլուն հանդիսութիւն մըն էր այս մէկը՝ մանաւանդ, որ անմիջական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ երեկոյթի բոլոր մասնակիցներուն միջեւ, որոնք միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը առիթ նկատեցին դրուատիքով անդրադառնալու «Հայճար»ի կողմէ ցարդ ծաւալուած գործունէութեան, արժեւորելու աշխատանքին նշանակութիւնը եւ խրախուսական արտայայտութիւններ ունենալու ապագայի համար։
«Հայճար»ի վարչութեան ատենապետ Ժան Կավրիլօֆ եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ամրան շրջանի այս աւանդական ընթրիքին մասնակիցները, որոնք փութացած էին բաժնել տարեդարձի ուրախութիւնը։ Ելոյթներով հանդէս եկան Ժան Կավրիլօֆ, միութեան վարչայիններէն Նազար Պինաթլը, ինչպէս նաեւ նախկին սկիւտարաբնակ այժմ ֆրանսահայ բարերար Հրաչ Քըրմըզեան։ Ընթրիքի սեղաններուն շուրջ համախմբուած ներկաները հաճելի ժամանց ունեցան՝ Արա Համբարեանի, Հրանդ Քարահանի, Սերէն Քուլօղլուի եւ Այչա Իչէնի կողմէ գործադրուած երաժշտական յայտագրով։ Մեծ ոգեւորութեամբ հատուեցաւ նաեւ «Հայճար»ի 9-րդ տարեդարձին կարկանդակը։
Ձեռնարկին տեւողութեան ներկաները առիթն ունեցան նաեւ տեղեկութիւններ քաղելու «Հայճար»ի յառաջիկայ կարգ մը ծրագրերուն շուրջ։ Այսպէս, մօտաւոր անցեալին պատասխանատուութիւն ստանձնած, երիտասարդ տարրերէ բաղկացեալ այժմու վարչութիւնը, որ կը գլխաւորուի Ժան Կավրիլօֆի կողմէ, յառաջիկայ շրջանին Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս կարեւոր ծրագրի մը ձեռնամուխ պիտի ըլլայ՝ Հրաչ Քըրմըզեանի բարերարութեամբ։ Պիտի վերանորոգուի արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի շիրիմը։ Հրաչ Քըրմըզեան, որպէս նախկին թաղեցի գերեզմանատուն այցելելու ժամանակ անդրադարձած է, որ Պալեան գերդաստանի շիրիմը պէտք է բարեկարգուի։ Ան այս կապակցութեամբ շփման մէջ անցած է Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին հետ, որ գաղափարը ողջունելով յանձնարարած է աշխատիլ «Հայճար»ի հետ։ Այսպէսով ծնունդ առած է այս խորհրդանշական ծրագիրը, որ կեանքի պիտի կոչուի յառաջիկայ շրջանին։ Միւս կողմէ, երէկ յայտարարուեցաւ, թէ յառաջիկայ Սեպտեմբերի վերջաւորութեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կայանալիք Միւռոնօրհնութեան շրջանին «Հայճար» ուխտագնացութիւն մը պիտի կազմակերպէ դէպի Հայաստան։ Ուստի, միութեան պատասխանատուները կոչ ուղղեցին, որպէսզի մասնակցիլ փափաքողներ փութով իրենց մօտ արձանագրել տան անունները՝ որպէսզի կարելի ըլլայ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները իրականացնել։